Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Ամէն Տարի Այս Օրերուն…

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

 

0801hagopbalian1Ամէն տարի այս օրերուն, երբ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն կ՛անցնէի, կը հանդիպէի Լիբանանէն, Ֆրանսայէն, Ամերիկայէն, Յունաստանէն, Աւստրալիայէն եկած ծանօթներու: Այս տարի կարծէք ամեակի սէրը պակսած է:

Հայաստանի հեռատեսիլի կայանները կը խօսին ուսուցիչներու դասադուլի, վարչապետի ճամբորդութիւններուն, տեսակցութիւններուն, ժողովներու մասնակցութեան մասին, եւ այդ առիթներով կը սփռեն իր արտասանած խօսքերը՝ առանց բառ զեղչելու, կը խօսին դատերու եւ հետապնդումներու, հաշուական կամ ոճրային խնդիրներու մասին: Ամէն օր կը լսենք Ալիեւի եւ Մամետեարովի հետ հաւանական տեսակցութիւններու մասին: Ապրող երկիր է:

Տասը օր ետք պիտի դիմագրաւենք ֆեթիշ թուականը, զոր կը յիշեցնեն արտասահմանի մէջ տեղի ունեցող «ճանաչումներ»ը, երբեմն ալ՝ Ծիծեռնակաբերդի շուրջ եղած ծառատունկը: Ֆրանսա կամ Իտալիա, կամ՝ սպանական քաղաք մը, ճանչցած են եւ կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Ոչ ոք կ՛ըսէ՝ ո՞վ, ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս պիտի սրբագրէ պատմութեան չարն ու չարիքը:

Պարզ խօսքով. ի՞նչ բանի ծառայեցին եւ պիտի ծառայեն ճանաչումները:

Երեւանը եռեւեփումի մէջ է, տասնեակներով թատերական ներկայացումներու եւ երաժշտական հանդիսութիւններու յայտարարութիւններ: Հաճելի է տեսնել պողոտաներու վրայ ցուցադրուած «Հայ մեծեր»ու անունները, որոնք հպարտութիւն կ՛առթեն: Ընկեր-բարեկամի հետ զրոյցներու ընթացքին, անոնք ըլլան աշխատաւորներ, տանտիկիններ, թէ մտաւորականներ, չենք լսեր ֆեթիշ թուականի մասին: Ի՞նչ պիտի ըսեն, որ անցեալին ըսուածէն տարբեր ըլլայ, աւելի քայլ մը:

Հաւանօրէն Ապրիլ 24ին աւանդական ծէսերը պիտի կրկնուին, Ծիծեռնակաբերդը ուխտատեղի պիտի ըլլայ եւ պիտի ծածկուի ծաղիկներով: Աւուր պատշաճի խօսքեր ալ պիտի լսենք, յիշատակի, ոճիրի, ցեղասպանութեան մասին: Միշտ ալ զարմացած եմ, թէ ինչո՛ւ այդ աւուր պատշաճի խօսքերուն մէջ, Հայաստան եւ արտասահման, «ճանաչում»ներու կրկնութիւններով կամ սպասումներով կ՛երջանկանանք, զանոնք կը դարձնենք ցաւազերծող դեղ (palliatif) կամ փլասեպօ (palcebo): Եւ ինչպէս ամէն տարի, քայլարշաւէ կամ ցոյցէ վերադարձին, գոհունակութեամբ պիտի ըսենք, որ անոնք «յաջող» էին, «բազմամարդ» էին, ճառախօսները, հայ թէ օտար բարեկամներ, «փայլուն» էին… Բայց ո՞ւր, ո՞ր առաւելը արձանագրուեցաւ: Հայու եւ հայոց կեանքին մէջ 25ը ի՞նչ տարբերութիւն պիտի ունենայ 24էն:

Յետոյ ի՞նչ… Պիտի սպասենք, որ 104ը 105 ըլլայ: Ինչպէս 103ը 104 եղաւ:

Այս որքա՜ն աղմուկ եւ մելան՝ ճանաչումներու համար:

Գէթ մէկ անգամ այդ ճանաչումներուն հետ յիշուէր հայոց բռնագրաւուած հայրենիքը, ուր կան գերեզմաններ, խաչքարով կամ առանց խաչքարի, նաեւ մեր ազգի պատմութեան եւ ինքնութեան յիշողութիւն՝ քաղաքները, եկեղեցիները, վանքերը: Ըսէինք, որ անոնք մեր սեփականութիւններն են, եւ բռնագրաւումներուն մեղսակից են բոլոր անոնք, որոնք զանոնք կը շրջանցեն որձեւէգ դիւանագիտութեամբ:

Մարդիկ իրապէս հաւկուրութենէ պէտք է տառապին կամ ըլլան չար՝ չյիշելու եւ չյիշեցնելու համար, որ Հայաստանի պարտադրուած սահմանին միւս կողմը, քարընկէց մը հեռու, կայ ԱՆԻն՝ իր եկեղեցիներով, պարիսպներով… Ինչպէ՞ս կրնայ Թուրքիան իւրացնել եւ պահել հայոց մայրաքաղաքը, ինչպէ՞ս միջազգային հասարակութիւնը կրնայ ընդունիլ այդ անտառի օրէնքով եղած աւազակութիւնը:

Ինչո՞ւ կը յուզուինք եւ երախտագիտական զեղումներ կ՛ունենանք ճանաչումներու համար, որոնք մեր Ազգային Հարցին ոչ մէկ նպաստ բերած են եւ պիտի բերեն, բայց մեր իրաւազրկման հանդիսատեսներուն եւ մեղսակիցներուն խիղճը հանդարտեցնելու կը ծառայեն: Մեր մանր քաղքենիական եսն ալ բաւարարութիւն կը կարծէ գտնել շնորհուած գութի բեմադրութեամբ: Երբեք պիտի չմոռնամ հայ մարդու դիպուկ արտայայտութիւնը, այն օրը, երբ Ֆրանսայի խորհրդարանը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ան ըսաւ. «Ֆրանսահայութիւնը հասաւ իր նպատակին»: Ամերիկահայութիւնն ալ, տասնեակ տարիներէ ի վեր, կը հետապնդէ ցեղասպանութեան ճանաչումը, «բարեկամներ» կան, անոնց պատիւներ կ՛ընծայուին, անոնք յայտարարութիւններ կ՛ընեն: Բայց ճանաչումը չի գար: Ճանաչումէ ետք ի՞նչ պիտի ըլլայ կամ կրնայ ըլլալ յաջորդելիք իրաւունքը:

Ցեղասպանութեան ճանաչումը ՀԱՅ ԴԱՏ չէ: Մխիթարաբարոյական պարգեւ է:

Ֆեթիշ թուականէն առաջ եւ վերջ, պետութիւն եւ հայրենահանուածներ, զորս կը կոչենք Սփիւռք, առանց ճապկումներու պէտք է ըսեն, թէ ի՛նչ է Հայ Դատը: Այս յստակացումով պէտք է դիմենք մեր «բարեկամներ»ուն, որպէսզի դիրքորոշուին, եթէ ուզեն այդ ընել: Անոնց պէտք է ըսենք, անոնք ալ պէտք է հասկնան, որ ցեղասպանութիւն գործուեցաւ հողի համար, եւ ըստ այնմ խօսին ու գործեն, եթէ շահախնդրութիւնները այդ ընել արտօնեն: Այս սկզբունքային ըմբռնումը բացակայ է, եւ կը մնան հոգեպարար խօսքերն ու հոգեհանգիստները, կը տեւեն երեւելիութիւնները եւ բեմերու վրայ օրօրուողները՝ կրկնելով դիպաշարերը (ցենար):

Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը մշակուած էր Հրէական ողջակիզման համար: Այդ բանաձեւը անբաւարար է, թերի է՝ բնորոշելու համար հայկական կացութիւնը: Թերի բնորոշումով Հայկական հարցը ինքզինք կը դատապարտէ տեղքայլ ընելու եւ հայկական իրաւունքը փակուղի տանելու:

Հրէական ողջակիզման եւ Հայոց Ցեղասպանութեան դրդապատճառները ոչ մէկ նոյնութիւն ունին: Անոնց արդիւնքը եթէ միայն նկատի ունենանք, նմանութիւն կը գտնենք միլիոնաւոր զոհերով: Այդքա՛ն:

Հայկական հարցը բարոյական-բարեսիրական-մխիթարական դաշտէն հեռացնելով՝ պէտք է փոխադրել քաղաքական-իրաւական դաշտ: Այսօր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկիրները պատմական պատասխանատուութիւն ունին Հայկական հարցը բերելու քաղաքական-իրաւական դաշտ: Օրինակ, Ֆրանսան եւ Իտալիան, Անգլիան եւ Միացեալ Նահանգները Խաղաղութեան վեհաժողովի որոշումները ստորագրած են: Անոնք պէտք չէ մոռցած ըլլան նաեւ այն բոլոր յայտարարութիւնները եւ խոստումները, զորս ըրած էին պատերազմի թէժ օրերուն՝ իրենց փոքրիկ դաշնակիցին:

Այս Խաղաղութեան վեհաժողովին հայ ժողովուրդի իրաւունքները ճանչցած յանձնառութիւնները կը փոխարինուին ցեղասպանութեան ճանաչման ոչ մէկ պարտաւորութիւն պահանջող որոշումով: Հայկական հարցին այս երեսը երբեք օրակարգ չէ, նոյնիսկ երբ մեր բարեկամներուն հետ կը խօսինք: Նման օրակարգ մենք չենք առաջադրեր, եւ իրենք ալ կը թուին մոռցած ըլլալ իրենց յանձնառութիւնները:

Պիտի պատահի՞, որ օր մը, մեր իրաւունքները անտեսելով եղած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումները մենք բարձրաղաղակ յայտարարենք անբաւարար, քաղաքական աճպարարութիւն եւ պարզապէս մեղսակցութիւն՝ մեզ իրաւազրկողի չարագործութեան:

Թուրքիոյ հետ ինչ-ինչ շահերու համար դիւանագիտական քատրի պարողները, Ռուսիան եւ Ամերիկան, Ֆրանսան, Անգլիան եւ միւսները, ո՞ր բարոյականութեան եւ ո՞ր արդարութեան վրայ հիմնուելով՝ տապանաքար դրին եւ կը դնեն հայոց իրաւունքին վրայ: Հիմա, ճանաչումները ծաղկեպսակ են իրենց դրած տապանաքարին վրայ, եւ մենք կը շլանանք:

Բայց մենք տեղ մը կը պոռանք, որ անընդունելի է այդ տապանաքարին վրայ դրուած ծաղկեպսակը:

Եթէ պոռացած ըլլայինք եւ եթէ այսօր պոռանք՝ կռթնելով անժամանցելի իրաւունքին վրայ, որ հայուն հայրենիքն է, հող, ուր կը հանգչին հայրերը, հայկական զանգուածները չէին ընդարմանար բարոյական մխիթարութիւններով:

Եւ Հայկական հարցը կը նուաճէր իր իրաւութիւնը, որ պայքար է յանուն բռանգրաւուած հայրենիքի ազատագրութեան:

Ցոյց, տողանցք, ճանաչումներ. յետոյ ի՞նչ:

Առանց իսկական հայրենատիրութեան գիտակցութեան եւ յանձնառութեան՝ ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, եւ անոր դրդապատճառը կը դառնայ չարագործութեան արդարացումը: Ցեղասպանութիւն գործուեցաւ հողի համար եւ այս տեւաբար պէտք է կրկնել, որպէսզի ճանաչումները չմոռցնեն Հայկական հարցը:

Հայկական հարցը դրուած է իր գլխուն վրայ, զայն պէտք է կանգնեցնել իր ոտքերուն վրայ, այդպէս ըսած էր՝ Քարլ Մարքս՝ Հեկելի փիլիսոփայութեան մասին:

Այսինքն անհանգստանալու եւ անհանգստացնելու գնով հարկ է քաղաքականացնել Հայկական հարցը՝ առանց անտեսելու յաջողութեան առաջնորդելու կոչուած մեծ եւ պզտիկ նախաձեռնութիւնները, նոյնիսկ եթէ անոնք խանգարող եւ անհանգստացնող պիտի համարուին:

Այս տեսանկիւնէն օրինակելի էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութիւնը՝ դատարանի ճամբով վերատիրանալու իր իրաւունքին: Այս հատուցման պահանջ չէ, այլ՝ պատմական անբռնաբարելի իրաւունքի վերականգնում:

Հնդիկ մեծ բանաստեղծը՝ Ռապինտրանաթ Թակոր, 1961ին գրած էր. «Ոչ մէկ յառաջդիմութիւն կարելի է՝ առանց անցնելու տառապանքի բովէն, եւ հոն է, որ նիւթապաշտը զինաթափ կ՛ըլլայ»:

Իրաւունքի վերականգնումը այլընտրանք չունի: Պէտք է գիտնալ կանգնիլ նիւթապաշտի ստրկացնող եսին դէմ եւ ընդունիլ անհանգստացնող յանձնառութեան դժուար ճամբան, որ հայրենասիրական տուրիզմի թափառումներէն տարբեր որակ կը պահանջէ:

Միշտ կրկնելով՝ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):

Այս կարգի հարցերու յիշեցումը եւ կրկնութիւնը բեմական զարդ չեն, ուշագրաւ ըլլալու միտում չունին, երէկ ըսուած էին, վաղն ալ պիտի ըսուին, քանի որ հայոց իրաւունքի վերականգնումը մեծ բացական է միջազգային շատախօսութիւններու հարթակին վրայ:

 

14 Ապրիլ 2019, Երեւան


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles