Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

  Վերակառուցել Ս. Աստուածամօր Տաճարը

$
0
0

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»Ի

 

0423notredam

2001ին Նիւ Եորքը ապրեցաւ Զոյգաշտարակներու փլուզումը, իսկ 2019ին, Փարիզը՝ Ս. Աստուածամօր տաճարին հրդեհը: «Տխուր եմ տեսնելով, որ մեզմէ մաս մը կ՛այրի», ըսաւ նախագահ Մաքրոն: Բոլորէս մաս մը Երկուշաբթի օրը հրոյ ճարակ դարձաւ: Անկախ ազգութենէ, կրօնքէ, քաղաքացիութենէ՝ Ս. Աստուածամօր տաճարը հոգեւոր եւ ճարտարապետական բացառիկ համամարդկային ժառանգութիւն է: Համացանցի շնորհիւ հրդեհը դարձաւ համաշխահային, համայնական պատկեր, յուզում, ափսոսանք, վիշտ:

Անհաւատալի է, որ հակառակ կրակի կանխարգելիչ նորարար գիւտերուն, հազարաւոր ականատեսներու աչքերուն առջեւ տաճարը երկու ժամուան մէջ կեր դարձաւ բոցերուն:

Այն, որ որմնադիր կաթողիկէ Ֆրանսայէն խլած էր հազարամեակ մը մտայղանալու, դարեր՝ ճարտարապետական մարմին տալու, սրբատեղին ստեղծելու, անհետացաւ քանի մը ժամուան ընթացքին: Կորուստը մեծ է, խորհրդանիշը՝ մեծ: Որքան որ վիշտը խոր է, նոյնքան խոր է մարդոց հաւատքը: Հրդեհը ինքնաբուխ կերպով բռնկեցուց վերակառուցելու ցանկութիւնը: Ցանկը մեծ է նուրիատուութեան պատրաստ կամաւորներու: Ֆրանսան հարուստ երկիր է, միջոցները ունի վերակերտելու: Միջազգային հաւաքականութիւնը նոյնպէս տրամադիր է օժանդակելու: Սակայն, հարցադրումը աւելի խոր է ու արմատական: Քաղաքական նկատառումները թոյլ պիտի տա՞ն, որ տաճարը կերտուի եւ գործէ բնական պայմաններու մէջ՝ իբրեւ քրիստոնէութեան կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը:

Հայութեան համար՝ Ապրիլ ամսուն, Զատկուան եւ Ապրիլ 24ի նախօրեակին պատահած այս դէպքը ենթագիտակցաբար կը բանայ խոր վէրքեր: Պատկերը նոյնն է, ժամանակն ու պայմանները տարբեր, ողբերգութիւնը՝ տարբեր:

Պէտք է վերակառուցել: Ա՛յս է պահու հրամայականը: Ա՛յս էր Երկուշաբթի օրը, Նոթր Տամի առջեւ գամուած քաղաքացիներուն միակ փափաքը: Պէտք է վերակառուցել հոգեպէս գօտեպնդուելու համար: Հաւատքով դիմագրաւելու համար բնութեան արհաւիրքները, անմարդկային արարքները եւ ողբերգութիւնները:

 

Ժ.Չ.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles