Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Այժմէականութի՞ւն, Լայնամտութի՞ւն, Թէ…

 

ՄԱՏԼԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

 

Image may be NSFW.
Clik here to view.
0000madlenmardirosian
Նամակատուփս կը բանամ. դրամատան հաշուեցոյց, կեանքի ու տան ապահովագրութեան տեղեկագիր, յայտարարութիւններ ու տակաւին ինչե՜ր ու ինչե՜ր… Այս բոլորը երկու ձեռքերուս մէջ առած՝ ներս կ՛անցնիմ: Գրասեղանիս վրայ զանոնք տեղաւորելէ ետք, այս բոլորէն ո՛ր մէկը բանալու ընտրութեանս մէջ շուարած, առաջնահերթութեամբ  չեմ գիտեր ինչո՛ւ, ուշադրութիւնս գրաւող մեծ ու փայլուն, սասունցի հօրս խօսքերով՝ «պսսուն» պահարանին էր, որ ձեռքս երկարեցի:

Օտարազգի բարեկամուհիի մը զաւակին պսակի արարողութեան ներկայ գտնուելու հրաւիրատոմս էր այդ մէկը: Երէկուան պզտիկ տղան այսքան շո՞ւտ մեծցաւ, վկայուեցաւ, ու հիմա ալ պիտի ամուսնանա՞յ…, ես ինծի կ՛ըսեմ:

Ժամանակի այնքան արագ ընթանալուն համար ունեցած զարմանքս կարծես բաւարար չէր, որ ոեւէ հրաւիրեալի պէս, պահարանէն դուրս հանած հրաւիրատոմսիս ընթացիկ պարունակութիւնը կարդալով, փեսային հօր ու մօր անունը իբրեւ ծնողք հոն չգտած՝ լայն-լայն բացուած աչքերուս հետ անզգալաբար յօնքերս ալ վեր բարձրացան: Սխալմա՞մբ, թէ դիտումնաւոր ձեւով եղած էր այդ մէկը՝ չէի գիտեր ու չուզեցի գիտնալ մինչեւ այն ատեն, երբ համալսարանի դասախօս ու նախապէս երկու մեծ ընկերութիւններու վերակացու նշանակուած բարեկամուհիս հեռաձայնեց.

– Մեր հրաւիրատոմսը ստացա՞ր,- հարցուց ու վերապահ կեցուածքէս ոչինչ հասկցած՝ խօսքը շարունակեց,- աւելի ճիշդը՝ պարունակութիւնը կարդացի՞ր:

Վիրաւորուած ըլլալու իր հոգեվիճակը շատ լաւ հասկցած, կրցածիս չափ խօսքերէն ելած ծուխն ու մուխը կրակի չվերածելու մտահոգութեամբ, զայն չկարդացած ձեւանալով՝ փորձեցի լուռ մնալ:

– Վա՛ղը,- շարունակե՛ց,- առանց ժամանակ կորսնցնելու՝ խնամիներուս հետ հանդիպում պիտի ունենամ եւ եղածին համար բացատրութիւն պիտի պահանջեմ:

Իրականացած էր այդ հանդիպումը, որուն ընթացքին «թեւեր առած» հարսնացուին հայրը՝

– Ե՛ս եմ դրամ վճարողը,- կ՛ըսէ,- կամքո՛վս պէտք է ըլլայ ամէն ինչ. առաջին պսակը չէ, որ կ՛ընեմ, նախապէս այս ձեւով երկու աղջիկ ամուսնացուցած եմ արդէն:

– Ե՛ս ալ,- կը պատասխանէ բարեկամուհիս,- ասկէ առաջ երկու տղայ ամուսնացուցած եմ եւ բոլոր ծախսերը ես եմ վճարած, բայց հրաւիրատոմսերուն մէջ երկու ծնողներուն անունները իբրեւ առաջնահերթութիւն երբե՛ք չեմ մոռցած. տարիներու սովորութիւն մը ինչպէ՞ս կրնաս անտեսել… գիտե՞ս, թէ այս ըրածդ ծնողքի մը համար ի՛նչ կը նշանակէ…

Ու զիրար աւելի լաւ հասկնալու համար որոշ լռութենէ մը ետք, իրարու հետ ունեցած խօսակցութիւնը հազիւ շարունակելու վրայ էին, երբ այս անգամ ապագայ հարսիկը, կարծես եղած տարակարծութիւնները բաւարար չէին, խօսքի մէջ մտած կեսուրին դառնալով՝ կ՛աւելցնէ

– Կ՛ուզեմ, որ բոլոր այր մարդիկ պոչաւոր բաճկոն, կիներն ալ սեւ, երկար հագուստ հագուին այդ օր, իսկ ուտելիքները… անհո՛գ եղիր, հրաւիրեալներու քիմքին յարմար ամէնէն ընտրեալները արդէն իսկ ապսպրած եմ. քաղաքական մարդիկ ներկայ պիտի ըլլան պսակադրութեանս արարողութեան. մայրս նահանգապետին նախկին ընկերուհին էր, գիտէ՞ք:

Այսքանը լսելով՝ «ասոնց հետ ինչպէ՞ս պիտի յարաբերիմ»ի մտահոգութեամբ, ու տղուն պսակի օրը սեւ հագուստ յագուիլը բացառած, այլեւս ըսելիք չունենալով, ընելիքը միայն գտած, պայուսակը շալկելով՝ նստած տեղէն դուրս կու գայ ան:

Քանի մը օր անց էր, երբ միայն անմիջական ծանօթներու ուղարկուած երկրորդ հրաւիրատոմս մը ստանալով՝ զայն բացի. այս անգամ բարեկամուհիիս եւ ամուսնոյն անուններն ալ իբրեւ ծնողք՝ գրուած գտայ հոն:

Տղան ուրիշներու կողմէ որպէս գնուած ապրանք չէր ուզեր տեսնել. տղուն կողմէ հիմնական մեծ փոփոխութիւն մըն ալ ընելու համար՝ քիչ մը շա՜տ ուշ էր: «Ամէն մարդ իր կեանքը ունի», միշտ ըսած էր ան, ու առանց ժխտական կեցուածքներ ստեղծելու՝ իր ընտրութեան մէջ ազատ ձգած էր տղան, ազատութիւն, որուն սահմաններէն ներս թէ դուրս մնալու պարագային, անպայմա՛ն օր մը կրնաս վնասել կամ վնասուիլ:

Առաջատար Ամերիկայի մէջ ահաւասի՛կ նոր օրերու խայտառակութիւն… մէկ պսակադրութեան համար՝ երկու տեսակ հրաւիրատոմս. տղայ գնել ու ընտանիք կազմել. ո՞ւր մնացին այր մարդու ինքնասիրութիւնը, տան մէջ ունենալիք տեղը, արժէքն ու հեղինակութիւնը… Պատմութեան էջերո՞ւն մէջ, թէ Արեւելքի սահմաններէն ներս, եթէ անշուշտ հոն ալ նոյնը մնացած է: Դրամի համար ուրիշի կամակատա՞րը դառնալ… Որքա՞ն ատեն մարդ կրնայ դիմանալ… հապա եթէ՞ այդ դրամը ձեւով մը պակսի, իսկ օր մըն ալ ամբողջութեամբ հալի… Ա՛յն ատեն միայն, հաւատացէ՛ք, որ իրարու հանդէպ լարուելով ու իրարու երես դարձուցած՝ ընտանիք պիտի քանդեն… առիթ տալով, որ երէկուան իւրաքանչիւր հրաւիրեալ, անոնց պսակադրութիւնը յայտարարող մեծ ու փայլուն պահարանին տժգոյն պարունակութիւնը վերյիշելով՝ անտարակոյս ըսէ. «Այդ օրուան ամպն էր, որ այսօրուան անձրեւը բերաւ»:

Օտար, բայց նոյնիսկ անմիջական մեր շրջապատին մէջ նման տարբերակներ շատ են: Եղածը այժմէականութի՞ւն է, լայնամտութի՞ւն, թէ կիներու իրաւունքներու սահմաններու ընդարձակում… Ո՛ր մէկը կ՛ուզէք, հաշուեցէ՛ք, բայց ամբողջ դէպքը, իր դերակատարներով միասին, օտարին կողմէ հրամցուած որպէս չփախցուելիք մեծ նորութիւն յափշտակելով՝ ՉԿԱՊԿԵ՛ՆՔ… Այն քաջ համոզումով, որ տարիներու ընթացքին ամէն տեսակի ու գոյնի մարդոց կողմէ ընդունուած, յարգուած ու յատկապէս մեզի համար սկզբունք դարձած՝ «Քու հօր ու մօր յարգանք պատիւ չմոռնաս» պապենական սովորութիւնը, մէկ օրէն միւսը, վրայէ հանուած երէկուան հին, իսկ այսօրուան ժամանակավրէպ հագուստի մը նման մէկ կողմ շպրտուելով՝ ժամանակին ետեւ չանցնի՛ր, չէ՛ անցած ու պիտի չանցնի տակաւին։

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles