
Յ. Պալեան
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
«Ուշիմութիւնը որքան նուազ առաջնորդուի իրականութեամբ, այնքան աւելի կը մտածէ յեղափոխութեան մասին»։
Ռէյմոն Արոն
1991էն ի վեր, ինչ ալ ըլլան մեր դժգոհութիւնները եւ տարակարծութիւնները, անոնք կան, չենք կրնար անգիտանալ, տարբեր մտածելու ժողովրդավարական եւ խօսքի ազատութեան իրաւունք են: Քաղաքական միտքի նախնականութիւն է խորհիլ, որ քննադատութիւն, ակնկալութիւններ եւ պահանջներ, անիրատեսութիւն կամ հակահայրենասիրութիւն են:
Ընդհակառակն, տարբեր մտածելը եւ քննադատելը նախապայման են յառաջդիմութեան, մեկնելով այն պարզ իմաստութենէն, որ ճշմարտութեան մենաշնորհը ոչ ոք ունի, հետեւաբար միտքերու փոխանակումը, բախումը եւ փոխլրացումը կ՛առաջնորդեն ցանկալի եւ քայլ առ քայլ կառուցուող աւելի ճիշդին: Ի հարկէ, անկախութիւնը մէկ օրէն միւսը, հրաշքով, մեր պատմութիւնը իր հունին մէջ պիտի չդնէր: Ոչ ալ ժողովրդավարութիւնը վերջնականօրէն ճիշդ համարուած ընտրանքներու առաջնորդէր:
Հայաստանի անկախութիւնը յաւելեալ պատասխանատուութիւն է, որպէսզի հայը ինք կարենայ ազատօրէն, իմաստութեամբ եւ պատմաքաղաքական գիտակցութեամբ գործել, ազգը եւ հայրենիքը վերականգնելու, նոյն հունով՝ ինքզինք: Ճիշդ է, որ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները այս կամ այն ձեւով իրարմէ կախում ունին, բայց անկախ կամ անկախացած ժողովուրդները, առաջին հերթին, իրենք պատասխանատու են իրենց այսօրուան եւ վաղուան: Ակնկալութեան եւ դժգոհութեան հասցէն իրենք են:
Ներկայ Հայաստանը իրականութիւն է իր հողով, քաղաքներով, ժողովուրդով, տնտեսութեամբ, պատմութեամբ, դրացի երկիրներով եւ ժողովուրդներով: Անիկա ոչ Շուէտ է, ոչ Զուիցերիա եւ ոչ ալ Թասմանիա: Ուստի անիկա ստիպուած է ոչ ուրիշներու օրինակով եւ ոչ ալ զանազան գրքունակ տեսութիւններով ինքզինք կառավարել: Այնքա՜ն իրաւացի է ֆրանսացի մեծ մտաւորական Ռէյմոն Արոն, երբ կ՛ըսէ. «Ուշիմութիւնը որքան նուազ առաջնորդուի իրականութեամբ, այնքան աւելի կը մտածէ յեղափոխութեան մասին»: Ռէյմոն Արոն կը խօսէր ֆրանսացի մտաւորականներու տեսական-յեղափոխական դիրքորոշումներուն մասին, որոնք կ՛անտեսէին իրականութիւնները եւ ողբերգութիւնները:
Գրեթէ երեք տասնամեակ անկախութիւն՝ դարեր ամբողջ սեփական անկախ պետութիւն ունենալու իրաւունքէ զրկուած ապրելէ ետք: Ինչպէ՞ս չուրախանալ եւ չյուզուիլ, երբեմն ալ յուսախաբութիւններ չապրիլ:
Նախագահներ փոխուեցան, վարչապետներ եկան եւ գացին, կուսակցութիւններ իշխանութեան գլուխ գտնուեցան կամ պայքարեցան անոր համար: Իշխանութիւններ փոխուեցան գրեթէ քաղաքացիական կռիւի կամ յեղափոխական մթնոլորտի մէջ: Խոստումներ եւ ցուցական երեւոյթներ կը փթացնեն ուշիմութիւնները, ղեկավարական եւ ժողովրդական մակարդակներու վրայ: Յառաջդիմութեան բացակայութեան, երբ ազգի եւ երկրի հիմնահարցերը դրական ընթացք չեն ունենար, աստիճանաբար կը զարգանայ փոփոխութեան պահանջը, զոր կրնանք կոչել յեղափոխութիւն, կը զարգանայ ժողովուրդին մէկ կէսը միւս կէսին դէմ լարելու-լարուելու ընթացքը, իր բոլոր բացասական հետեւանքներով:
Թող ներուի խօսիլ ազգային ակնկալութիւններու մասին, առանց տուրք տալու ամէն կարգի ամբոխայնութեան եւ ամբոխահաճութեան (populisme): Յաճախ մարդիկ, կուսակցութիւններ, ղեկավարութիւններ կը խրին ինքնախաբէութեան մէջ, լեցուն սրահի մը մէջ, հրապարակի մը վրայ խմբուած մարդոցմով կամ տարեդարձ-տարելիցի առիթով կատարուած ցոյցով կամ քայլարշաւով: Երեք տասնամեակ ետք, Իմաստուններու հայկական խորհուրդ մը, կամ տարբեր անունով կառոյց մը կեանքի պէտք է կոչել եւ իսկական գնահատումը ընել անցած երեք տասնամեակներուն, օրինակ՝ ըսելու համար, թէ ի՛նչ կրնայինք ընել, ի՛նչ ըրինք, ի՛նչ կրնայինք չընել, այսինքն առարկայական եւ քննական դատում մը ընել, հաշուեկշիռ:
Այս աշխատանքը ընելու համար, Հայաստան եւ Սփիւռք, կան գիտակ եւ գիտուն անձեր, յաճախ քաղաքական-ընտրական-փառասիրական թոհուբոհէն դուրս՝ պատմաբաններ, ակադեմիկոսներ, իրաւագէտներ, սահմանադրագէտներ, տնտեսագէտներ, իմաստասէրներ, մարդիկ, որոնք կրնան դիտել, մտածել եւ դատել ամբոխային տրամաբանութիւնը, ամբոխահաճութիւնը (populism) եւ քաղաքական կեանքը յուզող մրցակցութիւնները գերանցելով:
Ի վերջոյ, իրարու յաջորդած իշխանութիւնները պատասխանատու են աղէտ-արտագաղթին, քաղաքական-տնտեսական փտախտին (corruption), լայն զանգուածներու ցած կենսամակարդակին, Հայաստան-Արցախ բնակեցման քաղաքականութեան (որպէսզի Հայաստան չըլլայ գրեթէ միաքաղաք երկիր), հայրենադարձութեան բացակայութեան եւ հայրենատիրական գիտակցութեան գունաթափման:
Այս աշխատանքը ամբոխները քնացնող եւ սնապարծութիւնները շոյող հանդէս-հանդիսութիւններէ, տողանցքներէ, հանրաժողովներէ, համաժողովներէ, խորհրդաժողովներէ եւ ճամբորդութիւններէ տարբեր որակ է, ապագայակերտ է: Զարմանալի չենք գտներ, որ Հայաստանի ակադեմիկոսները չեն խօսիր երկրի էական հարցերուն մասին, լուռ են, բացակայ, Սփիւռքի գիտակ անձերը, որոնք ոչ լրագրող են եւ ոչ ալ կուսակցական ղեկավար, նոյնիսկ երբ Հայաստան կ՛այցելեն, էական խնդիրներու մասին կարծիք չեն յայտներ, այսինքն Հայաստան չ՛օգտուիր նաեւ երկրէն դուրս կուտակուած փորձառութենէն եւ ներուժէն:
Անկախութիւնը տօնեցինք, Հայաստան եւ Սփիւռք. լաւ է: Մեր ժողովուրդին հպարտութիւն եւ լաւատեսութիւն պէտք է տալ:
Գիտական եւ ճարտարագիտական յառաջդիմութեան ոչ ոք դէմ կրնայ ըլլալ: Բայց ազգի ապագան մասնակի եւ խանդավառող երեւոյթներով չի կառուցուիր: Անիկա ոչ Սիլիքոն վելի է, ոչ »Քարնըկի հոլ«, ոչ Փարիզեան մեծ հիւրանոցի գինեսեղան: Շատ կը խօսուի, որդեգրելով արդիականութիւն եզրը՝ think-tankը: Իմաստուններէ բաղկացած խորհուրդ մը, այդ think-tankը պէտք է ըլլայ, որպէսզի կարենանք (կարենայինք) տեսնել, թէ ի՛նչ կրնայինք ընել եւ չըրինք, ի՛նչ պէտք է ընենք: Սխալ է եւ սխալ պիտի ըլլայ այս հարցումներուն պատասխան չփնտռելը, զանոնք շրջանցելը, ամբոխավարական ճառով եւ տեսակաւոր «շօ»երով (show): Մանաւանդ չգոհանալ գեղեցիկ խօսքերով եւ խոստումներով, որոնք կը զարդարեն պատուիրակութիւններու ընդունելութիւնները, երբ անոնք կու գան եւ կ՛երթան, ներսը եւ դուրսը:
Իմաստուններու հաշուեկշիռը (bilan) օգտակար կ՛ըլլայ ղեկավարին՝ ղեկավարելու եւ քաղաքացիին՝ ճիշդ ընտրութիւն ընելու:
Ինչո՞ւ բացակայ են բանիմացները եւ իմաստունները, դրուած են կամ իրենք զիրենք դրած են սպասման սենեակներու կամ քաւարանի մէջ:
Ինչո՞ւ ազգը եւ երկիրը պիտի չօգտուին, չեն օգտուիր այս կուտակուած դրամագլուխէն:
Այս կարգի հարցերու դիմաց կանգնիլ, այս կարգի հարցումներ ուղղել ոչ ոքի դէմ է: Թեր է ազգի ապագային:
Այդ հարցումներուն ազգային եւ մարդկային պատասխաններ փնտռելը կարեւոր է, որպէսզի չգտնուինք նոյնատեսակ բացասականութիւններու առջեւ, նոյն ազգավնաս հետեւանքներու:
Եւ մտածել քաղաքական իմաստունին պէս. «Ուշիմութիւնը որքան նուազ առաջնորդուի իրականութեամբ, այնքան աւելի կը մտածէ յեղափոխութեան մասին»:
Այս կարգի իմաստութիւն չ՛առնչուիր հրավառութիւններու, «շօ»երու (show):
Ի՞նչ պիտի ըսէր Ռէյմոն Արոն եթէ ողջ ըլլար, մանաւանդ՝ եթէ հայ եղած ըլլար:
Բայց մենք ունեցած ենք Յովհաննէս Թումանեան, որ միայն «Անուշ» օփերա չէ, այլ՝ իմաստուն մը, որուն յիշատակը ապրեցնելու համար տօնախմբութիւններ կը կազմակերպենք, բայց չենք լսեր անոր խօսքը, որ մեզ կը դնէ հայելիի առջեւ: Փոխանակ այս կամ յայտնի եւ հայութեան հետ կապ չունեցողներու դուռը երթալու, պէտք է դիմել մեր հոգին կարդացող մեր հարազատ Յովհաննէս Թումանեանին, որ աւելի քան դար մը առաջ ըսած է. «Ժողովուրդը միշտ նայել է իր մէջ զանազան միջոցներով անուն հանած գործիչների երեսին ու գնացել է նրանց ետեւից, եւ վայ էն ժողովրդի մեղքը, որի գործիչները էնքան խղճմտանք չեն ունենայ, որ իրենց փոքրիկ անձերն ու կրքերը կը դարձնեն հասարակութեան զբաղմունքի առարկայ եւ իրենց չնչին անձնական հաշիւների շուրջը փոթորիկներ յարուցանելով կը տան մեծ խնդիրների կերպարանք: Վա՜յ էն ժողովրդին»:
Թէեւ ըսողին լսող պէտք է, որ լսէ, դիտէ եւ դատէ: Հայաստան եւ յարափոփոխ սփիւռք(ներ), որպէսզի ցուցադրականը իրականութիւն չհամարուի, ծնունդ տալով յուսախաբութեան, լքման եւ նահանջի:
Այն օրերուն համացանց չկար, չկային ընկերային ցանցեր, «Ֆէյսպուք» եւ «Թուիթըր», ցնցող շատախօսութիւններով չէր ողողուեր հրապարակը, չէին պղտորեր միտքերը եւ հոգիները, դեռ տեղ կար իմաստունին, փոխան ամբոխահաճութեան:
Տօները աւարտեցան, ջահերը մարեցան: Հիմա կրնա՞նք մտածել էական խնդիրներու եւ անոնց լուծման մասին:
Եւ կրկին, առանց բարձրախօսի եւ լուսարձակներու մտածենք, եւ մենք մեզի ուղղենք Ռէյմոն Արոնի հարցումը, որ «մարդը բանական էակ է, բայց մարդիկ այդպէ՞ս են…»։
Տարի մը ետք դեռ պիտի շարունակե՞նք խմբերգել »թաւշեայ յեղափոխութիւն«, որ կրկնուելով կը դառնայ »խարտոցային իրականութիւն«, որուն գինը կը ստիպուինք վճարել, երբ հաշուեկշիռ եւ հաշուետուութիւն օրակարգ դառնան:
Անկախութեան տօնին առիթով կ՛արժէ երբեմն խանդավառութիւններուն հագցնել իրատեսական իմաստութեան շապիկ: