Բրիտանական հեղինակաւոր «Կարտիըն» (The Guardian) օրաթերթը նոր մանրամասնութիւններ հրապարակած է լրատուամիջոցներու կողմէ «Ատրպէյճանական լուացքատուն» կնքուած աղմկայարոյց գործին վերաբերեալ:
Ի՞նչ է «Ատրպէյճանական լուացքատունը»։ Կը պարզուի, որ Ատրպէյճանի վերնախաւը երկար ատենէ ի վեր իրականացուցած է ապօրինի ֆինանսական նախատիպ մը, որուն միջոցաւ ոչ միայն զբաղուած է դրամի լուացումով, այլ նաեւ իր ազդեցութիւնը աւելցնելու նպատակով մեծ գումարներ փոխանցած է ատրպէյճանական շահը յառաջ տանող լոպիստներու, ջատագովներու ու եւրոպացի քաղաքական գործիչներու:
2012-2014 թուականներուն ընթացքին փոխանցուած է 2.9 միլիառ տոլար, որ կը նշանակէ, թէ ամէն օր Ատրպէյճանէն միջին հաշուով 3 միլիոն տոլար փոխանցուած է: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած են աւելի քան 16,000 փոխանցումներ տարբեր արժոյթներով:
Թէեւ այդ գումարներու ծագման աղբիւրը միշտ չէ, որ պարզ է, սակայն յայտնի է, որ անոնք փոխանցուած են երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, նախարարութիւններու, ինչպէս նաեւ վերջերս սնանկութիւն յայտարարած Ատրպէյճանի միջազգային դրամատան հետ կապուած ընկերութիւններու կողմէ:
Կանխիկ գումարը փոխանցուած է բրիտանական 4 արտասահմանեան ընկերութիւններու (Hilux Services, Polux Management, Metastar Invest, LCM Alliance) միջոցով: Այնուհետեւ գումարը ծախսուած է տարբեր երկիրներու մէջ, որանց շարքին նաեւ Գերմանիոյ, Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ղազախստանի մէջ:
Ինչպէ՞ս կատարուած է այս գործը. արեւմուտքի ֆինանսական համակարգի գրագէտ օգտագործման միջոցով: Դանիոյ մեծագոյն դրամատունը՝ Danske-ը, վճարումները իրականացուցած է Էսթոնիոյ մէջ գտնուող փոքր մասնաճիւղի մը միջոցաւ, ինչը կասկածի առիթ չէ տուած: Բացի այդ, նախատիպի կազմակերպիչները օգտուած են Մեծն Բրիտանիոյ մէջ ընկերութիւններու գործունէութեան վերահսկման համակարգի թոյլ կողմերէն: Հետաքրքրական է, որ նախատիպին մէջ ներգրաւուած 4 բրիտանական արտասահմանեան ընկերութիւններու սեփականատէրերու մասին որեւէ տեղեկութիւն չկայ: Աւելի ուշ Danske-ը խոստովանած է, որ իր մասնաճիւղին միջոցով եղած կասկածելի փոխանցումներու մասին իմացած է միայն 2014ին եւ անմիջապէս տեղեկացուցած իշխանութիւնները՝ յետագայ քայլերը ձգելով անոնց:
Որո՞նք էին «Ատրպէյճանական լուացքատունէն» գումար ստացողները. շարք մը յայտնի եւրոպացի գործիչներ: Անոնցմէ մէկը Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ (ԵԽԽՎ) Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան խումբի նախկին նախագահ, իտալացի Լուքա Վոլոնթէն է: Ան ԵԽԽՎի այն պատուիրակներէն մէկն էր, որ 2013ին դէմ քուէարկեց Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումը դատապարտող զեկոյցին: Արտահոսած տեղեկութիւններու համաձայն՝ Վոլոնթէ Ալիեւի վարչակազմը դատապարտող փաստաթուղթին դէմ քուէարկելու համար ստացած է 2 միլիոն տոլար: Բացի այդ, պաշտօնեայի անունը կը շօշափուի, այսպէս կոչուած, «խաւիարային դիւանագիտութեան» գայթակղութեան մէջ, որ նոյնպէս կապուած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ եւրոպացի դիւանագէտները կաշառելուն հետ: Այլ բարձրաստիճան կաշառք ստացողներու շարքին է գերմանացի նախկին պատգամաւոր Էտուարտ Լինթներ, որուն հաշիւին ատրպէյճանական կողմը 819,500 եուրօ փոխանցած է: Յայտնի է, որ երկրին մէջ տեղի ունեցած վերջին նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին Լինթներ՝ իբրեւ դիտորդ Ատրպէյճան այցելած է, ապա արձանագրած է, որ ընտրական գործընթացը իրականացուած է «գերմանական չափանիշերու» համաձայն: Անոր դիմաց ան Պաքուէն ստացած է 61,000 եուրօ:
Որո՞նք են ատրպէյճանցի շահառուները. անոնց մեծ մասը մայրաքաղաք Պաքուէն են, օրինակ՝ երկրի ամենահարուստ եւ ազդեցիկ ընտանիքներէն մէկը՝ Մամատովները: Խօսքը կը վերաբերի Ատրպէյճանի փոխադրամիջոցի նախկին նախարար Զիա Մամատովին ու աանոր որդիին: Շահառուներէն են Լոնտոնի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան աշխատակից Օրհան Սուլթանով եւ Անգլիա-ատրպէյճանական ընկերակցութեան բարձրաստիճան անդամ Ճովտաթ Կուլիեւ, ըստ որոնց՝ Ատրպէյճանէն իրենց հաշիւին փոխանցուած գումարները օրինական աշխատանքի դիմաց են:
Ուրկէ՞ արտահոսած են «Ատրպէյճանական լուացքատան» մասին տեղեկութիւնները. արտահոսքը ապահոված է դանիական Berlingske թերթը, որ բոլոր մանրամասնութիւններով կիսուած է Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ կաշառակերութեան հետաքննութեամբ զբաղուող լրագրողական նախագիծի, «Կարտիըն» օրաթերթի եւ այլ լրատու գործընկերներու հետ: