Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Քաղաքական Ընդդիմութիւնը «Փարթ Թայմ» Աշխատանք Չէ

$
0
0

ԽԱՉԻԿ ԽԱՉԵՐԵԱՆ

 

khachigkhacherianԽօսքը լիիրաւ ընդդիմութեան մասին է: Ա՛յն ընդդիմութեան, որ իր արժէքային համակարգով եւ աշխարհահայեացքով խոտոր կը համեմատի իշխանութեան դաւանած արժէքներուն եւ աշխարհահայեացքին. որ  յարմարուողականութեան տուրք չի վճարեր, եւ որուն համար  ընդդիմանալը պարագայական խուսանաւում չէ միայն, անձնական հաշիւներու հաշուեյարդար չէ, այլ ծառացում՝ ընդէմ այն քաղաքական ուղեգիծին, որ ըստ իրեն, սեպ կը խրէ հասարակութեան ու անոր հետապնդած երջանկութեան միջեւ:

Խօսքը այն ընդդիմութեան մասին է, որ իր յաւակնորդներուն կը խոստանայ կեանքի այնպիսի փշոտ եւ անշնորհակալ ուղիները, ուր իբր կանոն, պայքարը անհամեմատօրէն անհաւասար է, վիճակ շրջելու պահանջուած ճիգն ու ժամանակը հսկայական,  եւ յաջողութիւն նուաճելու հաւանականութիւնը՝ չնչին:

Հակառակ այս իրողութեան, քաղաքական ընդդիմադիր դաշտը ամէնուրեք լեցուն է կիսատ-պռատ նախանձախնդրութեամբ տոգորուն, ժամանակով եւ կարողականութեամբ սահմանափակ, սոսկ «ձայն մը բարձրացնելու» կամ «բան մը ընելու» յարգելի ձգտումով համակուած մարդուժով, որոնց ներդրման որակական եւ քանակական գումարը անհամապատասխան է գործելադաշտին նուազագոյն պահանջներուն: Մինչ մարդկային դիտանկիւնէ հասկնալի եւ յարգելի կը մնայ «խաւարի մէջ գէթ մոմ մը վառելու» ազնիւ մօտեցումը, ակնարկը հոս քաղաքական ընդդիմութեան մասին է, հետեւաբար, անոր գնահատականը պէտք է կատարել քաղաքական հարթութեան վրայ: Արդարեւ, երբ հաւաքական կեանքի մէջ ազդեցիկ եւ առանցքային դերակատարութիւն ունենալու յաւակնութեամբ, ընդդիմութեան հնոցին մէջ կը ներդրուին միայն պարագայական ու կոտորակային ճիգեր, երեւոյթը կը սկսի անհեթեթութեան գերին դառնալու: Քաղաքական աշխատանքը, ի մասնաւորի ընդդիմադիր գործունէութիւնը, հոսանքն ի վեր թիավարման այնպիսի կնճռոտ մարտահրաւէր է, որ առաւելագոյնս լարուած ուժերու ամբողջական օգտագործման լոյսին տակ միայն կրնայ պահել յաջողութեան հասնելու տրամաբանական հաւանականութիւն մը:

Քաղաքական ընդդիմութիւնը «փարթ-թայմ» աշխատանք չէ, որմով հնարաւոր ըլլայ զբաղիլ ապրուստի, ընտանեկան յանձնառութիւններու եւ ընկերային կեանքի անյագ պահանջները բաւարարելէ ետք: Անոր ընկալումը՝ իբրեւ այդպիսին, պարզապէս դուռ կը բանայ անիրատես ակնկալութիւններու ձեւաւորման եւ անոր յաջորդող անպէտ յուսաբեկումներու:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles