ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Երկնքի բիւրաւոր աստղերու գումարէն մէկ թիւ ալ պակսեցաւ 2017 տարուան ասուպային անցումով, որ սահեցաւ, ինկաւ ու շիջեցաւ անջրպետի անծայրածիր եւ անյագ անդունդին մէջ, պատմութեան գերեզմանի անտակ փոսին խորը յաւիտենապէս թաղուելու համար:
Տարիներու ասուպային անցքը յաճախ չենք ուզեր նկատել, մեր կեանքին արագավազ ընթացքը չնկատելու համար: Իւրաքանչիւր տարի մէկ ակնթարթ համարելով, ճիգ ու ջանք չենք խնայեր իրագործումներով հարստացնելու զանոնք, անմահութեան մեր ներքին ձգտումին անգիտակցաբար յագուրդ տալու համար:
2018 տարին դիմաւորելու նախօրեակին, բոլորս ալ կը զգանք, որ աշխարհի մէջ ինչպիսի փոփոխութիւններու ականատեսը եղեր ենք անցեալ՝ 2017 թուականին: Փոփոխութիւններ, որոնք կամաւ թէ ակամայ իրենց ազդեցութեան ներքեւ պահեցին մեզ, եւ իրենց աշխարհացունց ուժգնութեամբ մտահոգեցին ազգեր, պետութիւններ, մեծ ու փոքր կազմակերպութիւններ, միութիւններ, ընտանիքներ, մէկ խօսքով՝ համայն մարդկութիւնը, իր բոլոր խաւերով ու շերտերով:
Վերապրումի հանդէպ մեր հաւատքը, յոյսը եւ յատկապէս կամքը սակայն, Երկնաւորէն մեզի պարգեւուած իւրայատուկ այն շնորհքներէն են, որոնք վերստին կեանքին դառնալու առիթ կու տան եւ կը քաջալերեն՝ նորովի սկսելու անցեալ տարուան ընթացքին մեր կիսատ թողած գործերը: Գաղտնիք չէ՛, որ աշխարհի վրայ չէ՛ եղած մարդ մը, որ իր գործը ամբողջութեամբ աւարտած ըլլայ, նախքան հրաժեշտ տալը այս կեանքին: Ուրեմն, անիմաստ է մտածել, թէ բացուող տարուան ընթացքին մենք կը յաջողինք ամբողջութեամբ իրենց լրումին հասցնել մեր բոլոր գործերը:
Մեր ազգը, եկեղեցին ու հայրենիքը նուիրական երեք սրբութիւններ են, որոնց գործը, տուեալ ժամանակին մէջ սկսող եւ յաւիտենապէս շարունակելի աշխատանք կ՛ենթադրեն: Բոլոր ժամանակներուն ալ, մեր ազգի ծոցէն կը ծնին անձեր, որոնք նուիրումի բարձր գիտակցութեամբ յանձնառու կ՛ըլլան մեր ազգի, եկեղեցւոյ եւ հայրենիքի ծառայական գործը յառաջ տանելու, անոր շարունակութիւնը վստահելով յաջորդ սերունդներուն:
Ներկայ կեանքի արհեստագիտական արագ վազքը, բազմազան հիւանդութիւններու բերումով մարդկային կեանքի տարիներու նուազումն ու ամփոփումը, առաւել եւս խտացուցեր են մարդ էակի աշխատանքային օրակարգը, բացայայտ հեւքի մատնելով մեր առօրեան: Այսպէս, եօթ վայրկեանի ընթացքին մեր ընելիք գործը կ՛ուզենք աւարտել եօթ երկվայրկեանի մէջ… եօթ ժամուանը՝ եօթ վայրկեանի, եօթ օրուանը՝ եօթ ժամի, եօթ ամսուանը՝ եօթ շաբթուան, եօթ տարուանը՝ եօթ ամսուան, իսկ եօթանասուն տարուանը՝ տասնեւեօթ տարուայ մէջ… Ահա աշխատանքային կեանքի մէկ նոր ըմբռնում, որ արդիւնք է թաւալող տարիներու ասուպային անհետացման բնոյթին եւ մեր կեանքի ահեղավազութեան: Անտարակոյս, մեր սիրտին մէջ ունինք վախ՝ որ մեր գործը կիսատ պիտի մնայ, որովհետեւ անմահութիւնը միայն երկնքի մէջ ըմբոշխնելու փափաքէն զատ, միշտ ցանկութիւն ունինք նաեւ երկրի վրայ վայելել զայն, հաւատալով, որ մեր գործը սկիզբն է սեփական անմահութեան…։
Անցած 2017 տարին, ա՛լ պիտի չփայլի իբրեւ թիւ մարդկութեան կեանքի երկնակամարին վրայ: Անիկա իր յուշերով եւ յիշատակներով պիտի մնայ մեր յիշողութեան մէջ: Աշխարհի տարածքին, ինչպէս նաեւ մերազնեայ կեանքի հարթակին վրայ տեղի ունեցած բոլոր դէպքերը, դրական եւ բացասական իրենց գոյներով արձանագրուեցան իբրեւ գործունէութիւն, որոնք իրենց անխուսափելի հետքը պիտի թողուն յաջորդ՝ 2018 տարուան օրացոյցի մութ ու լոյս էջերուն վրայ: Այս իմաստով, փակուող իւրաքանչիւր տարի մարտահրաւէր կը կարդայ բացուող տարուան, շարունակականութեան անվերջանալի էջերը դարձնելով մեր հոգիներուն մէջ կախուած նկարազարդ օրացոյցին: Գունաւոր այս նկարներուն իրարու ագուցուած տեսաշարը պիտի տեւէ մինչեւ մեր կեանքին վերջին օրը, երբ այլեւս օրացոյցի էջերը թերթատող պիտի չըլլայ եւ անիկա անթարթ պիտի մնայ մեր վերջին օրուան էջին վրայ:
Մարդկութեան ցեղի շարունակականութեան երաշխիքն է նոր սերունդը: Ինչքա՜ն մարդիկ եկեր են ու անցեր այս աշխարհէն: Եթէ անցածներուն գումարը չունինք, հապա ինչպէ՞ս կրնանք գալիքներուն ճշգրիտ գումարը ունենալ մեր ծոցատետրին մէջ…։ Տարիներու նման, մարդիկ ալ մէկական ասուպ են, որոնք յանկարծ կ՛իյնան երկնակամարէն, եւ կը քնանան մահուան խոր անդունդին մէջ: Ոմանք մինչեւ իսկ իրենց անցքին ընթացքին գիսաւոր լուսափայլութեամբ կը շողան երկնակամարին վրայ, բոլորին հայեացքը գրաւելով, մինչ ուրիշներ աղօտ լոյսով, աննկատ կ՛անցնին ու կը հեռանան այս կեանքէն…։
Անցեալ 2017 տարուան ընթացքին մեր ազգի կեանքէն հեռացան գիսաւոր աստղեր, իսկ գործունէական առումով՝ կատարուեցան հետք ձգող աշխատանքներ: Պայման չէ՛ որ մարդիկ հանգամանաւոր ըլլան մեծարուելու համար: Երբեմն իր ընտանիքը դաստիարակած հայր կամ մայր մը՝ խոնարհ հերոս է, ինչպէս հայրենիքի սահմաններուն վրայ նահատակուող պարզ զինուորը, որուն սահմաններ պաշտպանելու գործը եւ նահատակութեամբ ունեցած աւարտը համազօր է գնդապետի կատարած սխրալի արշաւանքին: Ասուպի նման սահեցան անոնք, սակայն չկորսուեցան անորոշութեան մառախուղին մէջ: Մէգը որքան ալ ծածկէ մեր ֆիզիքական աչքերուն տեսողութիւնը, չի՛ կրնար մթագնել մեր իմացական աչքերը, որոնք մարդէն աւելի՝ գործի՛ն կը նային, տեսնելու այն աշխատանքը, զոր մարդ կրնայ կատարել նոյնիսկ քուլիսներու ետին պահուըտած, կամ հրապարակներու վրայ՝ ծպտուած:
Այս մարդոց եւ այս աշխատանքներուն անաչառ արժեւորումը պատմութիւնը ինք պիտի կատարէ հետագային: Սակայն, անոնց անձնական օրինակէն, սորվեցուցած դասէն եւ դէպքերու փորձառութենէն օգուտ քաղելու իմաստութիւնը յատուկ մարդոց տրուած շնորհք է, երկնատուր պարգեւ իբրեւ ընծայուած հեզ ընտրեալներու: Բայց ո՞ւր կրնանք հանդիպիլ անոնց, երբ արդէն չկան այս կեանքին մէջ: Անոնց կրնանք հանդիպիլ մեր եկեղեցւոյ եւ ազգային բոլոր կառոյցներուն մէջ: Անոնք մեր պատմութեան նորօրեայ հերոսներն են, անոնց շունչով կը շնչաւորենք մեր պատմութեան էջերուն արձանացած հերոսները: Բոլոր ժամանակներէ աւելի այսօ՛ր կարիք ունինք համախմբուելու մեր ազգային արժէքներուն շուրջ, երբ աշխարհի մէջ տիրող դժուարին կացութիւնները մեզի ցանուցրիւ ընելու ամէն հնարաւորութիւն եւ ոյժ ունին: Անոնք չեն խնայեր նոյնիսկ ամենակազմակերպ գաղութներուն եւ թուլցնելով անոնց արմատները, կը տապալեն դարաւոր կաղնիները:
Ուստի, վերազարթնող գաղութներուն տանք արժանի նեցուկը, յուսադրելով յատկապէս մեր երիտասարդութիւնը, որուն սիրտի այժմէական բաբախումը եւ միտքի արդիական հաշուարկը լիովին կրնան վերանորոգել մեր ազգին եւ եկեղեցւոյ կեանքը տեղական մակարդակի վրայ, իր բոլոր երեսներով եւ արտայայտութիւններով:
Դրական գործունէութիւնը ո՛չ միայն տուեալ տարուան ժամանակը երկարաձգելու հնարաւորութիւն կը ստեղծէ, այլեւ այդ տարուան աւարտէն ետք, անոր մասին երկարօրէն խօսելու ուրախալի առիթ կը հանդիսանայ:
Այո՛, ասուպ մըն ալ սահեցաւ երկնակամարէն, բայց մենք ողջունենք նոր աստղի մը՝ 2018 թուականի ծնունդը, այն յոյսով, որ աստուածապարգեւ մեր առաքինութիւններով եւ մեր անսակարկ գործունէութեամբ առաւել եւս պիտի փայլեցնենք զայն, եւ նոյնիսկ յաջորդ տարի, անոր անցքի պահուն, առաւել գիսաւոր եւ առաւել լուսաշող դարձուցած պիտի ուղարկենք զայն դէպի յաւիտենութիւն, անմահացնող մեր գործերով ծանրաբեռն: