ՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Թուրքիոյ լիրան կը շարունակէ արժեզրկուիլ՝ Սուլթան Էրտողանը առաւել սուզելով իր տնտեսական տագնապին մէջ։ Արդարեւ, Օգոստոս 9ին, տոլարին արժէքը 5.31 լիրայի հասած էր, սակայն Օգոստոս 10ին, երբ նախագահ Թրամփ Թուրքիայէն ներածուող պողպատի եւ ալիումինի մաքսա-գիները կրկնապատիկի բարձրացուց (նախկին 10 եւ 25 տոկոսը դարձան 20 եւ 50 տոկոս՝ յաջորդաբար), նոր հարուած մը հասաւ արդէն իսկ տկար լիրային. այս անգամ, լիրային համեմատ՝ մէկ տոլարին արժէքը 10 լիրայէն աւելի եղաւ։ Թէեւ այս մէկը երկար չտեւեց, սակայն Թուրքիան կորսնցուց շուկային վստահութիւնը: Էրտողան, կատաղած վիճակի մէջ, երեք օր անդադար ելոյթներ ունեցաւ՝ ժողովուրդը յորդորելով, որ իր ունեցած տոլարները փոխարինէ լիրայով, եւ վստահեցնելով, որ երկրին տնտեսութիւնը տակաւին կայուն է ու այս ամբողջ պատահածին պատճառը Ամերիկա՛ն է եւ բոլոր անոնք, որոնք կը սարսափին Թուրքիան հզօր երկիր ու իսլամները վերականգնած ուժ տեսնելէ:
Քաթարի շէյխ Թեմիմ պըն Համետ իսկոյն օգնութեան հասաւ՝ 15 միլիառ տոլարի ներդրումներ խոստանալով Թուրքիոյ, եւ այդպիսով, տոլարին արժէքը, Օգոստոս 15ին, 6.75 լիրայի իջաւ։ Սակայն, ընդհանուր առմամբ, լիրան իր արժէքին 40 տոկոսը կորսնցուցած է այս տարուան ընթացքին: Թուրքիոյ իշխանամետ լրատուամիջոցները այս բոլորին համար, անշուշտ, մեղադրեցին համաշխարհային սակարաններուն մէջ ազդեցիկ կողմերը:
Թրամփ իր վերոնշեալ որոշումը տուաւ, երբ Էրտողան պահանջեց Ամերիկայէն իր նախկին բարեկամ եւ ներկայի թշնամի Կիւլենը Թուրքիոյ յանձնել՝ ամերիկացի քարոզիչ ԷնտրուՊրանսընը ազատ արձակելուն դիմաց. վերջինս 2016ին կալանաւորուած է Թուրքիոյ մէջ եւ կրնայ մինչեւ 35 տարուան ազատազրկման դատապարտուիլ: Թրամփի միջնորդութեամբ՝ նախապէս Իսրայէլի մէջ «Համաս»ի հետ գործակցելու մեղադրանքով բանտարկուած թուրք ազգայնամոլ Էպրօ Օզկանը արդէն իսկ ազատ արձակուած էր՝ Պրանսընը ազատ արձակելու ակնկալութեամբ, սակայն Էրտողան այդ մէկը չկատարեց՝ Թրամփին մեծ զայրոյթ պատճառելով։ Ամերիկա նաեւ զայրացաւ այն բանէն, որ Թուրքիա պիտի գնէ ռուսական «S-400» պաշտպանական համակարգեր՝ ՆԱԹՕի անդամ ըլլալով հանդերձ. աւելի՛ն, Թուրքիա չմասնակցեցաւ Ամերիկային պարտադրած տնտեսական պատժամիջոցներուն՝ Իրանի դէմ, իսկ Սուրիոյ հարցով ակնյայտ ընդհարումի մէջ է Ամերիկայի հետ:
Ըստ «al-monitor» կայքին՝ «Տարիներ շարունակ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը խրախուսէր ընկերութիւնները՝ շահութաբեր երաշխիքներ ապահելով մայրուղիներու, կամուրջներու, օդակայաններու, բնակելի եւ առեւտրային շէնքերու կառուցման համար»: Այդ բոլորը երկիրը հարիւրաւոր միլիառներու պարտքի տակ դրին, իսկ երբ ժամանակը եկաւ այդ պարտքերը տոլարով վերադարձնելու, երկրին տնտեսութիւնը խուճապի մատնուեցաւ եւ լիրայի տագնապը սաստկացաւ։ Նոյն նիւթի շրջանակին մէջ, ամերիկեան «S&P Global» տնտեսական հետազօտութեանց աղբիւրը Օգոստոս 27ին հրապարակած էր, թէ Թուրքիա այս տարի կանգնած է գնաճի տատանումներու եւ տնտեսական խիստ ճգնաժամի առաջ, քանի որ երկրի դրամանիշին տագնապը դեռ կը շարունակուի։ Աղբիւրը նախատեսած է, որ Թուրքիոյ գնաճը 2019ին կրնայ հասնիլ աւելի քան 20 տոկոսի, իսկ գործազրկութիւնը՝ 12 տոկոսի, աւելցնելով նաեւ, որ Քաթարի 15 միլիառ տոլարի օժանդակութեան փաթեթը եթէ նոյնիսկ իրականացուի, պիտի յաջողի միայն որոշ չափով աջակցութիւն ցուցաբերել Թուրքիոյ տնտեսութեան, իսկ այդ գումարէն մաս մըն ալ շատ հաւանական է, որ հին ներդրումներ ըլլայ:
Ներկայիս, Էրտողանի համար մնացեր են միայն քանի մը դաշնակիցներ, որոնցմէ յատկանշական է «Իսլամ եղբայրներ»ու կազմակերպութիւնը («Իխուան»): Ըստ արաբ մտաւորական եւ գրող Ահմետ Սառաֆի Օգոստոս 18ին լոյս տեսած մէկ գրութեան «Իսլամ եղբայրներ»ու մոլեռանդ առաջնորդ Եուսուֆ Քարատաուի հաստատած է, թէ «Աստուած, Գաբրիէլ հրեշտակը եւ բոլոր հրեշտակները կ՛աջակցին Էրտողանին»… Ծիծաղելին ա՛յն է, սակայն, որ վերջինիս պարզամի՛տ հետեւորդները կը հաւատան իր ըսածին։ Սառաֆ նաեւ կ՛աւելցնէ, թէ «Իսլամ եղբայրներ»ը կեղծ քարոզարշաւ մը կազմակերպած են, թրքական տկար լիրային եւ նախագահ Էրտողանին աջակցելու նպատակով. սակայն անոնց ըրածը, ըստ արաբ մտաւորականին, Էրտողանի սիրոյն համար չէ՛, այլ անոնք մտահոգ են Թուրքիոյ մէջ իրենց ներդրումներով, առանց գիտակցելու, որ թրքական լիրան տասը տարիէ ի վեր արդէն իսկ անկումի մէջ է:
Էրտողան այժմ նոր դաշնակիցներ կ՛որոնէ. ներկայիս, անոր ամենակարեւոր դաշնակիցը Ռու-սիան է, թէեւ վերջինս Թուրքիոյ պատմակա՛ն դշնամին է, նաեւ՝ Իրանը, որուն հետ ան սիւննի-շիի մրցակցութիւններ ունի, եւ Չինաստանը, որուն հետ ցեղային կապեր ունի: Ըստ «Asiatimes»ի՝ «Թուրքիոյ ներկայի տնտեսական փլուզումը տարիներ առաջ արդէն կը սպասուէր: Թրքական լիրային անկումը չզարմացուց մէկը: Էրտողան այժմ կ՛ակնկալէ Համաշխարհային դրամատան վարկերուն այլընտրանք մը գտնել, եւ եթէ Թուրքիա Չինաստանէն վարկեր ստանայ, ապա կրնայ Չինաստանի տնտեսական մարզպանը դառնալ»։ (Պարսից արքային ներկայացուցիչը կը կոչուէր Մարզպան, որ կուսակալ կամ նահանգապետ կ՛ըլլար):
Այս բոլոր անցուդարձերէն ետք կարելի՞ է արդեօք ակնկալել Էրտողանի վերջնական անկումը: Անկարելի բան չկա՛յ, սակայն Էրտողանի պարագային, հարցը շատ աւելի բարդ է։ Թուրքիան կրնայ ճնշում բանեցնել Ամերիկայի վրայ՝ Ռուսիոյ հետ սերտ կապեր հաստատելով, առանց սակայն ՆԱԹՕէն դուրս գալու. բան մը, որ Ամերիկայի համար անընդուլելի՛ է։ Աւելի՛ն, ան կրնայ Եւրոմիութեան սպառնալ՝ գաղթականներու նոր հոսքերու արգելք չհանդիսանալով: Իսկ երկրէն ներս իր ամենավերջին հարուածը կրնայ ըլլալ՝ լիրայի ելեւմտական գործողութիւններուն վրայ պետութեան ձեռքը դնել… Սակայն, այս մէկը անկարելի կը թուի ըլլալ, որովհետեւ Թուրքիան հսկայ տնտեսութեամբ երկիր մըն է, որ մի՛շտ կարիքը ունի դուրսէն ներդրումներու:
Ամերիկահայ տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլու, Սեպտեմբեր 7ին, «Պլումպըրկ»ին յայտնեց, թէ 2000-2001ի տնտեսական ճգնաժամէն ետք՝ 2002-2006ի Թուրքիոյ նորանշանակ վարչապետ Էրտողան ու իր կառավարութիւնը կրցան բարելաւել իրավիճակը, սակայն 2006էն ետք՝ կացութիւնը սկսաւ վատթարանալու: «Եթէ 2002ին իրավիճակը բարելաւուեցաւ քաղաքականութեան շնորհիւ, ապա բոլոր այդ ձեռքբերումները հաւաքող-տանողն ալ կրկրին նո՛յն քաղաքականութիւնը եղաւ», յայտնեց ան։ Սակայն, Էրտողանի կողմնակիցները իրենց կարգին կը հաւատան, որ Թուրքիա պիտի չկարենայ իր պատմական առաքելութիւնը կատարել՝ «Թուրքիան իբրեւ միջազգային մեծ ուժ» վերականգնել, եւ համաշխարհային իսլամական համայնքին արժանապատուութիւնը պահպանել՝ առանց Էրտողանի:
Վստահաբա՛ր, երբ դանակը ոսկորին հասնի՝ այդ ժամանակ բոլորն ալ պիտի զգան Էրտողանի բռնատիրութեան ահռելի վնասները, եւ այդ ժամանակ Էրտողան պիտի դառնայ Թուրքիոյ արդի պատմութեան առաջին եւ վերջին «երազող սուլթան»ը:
Լոս Անճելըս – Սեպտեմբեր 2018
hampomg@yahoo.com