ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
2015ի Նոյեմբերի վերջին շաբաթուան մէջ իր մահկանացուն կնքեց պոլսահայ հանրածանօթ ուսուցիչ-բանաստեղծ, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ քերթողութեան նահապետներէն՝ Զարեհ Խրախունին: Բուն անունով՝ Արթօ Ճիւմպիւշեան, ծնած է Պոլիս, 1926ին: Մեկնելով իր մականունը հայեացնելու մտադրութենէն (ճիւմպիւշ թրքերէն կը նշանակէ ուրախութիւն, խրախճանք) զայն վերածած էր Խրախունիի:
Կենսագրական այս յամառօտ տողերուն կողքին պարզապէս կ՛ուզենք յիշեցնել նաեւ, թէ իր կարեւոր գործերէն են «Քար-Կաթիլներ», «Ես Եւ Ուրիշներ», «Լուսնապարտէզ», «Ստուեր Եւ Արձագանգ», «Տօնակարգ», «Սրտի Խօսք»:
Ամբողջ իր կեանքին ընթացքին, շնորհիւ իր հմուտ գրիչին, ան ստացած էր բազմաթիւ մրցանակներ եւ շքանշաններ: Այսպէս՝ Համազգայինի «Անահիտ» գրական մրցանակ, ՀԲԸՄի Ալէք Մանուկեան մշակութային հիմնադրամի մրցանակ, ֆրանսահայ գրողներու՝ «Էլիզ Գաւուքճեան-Այվազեան» գրական մրցանակ, «Հայկաշէն Ուզունեան» գրական մրցանակ, Հայաստանի Մովսէս Խորենացի պետական պատուոյ նշան եւ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքութեան Ա. կարգի շքանշան:
Սակայն ո՞վ է այս հայը, որ 1948ին հազիւ 22 տարեկան, հայ գրականութեան անդաստանին մէջ պաշտօնապէս մուտք կը գործէր, Պոլսոյ «Սան» գրական ամսագիրի անդրանիկ թիւին մէջ ստորագրելով «Յաղթականը» խորագրեալ երկար քերթուած մը, Զարեհ Խրախունի անունով։
Մեծ բանաստեղծ մը, որ տասնամեակներու երկայնքին շարունակ զգալի դարձուցած էր իր ներկայութիւնը գրական հրապարակին վրայ՝ իրերայաջորդ կերպով ընթերցողին մատուցելով տասնհինգէն ու աւելի քերթողագիրքեր՝ միշտ թարմ, վերանորոգ ու վեհիմաստ բովանդակութեամբ, ինչպէս կը վկայէն շատեր: Ան արդէն 1950էն սկսեալ մամուլին մէջ լոյս ընծայած էր իր վերլուծական ու մշակութային հարցերու մեկնաբանութեան նուիրուած մեծաթիւ ուսումնասիրութիւնները, նշմարները, քրոնիկներն ու թարգմանական էջերը՝ լեզուական ու ոճային աչքի զարնող բարձր մակարդակի յատկանիշներով:
Ուսուցիչ, մամուլի նուիրեալ եւ բանաստեղծ այս հայը, որ կատարած էր նաեւ մեծ թիւով թարգմանութիւններ, կը պատկանէր Պոլսոյ Մխիթարեան այն սերունդին, որ ի յայտ եկաւ յետ Համաշխարհային Բ. պատերազմին: Մէկ խօսքով, Խրախունի կը նկատուի անմիջական սերունդի ներկայացուցիչներէն մէկը, որ իր քերթողական մարզէն ներս նորարարութեամբ դարձաւ աչքառու: Պէտք է նաեւ յատկանշել, թէ ան մեծ էր այս նորագոյներուն մէջ իր տաղանդով, որակի հարստութեամբ եւ գրական անդաստանին եւ արուեստին յատուկ պաշտամունքով:
Ոեւէ գրագէտի կամ բանաստեղծի կեանքին ծանօթանալու համար պայման է նախ կարդալ, մօտէն ծանօթանալ անոր գործերուն: Նման մարդիկ կեանք չունին. իրենց կեանքը, իրենց գրիչէն հոսող եւ բխող աղաղակներն են, որոնք համ եւ հոտ ունին եւ որոնք միաժամանակ կը դառնան իրենց կեանքի հայելին: Անոր համար է, որ Զարեհ Խրախունի, քերթողական հատորներու տէր այս մեծատաղանդ բանաստեղծը մեր անմիջական գրականութեան մէջ նոր ակօս մը բացած ըլլալու հպարտանք կը ներշնչէ: Իր հրամցուցած բոլոր տողերը ընթերցողին կ՛ընծայեն համոզում եւ վստահութիւն: Հոգեկան իր լուռ տագնապները ընթերցողին զինաթափ կ՛ընեն:
Պէտք է շեշտել նաեւ, թէ քերթողական իր տողերուն մէջ շարուած բառերը կեանքէն բխած են: Մէկ խօսքով, կեանքով լեցուն են, առանց անձնական եսի: Կրկնութեան գնով նաեւ կ՛ուզենք աւելցնել, որ ան միշտ յաղորդ մնալով մարդկային ընկերութեան, նուաճած էր քերթողական որակ մը, որ իբրեւ նորոյթ անզուգական էր իր օրերուն:
Խրախունի պաշտելու աստիճան սիրած էր բնութիւնը: Անոր համար իր ստեղծագործական արարքը գերազանցապէս իմացական էր: Միշտ գրած էր եւ միաժամանակ իբրեւ ուսուցիչ՝ դաստիարակած նոր սերունդի զաւակները: Իր տարրերը հաւաքած էր արտաքին աշխարհէն եւ զանոնք յանձնած ներքին մղումներուն: Այս բոլորը, իր իսկ վկայութեամբ, քանի որ ինք հետեւած էր առարկայական խորհրդապաշտութեան:
Զարեհ Խրախունի բոլորիս համար է եւ պիտի մնայ այն հայ մտաւորականը, որ մասնակից եղած էր Պոլսոյ գրական-մշակութային եռուզեռին: Այս բոլորը նշմարելի են իր հրամցուցած գրախօսականներուն ընդմէջէն: Իր գրեթէ բոլոր գրութիւնները ջախջախիչ տոկոսով կ՛առնչուին պոլսահայ գրողներու եւ գրականութեան: Շունչ կայ իր բառերուն եւ տողերուն մէջ: Հանդարտ անկեղծութիւն: Վարպետօրէն հոգեկան գիծեր գծած է, որոնք մեր սիրտն ու ուղեղը տեսակ մը բոյրով կը գրաւեն անմիջապէս: Ան անկասկած այն քիչերէն է, որ շատ համարձակ իր բանաստեղծութիւնը խառնած է իրականութեան:
Բանաստեղծութիւնն ալ մարդոց նման ոչ միայն ունի ճակատագիր, այլ նաեւ ոճի տաղանդ: Իր մահով պոլսահայ գրականութիւնը կամ սփիւռքահայ եւ աւելի ճիշդ՝ հայ գրականութիւնը ձեւով մը, ոչ թէ ամայացաւ, այլ մեծ եւ անփոխարինելի բաց մը արձանագրեց:
Ուստի, հարկ է նաեւ ուշադիր կարդալ այս յօդուածի կողքին տեղադրուած Խրախունիի քերթուածներէն օրինակ մը՝ «Այս Ծառը Սուրբ» խորագիրով, իբրեւ իր գրիչէն ծորող ճաշակ, ուր ընթերցողը արդէն կ՛ունենայ յստակ եւ յատուկ պատկերացում մը անոր բանաստեղծի տաղանդին, աշխարհին բացուելու իր կիրքին, արեւմտահայերէնին հանդէպ անոր ունեցած եւ որդեգրած բծախնդրութեան, բանաստեղծական նորարութեան շարժումի իր առաջնորդ հսկայութեան, իր ստեղծագործ միտքին եւ վաւերական քերթողի տիտղոսին:
Հանգիստ իր ոսկորներուն:
Այս Ծառը Սուրբ
ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ
Ծառ տնկեցէք եղբայրներ
կաղնի սօսի եղեւին
Պարտէզին մէջ – դաշտերուն
Լերան վրայ – ժայռերուն
քարքարուտին ապառաժին
Ձեր թաղարին սովորական
կամ սեղանին ամէնօրեայ
Ծառ տնկեցէք – պիտի բռնէ անպայման –
Ապառաժը երբ փշրուի հող կը դառնայ արդէն, չէ՞…
Թէ թաղարին հողը քիչ է, շա՜տ է կաւը բրուտին.
Սեղանն – ըսես – չոր տախտակ է
կ՛ըսեմ քեզի՝ առաջ փայտ էր, փայտն ալ ծառ
Ի՞նչ գիտես թէ ցամքած փայտը չարբենար
վրան դրուած շոճիի թարմ աւիշէն
Չի փաթթուիր մատղաշ ու թաց արմատներուն
Ու չի՜ խրեր իր ոտքերն ալ հողին մէջ
ինքն ալ արմատ չի՞ դառնար…
Ծառ տնկեցէք – ո՛ւր ալ տնկէք պիտի բռնէ անպայման…
Դարակուտակ սպասումի ու անհնար ըղձանքի
Հողն է պարարտ – հողն է հպարտ- ջուրն հանդարտ
թափուած արեան եւ արցունքին պէս առատ –
Այս ծառը սուրբ պիտի կանգնի պիտի աճի ուռճանայ
Պիտի երկինք բարձրանայ
Ամէն առտու այգաբացին ստուերն անոր պիտի հասնի մեծ լերան
Շուք պիտի տայ արեւափառ ոսկեծածան հանդերուն
Հազար բարեւ ու բիւր բարիք պիտի առնէ ամպերէն
որոնք կու գան աշխարհի չորս ծագերէն
ու կը շոյեն սաղարթն անոր մշտադալար – ալեւոր…
Օ՜, տնկեցէք
Ամուր ձեռքով խնամեցէք
զարդարեցէք
պաշտպանեցէք
պաշտեցէք
Ազատութեան ծառն է այս…