Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Կանանց Դաշինքի Անհրաժեշտութիւնը

$
0
0

0328suzan

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ

 

Մեր կուսակցութիւնը բազմիցս խոստացեր է վերջ տալ սեռային խտրականութեան եւ ամրապնդել սեռային հաւասարութիւնը ներկուսացական, քաղաքական ու նաեւ հասարակական կեանքին մէջ: Սակայն իրական եւ իմաստալից սեռային հաւասարութեան հասնելու համար պէտք է խրախուսել եւ խթանել կանանց եւ տղամարդոց հաւասար մասնակցութիւնը քաղաքական կեանքին մէջ, ինչ որ կը նշանակէ հասնիլ աւելի հաւասարակշիռ սեռային ներկայացուցչութեան՝ կուսակցական բոլոր պաշտօններու եւ որոշումներու կայացման բոլոր մակարդակներուն վրայ:

Մեր կազմակերպութիւնը չի  կրնար բոլորովին ժողովրդավարական համարուիլ, եթէ կանայք հրաժարին քաղաքական կեանքէն եւ, հետեւաբար, ներկայացուցչական մարմիններու մասնակցութենէն:

Տղամարդիկ եւ կանայք կը կազմեն հայութեան, հայրենիքի բնակչութեան մօտաւորապէս հաւասար բաժիններ: Հետեւաբար, այս փաստը պէտք է արտացոլայ կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ, ներառեալ՝ քաղաքական դաշտը:

Վերոնշեալ փաստարկները խարսխուած են «արդարութեան փաստարկ»ի վրայ, այսինքն մարդու իրաւունքներէն թելադրուած՝ անհրաժեշտ է կանանց եւ տղամարդոց հաւասար  մասնակցութիւնը քաղաքական բոլոր գործընթացներուն:

Այնուամենայնիւ, կուսակցական մեր ղեկավարներուն, ինչպէս նաեւ շարքերուն ոչ բոլորը համոզուած եղած են, որ կանանց քաղաքական յառաջխաղացումին աջակցիլ՝ կը նշանակէ մարդու իրաւունքները յարգել:

Այս պատճառով կուսակցութեան գերագոյն՝ Ընդհանուր ժողովը պարտաւոր է խրախուսել ծրագիր մը, որ ե՛ւ շարքերուն, ե՛ւ յատկապէս կուսակցութեան առաջնորդներուն կը պատրաստէ այս գաղափարին:

Այլապէս մեր կազմակերպութիւնը դատապարտուած կը մնայ կորսնցնելու եւ ի զուր վատնելու  իր հնարաւոր ուժերուն կէսէն աւելին:

Մինչեւ այսօր քաղաքական խաղադաշտը տղամարդոց եւ կանանց առջեւ կը շարունակէ մնալ ոչ հաւասար:

Մեր կուսակցութիւնը պարտաւոր է սրբագրել այս անհաւասարակշռութիւնը:

Մենք պէտք է ընդունինք դրական գործողութիւններու ռազմավարութիւններ, որոնք նախատեսուած են ոչ միայն խրախուսելու կանանց անդամակցութիւնը մեր շարքերուն, այլեւ՝ ապահովել ղեկավար դիրքերու հասանելիութիւնը:

Այսպէս, կ՛առաջարկեմ եւ կը յուսամ, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը ստեղծէ Կանանց դաշինքը, հարթակ մը, որուն հիմնական պարտաւորութիւնը կ՛ըլլայ  դառնալ կեդրոնական այն հանգոյցը, որ զօրաշարժի կ՛ենթարկէ, կը ներգրաւէ եւ կը վերապատրաստէ կիները քաղաքականութեան մէջ:

Մեր հայեացքը դէպի ապագային վրայ պահելով՝ քաջ գիտենք, որ մեր կազմակերպութեան կը սպասեն դժուար տարիներ, քաղաքական կոշտ միջավայր, եւ այս դաշինք-հարթակը կարեւոր է:

ՀՅԴ Բիւրոյին կողմէ նշանակուած կին ղեկավարի վերահսկողութեան տակ Կանանց դաշինքը կ՛աշխատի ստեղծել պայմաններ՝ ապահովելու համար կանանց ուժեղ աջակցութիւն՝ ռազմավարական մեր նպատակներու իրականացման համար, ապահովելու 2023 թուականի ընտրական յաջողութիւն եւ յատկապէս խթանելու կանանց ինքնավստահութիւնը՝ ստանձնելու կուսակցութեան կազմին մէջ ղեկավար դիրքեր:

Կանանց դաշինքը պիտի աշխատի Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարբեր երկիրներու մեր կառոյցներուն հետ՝ ներգրաւելով շարքերը, մեր ուղեկից կազմակերպութիւնները, մեր ցանցը մէկ նպատակով՝ որ կանայք ամբողջութեամբ պատրաստուին աշխուժօրէն աջակցելու մեր կուսակցութեան ժողովրդավարական եւ ընկերվարական տեսլականի իրագործման:

Ասիկա կարելի դարձնելու համար, Ընդհանուր ժողովը կ՛որոշէ նիւթական եւ բարոյական յատկացումներ կատարել «Կանանց դաշինքը» իրականութիւն դարձնելու համար:

Դաշինքը ունի մէկ առաքելութիւն եւ կը կեդրոնանայ երեք հիմնական նպատակներու վրայ՝ զօրակոչի ենթարկել, ներգրաւել եւ վերապատրաստել կիները:

 

ԶՕՐԱՇԱՐԺ

 

Կանայք կը ներկայացնեն մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի աջակցութեան հզօր հիմքը, սակայն մենք պէտք է շարունակենք իւրացնել եւ ընդլայնել այս հիմքը, որուն հասնելու համար պէտք է տանինք  նպատակային եւ տուեալներու վրայ հիմնուած նախաձեռնութիւններ: Դաշինքը կ՛իրագործէ հետազօտութիւն, հարցում, վերլուծութիւն եւ կը յստակացնէ կիները առաւել հետաքրքրող հարցերը:

ՆԵՐԳՐԱՒՈՒՄ

 

Կանանց  քաղաքական գործընթացին մէջ ներգրաւելը միայն սկիզբն է: Դաշինքին գործն է՝ կանանց այս նոր ցանցը ապահովել տեղեկատուութեամբ, զինել կիները բոլոր այն միջոցներով, որոնք անհրաժեշտ են յաջողութեամբ պայքարելու իրենց հոգածութեան առարկայ խնդիրներուն համար:

 

ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՈՒՄ

 

Կանանց դաշինքը՝

Հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ համայնքային մակարդակի վրայ շարունակական վերապատրաստման համար՝ եւ ֆիզիքական պայմաններ ու մտաւորական մթնոլորտ։

Այդ գործը ընելու համար կը տրամադրէ ենթակառոյց եւ հարթակներ՝ հարեւանութեան խումբերու, քաղաքապետարանի հանդիպումներու եւ կլոր սեղաններու ստեղծման միջոցով:

Դաշինքին հիմնական գործերէն մէկը նաեւ պիտի ըլլայ ներգրաւել կիներ եւ զանոնք աշխուժօրէն մասնակից դարձնել մեր կուսակցութեան բոլոր աշխատանքներուն, խրախուսել եւ դառնալ կուսակցական պատուիրակներ, առաջադրուիլ ընտրական պաշտօններու՝ անոնց վստահելով առաջնորդ ղեկավարի դերակատարութիւն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles