ՇԱՂԻԿ Գ. Խ.
Մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքի տարբեր ոլորտներու մէջ անհատներու թէ կազմակերպութիւններու արարքներու մեկնութիւնն ու վերլուծումը, շատ յաճախ, կ՛ընդգրկէ հետեւողականօրէն եւ սպառիչ ձեւով գործածուող «ազգային ինքնութիւն եզրը»: Այսպէս, անպաշտօն խօսքեր կամ պաշտօնական ելոյթներ, կանոնաւոր ձեւով կ՛օգտագործեն ազգային ինքնութիւն եզր-յղացքը, նշում կ՛ընեն անոր մասին, անոր կազմաւորումը կը նկատեն առաքելութեան առանցքը եւ անոր անխաթար պահպանման կը վերագրեն իրենց գոյութեան եւ գործունէութեան էութիւնը ամբողջ:
Իրաւամբ եւ արդարացիօրէն, այս մէկը միութենական եւ կուսակցական հաւաքական կեանքին, կրթական հաստատութիւններու, մշակութային միութիւններու եւ տարաբնոյթ կազմակերպութիւններու առաքելութիւնն է միանգամայն եւ այդպիսին պէտք է ըլլայ անկասկած: Սակայն արդեօք այս յղացքին, մարդու կազմաւորման այս էական մարզի սահմանումը ի՞նչ չափանիշներէ մեկնած կատարուած է, անոր առողջ կազմաւորման համար ի՞նչ նախապայմաններ նկատի առնուած են եւ ինչպիսի՞ աշխատանքներու ձեռնարկուած է: Չի բաւեր ազգային ինքնութեան կազմաւորումը նկատել առաջնահերթութիւն: Սոյն առաջնահերթութիւնը գործի վերածելու եւ իմաստաւորելու համար հարկ է որդեգրել մասնագիտական մօտեցում, որուն հիմքը պէտք է ըլլայ քննական միտքը, միջոցը՝ տրամաբանական մտածողութիւնը, իսկ նպատակը՝ ազգային հիմքերէ մեկնած եւ անոնց վրայ խարսխուած արժեհամակարգի ստեղծումը:
Ազգային ինքնութիւնը մարդ անհատի կազմաւորման այն մարզն է, որ կ՛ընդգրկէ ինքնութեան հաստատում եւ ճանաչում՝ իբրեւ խումբի մը, այս պարագային՝ ազգի մը անդամ, տուեալ խումբին պատկանելիութեան զգացում եւ անոր անդամակցելու գիտակցական որոշում եւ դրական տրամադրութիւն: Աւելի՛ն. ազգային ինքնութիւնը կը ստեղծէ ազգին առնչուածութիւն, անոր ընկերային, մշակութային, համայնքային, քաղաքական եւ հասարակական կեանքին մէջ ներգրաւուածութիւն, բայց մանաւանդ՝ այս բոլորին մասին կատարեալ իրազեկութիւն եւ ամբողջական ճանաչողութիւն: Այս բոլորով հանդերձ, ազգային ինքնութեան կազմաւորումը կը դառնայ համապարփակօրէն լիարժէք, միայն այն պարագային, երբ անհատը գործօն մասնակցութիւն կը բերէ ազգի կեանքի կազմակերպումին, անոր որակի պահպանումին եւ բարելաւումին եւ ազգին հաւաքական նպատակները իբրեւ նաեւ իրը նկատելու յանձնառութիւն եւ հպարտութիւն կը ցուցաբերէ:
Այս բազմակողմանի եւ շարժուն կառուցուածքին կազմաւորումը տեղի կ՛ունենայ ժամանակի երկարատեւ ընթացքի մը վրայ՝ սկսելով մանկութեան-պատանեկութեան շրջանէն եւ իր լրումին հասնելով հասուն տարիքին: Այս ժամանակաշրջանին անհատը պէտք է, որ որդեգրէ ուսումնասիրող եւ քննող մօտեցում՝ տեղեկութիւններու, երեւոյթներու հիմնահարցերու նկատմամբ: Ահա այս մօտեցումին վրայ է, որ կու գայ ամրապնդուելու գիտակից յանձնառութիւնը, որ իր կարգին կ՛երաշխաւորէ առողջ եւ արդիւնաւէտ ինքնութեան մը կայացումը՝ հեռու փառաբանական կեցուածքներէ եւ վերլուծումի նեղմիտ եւ այլամերժ փորձերէ:
Ազգային ինքնութեան ամրապնդումը կ՛իրագործուի՝ տարբեր-տարբեր փոխներգործութեան իբրեւ արդիւնք: Այդ կազմաւորիչ տարրերը առաւելաբար կը վերաբերին հետեւեալ չորս գործօններուն.
1.- Ինքնութեան իմացութիւն եւ ճանաչում, որ կը նպատակադրէ ստեղծել առարկայական հասկացողութիւն՝ ընդհանրապէս,
2.- Անհատի կողմէ ճշգրիտ եւ անկողմնակալ արժեւորում-գնահատում իր ազգային ինքնութեան ներկայացուցած կարեւորութեան,
3.- Ազգին կապուածութեան եւ պատկանելիութեան զգացում,
4.- Գործօն վարուելակերպի որդեգրում եւ ազդեցիկ աշխատանքի լծուելու պատրաստակամութիւն:
Այս բոլորին փոխներգործութեամբ սկիզբ կ՛առնէ ինքնութեան զարգացման բարդ, բայց էական գործընթաց մը, որուն յաջողութիւնը կ՛երաշխաւորուի մտքին եւ բանականութեան գերիշխող կարգավիճակով մը միայն: Հեռու՝ սոսկ զգացականութենէն կամ զգացումներու զեղումներէ, երբ միտքը կը պարտադրէ ինքզինք, եւ անհատը քննական մօտեցում կը ցուցաբերէ ինքնութեան առնչուած բոլոր երեւոյթներուն եւ պատահածներուն հանդէպ, ապա ան կ՛օժտուի զգաստութեան, շրջահայեացութեան եւ հաւասարակշռուածութեան կարողականութիւններով: Ոգին եւ զգացումը անժխտելիօրէն կարեւոր են ազգային ինքնութեան համալրումին համար, սակայն համեմատաբար որոշիչ դերը պէտք է վերապահել միտքին եւ անոր ուժին:
Միայն բանականութեան ուղղուած վերլուծում եւ առարկայական արժեւորում ընդգրկող ընթացքի մը ընդունումն է, որ յառաջ կը բերէ համոզիչ կերպով իւրացուած եւ ամրօրէն կայացուած, առողջ ազգային ինքնութիւն: Արդար դատողութեամբ եւ քննական համադրումով կը կատարուի անցում՝ կրաւորական, պատահական եւ պատեհապաշտ հետաքրքրութենէն դէպի գիտակից իրազեկութիւն: Նման ողջմիտ եւ խորաթափանց վերլուծումը կը սատարէ անհատին, որպէսզի ան կարենայ որոշել, թէ ի՛նչ պիտի ընէ, ինչի՞ պիտի հաւատայ, ինչի՞ հիման վրայ եւ ինչպէ՞ս պիտի զանազանէ վաղանցիկ ոգեւորութիւնն ու խանդավառութիւնը՝ հաւատաւոր ոգիի հաստատումէն, ենթադրութիւններն ու ամբաստանութիւնները՝ իրողութենէն այլամերժութիւնը, բաց միտքէն եւ հանդուրժող հասկացողութենէն: Հարցեր, որոնց փորձառութիւնը ու ժխտական հետեւանքները կ՛ապրինք բոլորս ամէն օր:
Վերոնշեալ բոլոր հարցերուն քննարկումը եւ անոնց լուծման նպաստող համապատասխան միջոցներու որոնումը պէտք է որ կազմեն անհատական թէ հաւաքական նախաձեռնութիւններու եւ ծրագիրներու առանցքը:
Ազգային ինքնութեան հաստատումն ու քննական միտքի կազմաւորումը պէտք է ընթանան համատեղ եւ զարգանան համադրուած ձեւով: Այդ պարագային է միայն, որ կարելի կ՛ըլլայ համարկուած եւ ամբողջականօրէն յաջող ինքնութեան մը հպարտառիթ կազմաւորումը, որ պարագայական եւ մակերեսային չէ, որ առիթ չի տար սին վէճերու եւ անիմաստ մրցակցութիւններու, որ հեռու կ՛ըլլայ անհիմն ինքնագովութենէ, այլ պատեհութիւն կ՛ընծայէ անհատին՝ իրագործելու հոգու ընկերային հաւասարակշռութիւն եւ արդարամտութեան ունակութիւն, ինչ որ նախապայման է ազգին եւ անոր հասարակական կեանքին մէջ գործօն եւ արդիւնաւէտ տարր դառնալու յանձնառութեան:
Նման մեկնակէտ որդեգրելու եւ անկէ բխող գործնական աշխատանքներու ձեռնարկելու անյապաղօրէն գործադրելի հրամայականին դէմ յանդիման կը գտնուինք բոլորս, որպէսզի անհատական թէ հաւաքական մեր գոյութիւնը չդառնայ ինքնանպատակ: