ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»Ի
2019ի տարեմուտին մեծագոյն նորութիւնը կարելի է սեպել CCAF-ի կողմէ կրթութեան, հայկական դպրոցներու, հայերէնի ուսուցման ներառումը քաղաքական օրակարգին վրայ (տե՛ս. ստորեւ): Առանց կրթութեան չկայ ապագայ: Առանց կրթութեան չկայ ինքնութիւն, չկայ մշակութային կապի հաստատում, չկայ որեւէ հաւաքական ժառանգութեան ստանձնում:
Երկար տարիներու պայքար է դպրոցներու ու կրթութեան դերակատարութեան կարեւորութեան գիտակցումը: Երկար տարիներու խորհրդածութեան նիւթ է ֆրանսական հանրակրթական համակարգի կողքին՝ հայկական դպրոցին իր ինքնուրոյն տեղը տրամադրելու հարցը, հայկական դպրոցներու հանդէպ կարծրատիպերու, նախապաշարումներու դէմ հետեւողական պայքարը:
Դպրոցը, մասնաւորապէս հանրակրթութիւնը Ֆրանսայի մէջ քաղաքացիութեան, հաւասարութեան, աշխարհականութեան գաղափարներու հետ սերտօրէն զօդուած միութիւն է: Սերունդներ անցած են անոր բովէն, մշակուած, կրթուած ու կեանքի ասպարէզ նետուած են այս գործընթացով: Անցեալին՝ անձնական, կրօնական եւ այլընտրանքային դպրոցներու պարագան եղած է լուսանցքային: Միջազգայնացումի հոսանքին զուգահեռ զարգացան ոչ-հանրակրթական դպրոցներու ցանցերը: Այս հոսանքին հետեւելով՝ հայկական դպրոցներն ալ ունեցան թուային աճ, որ նոր երեւոյթ է ֆրանսահայութեան յետեղեռնեան գրեթէ հարիւրամեայ պատմութեան մէջ:
Շատեր կը խրտչին հայկական դպրոցին մօտենալու համայնքայնութեան (communautarisme) թակարդին մէջ չիյնալու մտավախութեամբ: Էական հարցում է՝ ինչպիսի՞ հայկական դպրոց, ի՞նչ ուսուցանելու համար: Անշուշտ երկմշակութային ազդակը էական կարեւորութիւն ունի, որմէ կը բխի նաեւ լեզուականին առնչութիւնը: Սակայն այստեղ անկախ ֆրանսերէն-հայերէն երկլեզուութեան փոխյարաբերութիւններէն, լուրջ կրթական ծրագրային հարցեր կան մա՛նաւանդ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի համերաշխ դասաւանդութեան տեսանկիւնէն եւ շատ աւելի բարդ է ուղղագրութեան պարագան, որ կը թունաւորէ երկճիւղ հայերէնի դասաւանդումը եւ Հայաստանի հետ ուսումնական ու կրթական փոխյարաբերութիւնները: Այս հարցերը կարելի է ընդունիլ իբրեւ իրավիճակ, որուն համար յանդուգն լուծումներ պէտք է գտնել:
CCAF-ի այս քայլը կարեւոր ազդակ է Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու ծիրին մէջ:
Քաղաքական դիրքորոշում մը, որ բարեբախտաբար չ՛իյնար Հայաստանի իշխանութիւններու եւ Սփիւռքի վերնախաւի կարգ մը ղեկավարներու մօտ ամրագրուած հայաստանակեդրոն գաղափարախօսութիւն մը պարտադրելու հրահանգին տակ:
Առաջին քայլը առնուած է եւ ա՛յդ է կարեւորը: Երբեք ուշ չէ կրթական գործին լծուելու համար: 19րդ դարու Օսմանեան եւ Ցարական կայսրութիւններուն մէջ հայութիւնը կրցաւ իր ինքնութիւնը վերագտնել, Պոլիսը եւ Թիֆլիսը դարձնել հայ մշակոյթի, զարթօնքի եւ ստեղծագործութեան օրրաններ: Արեւմտեան ափերը հաստատուած ու գաղթած հայերը կը գտնուին նոյն հրամայականին առջեւ:
Ժ.Չ.