Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

ԱՀԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ. Զարթօնք Մը

$
0
0

ՏՈՔԹ. ՇԱՒԱՐՇ ՔՐԻՍԵԱՆ

 

0127shavarshchroisianԱյս հանգրուանին այլեւս անկարելի է տպագրութեան եւ գիտութեան բացառապէս հրաշալի միաձուլումէն ծնած համաշխարհային համապարփակ եղափոխութեան յարակից մեր դառն իրողութեան գիտակցութենէն խուսափիլը: Մենք անտեսեցինք տպագրութեան անկիւնադարձը, փախցուցինք եւրոպական մեծ գնացքը: Ի՞նչ եղանք, ի՞նչ ըրինք երեք դար, հակառակ շատ մը յառաջադէմ օտար օրրաններէ ներս մեր բազմանդամ գոյութեան, զոր ժամանակի երթին հետ ազգային դիմագիծով քայլ պահելու այդ վրիպումին հետեւանքով կորսնցուցինք: Շատ ցաւոտ, ուղեղ տագնապեցնող մտասեւեռումի մը յամառող հարցականն է այս: Դաժան իրողութեան մը դէմ ինքնախաբէական խարխուլ եւ փուճ պատուար մը բարձրացնել միշտ հնարաւոր է՝ փորձելով զայն քողարկել բազմախորհուրդ ըլլալ յաւակնող ժպիտի մը ետին, կոտտացող ցաւը միաժամանակ ջանալով թմրեցնել աղմկոտ բառահոսքով կամ գեղեցիկ անցեալի մը ինքնագոհ երանութեան օրօրով: Հոգեբանական ծանօթ ապաստան մը, սին պատեան մը, որ շարունակական ըլլալու պարագային աններող քանդողական է: Անհատին համար անիկա հաւանական նախերգանք է ընկճման, մինչեւ իսկ ալքոլի, թմրեցուցիչներու ու աւելիին: Տխուր է ու շատ վտանգաւոր մանաւանդ երբ հասուն տարիքին ան անցեալի կամ ներկայի ձախողանքի դաժան գիտակցութենէն մեկուսացման որպէս փաթթոց կը ծառայէ, կը դառնայ դարանակալ ծուղակ: Անոր ներքեւ շնչահեղձ ըլլալու ելքը կայ միայն, ու դուրսը՝ ոչ ոքի հոգն է: Նման կեցուացք հասարակութիւն մը եւս նոյնպիսի վերջաբանի մը կացութեան կը հասցնէ:

Այո, երեք դար ետք հասած էինք մշակութային ու գիտակցական այդպիսի շնչահեղձութեան, երբ Եւրոպա ուսման գացած ու վերադարձած երիտասարդներու մեր փաղանգը 19րդ դարու երկրորդ կիսուն հրաշքով մասամբ մէկ կողմ շպրտեց սպաննիչ պատանքը, մեզի ընծայեց վերակենդանացման շունչ, զոր կոչեցինք մեր «Զարթօնք»ը: Այդ անուանումը արդէն անկեղծ ու բացայայտ խոստովանութիւնն է այդ երեք դարերու մեզի հանդէպ մեր գործած յետամնացութեան ծանր մեղքին:

Հազիւ արտասանած ենք բառը ու ահա, չես գիտեր ուրկէ, մեր փոթորիկը մեզ Վենետիկի մերձակայ անտառէն յափշտակած է ու նետած շատ գեղեցիկ կղզիի մը ծովեզերքը: Բայց Յակոբին գիրքերը մնացած են Վենետիկ: Շա՜տ ափսոս: Մեծն Տրդատ Գ.ի կամ Սահակ կաթողիկոսի ահազդեցիկ մահակը չունէր Յակոբ: Լուրջի չառինք միջնադարէն ասդին մեզի համար ազգակերտ ըլլալիք իր գերկենսական դեղագիրը՝ տպագիր գիրքը: Ասոր ամենագլխաւոր, անվերականգնելի ու հեղձուցիչ հետեւանքը եղաւ ստեղծագործ, յառաջդիմական, հարազատ հայկական գիտական մշակոյթի մը յղացման, ծնունդին, ապա եւ լման զարգացման աղիտալի վիժումը: Յետագայ զարգացումները ցոյց տուին, թէ անոր մեղաւորը հայ գիտական ուղեղի եւ ստեղծագործ միտքի պակասը չէր բնաւ:

Կղզիին ծովեզերքը մեծ տախտակի մը վրայ բազմալեզու, ներառեալ հայերէն, կը կարդանք. «Բարի գալուստ Վերածնունդի կղզի»: Անծանօթ կղզի մը: Իրարու կը նայինք հարցական: Ժամանակին մէջ ետ, առաջ, թէ՞ տեղքայլ կատարած ենք: Մեր խելաձայնները «1913, Վերածնունդ» ցոյց կու տան: Քիչ մը անդին, գրեթէ միայնակ, խարիսխ նետած է հոյակապ առագաստանաւ մը՝ «ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ»ը:

Մեր ետին՝ խաղաղ եւ կապուտակ ծով, վերեւը՝ ջինջ երկինք, ոտքերնուս տակ՝ բարակ աւազ կայ: Ծաղկուն եւ պտղատու ծառերէն՝ թռչուններու դայլայլում, գոյնզգոյն ծաղիկներու թուփերէն՝ անուշահոտ բոյրեր կու գան: Կղզիին ներսէն՝ մարդկային հայախօս բազմութեան մը կենսուրախ կանչին հրաւէրը, խորովածին բոյրը կը տարածուի: Կը դիմենք այդ ուղղութեամբ: Մեզի կը մօտենայ յայտնապէս երջանիկ եւ աշխոյժ այր մը. «Ես Մհերն եմ, դուք նո՞ր հասաք, եկէք ձեզի ծանօթացնեմ»: Իրեն կը հետեւինք: Մարդկային խանդավառ թոհոբոհը ու խորովածի գոլորշին աւելի տիրական կը դառնան: Ամէնուրեք՝ խնճոյքի համադամներով եւ խմիչքներով ծանրաբեռնուած սեղաններ, գրեթէ ամէն քայլափոխի՝ հայերէն տպագիր գիրք վաճառող կրպակներ կան տեղադրուած:

Շունչ կ՛առնենք: Վերջապէս հասա՞նք: Ըստ երեւոյթին, այո՛, մե՛նք ալ, ամբողջ հայութի՛ւնն ալ՝ աւելի քան երեք լման դարերու յապաղումով, բայց հասա՛նք: Հոգ չէ, չէ՞: Դեռ ի՞նչ կ՛ուզենք: Արեւելքի թէ արեւմուտքի գեղարուեստի մեր բոլոր մեծերը այստեղ են: Մհերը մեզ կը ներկայացնէ անոնց, մի առ մի: Խ. Աբովեանէն մինչեւ Րաֆֆի, Ա. Ահարոնեան, Ե. Չարենց, Ա. Իսահակեան ու Զ. Եսայեան եւ այլն, Յ. Պարոնեանէն մինչեւ Դ. Վարուժան, Գ. Զօհրապ, Շ. Շահնուր, Ա. Չօպանեան ու Վ. Թէքէեան եւ այլն: Շատ երկար ցանկ, լուսաւոր դէմքեր: Ո՞ր մէկը թուենք, ո՞ր մէկուն ծանօթանանք: Օփերայի յատուկ ձայնով մը հեռուէն մեզի կը հասնի «Հայաստան, Երկիր Դրախտավայր» երգը: Արմենակ Շահմուրատեանն է: Անոր կը յաջորդէ ժողովրդական աւելի գողտրիկ ձայնով ուրիշ մը՝ Կոմիտասը իր «Կաքաւիկ»ով: Անոնք, որոնք սեղաններուն շուրջ հայկական յարգարժան ախորժակին գոհացում տալու մտասեւեռումին գերին ըլլալ մերժած են, ծառերուն տակ ընկողմանած գիրք կը կարդան յափշտակումով: Ամէն տարիքէ ստուարաթիւ ներկայութիւն մը կայ հոս, նաեւ՝ երազային միջավայր, վերացնող մթնոլորտ:

Մեր խումբի գրականագէտ Մինասը սակայն անհանգիստ է. բան մը կամ մէկը կը փնտռէ: Մեր հարցումին, թէ Արծրունին կը տեսնէ՞ք, կը պատասխանէ. «Ո՞վ, Գրիգո՞րը»: Մինաս մտահոգ է. արդեօք մեր մեծ Պարոնեանի «ինդուքտիւ-դեդուքտիւ խմբագիր «Մշակ»»ի հեգնանքին բերմամբ Արծրունին մեզմէ կտրուեցա՞ւ կամ մե՞նք կտրեցինք զինք մեզմէ:

«Մինա՛ս, կ՛ուզէ՞ս բացատրել ինչու այդքան մտահոգ ես»: «Այո. Ուրեմն, Մոսկուա ծնած, տեղւոյն բնագիտութեան համալսարանի, ապա նաեւ Գերմանիոյ Հայտըլպերկի համալսարանի քաղաքատնտեսական ճիւղի ուսանող Գ. Արծրունին, որ Րաֆֆիին ալ նիւթապէս ու բարոյապէս մեծապէս սատարող մըն է, Թիֆլիս հրատարակած «Մշակ» իր պարբերականով դրօշակիրն է «ընկերային, իմացական եւ ազգային յեղաշրջական մեր զօրաւոր հոսանքին: Այդ շարժումը անհրաժեշտ կը նկատէ ծրագրեալ, կազմակերպ եւ հետեւողական աշխատանքով վերակազմել ընկերային մեր կեանքը, ծառանալ թանձր պահպանողականութեան ու սխալ հասկցուած աւանդապաշտութեան դէմ, որոնք յառաջդիմութեան արգելք են ու արեւմտեան քաղաքակրթութեան առջեւ փակ կը պահեն մեր դռները»: Մինասի գլխաւոր մտահոգութիւնը կարծես կու գայ յառաջդիմական այս միտքին մեր ունեցած անհիւրընկալ կեցուածքէն, անոր գրութիւններու անտեսումէն: Նոյնիսկ մեր աննման երգիծաբան Յ. Պարոնեան, Ադրիանուպոլսոյ (Էտիրնէ) իր ծագումով ու կեանքի հայկական միջավայրի բերմամբ, գուցէ դժուարութիւն ունի Արծրունիին աշխարհը ճշգրիտ ըմբռնելու ու եւրոպական գիտական «ինդուքտիւ-դեդուքտիւ» հասկացողութեանց տարբերութիւնները մեզի ծանօթացնելու անոր փորձը երգիծանքի նիւթ ըրած է: Մինաս կարծես կ՛ուզէ երկուքը իրարու մօտեցնել, գուցէ գործակցութիւն ստեղծել մշակութային-հասարակական մեր թերութիւնները երկու տարբեր բեւեռէ եւ ակնոցով դիտող, դատող ու իրարմէ անկախ միջոցներով զտել ու մաքրել փորձող մեր այդ երկու իսկական մեծերուն միջեւ: Իր փնտռտուքին որպէս պատասխան, ասկէ անկէ կ՛իմանանք՝ «Ի՞նչ Արծրունի», «Ո՞վ, օ՜, ինդուքտիւ- դեդուքտի՞ւը» կամ՝ «Չենք գիտեր»: Ոչ զարմանալի, Պարոնեանի կեանքն ալ եղաւ ընդհանրապէս ընչազուրկ եւ անձուկ, իր գործը ընդունելութիւն գտաւ աւելի հեռու՝ արեւելահայութեան մօտ, կանխահաս մահացաւ թոքախտէ: Անհանդուրժող, վանող, նոյնիսկ անտեսո՞ղ ենք մեր թերին ու պակասը մատնանշողին, կերտող նորարարին, կործանիչ դարերուն թմբիրէն մեզ զգաստացնել փորձողին: Թէ կը պակսի՞, մինչեւ իսկ կը բացակայի՞ զանոնք հասկնալու մտային պարզ պատրաստութիւնը:

Ահա նաեւ հեռուէն մեզի կը հասնին երիտասարդական խանդավառ բացագանչութիւններ, ծափահարութիւններ, քաջալերական կանչեր: Հետաքրքիր՝ կը դիմենք այդ կողմ: Տարածուն դաշտավայր մըն է, որուն վրայ արդէն սարքուած են ոտնագնդակի դարպասներ, մարզական այլ գոյքեր ու գործիքներ: Պատանիներու եւ երիտասարդներու մեծ թիւ մը ոտնագնդակի քանի մը կենսուրախ մրցումներով եւ մարզական այլազան աշխոյժ գործունէութեամբ զբաղած է: Դաշտավայրի կեդրոնը՝ մարզիկի ամուր կազմով ինքնավստահ երիտասարդ մը կայ, որ կը թուի ըլլալ այդ բոլորը ծրագրողը, համակարգողը եւ խթանողը: Բայց մեզի կը մօտենայ իր մէջքին շուրջը ու անմիջական ներքեւը պատկառազդու տրամագիծ մը կուտակած, փարթամ հագուած, հասուն տարիքի, ըստ երեւոյթին՝ երեւելի մը: Գլուխը օրօրելով ու երիտասարդը ցոյց տալով մեզի հարց կու տայ, թէ գիտե՞նք ով է: Ոչ, ո՞վ է: Մեզ կը լուսաբանէ. «Անունը՝ Քրիսեան, Շաւարշ Քրիսեան: Երեք տարի Փարիզ եւ Լոնտոն ճիմլաստիկ (իմա՝ մարմնամարզ) ուսաներ է, վերադարձաւ Պոլիս չորս տարի առաջ, կ՛ուզէ մեր տղաքը, մանչ թէ աղջիկ, համպալներ (իմա՝ բեռնակիր) դարձնել, կը քարոզէ ու կը սարքէ ինչ որ ողիմպիական-մողիմպեական, սկաուտ-մսկաուտ, ՀՄԸՄ-ՄՄԸՄ անուն օտար արտառոց բաներ: Կոմիտասին գլուխն ալ դարձուցած է: Լոնտոն մնացած ըլլար: Ձգեցէ՛ք, միասին երթանք սեղան նստինք, խորովածով, իմամ պայըլտիով, տոլմայով, սուճուխով, օղիով, փախլաւայով զուտ հայկական սանկ աղուոր քէֆ մը ընենք…»։

 

shavarsh_chr@msn.com

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles