Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Հակաթուրք Եւ Հայ Դատի Պայքարներուն Զուգահեռականութիւնը

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

 

0804natanbedrosianԱյսօր Թուրքիան միջազգային գետնի վրայ դարձած է քաղաքական, ռազմական եւ տնտեսական կարեւոր ու մեծագոյն ուժերէն մէկը: Թուրքիոյ ներկայ կառավարութիւնը, գլխաւորութեամբ կրօնամէտ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան, վերականգնած է համիտեան կարգերը: Ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններ, ընդդիմադիր կուսակցութիւններ եւ ազատամիտ լրագրողներ կ՛ենթարկուին հետապնդման, հարցաքննութեան եւ բանտարկութեան (ինչ որ նոյնպէս տեղի կ՛ունենար համիտեան օրերուն):

110 տարի առաջ սուլթան Համիտը կը միջամտէր Ռուսիոյ եւ Պարսկաստանի հարցերուն‘ նեցուկ կանգնելու համար այնտեղի իր բարեկամ, դաշնակից եւ գաղափարակից բռնատիրական կարգերուն եւ ճզմելու համար հայկական յեղափոխական շարժումը, իսկ այս օրերուն Թուրքիան կը միջամտէ Սուրիոյ մէջ՝ ճզմելու համար քիւրտ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը: Ներկայիս տասնեակ թերթեր փակուած են, տասնեակ լրագրողներ բանտարկուած են, որովհետեւ անոնք միայն իրականութիւնը յայտնեցին այն մասին, որ Թուրքիոյ միջամտութիւնը Սուրիոյ մէջ չի միտիր վերացնել այսպէս կոչուած «Իսլամական պետութիւն»ը, այլ՝ ոչնչացնել քիւրտերը, եւ այդ նպատակի իրագործման համար Թուրքիան նեցուկ կանգնեցաւ կրօնամոլ-ծայրայեղական ուժերուն ու անոնց ապաստան տուաւ իր սահմաններուն մէջ:

Գանք հիմա մեզի՝ հայերուս: Դժբախտաբար ներկայիս հայութեան մէջ պայքարի ոգին տկարացած է, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի Հայ Դատի հետապնդման: Հայութեան մէջ ապաքաղաքականացման եւ ապազգայնացման երեւոյթները հետզհետէ աւելի զգալի կը դառնան համաշխարհայնացման պատճառով: Ամօթալի է եւ անբարոյ՝ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամ Մարգար Եսայեանի եւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի զօրակցութիւնը Սուրիոյ մէջ թրքական ռազմական միջամտութեան: Եթէ դատապարտելի է համաշխարհային մեծ ուժերուն լռութիւնը Թուրքիոյ արտաքին ռազմական միջամտութիւններուն նկատմամբ, նոյնպէս դատապարտելի է հայերուն լռութիւնը: Ամէն միջոց պէտք է օգտագործուի՝ բացայայտելու ու լուսաբանելու թրքական պետութեան ոճիրները եւ իր ժառանգութիւնը օսմանեան պետութեան կատարած Հայոց Ցեղասպանութեան:

Վերջաւորութեան, ինչ կը վերաբերի այս յօդուածի վերնագիրին՝ «Հակաթուրք Եւ Հայ Դատի Պայքարներու Զուգահեռականութիւնը», անիկա երբեք նպատակ չունի սերմանելու  ցեղապաշտութիւն, այլ կը կարծենք, որ պէտք է անդուլ պայքար մղել թրքական թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին քաղաքականութիւններուն դէմ, որովհետեւ այդ քաղաքականութիւնները ուղղակի թէ անուղղակի կապ ունին մեր Դատին հետ: Պիտի նշեմ երեք օրինակներ, որպէսզի յստակ ըլլայ միտքը այս բոլորին: Թուրքիոյ մէջ այսօր խօսքի ազատութիւն չկայ, ինչպէս յայտնի է բոլորին: Այդ ազատութենէն նաեւ կը զրկուին անոնք, որոնք կ՛ուզեն բացայայտօրէն ճանչնալ մեր Ցեղասպանութիւնը: Այդ պատճառով ալ, երբ միջազգային հանրութեան ապացուցենք Թուրքիոյ անազատ կարգավիճակը, այդ ժամանակ խօսքի ազատութեան օրակարգին մէջ պիտի մտնէ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու անարգման մասին խօսիլը կը նշանակէ խօսիլ հոն ապրող հայերու ենթարկուած առօրեայ ցեղապաշտութեան մասին, որ բացասական երեւոյթ մըն է ինքն իրեն «ժողովրդավարական» պետութիւն սեպող Թուրքիոյ համար, որ չի կրնար կանխել այդպիսի երեւոյթները (համապատասխան օրէնքներ որդեգրելով): Վերջապէս, դէմ կանգնիլ Թուրքիոյ արտաքին միջամտութիւններուն, որպէսզի Թուրքիոյ միջազգային վարկը նուազի, եւ կապել այդ միջամտութիւնը ներքին ճակատին՝ խօսքի ազատութեան եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու ճնշման հետ:

Խօսքի ազատութիւնը, փոքրամասնութիւններու իրաւունքներն ու արտաքին ռազմական միջամտութիւնները զէնքեր պէտք է ըլլան հայութեան ձեռքը՝ նախ մեր հոգիներուն մէջ արթնցնելու համար պայքարի ոգին, իսկ յետոյ ալ պայքար մղելու՝ վարկաբեկելու համար թրքական պետութիւնը իր ցեղապաշտական քաղաքականութիւններուն համար:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles