ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԳԱՆՁԱՍԱՐ»Ի
Հայրենիք-Սփիւռք ըմբռնումները աղօտելու սկսած են կարծէք հայկական մեր իրականութեան մէջ:
Մեր Անկախ հայրենիքին հզօրացումը, անոր յաջողութիւններն ու ձեռքբերումները մեզ խթանող երեւոյթներ են, անտարակոյս, որոնց համար իր կարելին ի գործ կը դնէ նաեւ Սփիւռքը ու կը ներշնչուի այդ ձեռքբերումներով: Սփիւռքը եւս գոյատեւելու ու մաքառելու հրամայականին առջեւ կը գտնուի, սակայն, որովհետեւ պահանջատիրական պայքար ունի եւ իրմէ խլուած իրաւունքներուն վերատիրանալու, զանոնք պահանջելու առաքելութիւն ունի տակաւին:
Պահ մը մոռցած ենք կարծէք, որ Սփիւռքի մէջ ալ աւելի քան 100 տարի պահած ու զարգացուցած ենք հայկական մեր գոյութիւնը: Սփիւռքի մէջ ալ ապրած ու ծաղկած ենք որպէս հայ: Պահպանած ենք խլուած մեր հայրենիքի ժառանգութիւնը, լեզուն՝ արեւմտահայերէնը, աւանդոյթները ու այն ամէնը, որ մեր ինքնութիւնը կ՛ամրագրէ:
Սփիւռքը այնքան թերագնահատելու սկսած ենք, որ անոր գոյութիւնը պահպանելու, զօրացնելու փոխարէն՝ սկսած ենք ականջ տալու Սփիւռքի մայրամուտը երգողներուն միայն:
Դէպի ո՞ւր կ՛ուղղուինք եւ ինչո՞ւ: Վա՞ր առած ենք մեր զէնքերը ու 100 տարուան մեր կառուցածը այնքա՛ն կը թերագնահատենք, որ նոյնիսկ չենք կարդար մեր պատմութիւնը:
Հայաստանը մեր հայրենիքն է, ի՞նչ խօսք: Անոր յաջողութիւնները մեզ կը ներշնչեն ու կը լիցքաւորեն, հարկաւ: Բայց պիտի բաւարարուի՞նք անոր ներկայ սահմաններով: Հայաստան այցելելո՞վ միայն պիտի կարենանք պահպանել մեր գոյութիւնը Սփիւռքի մէջ: Ամբողջական հայրենիքին, անոր մշակութային արժէքներուն մեր կառչածութիւնը, մեր հաւատքը անցեա՞լ պիտի համարենք այլեւս: Պատմական մեր հայրենիքին իրաւատէրերը ըլլալէ պիտի դադրի՞նք այլեւս:
Ինչո՞ւ այս թերահաւատութիւնը համակած է մեզ: Սթափինք մեր մրափէն ու բազմապատկենք մեր գոյութեան հիմքերուն պահպանման, մեր դատին հետապնդման ուղղուած ճիգերը: Սփիւռքի մէջ ալ կարելի է հայ մնալ ու զարգացնել մեր լեզուն, մեր մշակոյթը, հետապնդել մեր դատը մինչեւ յուսատու վախճան մը ունենայ անիկա:
Այլապէս ինչո՞ւ հիմնած ենք մեր դպրոցները, մեր մշակութային կեդրոնները, ինչո՞ւ հաստատած ենք Հայ Դատի գրասենեակները, ինչո՞ւ պահպանած ենք մեր եկեղեցիները, վանքերը, ինչո՞ւ կը մաքառինք ազդեցիկ ներկայութիւն դառնալու մեր ապրած միջավայրին մէջ:
Սփիւռքը նշանակալից դեր ունի հայապահպանման, Հայ Դատի հետապնդման նուիրական իր առաքելութեամբ: Ուժեղ Սփիւռքն է, որ նեցուկ պիտի կանգնի նաեւ անկախ մեր հայրենիքին: Ուրեմն, լուսանցքի տակ չպահենք անոր դերը: Ընդհակառակը՝ յստակատեսութեամբ նայինք հայկական մեր ամբողջական պատկերին: