Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Տպուած Գիրքը Սրբութիւն Է…

$
0
0

 

ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ

 

0622ritavorperian Ըսած է Աւետիս Ահարոնեան՝ հայ գրականութեան «թուխ Արամազդ»ը…

Ամէն անգամ, երբ կը նշուի Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան տարեդարձը, կամայ-ակամայ միտքս կ՛երթայ Աւետիս Ահարոնեանին եւ իր գործին: Այդ տարեդարձը իմ ծննդեան տարեդարձիս յաջորդ օրն է: Այնպէս որ փախուստ չկայ. պիտի՛ յիշեմ Սեւրը եւ Ահարոնեանը:

Երբ թռուցիկ ակնարկ մը նետենք Ահարոնեանի կեանքին եւ գործին վրայ, առաջին առթիւ կը զարմանանք: Կը զարմանանք, թէ ինչպէ՛ս Հայաստանի Սուրմալու գաւառի Իգդիր աւանի Իգդիմաւայի համեստ գիւղացի Դարբին Առաքելի մանչուկ Աւետիսը, իր ծնունդէն մօտ յիսուն տարի ետք՝ միջազգային պետական պատուիրակութիւններու կողքին բազմեցաւ եւ ստորագրեց հայութեան յոյսերու եւ յուսախաբութիւններու խորհրդանիշը եղող Սեւրի դաշնագիրը, 1920ի Օգոստոս 10ին: Ինչպէ՛ս եղաւ, որ այդ տխուր եւ խոնարհ պատանին բարձրագոյն աթոռներ գրաւեց Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանէն ներս: Ինչպէ՛ս եղաւ, որ իգդիրմաւացի փոքր պատմուածքներով հայ գրականութեան անդաստանէն ներս մտնող երիտասարդ Ահարոնեանը, աւելի ուշ դարձաւ արեւմտահայ կամ թրքահայ ցաւի երգիչը, ինչպէս նաեւ՝ գեղեցիկ գրական արեւելահայերէնի կերտիչը: Ինչպէ՛ս եղաւ, որ իգդիրմաւացի գեղջուկ տղան դարձաւ միթոս (myth) մը հայ գրականութեան բնագաւառին մէջ:

Ահարոնեան ծնած էր Մասիսի փէշերուն, Արեւելահայաստանի եւ Թրքահայաստանի սահմանին վրայ: Ինչպէս ինք կ՛ըսէ իր կենսագրութեան մէջ. «Ամէնքի պէս ես էլ, երբ աչքս բացի, Մասիսը տեսայ մեր դրանը եւ իր ստուերն իմ գլխուն»:

Ծննդավայրին աշխարհագրական դիրքը ապագային մեծ նշանակութիւն ունեցաւ Ահարոնեանի համար, թէ՛ իր գրականութեան նիւթին եւ թէ իր գրական լեզուի ու ոճի տեսակէտէն: Իրենց տան առջեւէն էր որ պիտի անցնէին Թրքահայաստանէն փախուստ տուող խումբ-խումբ գաղթականները, եւ այդ պատկերները պիտի դրոշմուէին պատանի Աւետիսի մտքին մէջ, աւելի ուշ յանձնուելու համար թուղթին եւ կազմելու իր գրականութեան փառապսակը: Նոյն տխուր դէպքերուն շնորհիւ էր նաեւ, որ հետզհետէ եւ վերջին հաշուով պիտի կերտուէին իր գեղեցիկ լեզուն ու ոճը՝ երկու բարբառներու ընտրելագոյն տարրերէն կազմուած:

Դարբին Առաքելի յաջորդական երկու ամուսնութիւններէն ծնած ութ զաւակներու կրտսերագոյնն էր Աւետիսը, զոր ծնողքը կը սիրէին տարբեր սիրով: Հայրը անուս արհեստաւոր էր, սակայն պայծառատեսութիւնը ունեցաւ իր կրտսեր մանչուն մէջ նկատելու տարբեր գիծ մը իր միւս որդիներէն, որոնք դարբնոցին մէջ իրեն կ՛օգնէին: Օր մը, այդ համեստ եւ սրատես մարդը քովը կանչեց իր ընտրեալ զաւակը եւ ըսաւ. «Չէ՛, բալա՛, կռանն ու փուքսը քո բանը չեն, քոնը՝ գի՛րքն է»:

Դարբինը այսքանը ըսաւ, բայց արդեօք ան կը նախատեսէր իր մանչուկին ապագայ ազգային առաքելութի՞ւնը: Արդեօք կը զգա՞ր, թէ անկիւնադարձային ի՛նչ արժէք պիտի ունենար այդ խօսքը պատանի Աւետիսի չափահաս կեանքին համար: Արդեօք կրնա՞ր երազել, թէ օր մը իր կրտսեր զաւակը պիտի գրաւէր բարձրագոյն դիրքեր Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջազգային տարբեր պատուիրակութիւններու մէջ, եւ պիտի ըլլար նոյն Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ, ինչպէս նաեւ՝ անուանի գրագէտ:

Անշո՛ւշտ որ չէր գիտեր: Իրը հպարտ հօր մը անմեղ փառասիրութիւն էր, որ կեանքի հոլովոյթին մէջ գլեց անցաւ բոլոր նախատեսութիւնները: Հայ ժողովուրդի քաղաքական ալեկոծ կեանքն էր, որ ձեւաւորեց Ահարոնեանի ճակատագիրը եւ անոր դերը՝ հայ քաղաքական ու մշակութային կեանքին մէջ:

Դարբին Առաքելը, այո՛, անուս էր, բայց իր կինը՝ Զարդարը, գիւղին ամէնէն զարգացած կինն էր. այսինքն՝ գրել-կարդալ գիտէր եւ ան էր Աւետիսի առաջին ուսուցիչը: Դպրոց յաճախելու չսկսած՝ Աւետիս շատ սահուն կը կարդար արդէն:

Ահարոնեան, իր «Մանկութիւն Եւ Պատանեկութիւն» գիրքին մէջ կ՛ըսէ՝ կարճ եւ կտրուկ.

«Մայրս ինձ գրագէտ դարձրեց…:

Հայրս անգրագէտ էր, մայրս վարժ կարդում էր Սաղմոս ու Նարեկացի, եւ հմայիչ ձայնով երգում էր բոլոր շարականները…:

Մեր գիւղի եւ գաւառի միակ գրագէտ կինն էր: Այս էլ մի հրաշք էր»:

Հաւանաբար, այս իրողութենէն կու գայ նաեւ Ահարոնեանի բարձր գաղափարը կնոջ մասին, ինչ որ յատուկ ձեւով պիտի արտայայտուէր իր ապագայ հատորներուն մէջ: Ես ընդհանրապէս հաւատացող եղած եմ սեփական կարծիքի: Բայց հոս թոյլ տուէք, որ կարգ մը հեղինակաւոր եւ գնահատական կարծիքներ եւս փոխանցեմ ձեզի:

Եդուարդ Պոյաճեան կ՛ըսէ. «Ոչ մէկ կասկած, թէ Ահարոնեան հայ գրականութեան մեծ կրակներէն է՝ Մեսրոպէն մինչեւ մեր օրերը: Եւ եթէ հիմա, արտասահմանի մէջ, շատ քիչ կը խօսուի իրեն մասին, իսկ Հայաստանի մէջ՝ բնաւ չի խօսուիր, ատիկա ոչինչ կը նշանակէ եւ ոչինչով կրնայ նսեմացնել անոր բուն արժէքը»:

Պօղոս Սնապեան կ՛ըսէ. «Չունեւորներուն վիշտը իր բոլոր բջիջներով զգացող ունեւոր գրիչը, ըմբոստ խառնուածք մը կազմաւորող մեծ պատճառները բառերու վերածող կախարդը… Հողին սէրը պաշտամունքի բարձրացուցած եւ մեր հայրենական հողը իր գուրգուրանքով պահած արարատեան կարծր գիւղացին: Արարատեան կարծր գիւղացիին սիրտը խորութեամբ ճանչցած արարատեան գրագէտը»:

Համաստեղ կ՛ըսէ. «Փոքր գիւղի մը մէջ մարմին առած ոգի մը, որ տառապանքի ճամբով հասած է երկնքի կապոյտին չափ անպարագիծ համամարդկայինին»:

Կարօ Սասունի կ՛ըսէ. «Ահարոնեան, կէս դարու ընթացքին, հայ գրականութեան մէջ բարձրագոյն գագաթ մը կազմած է ե՛ւ վիպագրութեան, ե՛ւ բանաստեղծութեան մէջ… Ան բացառիկ գրական դէմք մըն է՝ որպէս արուեստագէտ եւ որպէս ոճաբան»:

Արամ Հայկազ կ՛ըսէ. «Եթէ ըսեմ, թէ ոչ ոք այնքան խանդավառած է հայ երիտասարդութիւնը եւ պայքարի ու կռիւի սէր արթնցուցած անոր հոգիին մէջ, որքան Աւետիս Ահարոնեանը, սխալած չե՛մ ըլլար»։

Գուրգէն Մխիթարեան կ՛ըսէ. «Կան քիչ հեղինակներ, որոնց գրականութիւնը հայելին է իրենց կեանքին եւ անձին: Ահարոնեան այս քիչերէն է»:

Մինաս Թէօլէօլեան կ՛ըսէ. «Հայութեան առհաւական երկու գիծերով կը բնորոշուի Ահարոնեանի ամբողջ գրականութիւնը. ազատութեան ձգտում եւ համամարդկային իտէալներ»: Ապա խօսելով անոր գրական ժառանգութեան մասին՝ քիչ անդին Թէօլէօլեան կ՛աւելցնէ. «Այդ վաստակը դադրած է գրական գործ մը ըլլալէ ու դարձած Տէրունական աղօթքի չափ սուրբ ու նուիրական ժառանգ մը, որ հայուն հանապազօրեայ ապրումներն ու կեանքը կ՛առնէ իր մէջ, փոխանցելու համար ապագայ բոլոր սերունդներուն»:

Զապէլ Եսայեան, որմէ կու գայ Ահարոնեանի «թուխ Արամազդ» կոչումը, կ՛ըսէ. «Մեր մթամած եւ անգիտակից հոգիներուն մէջ, ուր դարերէ ի վեր ցեղային աւանդութիւնները ու ժառանգական ընդունակութիւնները քնացած են, Ահարոնեան իր արուեստի շունչովը կոչուած է մեծ ու տիրական դեր մը կատարելու»:

Մկրտիչ Պարսամեան կ՛ըսէ. «Հայ մարդը Ահարոնեանի մէջ աշակերտն էր երէկուան սերունդին: Այդ սերունդը Քրիստափորին, Զաւարեանին եւ Ռոստոմին սերունդն էր, որուն շունչին տակ մարզուեցաւ ու թեւեր առաւ երիտասարդ գրագէտը»:

Այս բոլորի կողքին, Ահարոնեան ունեցաւ նաեւ իր խիստ քննադատները, սկսեալ Յակոբ Օշականէն մինչեւ կարգ մը Մխիթարեան միաբաններ եւ Խորհրդային Հայաստան: Բայց, բոլորն ալ, վերջին հաշուով, զինաթափ եղան իր անկրկնելի վաստակին առջեւ: Օշական, երբեմն արդարացի, քննադատեց անոր վէպերը եւ վիպակները՝ անհաւասարութեան եւ վիպական դասական ու Օշականեան կառոյցի տեսակէտէն, բայց զայն միշտ նկատեց հայ գրականութեան գագաթներէն մէկը: Միւսները զայն նսեմացնել փորձեցին՝ քաղաքական իր ըմբռնումներուն համար, եւ իր գործին մէջ միայն տեսան Դաշնակցական «deterministic» մօտեցում մը, որ որոշ շրջանի մը համար աններելի մեղք էր:

Այս մարդիկ կը մոռնան, որ մենք Ահարոնեան չէինք ունենար, եթէ չըլլար Դաշնակցութեան պայծառ դէմքերէն Քրիստափորի քաջալերանքը երիտասարդ գրողին եւ անոր դերը՝ Ահարոնեանի գրականութեան ուղղութիւն տալու ճիգերուն մէջ: Ի վերջոյ, Ահարոնեան ինքն իսկ յայտարարած է. «Առանց Քրիստափորի՝ «Ազատութեան Ճանապարհին» չէր գրուեր»:

Ես, անձնապէս, մեծապէս տպաւորուած եմ Ահարոնեանի ազատամտութեամբ եւ կնոջ հանդէպ իր ունեցած յարգանքով: Այս հազուագիւտ նկարագրային գիծերուն կը հանդիպինք իր «Հռօ Կինը» եւ կարգ մը այլ գործերու մէջ:

Կը խոստանամ շուտո՛վ արծարծել մեր գրականութեան մէջ գրեթէ անգոյ այս երեւոյթը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles