Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Երիտասարդներն Ու Անոնց Իտէալները

$
0
0

ԱԼԵԱԿ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

 

0721aliagՍեպտեմբեր 2013ին ծանօթացայ Graphic design-ի իմ առաջին ուսուցիչներէս մէկուն, որ չորս տարիէ ի վեր, ինծի համար եղած է ազդեցիկ ուսուցիչ: Սակայն, անոր մէջ կար երեւոյթ մը, որ կ՛անհանգստացնէր զիս: Ան շատ լաւ ուսուցիչ էր, կու տար ճիշդ ուղղութիւններ եւ ունէր գիտելիքներ փոխանցելու շատ հետաքրքրական ձեւեր: Սակայն, ան միշտ կը հագուէր… սեւ գոյնով զգեստներ: Մի՛շտ ու միշտ սեւ:

Օր մը, բաւական տատամսելէ ետք՝ հարցուցի իրեն, թէ ինչո՛ւ միշտ սեւ կը հագուի: Բացատրեց, թէ ինք կը մերժէ ներկայացնել որեւէ տեսակի վաճառանիշներ եւ հեռու կը մնայ անոնցմէ: Ինքզինք չի սեպեր որեւէ վաճառանիշի ներկայացուցիչ, եւ հետեւաբար՝ կը հագուի սեւ: Այս ծայրայեղ միտքին՝ ինչպէ՛ս չկերպարանափոխուէր երեսս: Ու սկսայ մտածելու… Եթէ իմ իտէալ ուսուցիչս այսպէս կը մտածէ, արդեօք ես ալ իրեն պէս պէ՞տք է ըլլամ: Արդեօք ճի՞շդ է մտածած ձեւը…

Տեսնելով զարմացած դէմքս՝ ուսուցիչս ինծի ըսաւ, թէ պայման չէ, որ բոլոր Graphic designer-ները այդպէս մտածեն, եւ թէ ամէն մարդ ազատ է իր կարծիքը ունենալու:

Այս հանդիպումը ինծի համար եղաւ անկիւնադարձային:

Խօսքը շարունակելով՝ ան աւելցուց, թէ մարդը կեանքի մէջ պէտք չէ անմիջապէս ընդունի որեւէ բան, որ իրեն կը հրամցուի:

Ինչպէս որ ուսուցիչս չ՛ընդունիր որեւէ վաճառանիշի հրամցուցած արտադրութիւնը, նոյնպէս եւ ես, ստիպուած չեմ ես ինծի պարտադրելու իր տեսութիւնը, այլ պէտք է միշտ ունենալ քննական միտք՝ հարց տալ, պրպտել, տեսնել ճի՞շդ է, թէ սխալ, աւելի լաւը կրնա՞յ ըլլալ արդեօք, ինչպէ՞ս բարելաւել…։ Այս բոլորը անշուշտ՝ տրամաբանական եւ իրապաշտ սահմաններու մէջ:

Նախապէս, սովորութիւն ունէի համամիտ գտնուելու եւ ես զիս համոզելու, թէ ինծի համար իտէալ անձերուն գաղափարները ճիշդ են. բնազդաբար կը հետեւէի անոնց՝ իւրացնելով իրենց բոլոր գաղափարները, զանոնք նկատելով այն «մեծերը», որոնց կ՛ուզեմ նմանիլ: Սակայն, ուսուցիչիս հետ այս երկխօսութիւնը ունենալէս ետք նկատեցի, թէ նոյնիսկ ամենամեծէն, ամենաբարձրէն եւ գերադաս նկատուող անձերէն կարելի չէ իրողութիւններ ընդունիլ՝ այնպէս, ինչպէս որ են: Այսօր, իմ անմիջական միջավայրիս մէջ կը տեսնեմ ինծի տարեկից երիտասարդներ, որոնք ուշի ուշով կը հետեւին իրենց «մեծերուն»: Նաեւ նշեմ, որ ո՛չ միայն երիտասարդներ են, որոնք կը հետեւին անոնց, այլ՝ ամբոխը, ժողովուրդը…

Ամէն մարդ ազատ է իւրացնելու այլ մարդոց կարծիքը, համաձայնելու անոնց եւ զանոնք սեպելու իրականութիւններ: Նաեւ, շատ բնական է եւ դիւրին, որ անհատ մը չունենայ իր անձնական կարծիքներն ու միտքերը, եւ հետեւի ուրիշին: Մոռնալով իր անձնական արժէքները՝ ան կրնայ իյնալ իր «հերոս»ին արժէքներու հոսանքին մէջ: Ցաւալին ա՛յն է, որ մեր այս հերոսներէն ոմանք կ՛օգտագործեն իրենց հետեւորդները՝ գիտնալով, որ անոնք իրենց պիտի հետեւին կուրօրէ՛ն:

Բայց՝ ո՛չ. «հերոս»ը չէ, որ իր հետեւորդը պիտի փնտռէ ու շահագործէ: Այլ ե՛ս եմ, որ պիտի յենիմ այդ անձին վրայ՝ համաձայնելով անոր միտքերուն ու արժէքներուն, սակայն՝ միշտ ու միշտ հարց տալով, քննարկելով, անոնց հետ լրջօրէն զրուցելով, մօտենալով անոնց, եթէ կայ կարելիութիւնը:

Այս մէկը՝ ամէ՛ն պարագայի, ո՛վ ալ ու ի՛նչ ալ ըլլայ իտէալդ՝ եղբայրդ, հայրդ, ուսուցիչդ, տնօրէնդ կամ նոյնիսկ՝ «ընկերդ»:

Մեկնելով համալսարանի ուսուցիչիս օրինակէն՝ կ՛ուզեմ նշել տրուած ուղղութիւնները այսօր մեզի՝ երիտասարդներուս: Մեր «մեծերը» ներկայիս մեզմէ կ՛ակնկալեն, որ ըլլանք պահանջատէր: Այո՛, պէտք է ըլլալ պահանջատէր: Սակայն մտածե՛նք, հա՛րց տանք ու դատե՛նք… Ի՞նչ տարբեր ձեւերով կարելի է ըլլալ պահանջատէր: Թելադրուած ձեւերով, կամ… մնալով քաղաքակիրթ ու հասուն, յարգելով մեր երէցներն ու վաստակաւորները, առանց վնաս հասցնելու ուրիշին, առանց սարսափի ու խուլիկանութեան, առանց զիջելու, առանց մենք մեզ հակասելու…

Ըլլանք ընտրանի ընկալող երիտասարդներ ու քաղաքացիներ: Գիտնանք զանազանել ճիշդը սխալէն, լաւը վատէն, պահանջատիրութիւնն ու քարոզչութիւնը՝ բռնի պարտադրանքէն: Մեր իտէալ անձերն ու գաղափարները մեզ կ՛ուղղեն, սակայն մե՛նք ենք, որ կը զատենք մեր ուղին: Անոնց քայլերուն հետեւելով մէկտեղ՝ մենք պէտք է ունենանք մեր սեփական ճամբան… իրենց կողքին եւ ո՛չ իրենց ետին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles