ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հերոսները կը ծնին ամէն տեղ, ամէն ժամանակ։
Նիւ Եորքն ալ այս օրերուն ի՛ր հերոսը ունի. քաղաքապետութեան թեկնածու Էնթընի Ուայնըր։
Ներողութիւն. խորագիրիս մէջ սխալ մը ըրած եմ։ Պէտք է գրէի՝ «Հերոս մը կը վերածնի…»։
… 48ամեայ Ուայնըր, հանրապետական, 2011ին գայթակղութեան մը «հերոսը» դարձած էր. բռնուած էր անբարոյական արարքի մէջ (այո՛, այո՛, մեր հասկցած ձեւով անբարոյական), ուրացած էր, յետոյ, փաստերու դիմաց խոստովանած էր իր յանցանքը եւ հրաժարած՝ խորհրդարանի իր աթոռէն։ Օրին, «ա՛լ նման ապուր պիտի չուտեմ» խոստանալով, զղջում արտայայտած էր։ Մարդիկ տարուած էին մտածելով, որ անոր քաղաքական ասպարէզը մեռած է։
Եւ ահա, կը փաստուի, որ քաղաքական կեանքի մէջ «անմահները» միայն Պերլուսքոնիները չեն. տեսէ՛ք թէ ինչպէս։
Երկու տարի առաջ մեղայականներ կարդացած Ուայնըր վերածնած է եւ թեկնածու ներկայացած՝ Նիւ Եորքի քաղաքապետութեան, ունի այնքան համակիր (հարցախոյզերը եթէ շինծու կամ սուտ չեն՝ կը պնդեն), որ ան վազքուղիին մէջ երկրորդ դիրքին վրայ է։ Եւ սակայն, քանի մը օր առաջ ի յայտ եկաւ, որ ան մնացեր է… անուղղայ. համացանցի «արդիականութեան բարիքներ»էն օգտուելով, ծածկանունով կապի մէջ մտած է 22ամեայ երիտասարդուհիի մը հետ, անճոռնի նամակներ ու լուսանկարներ ղրկած է անոր (ի՜նչ մեծ յանցանք, պիտի ըսեն դարուս լուսաւորեալ «ազատամիտ»ները)։
Պահ մը մոռցուած գայթակղութիւնը դարձեալ բորբոքած է հիմա. Ուայնըր ստիպուեցաւ 23 Յուլիսին դարձեալ խոստովանութիւններ ընելու, դարձեալ մեղայի գալու եւ… յաջորդ օրը յամառեցաւ մնալ ընտրապայքարի վազքուղիին վրայ։ Անուղղակի հակայարձակում ալ ըրաւ. մեղադրեց անծանօթ կողմեր, ըսելով, որ անոնք անիրաւ կերպով «թափանցած» են իր համացանցային հաղորդակցութեան միջոցներէն ներս։
Մետալին միւս երե՞սը… Ուայնըր ունի «ազատագրեալ» տիկին մը՝ Հումա Ապըտին։ Ան ամուր կերպով կը կանգնի ամուսնոյն կողքին, կ՛ըսէ, թէ ներած է անոր եւ պատճառ չի տեսներ, որ թեկնածու Ուայնըր ընդառաջէ ընտրապայքարէն քաշուելու կոչերուն։ Հումա եղած է սերտ գործակիցը… Հիլըրի Քլինթընի։
Օ՛ օօօ՜… պիտի ըսէ խելամիտ ընթերցողս, որ պիտի ուզէ տեսնել մետալին երրորդ երեսը (մի զարմանաք. արդիականութիւնը նոր մետալներուն շնորհած է բազմաթիւ երեսներ)։
Չար լեզուներ կ՛ըսեն, որ Հումայի համար, Հիլըրին լաւ դաստիարակ մըն է։ Կ՛ըսեն՝ որ նախկին նախագահին ազնիւ տիկինը, որ Օպամայի առաջին ընտրապայքարին բեմ եկաւ իբրեւ վտանգաւոր ախոյեան, յետոյ զիջեցաւ եւ վարեց պետական քարտուղարի պաշտօնը, քաջալերեր է Հուման եւ ամուսինը, որպէսզի անտեսեն այս փոթորիկը։ Ան ըսեր է, որ Պիլ Քլինթըն դիմադրեց Մոնիքային ստեղծած հռչակաւոր գայթակղութեան, տոկաց, եւ բարոյականութեան չափանիշները նոր «բարձունքներու» հասցուց, ինչպէս որ բարձրութիւն ցատկող կամ արագավազ մարզիկներ նոր մրցանիշներ կը հաստատեն ողիմպիականներուն կամ այլուր. Հիլըրին պնդեր է, որ ինք ալ ատենին ներողամիտ եղած էր, ամուսնոյն հետ ամերիկացիներուն եւ աշխարհին դա՛ս տուած էին, փաստելով, որ նախագահի մը կամ քաղաքական գործիչի մը ակնոցով, բարոյականութիւնը ո՛չ մէկ արժէք ունի, ընդհակառակն, այս դարուն բարոյական սկզբունքներու հետեւի՛լը ամօթանք է ու տկարութեան նշան, մինչդեռ նախապատւութիւն կը վայելեն նիւթական ու այլ շահեր (Հայաստանի չար լեզուներն ալ գործի անցած են եւ կ՛ըսեն, որ մեր հայրենիքին մէջ ալ «արդի բարոյականութիւն»ը մրցանիշներ կը կոտրէ ամէն օր)։ Մի՛շտ չար լեզուներու համաձայն՝ քաջարի Հիլըրին իր սանուկին ըսեր է. «Թող մարդիկ իրենց գործին խառնուին։ Չես գիտեր… Ուայնըր վաղը կրնայ նախագահութեա՛ն ալ թեկնածու ներկայանալ, որովհետեւ նման դէպքեր զայն կը հերոսացնեն, ճանաչում, ժողովրդականութիւն կ՛ապահովեն անոր. եթէ կորսնցնէ իսկ, դո՛ւն կրնաս հասնիլ արտաքին նախարարութեան կամ նման բարձր պաշտօնի մը…»:
Նշանաւոր զօրավար մը դարեր առաջ ըսեր է. «Իւրաքանչիւր յաջող մարդու ետին փնտռեցէք կին մը»։ Ինչպէս որ Հոլիվուտը հիմա նոր ու արդի մեկնաբանութիւններով կը խեղաթիւրէ անցեալի գլուխ գործոց ժապաւէններ ու կը սպաննէ համբաւաւոր արուստագէտներու վաստակը, նոյնպէս ալ ամերիկեան քաղաքական բեմի՛ աճպարարները արդի ու «ազատամիտ» մեկնաբանութեանց կ՛արժանացնեն այս նշանաւոր խօսքը։
Հա՛, չմոռնամ ըսելու. չար լեզուները ուրիշ մեկնաբանութիւն մըն ալ կ՛ընեն. կ՛ըսեն՝ որ այս բացայայտումը ցոյց կու տայ, որ Էտուըրտ Սնոտըն, իշխանութեանց լրտեսական վարքագիծը բացայայտողն ու ահագին աղմուկ բարձրացնողը որքա՜ն անիրաւ էր։ Եթէ խլուի լրտեսելու կարելիութիւնը, Ուայնըրներու գայթակղութիւնները ինչպէ՞ս պիտի հասնին հասարակութեան…
Ճի՛շդը ըսէք. ո՞ր լուրերը աւելի ախորժագրգիռ եւ երկարակեաց են. Անգլիոյ մէջ նոր թագաժառանգի մը աշխարհ գա՞լը, թէ իշխանութեան ոլորտներուն մէջ թափառող բարեսի՜րտ թեկնածուները, որոնք կը խոստանան, իսկական գործէ աւելի, նման գայթակղութիւններով բամբասանքի առատ նիւթ հայթայթել մամուլին, զբաղ պահել հասարակութիւնը. անոնց բարեսրտութիւնը հոն է, որ նման բեմադրութիւններով, տնտեսական-ընկերային կրծող տագնապներու մատնուած քաղաքացիք կը մոռնան զիրենք կրծող իրականութիւնը, զուարճացնող նիւթերու սպասումը յագուրդ կը ստանայ ամէն օր, նաեւ ամէն… գիշեր։