ԼԱԼԱ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
«Օրագրութիւն»ս աւարտեցի, ընթերցողիս հրաժեշտ տուի ու… մնացի շուար։ Գրեթէ տարի մը զրուցեր ու մտերմացեր էի անոր հետ ու հիմա անիրաւ կը զգայի, մանաւանդ որ շատ ընթերցողներ արձագանգեցին՝ շարունակելու պահանջով կամ առաջարկով։
Շնորհակալ եմ իրենց ազնիւ քաջալերանքին համար։
Քանի որ անարդարութեան լռել կարող չեմ ու բարձրաձայն խօսիլ ալ չեմ սիրեր՝ այս լուռ զրոյցը կը շարունակեմ՝ գոհունակ, որ կապ ունիմ մարդոց հոգիներուն հետ։
Լ. Մ.
***
Թուրքիոյ մէջ՝ տակնուվրայութիւն։ «Թրքական գարո՞ւն» կոչենք, ինչպէս իրենք մեր արհաւիրքը «Արաբական գարուն» կոչեցին ու սրածեցին, պղծեցին մեր գարունները։ Բայց մենք իրենց զէնքով իրենց հետ մրցելու կարող չենք ու չենք ալ ուզեր։
Այս առթիւ մանրապատում մը յիշեցի, զոր Ռ. Իշխանեան կը պատմէ*. Ազնուական հոգիով Բակունց 1918ի կռիւներուն միջոցին թուրք գերիները, մանուկներն ու կիները կը խնայէր, քանզի ան Մուշեղ Մամիկոնեանի արիւնակիցն էր։ Երբ ընկերները կը յիշեցնեն, թէ թուրքերը զմեզ չեն խնայեր եւ իր ազնուութիւնը իզուր է, ան կը պատասխանէ. «Այո՛, չեն խնայում: …Բայց ես չեմ ուզում, որ մենք ջնջենք մեր եւ նրանց տարբերութիւնը։ Եթէ նրանց նման լինենք ու կորցնենք մերը, էլ ի՞նչը պիտի պաշտպանենք»։
Մուշեղէն մինչեւ Անդրանիկ, Բակունցէն մինչեւ Արցախ վիճելի կեցուածք… Պիտի իրականանա՞յ հայ բանաստեղծի այրած սիրտէն փրթած անէծքը՝ «Պիտի իյնա՛ս այս անգամ…», հազի՛ւ թէ, քանի որ կատուն, ինչպէս ալ որ նետես, միշտ ոտքերուն վրայ կ՛իջնէ։ Նոյնիսկ եթէ կատուն անճարակ է, ձեռնասուն դարձնողները զայն կը պահեն՝ յանուն մուկեր որսալու իրենց խաղին։ Նոյնիսկ եթէ ան «հիւանդ մարդն» է, «առողջները» զայն կը բուժեն՝ իրարու դէմ օգտագործելու սիրոյն. այս կը փաստէ անցեալը։
Մենք, որ մա՛րդ ենք՝ հայ ու թուրքին թշնամի ըլլալէ առաջ, կարող չենք իրենց՝ բորենիի բնազդային հրճուանքը ապրիլ, տեսնելով աղէտը, մանաւանդ որ գիտենք, թէ այս աղէտը շա՜տ «պատահմամբ» կրնայ քսուիլ նաեւ Թուրքիոյ մէջ ապրող «պատանդ» հայերուն (սպառնալիքով այս բառը օգտագործած են թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաներ)։
Քաղաքական մեկնաբան մը հայերուս դատին ու պահանջատիրութեան համար նպաստաւոր կէտեր կ՛ուզէր տեսնել այս շարժումին մէջ. ես կատուին ցատկը միայն կը խորհիմ։
* Ռ. Իշխանեան, «Բակունցի կեանքն ու արուեստը», Երեւան, 1974, էջ 35:
***
Ի վերջոյ պէտք է խոստովանիլ, որ մեր այս գորշ, քաշքշուկ-կեանքը հետաքրքրական դարձնողները հակառակորդ ուժերն են, իրենց յարափոփոխ ռազմավարութեամբ։ Կը մոռնանք, որ ոչ միայն ի սէր երկինք ճախրելու, այլ այլոց ալ հոգիները վերին եթերներ փոխադրելու մարդասիրական հոգերով տառապողներ կրնան ինքնապայթեցում յանձն առնել. ու ահա՝ կը յայտնուին անոնք. կը մոռնանք երկինքի գոյութեան մասին, ու ահա, իբրեւ պատիժ, կրկին արկերու կարկուտ կը տեղայ խաղաղութենէն ձանձրացող քաղաքին վրայ։
Բազմազան է այս հազարամեայ խաղը մութի ու լոյսի, չար ու բարւոյ, տաք ու պաղի ու բոլոր տեսակի հակասականութիւններու միասնականութիւնը՝ կեանքի շարժիչը։
Հերթական երեկոյ մը։ Այլազան ու վհատիչ լուրերէն, նեղ սահմաններու մէջ լճացող, հոգիդ անվերջ մանրող խօսակցութիւններէն, աղբակոյտերու գարշահոտէն, արգելապատնէշներու հոգիդ բանտարկող ճնշումէն, սղութեան ու հազար ու մէկ հոգերէդ ազատիլ կը փորձես. անկողին մտնել ու օրուան ճղճիմ բեռը հոգիէդ թօթափելով՝ քունը երազել։
Հեռուները այրուող ու հովի թեւին տարածուող աղբի, դիակներու ճենճերահոտին կը բանաս պատուհանդ՝ հովի ակնկալիքով։ Ի վերջոյ, վերջնականօրէն նուաստացած այս անել օղակին մէջ սեղմուելէդ՝ երազներուդ ու կարօտներուդ մարմինները գրկած՝ քնանալ կը փորձես, երազով վերանալու համար. վեր-անալ. բայց ո՜ւր է Վերը. անմիջապէս վերէդ մժեղներու բանակին յարձակումը, աւելի վերէն՝ հրթիռներու ու արկերու։
Նախ՝ ուժգին, շէնքը ցնցող պայթիւն, ապա՝ օդը ճեղքելու անոր սոյլը. չարագոյժ սպասում. անճարակ, անկողինդ մէջ կծկտած, ճակատագիրիդ կ՛ապաւինիս՝ «Տէ՛ր, փրկէ՜, թող մեր վրայ չիյնայ»։ Ինչ որ տեղ շէնքի մը ինք իր փէշերուն վրայ նստելու ձայնը թեթեւացում կը բերէ. անգամ մը եւս ազատեցա՛ր։
Բայց ո՞ւր ինկաւ, որո՞նց վրայ…
Ու մեղքի զգացում՝ եսական աղօթքիդ ու դառն թեթեւացումիդ համար…
***
Արդէն ամիսէ մը աւելի է տարբեր կայաններ մեծ «պատրաստութեան»՝ բանակի մեծ գործողութեան մասին կը խօսին, որմով այլեւս Հալէպը պիտի ազատագրուի։ Կիներու թերթերն ալ անմիջապէս կ՛արձագանգեն ու կը մեկնաբանեն՝ վճռական գործողութեան ուշանալը բացատրելով «պաքալորիա»ի քննութիւններով. երիտասարդներու ճակատագի՛րը կ՛որոշուի (հաւանաբար «մե՜ծ» զինուորական մը հետաքրքրասէր տիկիններուն յատուկ տեղեկացուցեր է նաեւ գործողութեան օրն ու ժամը…)։
Մինչդեռ ամէն գիշեր կը տեղան «նուէրները», ու նորանոր շէնքեր կը փլին։
Սպասուող ազատագրումէն ետք Հալէպ պիտի մնա՞յ…
***
Սկսած է «Հիւսիսային փոթորիկ» ռոմանթիկ անունը կրող գործողութիւնը, զոր Հալէպը պիտի ազատագրէ… կ՛ըսեն…
Յոյները երբ Թրոյան պաշարեցին, անոնց նպատակը գեղանի Հելէ՞նը, թէ՞ Թրոյայի գանձերն էին. պատմութիւնը, որ յաճախ աւազակները դափնիներով զարդարել կը սիրէ, այս կէտին մէջ եւս ռոմանթիկ է ու սիրոյ կու տայ առաջնութիւնը։ Հիմա Հալէպի այսչափ երկար դարպասումը ո՞ր Հելէնի համար էր ու ե՞րբ վերջապէս այդ ան… կինը իր ամուսինը պիտի ընտրէ ու մենք ալ շունչ առնենք։
***
Էլ ի՞նչ թագաւոր, կամ էլ ի՞նչ իշխան
Որ կռիւ չանի, ուրիշին չտիրի,
Մարդ չկոտորի, երկիր չաւերի…
Յ. Թումանեան
Ռուսական կայանի մը խօսնակը, ազնիւ զայրոյթը հազիւ պահած, ի լուր աշխարհի կը զարմանար, թէ ինչպէ՜ս 2009ին Անգլիոյ մէջ հզօրներու քսանեակի հանդիպումի մասնակիցներու առանձին հանդիպումները լրտեսուած են։ Եզրակացուց՝ քանի որ Անգլիան ու Ամերիկան սերտ դաշնակիցներ են (տատս կ՛ըսէր՝ մէկ ամանէ կ՛ուտեն), ուրեմն իրենք տուած են որոշումը։
Լրտեսած են իրենց հիւրերը ու նոյն ատեն ժպիտով ձեռնուած անոնց հետ…
Այսինքն՝ «դադրած են ճենթըլմէն ըլլալէ»։
Ես, որ այդ «ճենթըլմէններ»ու ձեռքով Սուրիոյ ողջակիզումին ականատեսն ու ենթական եմ, ռուս խօսնակի մետասաներորդ ժամու զարմանքին կրկնակի կը զարմանամ:
Նախ՝ կարելի է կարծել, թէ իր երկիրը աղաւնի է։ Յիշեցի սովետական «անեկդոտ» մը. մանուկներու դաստիարակութեան համար մանկապարտէզի պատերուն փակցուած էր մատչելի քարոզչութիւն՝ «Մենք պուպո՜ւշ, Ամերիկան քը՛խխ»…
Երկրորդ՝ քաղաքական գործիչներու պարագային «ազնիւ» ու «մարդ» բառերը համակցիլ կարելի՞ է… ինչպէս, օրինակ, ըսէիր՝ նրբակիրթ արջ, ազնուաբարոյ կոկորդիլոս, բարեկիրթ բորենի եւ այլն։
Որքա՜ն անփոյթ կը վարուիք բառերուն հետ, կարծես անոնք ալ սուրիացի են…
***
Աչքերնիդ լո՜յս։ Աշխարհի երկու մեծ խոյերը Իրլանտա հանդիպած ու եզրակացուցած են (եղեր), որ Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը պէտք է այլեւս դադրեցնել (ապշելի՜ք մարդասիրութիւն)…
Եթէ ըսուածին հաւատալու միամտութիւնը ունիս, տակաւին սաստկացող վայրագութիւններուն աչք կրնաս գոցել, ու բան գործ չունիս, փորձէ լուծել հանելուկը.
Տղա՛ք, թէ որ դարդեցնելը ձեզմէ կախեալ է… մինչեւ հիմա ի՜նչ կեցեր էք… մեր արեան բաղադրութի՞ւնը չէք հաւնիր, գո՞յնը ձեր քիմքին ախորժաբեր չէ այլեւս, թէ՞ այլ ու աւելի տաք աղբիւրներ գտաք յագենալու…