ՄԱՐՏԻԿ ՄԱՏԷՆՃԵԱՆ
«Ասպարէզ Փոսթ»ի Օգոստոս 2ի թիւին մէջ կար տեղեկութիւն մը, որուն լուրը Պոլսոյ «Մարմարա» թերթէն առնելով, կը սկսէր «Ամէն տեղ հայ կայ» յանկերգով: Թերթը կը տեղեկացնէր, որ օդաչու Ալեքսանտր Ակոբով իր կայծակնահար օդանաւը ապահով կերպով Պոլիս հասցուցած եւ ծափերով դիմաւորուած էր:
Յիշեցի, որ Պէյրութի «Ազդակ» թերթն ալ «Ամէն տեղ հայ կայ» խորագիրով երկար յօդուած մը տպած էր Յուլիս 20ի իր թիւին մէջ: Յօդուածագիրը՝ Սելլա Թնճուկեան, բնական կը գտնէր աշխարհի հայաշատ քաղաքներու մէջ հայերու հանդիպիլը, եւ երբեմն ալ խօսիլը անոնց հետ: Նոյն յօդուածը «Ազդակ»էն արտատպելով «Ասպարէզ»ն ալ հրատարակած էր:
Այդ յօդուածին վերջաւորութեան, Մոսկուայէն Մոնաքօ փոխադրուած հայ ընկերուհիի մը հանդիպումն էր տեղւոյն հայերու հետ, որոնք զայն օտար մը կարծելով, անվայել խօսք մը ըսած էին:
Օսմանեան պետութեան 1915ին գործադրած Ցեղասպանութեան արդիւնքով աշխարհի բոլոր կողմերը, նոյնիսկ միտքէդ չանցած երկիրներու, քաղաքներու եւ վայրերու մէջ կը հանդիպիս հայերու: Այդ հանդիպումներուն իբրեւ արդիւնք կը լսենք, որ «ամէն տեղ հայ կայ»: Խաղաղական Ովկիանոսի Ֆիճիէն մինչեւ Հնդկաց Ովկիանոսի Սրի Լանքա, կամ որեւէ երկրի մէջ, անպայման հայ մը կայ:
Գիտէի՞ք Ֆիլիփինի կղզիներէն մէկն ալ կը կոչուի Հայու Կղզին (Isla di Armeno): Զարմանալի է, չէ՞: Ո՞վ է այդ «արմէնօն»: Հայ վաճառական մը, որուն անունն իսկ չեն գիտեր, նաւու մը վրայ բեռցուցած ապրանքները տեղւոյն սովահար ժողովուրդին կը բաժնէ եւ այդ բարեգործութեան իբրեւ երախտիք, կղզին «հայու կղզին» կը կոչեն:
Եթէ քիչ մըն ալ գրեմ, բուն նիւթէն դուրս պիտի ելլեմ եւ ուրիշ բաներու մասին պիտի պատմեմ: Անցնինք նիւթին:
Յունիսի կիսուն, 2017ին, տղուս՝ Յովսէփին հետ Մոնթանա նահանգը թռանք, այցելելու համար աշխարհահռչակ զբօսավայրը՝ «Ելոսթոն Նեշընըլ Փարք», որ յայտնի է իր բազում ջերմուկ ցայտաղբիւրներով (Geyser): Անիկա կը գտնուի Այտահօ, Մոնթանա, եւ Ուայոմինկ նահանգներուն միացման կէտին վրայ:
Գիշերելու համար սենեակ մը ապահոված էինք «Տէյզ Ին» հիւրանոցին մէջ՝ Արեւմտեան Ելոսթոն, ճիշդ փարքի արեւմտեան մուտքին: 15 տարի առաջ կնոջս հետ այցելած էինք Ելոսթոն՝ այդ գեղատեսիլ, հանքային ջուրի ցայտաղբիւրներով առատ, վայրի անասուններու ապաստանարան այդ բնական գեղեցկութեան վայրը:
Այցի երկրորդ օրը, նախաճաշէն ետք պիտի մեկնէինք «Կլեսիըր Փարք», Գանատայի սահմանին մօտ գտնուող գեղատեսիլ ուրիշ լեռնաշխարհ մը՝ Մոնթանայի մէջ:
Նախաճաշի վերջաւորութեան, հիւրերուն ծառայող տիկինը տղուս եւ ինծի դառնալով անգլերէն հարցուց. «Ուրկէ՞ եկած էք»: Մենք ալ հպարտանալով անգլերէն պատասխանեցինք. «Քալիֆորնիայէն, Փասատինա քաղաքէն»: «Ես ալ Վելի կը բնակէի», ըսաւ տիկինը: Տղուս հայերէն հարցուցի, «ո՞ւր կը բնակէր»: Ան ալ «Վել«ջ պատասխանեց:
Տիկինը յանկարծ հայերէն հարցուց. «Հա՞յ էք»:
Առ քեզի հարցում: Անակնկալին առաջին շփոթութենէն ետք, մենք պատասխանեցինք աւելի հպարտանալով:
«Անշուշտ որ հա՛յ ենք. իսկ դուն ինչպէ՞ս հոս ինկած ես»:
«Ես Վելի, Թարզանա կը բնակէի, հոս փոխադրուեցայ»:
Այդ անսպասելի հանդիպումը բոլորովին հոգիս ցնցեց: Հա՞յ. հո՞ս. աշխարհի այս անկիւնին մէջ հայու բեկոր մը օտարներու յորձանքին մէ՞ջ: Զարմացած եւ հրճուած՝ հետաքրքրուեցայ անոր ինքնութեամբ. տեսնեմ, թէ ի՛նչ կը պատմէ: Ինչո՞ւ հոս եկած է փոխանակ Թարզանայի հայաշատ քաղաքը ապրելու:
Տղուս եւ իմ անունս տուի, ինքն ալ իր անունը տուաւ:
«Էլէն», ըսաւ պարզապէս:
Ես չգոհացայ այդ պատասխանէն. պէտք էր աւելի մանրամասնօրէն իմանայի անոր մասին եւ առեղծուածը լուծէի: Հարցումներու տարափ մը տուի եւ իրմէ կտրուկ պատախաններ ստացայ: Մայրդ ո՞վ է, հայրդ ո՞վ, ի՞նչ է ազգանունը եւ այլն…
«Մօրս անունը Անժէլ էր, Այնթապցի էր (ես գուշակեցի որ արդէն մահացած էր): Հասրճեան էր…»
«Օ՜, ես շատ Հասրճեաներ կը ճանչնամ», ըսի, բայց ան յայտնեց, որ իրենք անոնց հետ կապ չունին: Զարմացայ որ Այնթապցի երկու տեսակ Հասրճեաններ կային:
«Հայրս պաղեստինցի էր, հայ չէր. համալսարանին մէջ հանդիպած էր մօրս եւ ամուսնացած էին: Հօրս անունը Ճոզէֆ Պահուց է. իմ անունը Էլէն Պահուց է»:
Հիմա քիչ մը յստակացաւ:
Մանկամարդ աղջիկ մը մօտեցաւ մեզի՝ լսելու համար մեր խօսակցութիւնը, որ ճաշասեղանէն ելած, ոտքի վրայ խանդավառ կը խօսէինք:
«Աղջիկս է. անունը՝ Սթեֆանի Անժէլ: Մօրս անունը տուած եմ», ըսաւ Էլէն:
Աւելի մանրամասնութիւն կ՛ուզէի քաղել եւ պատմութիւն մը ստեղծել: Աշխարհի այս հռչակաւոր անկիւնը ինկած հայուհիի մը մասին ծանօթանալ, լսել անոր պատմութիւնը, հակառակ անոր, որ կ՛աճապարէի մեկնիլ, երկար եւ յոգնեցուցիչ օր մը պիտի ունենայի: Թափառական հայն էի եւ ուրիշ թափառական հայու մը ծանօթացած:
«Էլէն, չեմ հասկնար, թէ ինչո՛ւ հոս եկած ես Թարզանայէն: Անծանօթ վայր մը, միջավայր մը, ի՞նչը քեզ հոս բերաւ»:
«Հոն՝ անհանգիստ էի. հիւանդ էի. հոս գալով բուժուեցայ: Արեան ճնշում եւ քոլեսթերոլ ունէի: Հոս աւելի առողջ եմ եւ ոչ արեան ճնշում, ու ալ քոլեսթերոլ ունիմ»:
«Չի կրնար ըլլալ: Այս տեղը շատ բարձր է եւ արեան ճնշումը բարձր տեղեր չի սիրեր: Ճնշումը բնականաբար կ՛աւելնայ»:
«Հոս շատ առողջ եմ, բան մը չունիմ»:
«Հայերէն կը խօսիս, բայց հայերէն կը կարդա՞ս»:
«Մէկ-երկու տարի հայկական դպրոց գացած եմ. չեմ կրնար կարդալ»:
«Անգլերէն կը կարդաս, չէ՞»:
«Այո, անգլերէն լաւ գիտեմ»:
«Հարցնելուս պատճառը այն էր, որ ես Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, ծնողքիս վերապրումին մասին գիրք մը գրած եմ, հայերէն եւ անգլերէն: Մտածեցի որ քեզի գիրք մը ուղարկեմ, որ հայերէնդ չմոռնաս»:
«Հայերէն չեմ կրնար կարդալ, անգլերէն՝ այո: Ի՞նչ է գրքիդ անունը որ գնեմ», ըսաւ հետաքրքրուած Էլէնը:
«Ravished Paradise, Forced March to Nothingness» է եւ «Ամազոն»էն կրնաս ապսպրել»:
Թղթիկի մը վրան գրեցի գիրքին անունը՝ աւելցնելով, որ գիրքը մրցանակ շահած է պատմութեան սեռին մէջ:
«Ունիմ օրինակ մը բայց Մոնթանայի կառավարչին պիտի նուիրեմ որպէս երախտագիտութիւն Մոնթանայի կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումին»:
«Օ՜, շատ լաւ, շատ լաւ», ըսաւ Էլէնը:
Վերչին անգամ մը հարցում մը ուղղեցի:
«Դուն ամուսնացած ես եւ զաւակ ունիս: Ի՞նչ է ամուսինիդ անունը, զոր կը կրես»:
«Սմիթ, Էլէն Պահուց Սմիթ, իսկ աղջիկս՝ Սթեֆանի Անժէլ Սմի»չ:
Ակամայ հեռացանք այդ տեղէն, Էլէնէն եւ Սթեֆանիէն, նաեւ Ելոսթոնի հռչակաւոր փարքէն: Զարմացած էի այդ չնախատեսուած եւ հաճելի հանդիպումէն: Ինչ աշխարհ… ամէն տեղ հայ մը կայ, սակայն գտնելը դժուար էր:
Հետեւեալ օրը, «Ամազոն»ը ե-նամակով մը իմացուց, որ գիրք մը ծախած է. անպայման Էլէնը գնած էր գիրքը: