ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ ամիս, նախագահ Թրամփ երկու նոր մեծ սխալ աւելցուց երկրի արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան մէջ, ամբողջ տարուան մը ընթացքին գոյացած սխալ որոշումներու երկար ցանկին վրայ:
18 Դեկտեմբեր 2017ին, Միացեալ Նահանգներ վեթօ դրաւ ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդի այն որոշման դէմ, որ կոչ կ՛ընէր չեղեալ նկատել նախագահ Թրամփի՝ Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը այնտեղ տեղափոխելու յայտարարութիւնը: Անվտանգութեան խորհուրդի միւս բոլոր 14 անդամները, ներառեալ Մեծն Բրիտանիա եւ Ֆրանսա, կողմ քուէարկեցին բանաձեւին, որ իրաւացիօրէն կը պնդէր, թէ «Երուսաղէմի վերջնական կարգավիճակի հարցը պէտք է լուծուի բանակցութիւններու միջոցով»: Անիկա նաեւ կոչ կ՛ընէր բոլոր պետութիւններուն՝ ձեռնպահ մնալու իրենց դիւանագիտական առաքելութիւնները Երուսաղէմ տեղափոխելու գծով:
Երուսաղէմի կարգավիճակը բաւական վիճայարոյց եւ զգացական հարց է հրեաներուն, մահմետականներուն եւ քրիստոնեաներուն համար:
Իսրայէլ գրաւած էր Երուսաղէմի արեւելեան հատուածը՝ 1967ի արաբ-իսրայէլեան պատերազմին ընթացքին եւ զայն միացուցած էր իրեն՝ խախտելով միջազգային օրէնքը: Իսրայէլ Երուսաղէմը կը նկատէ իր «անբաժանելի եւ յաւերժական մայրաքաղաքը»: Միւս կողմէ, պաղեստինցիները Արեւելեան Երուսաղէմը կը նկատեն ապագայ Պաղեստին պետութեան մայրաքաղաքը:
ՄԱԿի քուէարկութենէն անմիջապէս ետք, Պաղեստինի ղեկավար Մահմուտ Ապպաս յայտարարեց, որ պիտի մերժէ տեսակցիլ փոխնախագահ Մայք Փենսի հետ, Միջին Արեւելք անոր յառաջիկայ այցելութեան ընթացքին: Աւելի ուշ, ուղեւորութիւնը յետաձգուեցաւ: Բազմաթիւ իսլամական երկիրներու մէջ հազարաւոր ցուցարարներ բողոքի ցոյցեր կատարեցին նախագահ Թրամփի՝ Երուսաղէմի վերաբերեալ որոշման դէմ: Պաղեստինի ղեկավարութիւնը յայտարարեց, որ ինք այլեւս չի ճանչնար Միացեալ Նահանգները՝ իբրեւ կռուող կողմերու միջեւ խաղաղութեան անաչառ միջնորդ:
Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին, ՄԱԿի Միջին Արեւելքի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Նիքոլայ Մլատենով զգուշացուց, որ նախագահ Թրամփի միակողմանի գործողութիւնը կը նուազեցնէ խաղաղութեան հնարաւորութիւնները՝ «խոչընդոտելով չափաւորները եւ ուժեղացնելով արմատականները»:
Նախագահ Թրամփ իր որոշումը արդարացուց՝ հիմք ընդունելով Քոնկրեսին կողմէ 1995ին ընդունուած օրէնքը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Երուսաղէմ տեղափոխելու մասին: Սակայն, այդ ժամանակէն սկսեալ Միացեալ Նահանգներու բոլոր նախագահները ազգային անվտանգութեան մտահոգութիւններէ մեկնած՝ վեց ամիս անգամ մը յետաձգած են տեղափոխումը: Անոնք չեն փափաքած վնաս հասցնել արաբ-իսրայէլեան խաղաղ բանակցութիւններուն եւ կամ բորբոքել արաբական եւ իսլամական աշխարհի կիրքերը:
Այն փաստը, որ Թրամփ իր նախընտրական քարոզչութեան ժամանակ խոստացած էր ամերիկեան դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրել, չի կրնար արդարացնել անոր վերջին որոշումը: Մէկ տարի առաջ ես գրած էի, որ Թրամփ անխոհեմ խոստում մը տուած էր, որուն կատարումը կրնար վտանգաւոր ըլլալ:
Միացեալ Նահանգներու համար հարցը աւելի խորացնելով՝ ՄԱԿի Գլխաւոր խորհուրդը, ուր Միացեալ Նահանգներ վեթոյի իրաւունք չունի, 21 Դեկտեմբեր 2017ին ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ բանաձեւ մը ընդունեց՝ Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցող նախագահ Թրամփի որոշումը «անվաւեր» յայտարարելով: Միացեալ Նահանգներու պէս գերտէրութեան մը համար շատ վիրաւորական է ունենալ դէմ քուէարկած 128 երկիր, միայն 8 թեր, 35 ձեռնպահ եւ 21 բացակայ երկիրներ: Այսպիսով, Թրամփ Միացեալ Նահանգները ծիծաղի առարկայ դարձուց ամբողջ աշխարհի առջեւ, մանաւանդ որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի աջակցեցան միայն անծանօթ եւ փոքր երկիրներ, ինչպէս՝ Թոկօ, Միքրոնեզիա, Մարշալեան կղզիներ, Նաուրու եւ Փալաու:
Ընդհակառակն, ՄԱԿի Գլխաւոր խորհուրդին մէջ շատ մեծ երկիրներ դէմ քուէարկեցին Նահանգներու, օրինակ՝ Ֆրանսա, Մեծն Բրիտանիա, Գերմանիա, Պելճիքա, Դանիա, Ֆինլանտա, Յունաստան, Թուրքիա, Իտալիա, Ճափոն, Հոլանտա, Նորվեկիա, Փորթուկալ, Հարաւային Քորէա, Սինկափուր, Հարաւային Ափրիկէ, Սպանիա, Շուէտ եւ տասնեակ այլ երկիրներ:
Կարծես թէ այս ծանր կացութիւնը քիչ էր, նախագահ Թրամփ եւ ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Նիքի Հէյլի հպարտօրէն յայտարարեցին, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի դադրեցնէ իր կողմէ տրամադրուող օգնութիւնը այն երկիրներուն, որոնք իրեն դէմ քուէարկեցին: Ասիկա ծիծաղելի յայտարարութիւն է, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ չի պատրաստուիր իր օգնութիւնը դադրեցնելու այս 128 պետութիւններէն գոնէ մեծ մասին ուղղուած: Աւելին, երբ Միացեալ Նահանգներու նման հզօր պետութիւն մը կը տրամադրէ արտաքին օգնութիւն, այդ կ՛ընէ մեկնած իր սեփական շահերէն: Դադրեցնելով օգնութիւնը՝ Միացեալ Նահանգներ վտանգի տակ կը դնէ իր ազգային շահերը: Ամերիկեան օգնութեան տրամադրումը չի նշանակեր, որ Միացեալ Նահանգներ ինքնաբերաբար կը գնէ այլ երկրի մը անկախ իրաւունքը այն մասին, թէ ինչպէ՞ս պէտք է քուէարկէ ՄԱԿի մէջ կամ կը փորձէ ստիպել տուեալ երկրին՝ հնազանդիլ իրեն:
Ինչ կը վերաբերի Երուսաղէմի հարցին՝ հայկական մամուլին մէջ շատ քննարկումներ եղան Հայաստանի՝ ՄԱԿի մէջ 21 Դեկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու դէմ կատարած քուէարկութեան նպատակայարմարութեան մասին: Մտավախութիւն կար, որ Հայաստան Միացեալ Նահանգներէն պիտի չստանայ արտաքին օգնութիւն եւ Իսրայէլի կողմէ պիտի դիտուի իբրեւ թշնամի:
Իմ կարծիքով՝ այս երկու տեսակէտները հիմնաւորուած չեն: Համոզուած եմ, որ Քոնկրեսին մէջ Հայաստանի կողմնակիցներու մեծ մասը պիտի վերահաստատէ օգնութիւնը՝ ընդդէմ Սպիտակ տան ցանկութեան, եթէ, անհաւանականօրէն, Թրամփ իրականացնէ իր սպառնալիքը:
Ինչ կը վերաբերի Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններուն, ապա Հայաստան ոչ մէկ վտանգ պիտի դիմագրաւէ, քանի որ Իսրայէլ ցարդ բարեկամաբար տրամադրուած չէ Հայաստանի նկատմամբ: Իսրայէլ դեսպանատուն չունի Երեւանի մէջ, կը մերժէ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ միլիառաւոր տոլար արժողութեամբ մահացու զէնքեր կը վաճառէ Ատրպէյճանին՝ հայեր սպաննելու համար: Նոյնիսկ Ատրպէյճան, հակառակ Իսրայէլի հետ իր ջերմ յարաբերութիւններուն, դէմ կը քուէարկէ Ամերիկայի որոշումին: Աւելորդ է ըսել, որ Թուրքիա նոյնպէս դէմ քուէարկած է այդ որոշումին:
Բացի այդ, ՄԱԿի մէջ քուէարկութենէ ձեռնպահ մնալը կամ բացակայ ըլլալը անկէ՝ Հայաստանը պիտի մեկուսացնէր աշխարհի մնացեալ պետութիւններէն, արաբական եւ իսլամական երկիրներու հայ համայնքներէն եւ պիտի հակասէր Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի ցանկութեան. հայոց հոգեւոր իշխանութիւնը դատապարտած էր Միացեալ Նահանգներու որոշումը:
Վերջապէս, Իսրայէլի ղեկավարները պէտք չէ ողջունեն Երուսաղէմի վերաբերեալ Թրամփի որոշումը, քանի որ այդ մէկը չի բխիր Իսրայէլի շահերէն՝ թշնամանալ մնացեալ աշխարհին հետ եւ մեկուսացնել ինքզինք: Իսրայէլ պէտք է դէպի իր կողմ թեքէ այլ երկիրներ, յատկապէս պաղեստինցիները՝ բանակցութիւններու միջոցով հասնելով հարցի խաղաղ կարգաւորման, այլ ոչ թէ ուժի կիրառման կամ բռնութեան ճամբով…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ