Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Սուրիական Օրագրութիւն – 26

$
0
0

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Արքիմետեսը իր տակառէն դուրս ցատկած ատեն  հաւանաբար այնչափ ինքնագոհ չէր, որչափ որ ծանօթս, միայն մոռցաւ կանչել՝ «Էվրիկա՜», երբ «գիւտ» ըրաւ.
- Քաղաքականութեան մէջ մարդ անհատը արժէք չունի՛…
Ուր-ուր, բայց Սուրիոյ մէջ այսօր ամենատգէտն ու մանուկն ալ առանց խօսքի գիտեն իրենց արժէքը՝ լաւագոյն պարագային՝ փամփուշտ մը։
Բայց բարեկամս «իր» տեսութիւնը թերահաւատներուն հաստատելու համար, շատ անվրդով այս «պարզ» դէպքը պատմեց։
Ահմատը աղբահաւաք է՝ արդէն երեսուն տարի։ Այս օրերուս ո՛չ մեքենայ կայ, ո՛չ ամսական տուող։ Քանի մը հոգիի հետ նստոտեր էին թաղին մէջ։ Զինեալներ եկան, կրակահերթ տուին գետնին ու հրամայեցին ծունկի գալ։
- Էյ, ի՞նչ է ձեռքինդ,- իրեն պոռաց անոնցմէ մէկը։
- Տարազս է, հանեցի, մնաց ձեռքս։
- Ի՞նչ տարազ։
- Ես աղբահաւաք եմ։
- Արդէն քու երեսդ չսիրեցի. հայրս աղբահաւաք էր, մարդուն համ հոտ չտուիք. պիտի սատկիս։
- Ես քու հայրդ չեմ տեսած, տղա՛ս, ի՞նչ համ…
- Լռէ՛, ձայնդ չլսե՛մ…
Մինչ ան զբաղած էր միւսներու «դատավճիռը» տալով, Ահմատը շուրջը կը նայէր ու կը մտմտար. «Ալլա՛հ, Ալլա՛հ, ես այդքան մարդու լաւութիւն ըրած եմ, մէկը դէմս պիտի չգա՞յ»։ Այդ միջոցին ճիչ ու լացով, ձեռքերը օդին մէջ շարժելէն հրապարակ վազեց ծեր կին մը ու նետուեցաւ ոճրագործի ոտքերուն.
- Ալլահը զաւակդ պահէ, անոր կարմիր օրերը տեսնես, Ալլահը մայրդ պահէ, խնայէ՜, մի զարներ. տունս քանդուեցաւ. ամէնքը մնացին տակը. աս մատղաշ թոռնիկս մնաց. ձեռքերուդ մատաղ, խնայէ՜, մի զարներ, ինծի բաշխէ…
Կինը կը խօսէր ու կու լար, գլուխը անոր ոտքերուն ու մերթ ալ հողին քսելով։
Ոճրագործը ազատեցաւ անոր ձեռքերու օղակումէն ու Ահմատին դարձաւ.
- Է՜յ, հայուա՛ն, խալէին խաթրին համար քեզի կը խնայեմ, չքուի՛ր։
Չէր հասկնար Ահմատը. կինը իրեն համար չէր խնդրեր. ի՞նչ էր ոճրագործին նպատակը։
Դողացող ծունկերով ոտքի ելաւ ու առանց ետ նայելու, կուզ-կուզ փախաւ, կրակոցներու նուագին տակ…
***
Վերջերս շրջանառութեան դրուեցաւ «Հալէպցիի արժանապատւութիւն» հնչեղ արտայայտութիւնը։ Երանելի անցեալը յիշեցի, երբ անիկա բնական գոյավիճակ էր իւրաքանչիւրիս համար։ Բայց քանի որ այսօր Հալէպի մէջ ամէն ինչ գետնամած է ու տրորուած, որոշեցի դիմել բառարաններու օգնութեան. թերեւս բառը իմացածէս աւելի խոր իմաստնե՞ր ունի։
Հեղինակաւոր երկու բառարանները, սակայն, համաձայն էին հետս՝ արժանապատւութիւն, այսինքն՝ ինքնասիրութիւն, պատուասիրութիւն, պատուազգացութիւն եւ այլ հոմանիշներ, ապա՝ իր պատիւի ճանաչում։ Այս մէկը բռնեց զիս։
«Իր պատիւի ճանաչում» ու այսօրուան հալէպցին։
Ճիշդ է որ մարդիկ բազմազան են ու զանոնք մէկ չափով կարելի չէ չափել։ Օրինակ, անպայման հերոս են ու բարձր արժանապատւութիւն ունին անոնք,  ո-րոնք զէնք առած՝ հրոսակներու դէմ կը կռուին կամաւոր ու կը սրբեն իրենց ու ժողովուրդի արժանապատւութեան ամէն վայրկեան հասցուող անարգանքները,  որոնք անձնական հաճոյք (եթէ մնաց) մոռցած՝ նուիրուած են կարիքաւորներուն օգնելուն,  ո-րոնք հանրօգուտ ու ազգօգուտ իրենց գործերու մէջ տակաւին կը մնան պատնէշի վրայ։
Արժանապատիւ են… նաեւ անոնք, որոնց գրպանները տաք են ու կրնան, գիներու այս ահաւոր բարձրացումին հակառակ, մտնել որեւէ խանութ եւ հանգիստ գնել որեւէ ապրանք (եթէ գտնեն)։
Արժանապատիւ են նաեւ անո՞նք, վաճառականներ, որոնք այսօր, լաւագոյն առիթը օգտագործելով, կը ծծեն մեր սակաւ արիւնը, երբ «բարեկամ» նպարավաճառը քանի մը ղուրուշի գնած ապրանքը քեզի հարիւրներով կը ծախէ…
Բայց չէ որ նշուածները փոքր մասն են ազգի, իսկ մեծ մեծամասնութիւնը կը կոչուի ժողովուրդ. ահա ես միշտ անոնց մասին է որ կը խորհիմ ու կը խօսիմ։
Կար ժամանակ, ան նոյնպէս արժանապատիւ էր՝
երբ տակաւին կրնար արդար քրտինքով շահիլ ընտանիքի ապրուստը,
երբ իր տունին մէջ ու իր աչքին առջեւ չէին պղծած իր սրբութիւնները,
երբ ստիպած չէր լքել հայրենի հող ու «պատսպարան» խնդրել իր դահիճներէն,
երբ չէին կործանած ու պղծած իր հաւատի կեդրոնները,
երբ իր սիրելիներուն արիւնը չէին հեղած իր մշակած հողին,
երբ իր աղջիկն ու մանուկը պաշտպանելու կարողութենէ զուրկ չէր,
երբ իր պետութեան հաւասար քաղաքացին էր ու տեսակի մը պատկանիլը աղէտ ու մահուան դատավճիռ չէր…
երբ…
Հիմա նայեցէ՛ք այս քաղաքի բնակիչներու դէմքերուն. երբ ժպտող մարդ տեսնէք, մոռցուած զգացում մը չէ՞ք յիշեր…
Երբ ուրախ երգի ձայն լսէք՝ տարօրինակ զգացում չէ՞ք ունենար…
***
Արժանապատուութիւն – հպարտ ու գեղեցիկ բառ, դեռ ծանօ՞թ ես սուրիացի ու հալէպցի մարդուն, մանաւանդ՝
երբ պենզակայաններէն ծայր առնող ու դէպի շրջակայ փողոցներու անվերջութիւնը ճառագայթող կուտակումներու մէջ ես՝  20 լիթր պենզին ստանալու համար՝ օրերո՛վ…
Երբ փուռերու զիրար հրմշտող ու գետինները նստոտած ժամեր անցնող շարքերու մէջ ես (բայց այս մասին որքա՞ն խօսինք) ու կ՛անիծես ամէն ինչ…
Երբ,
Երբ, երբ, երբ…
Բացառութիւն ես, եթէ կրնաս տրցակը 250-300 սուրիականով գնել հացդ ու ընտանիքդ կերակրել…
Բացառութիւն ես, եթէ բարձր գիտակցութեամբ օժտուած, ներքին անսասանելի ազատութիւն ունիս ու արտաքին ոչ մէկ ազդակ կրնայ ներքին ներդաշնակութիւնդ խանգարել…
Բայց մենք ժողովրդական մեծամասնութեան մասին կը խօսինք ու ոչ՝ սակաւ ընտրեալներու։
Եւ ամէնէն կարեւորը… այսօր հալէպցիին (ու սուրիացիին) արժանապատւութիւնը տրորուած է ոչ միայն նիւթական կորուստներու կամ կարիքներու պատճառով. կայ աւելի վեր բան մը, որ խլուած է անկէ ու ան ճզմուած է հոգիով։ Երբ գոյութիւն ունի ամենօրեայ վախը իր զանազան երեսներով՝ հոն արժանապատւութիւնը կը կծկտի անկիւն մը։ Վախի հրէշը՝ մարդս ստորացնող միջոցներէն մէկը, որ միշտ կը գործածեն բոլոր ժամանակներու տիրողները։
Թէ ոչ՝ Արժանապատւութիւն ազնիւ բառը Հալէպի մէջ այլեւս կամ տաք տեղէ կու գայ, կամ գեղեցկախօսութիւն- պղպջակ է, կամ՝ վրիպանք, կամ՝ ծաղրանք։
Մենք կը հաւատանք ու կը սպասենք մեր առողջ արժանապատուութեան վերադարձը։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles