Image may be NSFW.
Clik here to view.
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԳԱՆՁԱՍԱՐ»Ի
Նախորդ շաբթուան ամէնէն յատկանշական իրադարձութիւնը վերամուտն էր: Սուրիահայ բոլոր վարժարանները այս անգամ վերանորոգուած կառոյցներով բացին իրենց դռները Հալէպէն Քեսապ, Դամասկոս, Գամիշլի, Լաթաքիա թէ այլուր:
Յատկանշական էր մանաւանդ բացումը Նոր Գիւղի միակ հայկական վարժարանին՝ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին, որ միայն կրթական տեսանկիւնէ չէ՛ որ իմաստալից ու ներշնչող էր, այլ պատերազմի թոհուբոհէն ետք կրկին պայծառացած, կ՛աւետէր վերանորոգումի պատգամը, որ շատ աւելի կարեւոր ու իմաստալից էր:
Նոյն այս տարածքին մէջ, 70 տարի առաջ որբանոց հիմնուեցաւ, սակայն հաւատք ու տեսլական ունեցող ազգայիններ այդ որբանոցը փոխարինեցին լոյսի օճախով ու դպրոց հիմնեցին: Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի հիմնադիրները հաւատք ունէին հայ դպրոցի առաքելութեան հանդէպ ու այդ հաւատքը գործի վերածեցին՝ հակառակ բազում դժուարութիւններու:
70 տարի անց, Ճեմարանը անգամ մըն ալ թօթափեց պատերազմի աւերներն ու վերանորոգումի առաջին փուլը յաջողութեամբ պսակեց:
Այո՛, առաջին, որովհետեւ վերանորոգումը կառոյցի, շէնքի նորոգութեամբ չի սահմանափակուիր: Այս տեսակի նորոգութիւնը արտաքին է միայն, մեր յառաջընթացին խթանը չի կրնար հանդիսանալ: Վերանորոգումի ամենակարեւոր քայլը ինքնաքննութիւնն ու ինքնանորոգութիւնն է՝ անհատական թէ հաւաքական մեր կեանքին մէջ:
Մեր գոյութեան արմատներուն կառչած մնալու, յառաջանալու, կենսունակ դառնալու համար, անհրաժեշտ է որ նորոգուինք ու նորոգենք մեր կեանքը, ձերբազատուինք ժամանակավրէպ գործելակերպէ, կաղապարուած միտքերէ ու դառնանք ստեղծագործ, նորարար ու ժամանակակից:
Մեր վարժարաններուն թիրախը հայ աշակերտն է, որ ենթակայ է իր միջավայրի ազդեցութեան, անտարբերութեան հոսանքին. հայ դպրոցն է, որ զերծ պիտի պահէ զինք այդ ազդեցութենէն ու կերտէ վերանորոգուած մարդը՝ անոր մատղաշ հոգիին մէջ ուսման ձգտումը բոցավառելով, հաւատք սերմանելով իր ազգին, իր լեզուին ու իր մշակոյթին հանդէպ եւ վերջապէս մղելով, որ ան ազատ զարգանայ՝ առանց կասեցնելու անոր թռիչքը ժամանակավրէպ կաշկանդումներով:
Վերանորոգման ձգտումը բնական երեւոյթ է, բայց այդ ձգտումը խթանելու համար գործի պէտք է լծուին մեր կրթական մշակները, մեր դաստիարակները, մեր տնօրէնները՝ նոր աշխատելաոճ որդեգրելով, ատակ մարդոյժ ներգրաւելով, բայց մանաւանդ ինքնաքննադատութեան առողջ մթնոլորտ ստեղծելով մեր միջավայրին մէջ, որովհետեւ առանց ինքնաքննադատութեան ու անոր յաջորդող վերանորոգուած աշխոյժ աշխատանքին, ներկայ մեր խանդավառութիւնը աստիճանաբար խամրելու վտանգին կրնայ ենթարկուիլ:
Մաղթենք, ուրեմն, որ վերամուտի խանդավառութիւնը համակէ մեր սիրտերը, ապա նաեւ կեանքի վերածուի կշռութաւոր այնպիսի աշխատանքներով ու ծրագիրներով, որոնք հարազատ թարգմանը հանդիսանան մեր վերականգնումի ձգտումներուն ու վարակիչ դառնան մեր շրջապատին համար: