Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

«Նիքսըն Ջան, Աստուած Հոգիդ Լուսաւորէ…»

$
0
0

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ամերիկեան ու յարակից քաղաքական աւազաններուն մէջ մերթ ընդ մերթ քարեր կը նետուին, որոնք առաւելաբար քարոզչական եւ քաղաքական անհետեւանք փոթորիկներ կը ստեղծեն։
Արձանագրենք քանի մը անուն, եւ յայտնի կ՛ըլլայ, թէ ինչպիսի՛ փոթորիկներու մասին է մեր խօսքը։ Էտուըրտ Սնոտըն, Պրետլի Մենինկ, Ուիլիըմ Ասանժ։ Ասոնք նոր ժամանակներուն փոթորկայոյզ անուններն են. եթէ քիչ մը ետ երթանք, ցանկին վրայ կ՛աւելնան բազմաթիւ ուրիշներ, ինչպէս՝ Տենիէլ Էլսպըրկ եւ Մարք Ֆելթ, իսկ կարկինը տարածելով, կը հասնինք նաեւ իսրայելացի Վանունուին։
Այս ու նման անուններ ունին հասարակ յայտարար մը. բոլորը կը կրեն «մատնիչ-դաւաճան» կամ «գաղտնիքներ բացայայտող» անուանումը, նայած՝ թէ ո՞վ է որակաւորողը։ Այս ու նման մարդիկ մեծ մասամբ մաս կազմած են պետական կամ անուանի-ազդու համակարգի մը, պաշտօնավարած են որոշ ժամանակ, յետոյ, նկատած են, որ այդ համակարգին կամ պետական որոշ շրջանակի մը մէջ անուղղայ բաներ կը կատարուին, դադրած են հանդուրժող ըլլալէ եւ յանդգնած են բացայայտելու խաղքութիւնները։ Անմիջական հակազդեցութիւնները միշտ ալ երկու գիծի վրայ եղած են. բացայայտուող կողմը՝ պետական թէ այլ համակարգի, սուր կերպով քննադատած է կատարուած դաւաճանութիւնը, որ յաճախ պետական գաղտնիքներու հրապարակման ծառայած է, իսկ արդարութեան, ժողովդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ նման արժէքներու հետամտողներ արդարացուցած են նման «դաւաճանութիւններ», ըսելով, որ անարդարութիւնը, սխալ գործելակերպը չի կրնար արդարացում գտնել, մինչեւ իսկ եթէ զայն կատարողը ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան յաւակնորդ պետութիւն մըն է։
Այսպիսիներու՝ անգլերէնով կու տան «սուլիչ փչող»՝ «whistle blower» անուանումը։ (Հետաքրքրուողներուն կրնանք յանձնարարել «whistle blowers» բառերով որոնում կատարել, օրինակի համար, համակարգչային «Ուիքիփետիա» համայնագիտարանին մէջ, ուր պիտի գտնեն համբաւաւոր կամ նուազ համբաւաւոր աւելի քան 100 անուն-պարագայ, արձանագրուած 60ական տարիներէն ասդին)։ Էտուըրտ Սնոտըն ցանկին նորագոյնն է, որ Մայիսի վերջերուն, անգլիական մամուլին հաղորդեց, որ ամերիկեան պետական սպասարկութիւնները, այսինքն՝ նոյնինքն իշխանութիւնները գաղտնօրէն կը կիրարկեն լրտեսական դրութիւն մը, որուն ցանցին մէջ են ամերիկացի թէ օտար պետական պատասխանատուներ, կասկածելիներ, հասարակ մահկանացուներ, մէկ խօսքով, ոեւէ մարդ արարած, որ ունի համացանցի կամ հեռաձայնի նման միջոցներով հաղորդակցելու սարքեր։ Ազգային Անվտանգութեան Գործակալութեան վերահսկողութեամբ կազմակերպուած լրտեսութիւնը իր «հովանին» տարածած է մինչեւ իսկ Միացեալ Նահանգներու կարգ մը գործակից-դաշնակիցներուն վրայ, ինչպէս՝ «20 հսկաներ»ը, ճարտարարուեստի ու առեւտուրի աշխարի հզօր երկիրները, որոնք պարբերաբար գերաստիճաններ կը գումարեն եւ մասնակցողները վստահաբար չեն կրնար գտնուիլ վտանգաւոր ահաբեկիչներու ցանկերուն վրայ… Մեկնաբան մը կ՛ըսէր, որ այս բացայայտումը ցոյց կու տայ, թէ կ՛ապրինք Օրուելեան մթնոլորտէն աւելի վատ վիճակի մը մէջ, որեւէ անհատ ենթակայ է գաղտնի հետապնդումի, անհատի ու հաղորդակցութեան ազատութեան մենաշնորհները կորսուած են միանգամընդմիշտ, եւ… մարդիկ տեղեակ չեն։ (Անգլիացի գրող Ճորճ Օրուէլ, յետ-աշխարհամարտեան տարիներուն իր հրատարակած «1984» վէպին մէջ ահազանգ հնչեցուցած էր պետական նմանօրինակ տիրակալութեան մը մասին. հոն, բռնատիրական իշխանութիւն մը մշտական հսկողութեան տակ կը պահէ իր հպատակները, հակակշիռ պարտադրելով մինչեւ իսկ անոնց մտածումներուն վրայ…):
Նման բանավէճեր ծագեցան մօտիկ անցեալին, 2010էն սկսեալ, երբ Ուիլիըմ Ասանժի «Ուիքիլիս»ը ձեռք բերաւ ամերիկեան գաղտնի տեղեկագիրներ՝ հիմնականին մէջ Իրաքի ու Աֆղանիստանի մէջ տեղի ունեցող զինուորական գործողութիւններու մասին, որոնցմէ մաս մը ոճրային տարողութիւն ունէին։ Այդ փոթորիկը պայթեցնողն էր Պրետլի Մենինկ անունով զինուոր մը, որ յիշեալ գաղտնի տեղեկութիւնները փոխանցած էր «Ուիքիլիքս»ին։ Այսօր, եթէ Սնոտըն ձեւով մը ինքնամեկուսացուած է արեւելեան կողմն աշխարհի՝ Հոնկ Քոնկի մէջ, Ասանժ աւելի քան տարիէ մը ի վեր ինքզինք բանտարկած է Էքուատորի Լոնտոնեան դեսպանատան մէջ, անոր համար գլխագին ճշդած են Միացեալ Նահանգներ, Շուէտ եւ այլ դաշնակիցներ, իսկ Մենինկ դատավարութեան կ՛ենթարկուի քանի մը շաբաթէ ի վեր, զինուորական ատեանի մը կողմէ, պատասխաններէ աւելի նոր հարցականներ ստեղծելով նման դատավարութեան մը արդարացի կամ անարդար ըլլալուն մասին։
Եթէ յիշողութիւնները պրպտենք ու երթանք մինչեւ 70ական տարիները, Էլսպըրկի ու Ֆելթի անուններուն դիմաց ալ պիտի գտնենք «դաւաճան», «պետութեան վնասակար տարր» ու նման որակումներ։ Անոնց յանցանքը եղած է Վիեթնամի պատերազմին մասին գաղտնիքներու բացայայտումը, ինչպէս նաեւ նախագահ Ռիչըրտ Նիքսընը ի վերջոյ դատապարտեալի աթոռին նստեցնող ու նախագահական պաշտօնէն հեռացնող՝ Ուոթըրկէյթեան գաղտնիքներուն բացայայտումը։ Այսօր, շատ վէճ չկայ այլեւս, թէ 70ականներու «դաւաճանները» եւ պետութեան աչքին վտանգաւոր նկատուած բացայայտողները ընկալուած են իբրեւ լաւ գործ ընողներ, որովհետեւ ի վերջոյ տեսնուած է, որ պետական պատասխանատուներ թէ սպասարկութիւններ, նախարարութիւններ, անմեղ չէին, մասնակից եղած են ահաւոր արարքներու, որոնք չէին կրնար արդարացուիլ այդ օրերուն տրուած ամէնէն ուժեղ չքմեղանքով անգամ։
Բայց… տեսէք թէ ի՛նչ կը նշանակէ «ժամանակները փոխուած են» բացատրութիւնը։ Եթէ Նիքսըն մը ատենին դատապարտուեցաւ գաղտնօրէն, ապօրինի կերպով ունկնդրութիւն-արձանագրութիւն կատարած ըլլալուն համար, այսօր, շատ աւելի տարածուն լրտեսութիւն կատարողներ իրենց այդ արարքները հրապարակաւ կը պաշտպանեն, ըսելով, որ անիկա կատարած են ի շահ պետական շահերու, ազգային ապահովութեան եւ նման կարեւոր բաներու։
Ոչ մէկ կասկած, որ որեւէ պետութիւն եւ անոր ապահովութեան սպասարկութիւնները իրաւունք ունին նախազգուշական միջոցներ որդեգրելու, երկիրն ու ժողովուրդը պահպանելու մտասեւեռումով, սակայն երբ բացատրութիւնները ի յայտ կը բերեն, որ տեղ մը սուտը կը գերակշռէ իրաւը, հոն արդէն հիմնական հարց կը ծագի։
Սնոտընի բացայայտումները եւս, ինչպէս Մենինկի ու «Ուիքիլիքս»ի հրապարակումները, մարդոց անդրադառնալ տուին, որ «ժամանակները փոխուած են» այն առումով, որ հիմա, իշխանութիւններուն ու անոնց գործակիցներուն արարքները կը հիմնուին… նոր մշակուած օրէքներու վրայ։ Այդ օրէնքները մշակուած են՝ մեկնակէտ ունենալով Նիւ Եորքի ու Փենթակոնի վրայ շուրջ 12 տարի առաջ կատարուած ահաբեկչական ծանօթ արարքները, սակայն տեղ մը չափազանցեալ գաղտնապահութեամբ պարուրուած այդ օրէնսդրութիւնները ցնցիչ են. խորհրդարանի անդամ մը իր պաշտօնակիցները կը քննադատէր վերջերս, հարց տալով, որ անոնք արդեօք ծանօ՞թ էին քուէարկութեան ներկայացուած օրէնքներուն բովանդակութեան, թէ մեծ մասամբ կոյր զկուրեան իրենց քուէն տուած են, առանց իսկ հետաքրքրուելու բովանդակութեամբ (եւ այս մարդիկը յորջորջուած են ժողովուրդի ներկայացուցիչներ…)։ Ոչ արհամարհելի կէտ մըն ալ այն է, որ լրտեսական նման գործառնութիւններ վստահուած են սեփական մարզի ընկերութիւններու, որոնք կը ֆինանսաւորուին պետական գանձանակէ, այսինքն՝ շահատուրք վճարողներուս գրպանէն…
Հարց կը ծագի, թէ այսօրուան չափանիշներով, Ռիչըրտ Նիքսըն արդեօք սրբակենցաղ նախագահ մը չէ՞ր, նկատի ունենալով «Ուոթըրկէյթ»ի գայթակղութեան տարողութիւնը եւ զայն բաղդատելով աշխարհատարած ու սահման չճանչցող՝ իշխանական գայթակղութեանց հետ։
…Թող ընթերցողս ներող ըլլայ, եթէ յիշատակեմ անպատշաճ մանրավէպ մը. կը պատմուի, որ գիւղի մը մէջ կար անբարոյ գող աւազակ մը, որ պատուհաս դարձած էր գիւղացիներուն. երբ ոճիր մը, յելուզակութիւն մը պատահէր, մարդիկ կասկած չէին ունենար, որ հեղինակը ո՛վ էր։ Ան չէր վարաներ մինչեւ անգամ մահացողներուն գերեզմանները փորել ու պատանգները գողնալ… Աւազակն ալ գիտէր, որ մարդիկ զզուանքով ու նողկանքով կը դիտեն զինք, սակայն նաեւ կը սարսափէին իրմէ։ Աւազակը ի վերջոյ կը ծերանայ եւ մահուան անկողին կ՛իյնայ, ի հաճութիւն գիւղացիներուն, որոնք ամէն օր կը սպասեն անոր մահը, որպէսզի ձերբազատին մարդկային այդ կեղտէն։ Աւազակը, գիտնալով իրեն հանդէպ մարդոց վանողականութիւնը, իր մօտ կը կանչէ զաւակը եւ կը պատուիրէ, որ իր մահէն ետք, մարդիկ «Աստուած ողորմի հոգիին» ըսեն իրեն համար։ Աւազակին մահէն ետք, մարդիկ խոր շունչ կը քաշեն եւ միայն անէծքներով, լուտանքներով կը յիշեն մեկնողը, անել վիճակի մատնելով կտակարար զաւակը։ Խեղճը ի վերջոյ հնարքի մը կը դիմէ։ Երբ գիւղին մէջ ատեն մը ետք ուրիշ մը կը մեռնի ու կը թաղուի, գիւղացիք անոր գերեզմանի տեսութեան երթալով՝ կը տեսնեն, որ ոչ միայն գերեզմանը փորուած է ու պատանգը տարուած, այլ դիակն ալ պղծուած է ցիցով մը։ «Աստուած հոգին լուսաւորէ, հանգուցեալը այսքան վատութիւն չէր ըներ», կը բացագանչեն սգաւորները։
Ի տես մերօրեայ գայթակղութիւններուն, մենք ալ իրաւուքն ունինք ըսելու. «Աստուած հոգիդ լուսաւորէ, Նիքսըն ջան…»։ Ու մեր կեանքը շարունակենք իբրեւ պարզ ու կրաւորական հանդիսատեսներ, ստեղծուած փոթորիկները ձգելով անհետեւանք, հետզհետէ աւելի՛ տրամադիր՝ ժողովրդավարութեան ու մարդկային ամէնէն տարրական իրաւուքներուն ոտնակոխման, եթէ անոնք կը կատարուին… օրէնքի անունով։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles