ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Արդէն լրացած է այս սիւնակին վրայ գրելու տասը տարիները: Հպանցիկ ակնարկով մը, երբ վերստին կը նայինք այդ անցնող տարիներուն, կը խուժեն բազմաթիւ միտքեր, որոնց մասին կ՛արժէ խօսիլ: Մեզի համար նոր սկիզբ մըն էր մանաւանդ այդ առումով, որ վերջապէս ամբողջութեամբ մատնուած պիտի ըլլայինք մեզի համար միշտ հարազատ թուացող աշխատանքի մը: Ով գիտէ աշխարհի երեսին որքա՜ն շատ են բոլոր այն մարդիկ, որոնք միջոցներ կը փնտռեն՝ իրենց միտքը, խորհուրդը արտայայտելու, ուրիշներուն հասանելի դառնալու համար: Ահաւասիկ ա՛յդ էր, որ գոյացած էր մեր առջեւ՝ սիրելի Սարգիս Սերովբեանի հրաւէրով:
Սերովբեան, կորսնցնելով Յակոբ Այվազի կամ Կոպելեանի նման գրիչներ՝ կարիքը զգացած էր նոր ձայնով մը թարմացնելու իր խմբագրած էջերը: Որքա՜ն մեծ պատիւ, որ այդ նոր ուժը տեսած էր մեր մօտ: Եւ այդպէս, «Ակօս»ի էջերուն վրայ աւելի քան տասը տարիներ անարժանաբար կը մրոտենք «Մենք ու Մերոնք»ի սիւնակը: Սիւնակ՝ որ տարիներու ընթացքին ունեցաւ իր հաւատարիմ ընթերցողները: Պատահական չէ այս հաւատարիմ բառը, քանի որ գիտեմ, թէ անոնց մէջ կան բառին բո՛ւն իմաստով յամառ ընթերցասէրներ, որոնք ամէն շաբաթ չեն վհատիր այս սիւնակը բառարանի օգնութեամբ ընթերցելու: Սա ինքնին պատասխանատուութեան մեծ բաժին մը կը բեռցնէ մեր ուսերուն, եւ ա՛լ աւելի կորովով կը շարունակենք որդեգրուած աշխատութիւնը:
Սակայն եկած հասած ենք այնպիսի պահու մը, ուր կանգ առած է թերթի մէջ գրելու ուրախ տրամադրութիւնը՝ իր տեղը թողնելով զանազան մտահոգութիւններու: Ամբողջովին յայտնի դարձած է, որ այս սիւնակին վրայ գրուածները, որքա՛ն ալ հաւաստի ըլլան, որքա՛ն ալ իրաւացի գտնուին, ո՛չ թէ ոգեւորութիւն՝ այլ մտավախութիւն կը պատճառեն ընթերցողին: Եկած ենք այնպիսի անիծեալ պահու մը, երբ ընթերցողը բաժնելով հանդերձ արծարծուած միտքերը՝ կը մտահոգուի այդ միտքերը փոխանցողի անվտանգութեան համար:
Հրանդ Տինքի սպանութենէն անմիջապէս ետք արդէն գիտակցած ենք, որ մեր սեփական մաշկը շատ ալ մեծ նշանակութիւն չունի հաւանական այս կամ այն վտանգին դիմաց: Վերջապէս, շունչ մըն է, զոր պիտի աւանդենք ուշ կամ կանուխ: Ուրեմն՝ մէկ կողմ թողնենք սեփական մաշկի մասին մտահոգութիւնը, բայց կ՛արժէ հարցնել, թէ արդեօք իրաւունք ունի՞նք վախ ու սարսափ, նաեւ մտահոգութիւն պատճառելու բոլոր այն մարդկանց, որոնք այլեւս նոր սարսափներու հանդուրժողութիւն չունին:
Ուրեմն, սիրելի՛ ընթերցող, հասկացող եղէք, եթէ այս պահէն ետք՝ «Մենք ու Մերոնք» սիւնակին վրայ թանաք սպառենք այս էջերու հաւատարիմ ընթերցողներուն համար անսովոր նիւթերով: Ի՛նչ գիտնամ, օրինակի համար՝ փորձենք ֆութպոլի մասին խօսիլ… Վերջապէս զբաղում մը, որ կը հետաքրքրէ մեծ բազմութիւններ. բայց արդեօք կրնա՞նք: Արդեօք ինչի՞ կը նմանին ֆութպոլի մասին մեր ըսելիքները: Խոստովանի՛մ, որ ափսոսանքով պիտի անդրադառնանք, թէ «ֆութպոլ խօսինք» ըսած պահերուն իսկ մեր հետաքրքրութիւնը ուղղուած պիտի ըլլայ Տենիզ Նաքիի մատնուած անարդարութեան:
Ուրեմն եկէ՛ք իրարու հասկնանք, հրաժարեցէ՛ք մեր մասին ի զուր տեղ մտահոգուելէ, եւ եկէք ընդունինք, որ պարտաւոր ենք ընելու ա՛յն, որուն արդէն մատնուած ենք մեծ ցանկութեամբ: Նոյնիսկ այսքանը սուղ է մեզի համար: Մենք այսքանով ալ հանդուրժողութիւն չունինք մեր ուղին հարցականի տակ դնելուն: Հաստատ իրողութիւն է՝ երեք անգամ երեք կ՛ընէ ինը: Մի՛ զօրէք, որ ընդունինք աւելին: Երեք անգամ երեք ինն է, եւ մաքսիմում՝ լոկ ձեր «խադր»ին համար, յօժարինք տասին: Դեռ տակաւին մի՛ լարէք, մի՛ պահանջէք, որ խոստովանինք, թէ երեք անգամ երեքը լոկ դուք ուզեցիք որ դառնայ երեսուն կամ երեք հարիւր երեսուն:
pakrates@yahoo.com