Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Հին Զինուորները Երբեք Չեն Մահանար

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

 

Image may be NSFW.
Clik here to view.
1104garosassouni
 «…Իր մահը դեռ անհաւատալի կը թուի ինծի: Ես զինք իր մահուան անկողնին մէջ տեսած ըլլալու տպաւորութիւնը երբեք չունեցայ: Երբեմն կը կորսընցնէր իր յիշողութիւնը, իսկ երբ մտքերը կը պայծառանային, կը սկսէր հեգնել ինքզինք դժուար քակուող յիշողութեան համար: Դիւցազնավէպին պարզուկ հերոսներուն պէս, ան մտաւ մեր յուզաշխարհէն ներս եւ հոն մնաց, ողջ եւ առողջ եւ մշտապէս կենդանի: Պատերազմի կրակներուն մէջէն ծնած խօսք մը կայ, որ ես յաճախ կը յիշեմ: Ծեր զինուորները երբեք չեն մեռնիր. անոնք պարզապէս կ՛անհետանան…եւ կ՛ապրի՛ն:

Հիմա յաճախ Պահրէյնէն ճամբայ ելլող թռիչքը զիս կը մխրճէ մեր հայրենի լեռնաշխարհը: Ան զիս կը բերէ Եփրատի եւ Տիգրիսի գետաբերանէն, կը հանէ վեր եւ մենք մեզ կը գտնենք հսկայ քարաժխորներու ամայութեանը մէջ: Ուրիշ անգամ Թեհրանէն ճամբայ ելլելով ես կը կտրեմ Ուրմիոյ Լիճը ու կը դիմեմ դէպի Արեւմուտք: Ի վերջոյ մենք պիտի հասնինք Բզնունեաց Ծով եւ ես պիտի վերագտնեմ անոր կապոյտ հրաշքը: Հեռուէն կարելի է ճանչնալ Սիփանը. կարելի է ճանչնալ Նեմրութի զանգուածը իր մօտակայ լճակով. երբեմն բախտաւոր կ՛ըլլաս եւ հեռուն, աջին, նոյնիսկ կը տեսնես Մասիսի գագաթները եւ աւելի մօտ՝ Թոնդուրեկը: Շուտով, ձախիդ, Հայկական Տաւրոսի ամենէն անառիկ հանգոյցին վրայ Սասնոյ ահարկու լեռներն են: Անոնք այնքան մօտն են պատուհանիդ եւ այնքան լուռ: Անոնցմէ մէկնումէկը երեւի Ծովասարը պիտի ըլլայ… Ես կը նմանիմ մանր ու անխօս ձուկին, որ ծուարած է արուեստական ձկնաւազանի ապակիներուն ետեւ եւ ապշանքով կը դիտէ իր շուրջի այս անիրական տիեզերքը: Շուտով Ծոփաց Աշխարհն ալ պիտի կտրենք, պիտի անցնինք Արածանին եւ Ծովքի փափուկ ջրաբաժակը և անկէ ետք վերջ կը գտնէ մեր երկիրը: Անկէ ետք, բերրի ու կանաչ դաշտերն են մինչեւ Միջերկրական:

Image may be NSFW.
Clik here to view.
1104garosasouni
Եւրոպայի օդային տարածութիւնը պիտի արթնցնէ զիս իմ թմբիրէս եւ ես վերստին պիտի դառնամ այս մոլորակի անազգ բնակչութեան գործօն մէկ շաղկապը: Շուտով Լոնտոնի օդակայանին ժխորն է, որ պիտի շրջապատէ զիս: Շուտով ես վերստին մտած պիտի ըլլամ սառն քաղաքակրթութեան մէջ: Ոչ ոք պիտի գիտնայ, թէ ես տեսայ մեր լեռները. ոչ ոք պիտի հասկնայ, թէ իմ աչքերս տեսան ծնընդավայրը:

Տարիներ շարունակ, ամպիոնէն մեզի խօսող ուսուցիչը իր աչքերուն մէջ պտըտցուց այս լեռնագագաթներուն առեղծուածը… Ո՛չ, իսկապէս մենք չենք գիտցած, թէ ինչպէս կրցած է ապրիլ ան:

 

«ԿԱՐՕ ՍԱՍՈՒՆԻ» (հատուած)

Լոնտոն, 1979


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles