Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Անդրադարձ. Նոր Մարտավարութիւն

Image may be NSFW.
Clik here to view.
0503turkishdemo

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

 

Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը 26 Ապրիլին դատապարտեց 24 Ապրիլին Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման քայլարշաւին ընթացին թրքական դրօշի հրկիզումը եւ պահանջեց այդ արարքի պատասխանատուներուն դէմ կիրարկել անհրաժեշտ արդարադատական քայլերը:  28 Ապրիլին, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ թրքական դրօշներով մոթորսիքլեթներու երթ մը, որ կազմակերպուած էր Ազգային պատկանելիութիւն անունով անծանօթ կուսակցութեան մը կողմէ: Երթին մասնակիցները կը վանկարկէին Էրտողանի անունը, այլ խօսքով՝ երթի օրակարգը ներլիբանանեան չէր:

Առաջին անգամը չէ, որ Ապրիլ 24ին Լիբանանի մէջ թրքական դրօշ կը հրկիզուի, սակայն այս տարի թրքական դեսպանատունը, որ ընդհանրապէս քար լռութիւն կը պահէր ու կրաւորական կեցուածք կ՛որդեգրէր, յանկարծ աշխուժացաւ՝ 2 օր ուշացումով: Ուշացում մը, որ կու գայ վկայելու, թէ դեսպանատան աւանդական կեցուածքէն այդ շեղումին պատճառը լիբանանահայութեան բազմամարդ ցոյցին մասին դեսպանատունէն ուղարկուած զեկուցումէն ետք Անգարայէն ուղղուած ցուցմունք մըն է: Ինչ կը վերաբերի Կիրակի օր, 24 Ապրիլէն 4 օր ետք, թրքական դրօշին նկատմամբ «նախանձախնդրութեան» ուշացած արտայայտման երեւոյթին, ապա այդ յապաղումը իր կարգին վկայութիւն մըն է, որ երթը ոչ թէ ինքնեկ ու անկեղծ զգացումի մը արտացոլումն էր, այլ՝ ցուցմունքի մը գործադրումն ու կազմակերպուած ըլլալուն հաստատումը:

Երեւոյթը աւելի ճիշդ հասկնալու համար պէտք է նկատի ունենալ նաեւ հետեւեալները. թրքական ոստիկանութիւնը շուրջ տասնամեակէ մը ի վեր որդեգրուած քաղաքականութենէն շեղում կատարելով՝ այս տարուան 24 Ապրիլին խոչընդոտեց Պոլսոյ թաղամասերուն մէջ տեղի ունենալիք Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ցոյցերը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ 27 Ապրիլին՝ հակադարձելով Ֆրանսայի վարչապետ Էտուար Ֆիլիփի՝ Փարիզի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օրուան ընթացքին արտասանած խօսքին՝ նշեց, որ Ֆրանսա առաւել քան 100 տարի առաջ «զինած է հայկական հրոսակախումբերը, որոնք սպաննած են թուրքերը»՝ աւելցնելով. «Փարիզ նոյնպէս պատասխանատուութիւն կը կրէ այդ յանցագործութիւններուն համար»: Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան թրքական արխիւներուն նուիրուած գիտաժողովին ընթացքին ակնարկելով Հայոց Ցեղասպանութեան՝ յայտարարեց. «Հայ աւազակախումբերու եւ անոնց աջակիցներուն աքսորումը ամէնէն տրամաբանական քայլն էր»:

Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան քայլերէն ու թրքական իշխանութիւններու յայտարարութիւններէն կարելի է եզրակացնել, որ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթի յաղթական երթին եւ այդ ծիրին մէջ քանի մը տարիէ ի վեր թրքական ժխտողականութեան ստացած իրերայաջորդ հարուածներուն լոյսին տակ Թուրքիան փոխած է իր մարտավարութիւնը: Անգարան սկսած է «1915ի դէպքերը հայերու ցեղասպանութիւն չեն, ընդհակառակն՝ հայ հրոսակախումբերու կողմէ թուրք եւ իսլամ բնակչութեան կոտորած է» պնդել եւ որոշած է գործնական կերպով հակադարձել:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles