ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
6 Փետրուար 2006 առաւօտ, մեծ յուզումով կը մտնեմ «Ակօս»ի դռնէն: Պարոն Հրանդին իմաց կու տան: Կու գայ նրբանցքին վրայ կը դիմաւորէ զիս: Միասնաբար կ՛ուղղուինք պարոն Սերովբեանին սենեակը: «Այստեղ պարոն Սերովբեանի հետ պիտի աշխատիս» կ՛ըսէ լուսամուտին կողքի սեղանը ցոյց տալով: Կ՛ըսէ ու կը մեկնի մեր քովէն: Նախքան այս դռնէն մտնելս իմ կարճ խելքով կը կարծէի, թէ Երեւանի Պետական համալսարանը աւարտած՝ հետեւաբար լաւ պատրաստուած աշխատող մըն եմ: Սակայն այդ սեղանին նստելով՝ արդէն դուրս եկայ երազներու աշխարհէն: Պարոն Սերովբեանի հարցումներուն գոհացուցիչ ոչ մէկ պատասխան կրցայ տալ: Կարծես թէ ընկճուեցայ այդ աթոռին վրայ ու քանի ընկճուեցայ սեղանը նոյն համեմատութեամբ մեծցաւ իմ դիմաց: Այնքան մեծցաւ, որ պիտի կրնայի այդ սեղանին տակը մտնել նոյնիսկ: Այլեւս ձայնս ալ չէր ելլեր: Չէի կրնար փախիլ, ամչցայ, կարմրեցայ… Կարմրեցայ: Յետոյ պարոն Սերովեան ժպտաց, ես ալ ժպտացի: Լալիք վիճակ ունէի, բայց ժպտացի Սերովբեանի հետ: Այդ պահուն կը խորհէի, թէ շատ անբաւարար եմ եւ շաբաթ մը դժուար թէ տոկամ:
Երեքշաբթի առաւօտ ոտքերս ետ-ետ կ՛երթային: Ամչցայ տգիտութենէս:
Այդ օր, պարոն Կոպելեանի հետ ծանօթացայ եւ յաջորդ օր Յակոբ Այվազի, ապա Անթայրի (Վարուժան Քէօսէեանի. գրչանունն էր Անթայր): Բոլորն ալ վաստակաւոր վարպետներ էին, իսկ ես անփորձ մը իրենց մէջ:
Հազիւ շաբաթ մըն էր, կամ թերեւս տասը օր անցած էր: Պարոն Սերովբեան եւ պարոն Կոպելեան իրենց համակարգիչի առջեւ բաներ մը կը գրեն, իսկ ես իմ սեղանի վրայ չեմ յիշեր ինչ է, բայց բանով մը կը զբաղիմ: Յանկարծ պարոն Այվազը ներս մտաւ: Յետոյ հաճելի զրոյց մը ծայր առաւ: Խինդ ու ծիծաղ: Կը խօսին, կը պատմեն, կը քրքջան իրենց ձայնը սենեակէն դուրս կը հասնի: Ի վերջոյ պարոն Հրանդ այդ ձայները լսելով սենեակ եկաւ: Ան ալ մասնակցեցաւ այդ հաճելի զրոյցին: Այվազը կը պատմէ, անոր խօսքը կու գայ ամբողջացնելու Կոպելեանը, յետոյ Սերովբեան բաներ մը կ՛ըսէ: Իսկ ես իրենց մէջ իրենց խօսքը լսելով կը քրքջամ: Երջանիկ պահ է: Սակայն յանկարծ կ՛ինքնամփոփուիմ: Կը տարուիմ ուրիշ խորհուրդներու: Սերովբեան 70ական տարիքներուն է, Կոպելեան 80ականներուն, Այվազ 90ականներուն, իսկ պարոն Հրանդ 50ականներ: Սա տարիք չէ այլ պատմութիւն, կը խորհիմ ներքուստ: Կը գիտակցիմ բան մը չգիտնալուս, բայց դուրսը ուրիշ աշխատանքներու մասին մտածելու փոխարէն՝ աւելի լաւ կը դատեմ այս պատմութեան մասնակից դառնալը: Կը խորհիմ, եթէ կեանքէս 40 տարիները իրենց հետ անցնեմ ես ալ կրնամ բաներ մը քաղել իրենցմէ: Այսպէս որոշեցի ներքին դրան, ներքին մղլակը ըլլալու: Խոստովանիմ որ ուրախ եմ այդ որոշումով: Ուրախ եմ ներքին դրան ներքին մղլակը դառնալով սորվածներէս:
2006ի առաջին ձիւնի փաթիլը, որ կը տեղար երկինքէն ես զայն դիմաւորեցի «Ակօս»ի խմբագրատան լուսամուտին առջեւ ձեռքս ունենալով թէյի տաք բաժակ մը: Դուրսը որքան, որ ցուրտ էր, ներսը նոյնքան տաք: Ես այդ տաքուկ մթնոլորտին մէջ ամէն օր նոր բաներ կը սորվէի: Ուրախ էի ապրածներովս: Ես ուրախ էի, բայց պարոն Սերովբեան երբեմն ալ մազերը փետտելու աստիճան կը ձանձրանար իմ սխալներէն: Երբեմն կը պատահէր պահեր, երբ Սերովբեան գլուխը երկու ձեռքերուն մէջ առած այնքան խորունկ «ա՛խ» կը բացագանչէր, որ ես ամօթահար փախելիք տեղ կը փնտռէի: Յետոյ կամացուկ մը բաժակ մը թէյ կը մատուցէի իրեն ու բարկութիւնը կ՛անցնէր:
Երբեմն ալ պարոն Հրանդ սենեակը կը մտնէր եւ լուսամուտին առջեւ կանգնած անձայն դուրսը կը դիտէր: Կը պատահէր, որ այն պահուն անկապակից բաներ մը հարցնէր: Հետզհետէ ճանչցած էի զինք: Կը գուշակեմ, թէ միտքին մէջ բազում խնդիր կայ այդ պահուն: Պարոն Հրանդ բան մը կը հարցնէր, պարոն Սերովբեան պատասխան կու տար եւ ապա երկար երկար կը վիճաբանէին: Յետոյ պարոն Հրանդ իր սենեակը կ՛ուղղուէր նրբանցքէն անցած պահուն ալ «Աննա՛» կը գոռար: Աննա մայրիկը այդ ձայնը լսելով արդէն բաժակ մը թէյը լեցուցած կ՛ուղղուէր դէպի խմբագրապետին սենեակը:
Ժողովրդական երգեր կը մռմռար երբեմն: Երգեր՝ որոնք նախապէս երբեք չէի լսած:
Ուրբաթ օրերը մեր ժողովի օրերն էին: Թերթը տպագրութեան յանձնելէ անմիջապէս վերջ կը սկսէինք յաջորդ համարի պատրաստութեան: Պարոն Հրանդ իր սենեակը նստած է այդ ժողովներուն ընթացքին: Ձախ թեւի կողքին հեռուստացոյց մը կայ, որուն ձայնը հազիւ լսելի է: Իր սեղանին դիմաց գտնուող երկու բազկաթոռներուն նստած կ՛ըլլային պարոն Սերովբեան եւ պարոն Կոպելեան: Մենք շարուած ենք դիմացի աթոռներուն վրայ: Կը ներկայացնէր յաջորդ համարի ծրագիրը: Պարտականութիւններ կը բաշխէր իւրաքանչիւրիս: Ով ուր պիտի երթայ, ով ինչ պիտի պրպտէ այդ սեղանին վրայ կ՛որոշուէր: Իսկական ուսուցիչ մըն էր պարոն Հրանդ. ես իր մօտ նկատած եմ մտքի ճկունութիւնը, վերլուծելու կարողութիւնը եւ լրագրողութեան ասպարէզի պահանջած բարոյական կեցուածքը: Ինք յօդուած կը գրէր ու ապա մեզի դիմելով կարծիքներ կը հարցնէր: Այդ կարծիքներով կ՛որոշէր, թէ գրած յօդուածը հրատարակէ, թէ ո՛չ: Երանի՜ թէ Աղաւնու վախուորածութեան մասին գրած այդ յօդուածին համար «գրէ՛» ըսողներէն մէկը ես եղած չըլլայի: Այդ պատասխանատուութիւնը մինչեւ օրս կը յուզէ զիս:
Կը կարօտնամ: Սպիտակ շապիկովը լուսամուտի առջեւէն փողոցը դիտող պատկերը կը կարօտնամ: Սենեակիս մէջ ձայնը, ոգեւորուած ձեւով մէկու մը հետ հեռախօսով խօսիլը կը կարօտնամ: Գրպանի բոլոր մանրուքները հանելով փողոցէն անցնող բոկեղավաճառէն բոկեղ առնելու պատկերը կը կարօտնամ: Ապսպրած բոկեղներէն մէկուն կէսը պոկելով դէպի իր սենեակ ուղղուիլը կը կարօտնամ:
Ձմրան բուքին զարկին զինք: Ես մսեցայ:
Փամփուշտի տրաքումը տակաւին ականջիս մէջ կը հնչէ: Առաջին աղաղակները, առաջին վազվզոցը յաճախ կը կենդանանան աչքերուս առջեւ: Դռնէն դուրս ելայ եւ անծանօթներ զիս գրկեցին չարտօնեցին, որ մօտենամ անշունչ մարմնին: Մինչեւ օրս տակաւին կ՛ընդվզիմ ինչո՞ւ արգելք եղած էին, ինչո՞ւ չէին արտօնած, ինչո՞ւ թոյլ չէին տուած, որ ինկած տեղը ես ալ լամ անյագօրէն:
Ձմրան բուքին մեր աղաղակը թնդաց փողոցին վրայ: Դեռ ոչ ոք լսած էր, ոչ ոք տեսած: Աղօթք կը մրմնջային շրթներս: Համեստ փոքրիկ աղօթք մը: «Աստուած իմ դուն օգնական եղիր»: Նստած եմ մուտքի դրան առջեւ ու կը խորհիմ, թէ այս լուրը ինչպէս պիտի փոխանցենք կնոջը, զաւակներուն…։ Ես՝ ներքին դրան, ներքին մղլակը: Միայն աղօթեցի: Միայն այդ կու գար ձեռքէս: «Աստուած իմ դուն օգնական եղիր»…
Յետոյ արդէն եկան: Եկա՜ն ու եկան եւ շատ շատ եկան: Եւ անընդհատ եկան…
Աղմուկը եկաւ իրենց հետ: Ողբն ու կոծը: Ճիչն ու աղաղակը, ե՛ւ ընդվզումը ե՛ւ պոռթկումը ե՛ւ հայհոյանք ե՛ւ անէծք ե՛ւ բարկութիւն… Ձայները արձագանգեցին մայթին վրայ: Արիւնը լճացաւ, որքա՞ն շատ արիւն… Հոն էի, լաց եղայ:
Նստայ աստիճաններուն վրայ, լացողներուն ջուր տուի: Քոլոնիայի ջուր մատուցեցի: Պարոն Սերովբանին վերարկուն հասցուցի: Սերովբեանը չէր մսած, բայց սառած էր: Կարծես ուշքը գացած: Ախ՜ երանի մէյ մը լար: Այդ պահուն չլացաւ պարոն Սերովբեան: Բայց աւելի ետք ընդմիշտ լացաւ: Լացաւ ամէն անգամուն, երբ Հրանդը յիշեցինք:
Ահա անցաւ 11 տարիներ, բայց մնացին իմ երազանքը: Ո՞ւր մնաց 40 տարուան երազանքը: Ես այդ առաջին օրէն ուխտած էի, ամբողջ կեանքիս տեւողութեամբ ներքին դրան, ներքին մղլակը ըլլալ: Ո՞ւր է իմ այդ երազանքը…
Չկա՛յ պարոն Հրանդը, չկա՛յ Սերովբեանը, չկա՛յ Կոպելեանը, Այվազը, Վարուժանը…
Կարծես մուկն ու կատուի խաղին մէջ մնացած ըլլամ: Այն անկիւնէն միւս անկիւն շպրտուած պահուն մերած ձեւացնող մուկն եմ: Ձայն ալ չունիմ, տեսնելու կարողութիւն ալ: Միտքս ալ չ՛աշխատիր: Ձանձրացած եմ «այնպէս էր, այսպէս էր» պատմող խօսքերէն: Ափսոս՜ գացողին եւ ափսոս՛ այս խաղին մէջ դատապարտուածին…։
lusyenkopar81@hotmail.com