Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Փաշինեանի Յորդորը Արեւմուտքին

$
0
0

0000Nor Harach

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»Ի ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

 

Վարչապետ Փաշինեանի Պրիւքսէլ այցելութիւնը՝ իշխանութեան գլուխ անցնելէն ի վեր, անոր առաջին այցն էր Արեւմուտք: Անիկա նշանակալից էր քանի մը պատճառներով. ՆԱԹՕի վեհաժողով, Եւրոպական Միութիւն եւ պրիւքսէլահայ համայնք. մէկ քայլով՝ ան երեք շատ կարեւոր հասցէներ այցելեց եւ այս առթիւ անձնապէս ծանօթացաւ արեւմտեան պետական բազմաթիւ մարդոց հետ:

Առաջին պահէն, Փաշինեան, իբրեւ վարչապետ, ցուցաբերեց վեհ, կարող ու համակրելի պետական այրի հանգամանք, որ կը տարբերէր իշխանութեան նախորդ ղեկավարներէն, որոնք կը մնային անշուք ու աննշան: Վարչապետը, հանգիստ ու ժպտերես, անվերապահօրէն կապի մէջ մտաւ պետական բոլոր մարդոց հետ եւ բոլորին համակրանքին արժանացաւ:

Որքա՛ն նշանակալից էին Փաշինեանի վարչապետութեան առաջին օրերու այցը եւ շփումները Փութինի ու Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներուն հետ, նոյնքա՛ն եւ կարեւոր էր դէպի Արեւմուտք այս ուղեւորութիւնը: Ռազմական, անվտանգութեան եւ ուժանիւթի մատակարարման մէջ որքա՛ն գերակշիռ է Ռուսիոյ դերը, ինչպէս նաեւ ռուսահայ համայնքին ներդրումը, նոյնքա՛ն ալ գերակշիռ է արեւմտեան երկիրներու դերակատարութիւնը՝ ժողովրդավարութեան նեցուկ հանդիսանալու, տնտեսական ուղղակի օժանդակութիւն ապահովելու եւ միջազգային դրամատնային կառոյցներու կողմէ ներդրումային վարկեր տրամադրելի դարձնելու առումով:

Փաշինեան թաւշեայ յեղափոխութիւնը յայտարարեց իբրեւ Հայաստանի ներքաղաքական յեղաշրջում, որ արտաքին այս կամ այն դաշնակիցի թեր կամ դէմ չէ ուղղուած: Դէպի Արեւմուտք այս ուղեւորութիւնը արտաքին հաւասարակշռուած քաղաքականութեան ապացոյցը պիտի տար, եւ հոն իր ունենալիք տեսակցութիւններն ու յայտարարութիւնները մօտէն պիտի հետաքրքրէին ռուսական, իրանեան եւ Հայաստանի մէջ ռուսամէտ քաղաքական շրջանակները:

Անկախ հայկական կողմին համար էական նկատուած այս հանդիպումէն, ՆԱԹՕի տարեկան այս վեհաժողովին օրակարգը յագեցած էր միջազգային քաղաքական ու ռազմավարական էական նշանակութիւն ունեցող բազմաթիւ հարցերով, սկսելով Արեւմուտք-Պարսկաստան հիւլէական ուժանիւթի շուրջ անհամաձայնութենէն մինչեւ Ռուսիոյ հետ գործակցութիւն, անդամ երկիրներու՝ ՆԱԹՕի գործունէութեան բերած նիւթական մասնակցութեան վերասահմանում, ԵՄ-ԱՄՆ առեւտրական յարաբերութիւններու մթագնում ու վերստին մաքսային հարկեր կիրարկելու ամերիկեան տրամադրութիւն:

Իբրեւ դէտ Հայաստանի մասնակցութիւնը ՆԱԹՕի այս վեհաժողովին կարեւո՛ր էր՝ օրակարգի նիւթերուն պատճառով. Պարսկաստանի եւ Ռուսիոյ վերաբերող բաժինները, որոնք անմիջականօրէն կ՛առնչուին Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, նաեւ աղերս ունին Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան հետ: Այս կէտին վրայ Փաշինեանի յայտարարութիւնը շա՛տ կարեւոր ուղերձ մըն էր Արեւմուտքին, երբ ըսաւ, թէ Ատրպէյճանի յարձակումը ժողովրդավար Հայաստանի վրայ պէտք է ընկալուի իբրեւ բռնատիրութեան կողմէ ոտնձգութիւն՝ հանդէպ ժողովրդավարութեան: ՆԱԹՕի երկիրները պատասխանատուութեան կանչելու կարեւոր ազդակ մը… երեւոյթ մը… իշխանութեան նախկին տէրերը երբե՛ք պիտի չհամարձակէին նման զուգահեռական մը քաշել եւ քաղաքական դիրքային առաւելութիւն մը ձեռք բերել:

Այցելութեան աւարտին, Փաշինեանի եզրափակիչ յայտարարութիւնը՝ ուղղուած Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն, բազմաթիւ տարընթերցումներու առիթ տուաւ: Համակրանք, սիրալիր վերաբերում, յարգալից խօսքեր կարեւոր են՝ շփում ստեղծելու համար, բայց հարկ է աւելի անդին երթալ, լուրջ տնտեսական ծրագիրներ իրագործել՝ ժողովրդավարութեան իսկակա՛ն արժէքը գնահատելու համար: Տնտեսական զարգացումը ունի ռազմավարական նշանակութիւն. անիկա արտագաղթը կասեցնելու լաւագոյն դեղամիջոցն է: Իսկ Փաշինեանի գերագոյն նպատակը արտագաղթը կասեցնելն է, ապա՝ հայրենադարձութեան ծրագիրի մշակումը:

Մինչ Արեւմուտքը ենթակայ է դէպի Եւրոպա գաղթականութեան մեծ հոսքի, Հայաստանի կառավարութեան՝ արտագաղթի կասեցման եւ հայրենադարձութեան ծրագիրը կրնայ դրական արձագանգ գտնել: Սակայն, թաւշեայ յեղափոխութիւնը հիմնովին փոխեց ԵՄ-Հայաստան համաձայնագիրի շրջանակին մէջ նախատեսուած գործընթացը՝ ժողովրդավարացման ճանապարհին վրայ Հայաստան արդէն քանի մը փուլ յառաջընթաց արձանագրած ըլլալով: Երեւոյթ մը, որ բոլորովին չէ մարսուած եւրոպական երկիրներու, բայց նոյնի՛սկ Հայաստանի նախարարութիւններուն կողմէ, որոնք չեն հասցուցած համապատասխան նորարար ծրագիրներ մշակելու՝ քաղաքական ու օրէնսդրական բարեփոխումներու ոլորտէն անցնելու համար դէպի տնտեսական, գիտական, կրթական ու մշակութային ոլորտներու բարգաւաճում:

Իսկ հայ համայնքին հետ հանդիպումին, վարչապետ Փաշինեանի հայրենադարձութեան յորդորը իր այս ուղեւորութիւնը ամփոփող լաւագո՛յն եզրակացութիւնն էր:

 

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles