ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊ
Ժ.Չ.
«Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրով Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համագումարը պիտի կայանայ Սեպտեմբեր 18էն 20, միաժամանակ պիտի յայտարարուի Համազգային խորհուրդի կազմութիւնը: Համաժողովին խորագիրը արդէն կ՛արտայայտէ մեծ տագնապ մը, որ անկախութենէն ի վեր դամոկլեան սուրի նման կախուած է հայութեան գլխուն՝ իշխանութեան հանդէպ վստահութիւնը: Ինչպէ՞ս Սփիւռքը հաստատէ փոխադարձ վստահելի կապեր իշխանութեան հետ, որ չի վայելեր իր իսկ ժողովուրդին վստահութիւնը: Սփիւռքահայութիւնը անմասն չէ Հայաստանի ժողովուրդէն, կան ներթափանցումներ՝ երկիրը լքած հայաստանցիները մաս կը կազմեն սփիւռքահայութեան եւ փոխադարձաբար՝ Հայաստան հաստատուած սփիւռքահայեր:
Անկախութեան 26 տարիներուն ընթացքին տեղի ունեցած Հայաստան-Սփիւռք 5 համաժողովները յատկանշական արդիւնքներ չեն տուած: Յիշատակելի են՝ երկքաղաքացիութեան հաստատումը, սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումը եւ սփիւռքահայութեան՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւներուն Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ընձեռած նեցուկը:
Ամէնէն կարեւոր կառոյցը՝ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը ստեղծուած է 1992ին՝ նախքան Հայաստան-Սփիւռք համաժողովները. անիկա անկախութեան սկզբնական շրջանին հանդիսացաւ կարեւոր հաստատութիւն մը՝ նիւթապէս օժանդակելու հայրենիքին, որ կը դիմագրաւէր բազմաթիւ հարցեր՝ սովետական վարչակարգի փլուզումէն յառաջացած տնտեսական եւ ընկերային խնդիրները, երկրաշարժը եւ Ատրպէյճանի հետ պատերազմը: Անկէ ետք այդ նոյն հոգեբանութեամբ զարգացած են Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները՝ Սփիւռքէն նիւթական օժանդակութիւն՝ ազգասիրական զգացումները բաւարարելու դիմաց, կամ ալ տնտեսական ներդրումներու խրախուսում օլիկարխներու սեփականացուցած տնտեսական բնագաւառներէն դուրս:
Հայաստանի տնտեսական եւ քաղաքական զարգացումը անկախութեան 26 տարիներուն ընթացքին ապահոված են ծրագրային նպաստները եւ վարկերը օտար պետութիւններու, որոնք պայմանաւորած են օժանդակութիւնը օրէնսդրական եւ քաղաքական դաշտի բարեկարգումներով: Դժբախտաբար, Սփիւռքը դեր չէ ունեցած Հայաստանի պետական համակարգի զարգացման մէջ: Ընդհակառակն, անիկա հարկադրաբար նեցուկ կանգնած է իշխող համակարգին, որ անմտօրէն եւ ագահօրէն յափշտակած է երկրին հարստութիւնը եւ թշուառացուցած՝ ժողովուրդը, ի վնաս Հայաստանի անկախութեան եւ հզօրացման:
Համահայկական խորհուրդը պիտի ըլլայ 6րդ համագումարին խորհրդանշական ձեռքբերումը, որ սակայն, մինչ այժմ, բացի շահագրգիռ կողմերէն, գոնէ Սփիւռքի մէջ ոչ մէկ խանդավառութիւն ստեղծած է: Ֆրանսահայութիւնը ունի փորձը Ֆրանսայի սահմաններէն ներս համահայկական կառոյցի մը՝ Ֆրանսահայ ընկերակցութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) ստեղծման, որ կը տառապի ներկայացուցչականութեան պակասէ, տնտեսական յենակի բացակայութենէ: Անիկա փորձեց բարեկարգել ինքզինք ժողովրդավարական կառոյց մը ստեղծելու նպատակով. չյաջողեցաւ:
Դեռ յայտնի չէ, թէ ի՞նչ դերակատարութիւն պիտի ունենայ ապագայ Համահայկական խորհուրդը, որո՞նք պիտի ըլլան նպատակները, ինչպիսի՞ ներկայացուցչական կազմով: Դատելով մինչեւ այժմ կեանքի կոչուած Հայաստան-Սփիւռք կառոյցներու կազմութենէն եւ գործելաոճէն, եւ Հայաստանի մէջ տիրող ժողովրդավարական կարգերու պակասէն, Համահայկական խորհուրդն ալ պիտի ունենայ ձեւական իմաստ, գոնէ սկզբնական շրջանին, մինչեւ որ մտայնութիւնները, հոգեբանութիւնները յեղաշրջուին:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»