Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

ԱՀԱԶԱՆԳԸ- Ահէն Մինչեւ Վերականգնում

$
0
0

ՏՈՔԹ. ՇԱՒԱՐՇ ՔՐԻՍԵԱՆ

 

0120shavarsh

Երեւանի Համահայկական 6րդ համագումարի հանդիսաւոր նիստին, Հայաստանէն ու Սփիւռքէն աւելի քան հազար հինգհարիւր հրաւիրեալներ, անշուշտ ընդոստ, դիրք փոխեցին իրենց աթոռներուն մէջ, իրենց ծնոտները անկում կրեցին, երբ բարձրադղորդ ղողանջեց Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ահազանգը՝ «Հայաստանը կը պարպուի, Սփիւռքը կը մաշի»:

Անշուշտ, ահազդեցիկ էր պատգամը, նոյնիսկ եթէ բովանդակութեամբ պարզապէս կտրուկ խտացումն էր մեր թերթերու էջերուն վրայ վերջին տարիներուն զիրար հրմըշտկող գրութիւններու տագնապալից հեւքին եւ մեր ամէն կարգի լրատուական միջոցներէն ցոլացող մութ պատկերներուն:

Այո՛, խիստ ցնցող էր, քանի կու գար վերէն, շա՛տ վերէն: Հարուածի ծանրութեան կշիռը աւելի հասկնալի կ՛ըլլայ, եթէ զայն պահ մը փոխարինենք ընտանիքի մը ենթադրեալ տարբերակով, ուր իրիկուն մը, ընթրիքի սեղանին շուրջ, հայրը մթագնած երեսով յանկարծ կը կանգնի եւ անոր անդամներուն կը բացայայտէ ընտանիքի երթը դէպի ելեւմտական սնանկութիւն ու անկէ սպառնացող տան կորուստը: Ընտանիքին անդամները, եթէ նոյնիսկ արդէն վերահասու են մօտեցող ճգնաժամի մը, այդ պահուն ընտանիքի գլուխէն կը սպասեն քաջալերական կամ յուսատու բառ մը, նոյնիսկ տրամաբանական լուծումի մը շօշափելի հեռապատկերը, գուցէ ուսումնասիրուած ծրագիր մը:

Ապագայի վերլուծումները պիտի ճգնին ճշդել այդքան հուժկու եւ հրապարակային ահազանգի մը հիմնական նպատակը, ակնկալութիւնը:

Իսկ հիմա՞: Կամ անմիջական վա՞ղը: Հիմա, երբ ամրագրուեցաւ այն, ինչը լաւ գիտէինք, բացայայտուեցաւ այն, ինչը կը կոտտար, ճիշդ ի՞նչ հիմա:

Եթէ ոչ պայթումէ ընդարմացած աչքեր, խժժացող ականջներ, կակազած լեզուներ, անդամալուծութիւն, հապա ի՞նչ: Ափսոսանքի նորոգ ընկճուած զեղումնե՞ր: Վերատոգորուած գովերգնե՞ր մեր մշակոյթին եւ հերոս անցեալի փառքին: Վիպասանական ու բանաստեղծական զեղումն՞եր: Առաւել հեւքով վերաթուարկո՞ւմ քաջ ծանօթ «պէտք է» մակնիշի ասոր կամ անոր նախասիրած հանապազօրեայ այլազան սպեղանիներուն, որոնք հասցէագրուած են՝

Մեր լեզուի ուղղագրութեան եւ բառամթերքի մաքրութեան:

Մեր նոր սերունդի խօսած լեզուին եւ ստացած կրթութեան:

Հայ տուներէն ներս տիրող լեզուին եւ մթնոլորտին:

Հայ դպրոցի, եկեղեցւոյ, սրահներու, ակումբներու առաքելութեանց:

Հայաստանի տնտեսական եւ կենցաղային խնդիրներուն:

Այս շարքը անպայման ամբողջական չէ, բայց հրապարակին տիրողը:

Ամէն մէկը, այո՛, վաւերական հարց է: Ամէն մէկը՝ մարտավարակա՛ն (tactical) ամրութիւն: Մէկը կամ միւսը կ՛առաջադրուի որպէս նախամեծար հոգը՝ ըստ առաջադրողի անցեալին, մասնագիտութեան, փորձառութեան, ծննդավայրին, գաղափարական հակումին, շրջապատի տրամադրութեանց, զգացումներուն: Սակայն, ինչ որ բարձրաղաղակ լուռ է ու բացայայտ բացակայ՝ անոնց ետին կանգնած խորը իրատես, լրջօրէն ծրագրուած, սուր հեռատես գիտական լայնածաւալ ուսումնասիրութեանց յենարանն է:

Մանաւանդ անտեսանելի է՝ պաղարիւն վերլուծական ամուր ժայռի գագաթէն ղեկավարող ռազմավարական (strategic) միջնաբերդը:

Այս է որ մեզ ներկայիս ակամայ դէմ առ դէմ կը դնէ հիմնական քանի մը իրականութեանց, որոնք իրենց բաւականին տհաճ բնութեան բերմամբ, ցարդ մեր գիտակցութենէն վրիպած են, կամ գուցէ վտարուած ենթագիտակցաբար: Ոմանք արդի պայմաններու պարտադրանքներ են, ուրիշներ ժառանգ են մեր անցեալէն:

Ահազանգը, իր իսկութեան մէջ, սրտաբուխ աղերս էր ի խնդիր արդիական իմաստուն, հետեւողական եւ հաստատակամ լրջութեան:

Ուրեմն եւ նախ՝ Ահէն Վերականգնում տանող ճամբայ կա՞յ: Այո՛, կա՛յ, բայց չ՛անցնիր մեր ամէնօրեայ յաճախած ու վարժուած թաղերէն:

Ներկայ բարդ եւ խրդին ժամանակները դիմագրաւող մեր «պարպում եւ մաշում» օրհասային հանգոյցին լուծման տանող երթուղիին համոզուած, անվերապահ, հաստատաքայլ եւ անդուլ որոնումը անհնար է արդիւնաւորել առանց համարձակ լայնախոհութեան, քաջ ինքնաճանաչման, ուժական մտասլացքի, սառը դատողութեան, գաղափարներու վերամշակման, գիտական քննարկման, ընդունուած եւ դասական կարգախօսութեանց անկողմնակալ կշռադատման, ծափընկալող հաճոյախօսութեանց բիրտ աքսորման: Այո՛, ամէն մէկուն: Ապա՝ շատ յամառ աշխատանքի:

Վասն գոյատեւման ձգտումի, պատրա՞ստ ենք լուրջ այլընտրանքի:

Եթէ անվերապահ դրական ենք, մնանք միասին ու յառաջանա՛նք:

Ազդարարութի՛ւն: Դիւրազգացներ եւ թերահաւատներ հիւրընկալող անտառ մը չէ, ուրկէ պիտի անցնի որոնումի ու յայտնաբերման ոլորուն, մերթ ցրտաշունչ, մերթ կոյս, մերթ ցեխոտ եւ մերթ անհարթ մեր պարզելիք այդ երթուղին: Անիկա պիտի յանգի ոչ թէ մոգականօրէն հէքիաթային, այլ‘ լուսաւոր արեւի տակ բոլորին տեսանելի, կանանչ, բերրի, շօշափելիօրէն առողջարար բացուտի մը: Ոչ թէ առասպելական «Սուրբ Սկիհ», այլ՝ «Վերականգնում՝ Հպարտութեան Լիցքով» կը կոչուի անիկա, լայնածաւալ տարողութեամբ:

Արկածախնդիր բայց նպատակասեւեռուն մեր այս արշաւախումբին ստիպողաբար հարկաւոր են իրենց իսկութեամբ եւ բնութեամբ առաջնորդ, մտաւորական, ընկալող եւ վերլուծող միտքեր:

Հաստաներփան, դիմացկուն կրկնակօշիկներ միասին բերէ՛ք, բայց ձեռնոցներ, ունկնախիցեր ու ակնակապեր՝ ո՛չ:

Հրաւէրը բաց է: Քաջ տրամաբանող ու քաջասիրտ կամաւորնե՞ր:

Այս սիւնակի միջանցքէն ահա ճամբայ ելլելու պատրաստ ենք:

 

shavarsh_chr@msn.com


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles