Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խաղաղ յեղափոխութիւնը սկսած, կազմակերպած եւ իր յաջող աւարտին հասցուցած երիտասարդութիւնը շատ հաւանաբար անտեղեակ է որ իր նախաձեռնութիւնը կը զուգադիպի Փարիզի մէջ Մայիս 1968ին ծայր առած ուսանողական ըմբոստութեան եւ զօրաշարժի յիսնամեակին:
Մայիս 68ը, ինչպէս ժողովրդականացաւ երեւոյթը, պատմութիւն է արդէն: Բայց, ինչպէս այդ օրերու անցուդարձերուն մասին արդէն լոյս տեսնելու սկսած բազմաթիւ յօդուածներ եւ պարբերաթերթերու յատուկ թիւեր ցոյց կու տան, կէս դար ետք տակաւին կենդանի է եւ բանավէճի առարկայ անոր ունեցած համաշխարհային անդրադարձը: Իշխանափոխութիւն տեղի չունեցաւ այն ժամանակ, ոչ ալ աշխատաւորութիւնը ոտքի կանգնեցաւ միանալու համար ուսանողական ցոյցերուն: Բայց Մայիս 1968ը առաջնորդեց հասարակութեան մէջ մշակութային եւ բարքերու արմատական փոփոխութեան: Այս իմաստով Մայիս 68ը եղաւ ազատագրման եւ, հետեւաբար, քաղաքական նորարարման շարժում մը: Անշուշտ ճիշդ չէ համաշխարհային մասշտապով հասարակական վերափոխումի երեւոյթին պատճառական կապը տեսնել մէկ անդրադարձի մէջ: Փաստօրէն, Սորպոնի համալսարանէն սկսած ուսանողական զօրաշարժի նախընթաց էր Միացեալ Նահանգներու Պըրքլիի համալսարանին մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցը, որ վերածուեցաւ Վիեթնամի պատերազմին դէմ ծառացած շարժումի: Մարթին Լուտըր Քինկ եւ Չէ Կեվարա արդէն իրենց դրոշմը դրած էին թէ՛ խտրականութեան եւ թէ շահագործումի դէմ պայքարի տարբեր բնորդներու, եւ դեռ կարելի է բազմաթիւ այլ օրինակներ նշել: Բայց փարիզեան Մայիս 1968ը ունէր իր յատուկ քաշողականութիւնը այնպէս, ինչպէս 1789ի Ֆրանսական յեղափոխութիւնը ունեցած էր հակառակ անոր, որ թէ՛ Անգլիական եւ թէ Ամերիկեան յեղափոխութիւնները անոր նախորդած եւ նոյնիսկ ներշնչում եղած էին: Մայիս 68էն ետք, օրինակի համար, բնապահպանական շարժումը վերածուեցաւ Կանանչներու քաղաքական ուժին եւ անոր հիմնադիր ղեկավարներէն շատեր Մայիսեան զօրաշարժին մասնակիցներ էին: Ի տարբերութիւն Ֆրանսական յեղափոխութեան յաջորդած բոլոր յեղափոխական շարժումներուն, Մայիս 68ը ընկերատնտեսական առարկայական պայմաններու դրդումով ծայր առած զօրաշարժ մը չէր: Անոր մղիչ էական ուժը մտաւորականներն էին, որոնք կը կոչուէն Սարթր, Լաքան, Ֆուքօ, Ալթիւզեր… Անոնց գրութիւններն էին, անոնց դասերն էին եւ անոնց ժողովրդական յանձնառութիւնը, որոնք կախարդեցին ամբողջ երիտասարդութինը եւ ոչ միայն Ֆրանսայի կամ Եւրոպայի մէջ:
Մայիս 1968ի հետեւանքները անշուշտ միայն դրական չէին: 1980ական թուականներուն քաղաքական թէ ընկերային պահպանողականութեան վերադարձը Ռեկընի ու Թաչըրի հետ որոշ չափով հակազդեցութիւն էր Մայիս 68ի յաջորդած հասարակական բարքերու արմատական ազատականացման: Աւելի՛ն. այդ օրերուն Փարիզի փողոցներուն մէջ Սարթրի ու Ալթիւզերի կողքին քալող ուսանողներէն շատեր որոնք Չինաստանի մէջ նոյն տարին տեղի ունեցած այսպէս կոչուած Մշակութային յեղափոխութիւնը ողջունած էին տասնամեակ մը ետք վերածուած էին գաղափարախօսական վերադարձը կատարող քաղաքական Աջի օրգանական մտաւորականներու: Նախքին ծայրայեղ ձախ մտաւորականներու նման շրջադարձի հիմնական պատճառը խորհրդային համայնավարութեան իրականութեան իրենց գիտակցումն էր Սոլժենիցիի գործին ընդմէջէն եւ վերարժեւորումը՝ ժողովրդավարութեան եւ Մարդկային Իրաւունքներու, որոնք ցարդ արհամարհուած էին որպէս քաղքենիական երեւոյթներ: Ի դէպ, 1968ը միայն ձախակողմեան գունաւորում ունեցող փարիզեան Մայիսը չէր: Անիկա նաեւ Փրակի Գարնան տարին էր, երբ այն ատեն Չեխոսլովաքիոյ մէջ, դարձեալ մտաւորականներու նախաձեռնութեամբ, փորձ կատարուեցաւ «մարդկային դէմքով ընկերվարութիւն» կերտելու: Ընկերվարութեան «մարդկայնացումը» որ ո՛չ քաղաքական բնոյթի էր, ոչ ալ հարցականի տակ կը դնէր գաղափարախօսական արժէքները, այնքան վախցուց խորհրդային ամբողջատիրութիւնը, որ հրասայլերու տակ ճզմեց համակարգը ոչ թէ քանդելու այլ փրկելու այդ յոյսը: Կը մնայ որ Մայիս 1968էն անմիջապէս ետք էր որ Եւրոպայի մէջ Պաղ Պատերազմի կարծրատիպը տեղի տալու սկսաւ, այն ատեն Դաշնակցային Գերմանիոյ վարչապետ ընկերվար-ժողովրդավար Ուիլլի Պրանթ թապու մը քանդելով՝ յարաբերութիւններ հաստատեց Արեւելեան Գերմանիոյ հետ, սկիզբ տուաւ Օսթփոլիթիքին, որ 1970ականներուն Տեթանթի ոլորտին մէջ, ենթահող ստեղծեց Հելսինքեան համաձայնագիրին: Մոսկուայի կողմէ արհամարհուած այդ փաստաթուղթին անդրադարձը հազիւ թէ հարցականի տակ կը դրուի այսօր. Արեւելեան Եւրոպայի մէջ անիկա վերածուեցաւ այլախոհական շարժման ազատագրութեան գլխաւոր դրօշակին, որ բարձր ծածանեցաւ 1980ականներու աւարտին ծայր առած «թաւշեայ» յորջորջուած յեղափոխութիւններուն ժամանակ:
Մայիս 68ը շատ հաւանաբար իր հետքը ձգեց նաեւ օրին հասակ առնող Սփիւռքի Երրորդ Սերունդին վրայ: Այնպէս, ինչպէս օրին միջազգային ոլորտը յատկանշող բոլոր այլ յառաջդիմական երեւոյթները, ի մասնաւորի՝ Երրորդ Աշխարհի մէջ ծաւալող ազատագրական շարժումները: Թէ ինչպէս արժեւորել այդ անդրադարձը՝ արդէն պատմա-ընկերաբանական (Historical Sociology) մասնագիտական ուսումնասիրութեան խնդիր է, որ երանի, տոքթորական աստիճանի կոչումի պատրաստուող ոեւէ ընկերային գիտութեանց մասնագէտի հետաքրքրէ:
Անհրաժեշտ նիւթ մը, համանման արդէն իսկ առաջին ուսումնասիրութեան մը առարկայ դարձած՝ «Հայերը Եւ Պաղ Պատերազմը» կամ աւելի արդիական եւ հետեւողականօրէն արծարծուող «Հայերը եւ Յառաջդիմական Քաղաքականութիւնը» նիւթերուն, ի խնդիր Սփիւռքագիտութեան ամրակայման որպէս գիտա-ուսումնասիրական ոլորտ: Սփիւռքեան, եւ ընդհանրապէս հայութեան, պատմական գործընթացին մէջ, 1965 թուականն է որ անկիւնադարձ կը համարուի, խորհրդանշական ծնունդը Երրորդ Սերունդին եւ Հայ Դատի Պահանջատիրական պայքարին:
Թէ Հայաստանի մէջ «Երրորդ Սերունդ» հասկացողութիւնը կ՛իմաստաւորուի՞ կամ ոչ՝ առանձին վերլուծում է: Յստակ է սակայն, որ խորհրդային կարգերուն դէմ ծաւալած այլախոհական շարժումը թափ առաւ Ցեղասպանութեան յիսնամեակին պատահած հաւաքական «Մեր հողերը, մեր հողերը» պոռթկումէն ետք եւ իր ներդրումը ունեցաւ ապագայ անկախութեան ենթահողի պատրաստման: Բայց դժուար թէ Մայիս 68ը ինչ որ ձեւի անդրադարձ մը ունեցած ըլլար յետ-1965 հայրենի սերունդին վրայ. որքան ալ որ խորհրդային իշխանութիւնները յաւուր պատշաճի ողջունէին ձախ-յառաջդիմական բնոյթի հաւաքական զօրաշարժի կամ ըմբոստութեան երեւոյթներ, անոր գործնապէս զօրակցիլը մեծապետական ռէալփոլիթիքի պրիսմակէն պիտի անցնէր անպայման: Խորհրդային ամբողջատիրութիւնը շատ զգոյշ էր նաեւ ապստամբական բոլոր զօրաշարժերու եւ ազատագրական պայքարներու յատուկ քննադատական ոգիին ազատ ասպարէզ բանալու՝ քաջ գիտակից անոր պումերանկային ազդեցութեան ռիսքին: Ի դէպ, ոչ իսկ Մարքսիզմ-լենինիզմի Երրորդ Աշխարհեան թէ օրին Արեւմուտքի մէջ տիրապետող Գոյութենական, Կառուցական թէ Հոգեվերլուծական տեսանկիւններէ կատարուած ընթերցումներն ու մեկնաբանութիւնները հրապարակային քննարկման առարկայ էին: Խորհրդային համակարգին համար Եւրասիական աշխարհատարածքին վրայ Պատմութեան էջը արդէն դարձած էր, Պատմութիւնը իր «աւարտ»ին հասած էր պիտի ըսէր Ֆուքույամա… Ամբողջատիրական ամէն համակարգերու յատուկ այդ ինքնախաբէութեան թմբիրին վերջ պիտի տային այլախոհական շարժումը, յատկապէս Արեւելեան Եւրոպայի մէջ, եւ «Ազգութիւններու Հարց»ը խորհրդային աշխարհատարածքին:
Բնական է որ Հայկական «թաւշեայ» յեղափոխութիւնը ինքզինք շատ աւելի արտացոլած տեսնէ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ համայնավարական կարգերը տապալած հակա-ամբողջատիրական ժողովրդային զօրաշարժերու հայելիին քան Մայիս 1968ի իւրայատուկ ձախ-յառաջդիմական եւ հակակայսերապաշտական գաղափարախօսական հայելիին մէջ:
Հոս հետաքրքրական է վեր առնել «թաւշեայ» որակաւորման նախընտրութիւնը «գունաւոր» յեղափոխութենէն: Այս վերջինը յատուկ էր 2004ի եւ 2008ի ժողովրդային զօրաշարժերուն որոնց ղեկավարները փութացին Հայաստանը ընդգրկել Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ երկիրներու շարքին եւ ընդգծել իրենց Արեւմտեան թեքումը: Կրնայ ըլլալ որ այդ մէկը այդ օրերուն դերակատարութիւն ստանձնելու փութացած քաղաքական դէմքերու համոզումն էր: Միաժամանակ, սակայն, ո՞վ պիտի չուզէր Սահակաշվիլիի նման Արեւմուտքի յատուկ գուրգուրանքի առարկայ դարձած ղեկավարի մը վերածուիլ եւ օգտուիլ այն ժամանակ այնքան առատօրէն բաշխուող գումարներէն… «Թաւշեայ» որակաւորումը համահունչ է խաղաղին, բայց նաեւ իր պատմական ծնունդը շատ աւելի հակահամայնավար էր քան հակառուս ինչպէս հետագային կամայ թէ ակամայ եղան «Վարդերու» թէ «Նարնջագոյն» յեղափոխութիւնները:
Երեւանի փողոցներուն մէջ սկսած ժողովրդային զօրաշարժին գլուխն անցած «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ի եւ «ԵԼՔ» ընտրական դաշինքի ղեկավարին ազատականութիւնը խնդրոյ առարկայ չէ: Ոչ ալ այդ Ազատականութեան Արեւմտեան արժեհամակարգին իր համոզումը: Այդ արժեհամակարգը ծնունդ է Եւրոպայի մէջ աւատապետական կարգերը տապալած եւ հանրապետական համակարգեր հաստատած Լուսաւորութեան դարուն: Այդ արժեհամակարգին զարգացման արդիւնք է Երկրորդ Միջազգայնականի յատուկ ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը, որ հիմնական դերակատարը եղաւ 19րդ դարուն աշխատաւորական շարժման պայքարի պահանջներու օրինականացման եւ ժողովրդավարութեան եւ քաղաքացիական իրաւուքներու տարածման: Այս արժեհամակարգը նաե՛ւ ինքզինք կը պարտադրէ որպէս հակաթէզ վերջին քսանամեակին հայաստանի մէջ հաստատագրուած օլիկարգային հասարակարգին եւ մենաշնորհային դրամատիրական տնտեսակարգին: Մենաշնորհներուն վերացումը շուկայի ազատագրում է, մարդ-անհատի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը միլիոնատէրներու առանձնաշնորհումներուն վերացումն է: Փտածութեան դէմ պայքարը ժողովրդավարութեան ամրապնդումն է:
Ճիշդ է որ Ազատականութիւնը որպէս անհատակեդրոն գաղափարախօսութիւն կրնայ իր ամենատարրական ընկալումին մէջ ընդդիմանալ որեւէ համայնքականութեան, ընդ որում նաեւ՝ ազգային հաւաքականութեան, եւ իտէալականացնել կոսմոփոլիթանիզմը: Բայց այդ չէ պարագան հայկական յեղափոխութեան. վարչապետ ընտրուելէն անմիջապէս յետոյ Արցախ կատարած իր այցելութիւնը, առաջինը Հայաստանի Հանրապետութենէն դուրս, եւ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պատրաստուած եւ փորձառու մասնագէտի մը վստահելու իր որոշումը յստակ պատգամ է 1988ի սկսած պատմական յառաջընթացի եւ ազգային անվտանգութեան յանձնառութեան: ՄԱԿի մօտ Հայաստանի լիազօր ներկայացուցիչի ընտրութիւնը արտաքին քաղաքականութեան պաշտօնին եւ Արցախէն ետք իր երկրորդ արտերկրեայ ճամբորդութիւնը Ռուսիա կատարելու եւ նախագահ Փութինին հետ հանդիպելու զոյգ իրողութիւնները իրենց կարգին կու գան յուշելու արտաքին աշխարհաքաղաքական հրամայականներու գիտակցութեան առկայութիւնը եւ ոչ թէ յեղափոխական արկածախնդրութիւնը: Տակաւի՛ն. շարժման առաջին գիծի վրայ գտնուող երիտասարդութեան մէկ կարեւոր հատուածը 2016ի պատերազմը ապրած զինակոչիկներն էին, որոնց հայրենասիրութիւնը կասկածի տակ առնելը միայն ստորնութիւն է: Եւ ո՞վ աւելի՝ քան այդ երիտասարդները կրնայ երաշխիք ըլլալ հայկական յեղափոխութեան ազգային անվտանգութեան յանձնառութեան:
Արցախեան դատին հանդէպ յանձնառութիւնը, ազգային անվտանգութեան գիտակցութիւնը եւ արտաքին աշխարհաքաղաքական հրամայականներու նկատառման փաստը կու գան ցոյց տալու, որ հայկական յեղափոխութիւնը սորված է 2004ի, 2008ի, եւ մանաւանդ 2013-2014ի դասերը՝ խուսափելու համար ե՛ւ զօրաշարժի բովանդակազրկումէն, ե՛ւ անոր «Մայտան»ացումէն: Այս ձեւով եւ ապահովուեցաւ յեղափոխութեան «հայկականութիւնը որպէս էապէս ներազգային համակարգային փոփոխութեան ձգտող զօրաշարժ: Այս իւրայատկութեան ծիրին մէջն է նաեւ, որ լիովին կ՛արժեւորուի Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան Համաձայնագիրը, հայկական դիւանագիտութեան ամէնէն կարեւոր նուաճումներէն մէկը, զոր նոր կառավարութիւնը ժառանգ կը ստանայ՝ անոր լիիրաւ գործնականացման մարտահրաւէրին հետ մէկտեղ:
Եւրոպական Միութիւնը եզակի այն երեւոյթն է, որ իր գոյութիւնը կը հիմնաւորէ ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւանց, տագնապներու խաղաղ լուծման, միջազգային բազմակողմանի համակարգի եւ բնապահպանման արժէքներու պաշտպանութեան յանձնառութեամբ եւ պատրաստ՝ օգնելու ամէն երկրի, որ տրամադիր է այդ արժէքակարգը իւրացնելու: 2013ին Պրիւքսէլ աճապարած էր նախագահ Սարգիսեանին կա՛մ ընկերակցութեան պայմանագիր կա՛մ Եւրասիական Տնտեսական Միութիւն կտրուկ այլընտրանքին առջեւ դնելու, ապա միայն անդրադառնալու համար նման քայլի ոչ-շինիչ հետեւանքներուն: Փաշինեանի վարչապետ ընտրուելէն անմիջապէս ետք Ֆետերիքա Մոկերինի եւ Եոհանս Հահն միացեալ հաղորդագրութեամբ պատրաստակամութիւն յայտնեցին նոր վարչապետին հետ աշխատելու: Հայաստանի կողքին ըլլալու Եւրոպական Միութեան այս պատրաստակամութիւնը խրախուսիչ եւ իրական գործօն է՝ համակարգային փոփոխութիւնը անցնցում յառաջ տանելու համար:
Կը մնայ որ հայկական յեղափոխութեան իւրայատկութիւնը միայն ներազգային ոլորտով չի սահմանափակուիր: Հայաստանէն քաղաքական գործիչներ իրենք իրենց համաշխարհային յեղափոխութեան մը առաքելութիւնը չվերագրեցին: Ի տարբերութիւն Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, որ 1990ական թուականներուն ղարաբաղեան շարժման կը վերագրէր Խորհրդային Միութեան փլուզման մեկնակէտը, Փաշինեան զուսպ եւ զգոյշ է յեղափոխութիւմը տեղադրելով բացառաբար ներհայկական ոլորտին մէջ: Այդ մէկը չի նշանակեր սակայն, որ պատահածը իր արձագանգը չունեցաւ կամ անդրադարձ պիտի չունենայ Հայաստանէն եւ հայաշխարհէն անդին: Սկսելու համար, իր անմիջական տարածաշրջանին մէջ Ռուսիայէն մինչեւ Ատրպէյճան, ուր ժողովրդավարութիւնը խեղկատակութեան վերածուած է, ապահովելով իշխանութեան վրայ գտնուող անձերու կամ ընտանիքներու յարատեւումը: Հակասութիւնը անշուշտ զօրաւոր է մանաւանդ Ատրպէյճանի հետ եւ լուսարձակի տակ կ՛առնէ երկու հասարակութիւններու քաղաքական զարգացման մակարդակի տարբերութիւնը: Կովկասեան տարածաշրջանէն անդին, ինչպէս «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի 12 Մայիսի խմբագրականին մէջ կը կարդացուի, հայկական յեղափոխութեան յաղթանակը ժողովրդավարութեան առողջութեան մասին համաշխարհային մասշտապով հրատապօրէն սպասուած ուրախ լուրն է:
Ժողովրդավարութեան ապրած տագնապալի այս ժամանակներուն, երբ «թաւշեայ» յեղափոխութիւններու օրրան Արեւելեան Եւրոպայի մէջ իսկ այլամերժական եւ աջ-ֆաշական ուժեր ժողովրդային քուէով իշխանութեան կը հասնին, Արեւմտեան արժեհամակարգին մարտահրաւէր ուղղելով, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան նորագոյն նուաճումը կ՛արձանագրուի եւ հայկական յեղափոխութիւնը կը ներկայանայ որպէս այդ համակարգին նոր որակ ներարկող հասարակական երեոյթ մը, ե՛ւ եզակի որպէս նորութիւն, ե՛ւ ժողովրդավարութեան ամենաարմատական յաջող կիրարկման կարողական տեսութիւն: Հայկական յեղափոխութիւնը, փաստօրէն, եկաւ փաստելու, որ ոչ միայն կարելի՛ է խաղաղ իշխանափոխութիւնը, այլ նաեւ կարելի է այդ իշխանափոխութիւնը իրականացնել պետական հաստատութիւններու ամբողջական յարգանքով: Խօսքը կը վերաբերի ժողովրդային ճնշման եւ Ազգային ժողովէն ներս քաղաքական բոլոր ուժերու մասնակցութեամբ իշխանափոխութիւն իրականացնելու անակնկալօրէն զիրար լրացուցած երկու սկզբունքով իրարամերժ գործընթացներուն:
Արդարեւ, եթէ միայն յեղափոխական իշխանափոխութիւն ըլլար, կարելի էր նաեւ տարբեր հանգուցալուծում մը երեւակայել ի դէմս փողոցային ճնշումով կազմաւորուած կառավարութեան մը, որ խորհրդարանը ցրէր եւ նոր ընտրութիւններու հրաւիրէր: Միւս կողմէ, օրէնսդիր իշխանութենէն ներս տակաւին մեծամասնութիւն եղող քաղաքական ուժը կրնար եւ հաստատ մնալ «ժողովուրդի թեկնածու»ն մերժելու որոշումին վրայ եւ ինքզինք արդարօրէն յայտարարել որպէս սահմանադրական իրաւասութեամբ օժտուած միակ կառավարական մարմին: Բայց այդպէս չեղաւ. փողոցի զօրաշարժն ու նորաստեղծ խորհրդարանական կառավարաձեւը զիրար ամբողջացուցին: Եւ արդար է հարց տալ, թէ քաղաքական տագնապի նման հանգուցալուծում կարելի պիտի ըլլա՞ր նախագահական կառավարաձեւի պարագային…
Հայկական յեղափոխութեան այս եզակիութիւնն է ահաւասիկ, որ քաղաքական մտածողութեան եւ ժողովրդավարութեան տեսութեան յաւելեալ զարգացման վերլուծական աշխատանքի կարողական դաշտ ստեղծած է:
Բայց ապակողնորոշիչ եւ մինչեւ իսկ ժխտական են բոլոր այն վերլուծումները, որոնք հայկական յեղափոխութիւնը կ՛որակեն որպէս ապա-գաղափարախօսական զօրաշարժ: Աւելի՛ն. կամայ թէ ակամայ այս տեսանկիւնը ունի քաղաքական եւ գաղափարախօսական յստակ ենթահող մը՝ Ֆուքույամայի դասական «Պատմութեան աւարտ»ի 1990ականներու յետ-Պաղ-պատերազմեան տիրապետող յարացոյցը: Ընդ որում, ենթադրել, որ խաղաղ իշխանափոխութիւնը կատարուեցաւ յանուն միայն ներկայացուցչական ժողովրդավարութեան (representative democracy) վերահաստատման կը նշանակէ, որ համակարգային բոլոր խնդիրներուն հիմնապատճառը Հանրապետական բացարձակ մեծամասնութեան կողմէ անոր աղաւաղումն է եւ տեղի ունեցածը սրբագրական շարժումն է: Այս ենթադրութիւնը պիտի անխուսափելիօրէն յանգի անոր, որ միակ անհրաժեշտութիւնը թեքնիք բնոյթի սրբագրութիւններ են: Այսինքն՝ ընտրական օրէնքի ձերբազատումը «ռէյտինգային»ի թակարդէն եւ պետական հաստատութիւններու ձերբազատումը օլիկարգներու տիրակալութենէն եւ մենաշնորհներու վերացումով մրցակցական դաշտի մաքրազերծումը, որպէսզի անհատական նախաձեռնութիւնները չբախին փտածութեան արգելքներուն, նշելու համար առաջին կենսական բարեփոխումները, որոնք օրակարգի վրայ են: Հետեւաբար, եթէ ազատական ժողովրդավարութիւնն ու ազատ տնտեսութիւնը վերահաստատուին պետական վարչակարգին մէջ եւ ստեղծուի վերահսկողութեան ամուր մեքանիզմ մը, որ երաշխաւորէ քաղաքական թէ տնտեսական գործընթացներու մէջ օրինականութիւնն ու թափանցիկութիւնը՝ համակարգային փոփոխութիւնը իրականացած կ՛ըլլայ: Այս էր գաղափարախօսական ենթահողը, որուն վրայ ՀՀՇական կառավարութիւնը ընթացք տուաւ պետականաշինութեան եւ ազատ-շուկայական տնտեսութեան հաստատման գործընթացին: ՀՀՇէն ետք իշխանութեան հասած քաղաքական ուժերը, ի մասնաւորի Հանրապետականը, այս սկզբունքային մեկնակէտը հարցականի տակ չառաւ, պարզապէս անոր հագցուց ազգայնականութեան, «նժդեհականութեան» գաղափարախօսական տարազ եւ զայն ուղղորդեց դէպի օլիկարգի շահերը պահպանող եւ ինքնավերարտադրուող համակարգ:
Սկզբունքով ոչ մէկ երաշխիք կայ որ թեքնիք սրբագրումները, զորս, կրկնումի գնով պէտք է հաստատել, կենսական են որպէսզի համակարգային փոփոխութիւններու ընթացք տրուի, պիտի չյանգին նորին մէջ հինը վերարտադրելու սխալին: Այսինքն՝ համակարգային հիմնախնդիրները՝ սոցիալական (ընկերային) ապահովութիւն, հարստութեան արդար բաժանում, ընկերատնտեսական պատճառներով արտագաղթի կասեցում, կենսամակարդակի բարձրացում, սոցիալական տեղաշարժ դէպի աւելի բարեկեցիկ կեանք եւ, մանաւանդ, լաւագոյն ապագայի յոյս բոլոր քաղաքացիներուն, որ նաեւ հայրենադարձութեան վերախթանումի հիմնական ազդակ է, պիտի մնան անփոփոխ: Այդ մէկը յեղափոխութեան ամենամեծ ձախողութիւնը պիտի ըլլայ:
Համաժողովրդական զօրաշարժը կազմակերպող երիտասարդները միայն տեղեկատուական արհեստագիտութեան (Information Technology) եւ սոցիալական ցանցերու մասնագէտներ չեն: «Ֆէյսպուք»ն ու համացանցային մնացեալ բոլոր միջոցները անկասկած մարտավարական մեծ ճկունութիւն կու տան զօրաշարժերուն եւ աւելի ազդեցիկ են՝ քան արդէն ժամանակավրէպ դառնալու սկսած լրատուական միջոցները՝ պատկերսփիւռ եւ տպագիր մամուլ, որոնք պետութեան եւ եթերային ժամանակահատուածներու գինը ծանուցումներով վճարելու պատրաստ մեծ քափիթալին մենաշնորհը մնացած էին: Ի տարբերութիւն ամբողջատիրական այլ պետութիւններու՝ Հայաստանի մէջ իշխանութիւնները, ի պատիւ իրենց, համացանցին վրայ վերահսկողութիւն բանեցնելու փորձութեան չեն մատնուած եւ խօսքի ազատութիւնը այս իմաստով յարգուած մնաց: Բայց Եգիպտոսի մէջ, «Թահրիր» հրապարակի զօրաշարժն ու մինչեւ իսկ ուքրանական «Մայտան»ը նաեւ սոցիալական ցանցերը օգտագործեցին եւ արդիւնքը շատ հեռու է երկու իշխանափոխութիւններու ներշնչած փոփոխութեան հեռանկարէն: Մօտէն հետեւելով հայկական յեղափոխութեան զօրաշարժային նախաձեռնութիւններուն, կարելի է ենթադրել, որ խաղաղ յեղափոխութիւններու գլխաւոր տեսաբան Ճին Շարփի (Gene Sharpe, 1928-1918) գրութիւններուն ոչ միայն տարրին, այլ նաեւ ոգիին ծանօթ էին: Շարփ, որ իր մահկանացուն կնքեց անցեալ Յունուարին, որուն գրութիւններուն մէջ Կանտիին, Թհորոյին եւ համանման մտածողներու ազդեցութիւնը մեծ է, ոչ-բռնի պայքարի իր տեսութեամբ հետամուտ էր արմատական եւ ոչ միայն ձեւական ժողովրդավարութեան, հակառակ անոր, որ իր ներշնչումով «գունաւոր» յեղափոխութիւնները անտեսած են իր գաղափարախօսական արմատականութիւնը եւ յառաջդիմականութիւնը: Հայկական իրականութեան մէջ ժողովրդավարութեան արմատականացման հեռանկարը շատ աւելի է քան մենաշնորհներու վերացումը եւ փտածութեան դէմ պայքարը: Փաստօրէն, Երեւանի փողոցներուն մէջ բարձր կը հնչէին նաեւ սոցիալական արդարութեան ամէն ձեւի պահանջ, ընդ որում նաե՛ւ հարստութեան աւելի արդար բաժանում եւ ոչ թէ «մեծահոգի» օլիկարգներու «քրիստոնավայել» բարեգործութիւն իրենց աւարէն պատառիկներ բաժին հանելու համար աշխատաւոր ժողովուրդին: Նոր չէին այս պահանջները: Բայց միայն յեղափոխութիւնը յաջողեցաւ անոնց լսելի դարձնել նաե՛ւ անոնց, որոնք ցարդ խուլականջ կը ձեւանային…
Հայկական յեղափոխութեան առաջին հանգրուանը յաջողութեամբ պսակուած է: Տեղի ունեցաւ անարիւն իշխանափոխութիւն, պետական համակարգը կայուն մնաց, Սահմանադրական կարգը յարգուեցաւ եւ խորհրդարանական կառավակարգը ահաւասիկ դէմ յանդիման կը գտնուի նախագահական կառավարակարգի կողմէ անտեսուած եւ արհամարհուած համակարգային փոփոխութեան ժողովրդային պահանջին գոհացում տալու մարտահրաւէրին: Օրակարգի հարց է ընտրական օրէնքի վերատեսութիւնն ու նոր Ազգային ժողովի ընտրութիւնը: Այս վերջինի հեռանկարը հայրենի հասարակութեան մէջ քաղաքական-գաղափարախօսական դաշտի վերաձեւաւորման ոսկի առիթ պիտի ստեղծէ: Կասկած չկայ որ մեծ քափիթալը նոր իրավիճակին յարմարուելու ջանքին արդէն իսկ հետամուտ է: Անոր ֆինանսական կարողութիւններու քաշողականութիւնը մեծ է եւ կրնայ փորձութեան ենթարկել բոլորին: Ահաւասիկ հոս է որ անհրաժեշտութիւնը պիտի զգացուի հայկական իրականութեան մէջ կեդրոն-ձախ գաղափարախօսական դաշտի կազմաւորման եւ ընդլայնման: Այդ դաշտին մէջ պէտք է տեսնել համակարգային փոփոխութեան ծիլերու աճը, 21րդ դարու «Ժերմինալ» (Germinal) մը ինչպէս Էմիլ Զոլայի համանուն վէպի աւարտը այնքան գեղեցիկ եւ յուսատու կը նկարագրէ: