Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Մօ՞տ է Ատրպէյճանի գարունը

 

Image may be NSFW.
Clik here to view.
0000Nor Harach

 

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»Ի

Զարմանալի զուգադիպութիւն էր ֆրանսական հեռատեսիլի France 2 կայանի սփռած Cash investigation-ի «Նախագահիս Գործարարական Ճամբորդութիւնը» (Mon president en voyage d’affaires) յայտագիրի պատասխանատուին՝ Էլիզ Լիւսէի եւ լրագրողին՝ Լորան Ռիշարի դէմ՝ անուանարկութեան մեղադրանքով Ատրպէյճանի պետութեան յարուցած դատավարութիւնը Նանթերի դատարանին մէջ եւ արեւմտեան 11 լրատու միջոցներու կողմէ ատրպէյճանական «լուացքատան» յայտնաբերումը՝ կաշառակերութեան եւ արտասահմանի մէջ շքեղ կենցաղի ծախսերու յատկացուած 3 միլիառ տոլարի հասնող գումարի բաշխումին առնչուած:

Ատրպէյճանական իշխանութիւններու կաշառակերական գործարքներուն մասին բազմիցս խօսուած ու կրկնուած ամբաստանութիւնները, արեւմտեան մեծագոյն լրատու միջոցներու հետաքննական աշխատանքով մէկ անգամէն բացայայտուեցան: Ամբաստանութիւններ, որոնք մասնաւորապէս Հայաստանի իշխանութիւններու եւ Սփիւռքի պատասխանատուներու կողմէ կը բարձրացուէին, առանց լուրջ հակազդեցութեան: Այս բացայայտումներով կը յստականան մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումներու նկատմամբ Եւրոպայի խորհուրդին մեղկ հակազդեցութիւնները, Եւրոպայի մէջ Ատրպէյճանը իբրեւ կրօնական եւ ժողովրդական հանդուրժողութեան երկիր ցոյց տալու միտող քարոզչութեան նպատակը, Խոճալուի շինծու «ցեղասպանութեան» քարոզարշաւը, մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի Հունգարիոյ կողմէ Ատրպէյճանին յանձնումը եւ Ջուղայի խաչքարերու ջարդին նկատմամբ ԵՈՒՆԵՍՔՕի անպատասխանատու վերաբերումը…

Ատրպէյճանական իշխանութիւնը ամբաստանեց հայկական լոպին եւ Սորոսը հակաաատրպէյճանական քարոզարշաւ սարքելու մեղադրանքով: Հայկական լոպին բնական է, որ ամբաստանուի, որովհետեւ ինչ որ ատրպէյճանական իշխանութեան վարկին համար խանգարիչ է՝ միայն հայութեան մեղքը կրնայ ըլլալ: Սակայն կայ նաեւ Սորոսի դէմ ամբաստանութիւնը: Այս մէկը աւելի ծանրակշիռ ու յատկանշական թիրախ է, միջազգային համբաւ վայելող, տարադրամներու արժեզրկումը պարտադրող, տնտեսական հսկայական միջոցներու տէր գործիչ մը, որ «բաց ընկերութիւն»ներու համար արշաւներ կը մղէ: Ան ծանօթ է իբրեւ Ուքրանիոյ Նարնջագոյն յեղափոխութեան պաշտպան:

Հիմնական հարցում է, թէ ինչո՛ւ արեւմտեան տասնմէկ լրատու միջոցներ միասնաբար լծուեցան միլիառներու գործառնութեան ատրպէյճանական «լուացքատուն»ը յայտնաբերելու գործին: Յայտնաբերումները ցնցիչ են, գայթակղեցուցիչ, բայց երեւոյթը նորութիւն չէ:

Միջազգային դրամատիրական մեքենան միշտ ալ այսպէս աշխատած է: Արաբական աշխարհի բռնատէր միլիառատէրերը նոյն ձեւով կը բանեցնեն իրենց գործերը: Պաշտօնապէ՛ս տէրն են օֆշոր (անդծովեան-Խմբ.) բազմաթիւ ընկերութիւններու, որոնք պաշտօնապէ՛ս նուէրներ, պատուէրներ կու տան բազմաթիւ կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններու, ընկերութիւններու, առանց հետապնդուելու: Ատրպէյճանն ալ հետեւած է նոյն ճամբուն, սակայն ինչո՞ւ անիկա դարձաւ լրատու միջոցներու թիրախը եւ ոչ օրինակի համար Քաթարը կամ Սէուտական Արաբիան. պատճառը՝ կարելի է միայն ենթադրել: Այնքան ատեն որ չեն վտանգուած մեծ պետութիւններու շահերը, գայթակղութիւններ երեւան չեն գար: Բայց երբ ենթակայ պետութիւնը քաղաքական եւ ռազմավարական ուղղութիւն փոխէ, գայթակղալից կը դառնան անոր գործարքները: Ատրպէյճանի ռուսական թեքումը, Թուրքիոյ Ռուսիոյ հետ գործընկերութիւնը եւ բազմաթիւ այլ գործօններ, որոնք տակաւին լուսաբանումի կը կարօտին, կրնան բացատրել Արեւմուտքի աչքին Ատրպէյճանի դատապարտումը: Իսկ թէ ի՛նչ պիտի շահին Հայաստանն ու Արցախը այս առճակատումէն՝ կախեալ է հայկական կողմի քաղաքական հասունութենէն:

 

Ժ. Չ.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles