Յ. ԿԻՒԼԼԻՒՃԵԱՆ
Վերջերս, հայերէնի նուիրեալներէն մէկուն հաղորդակցութեան մէջ նկատեցի «համընկնած է» արտայայտութիւնը, որ անմիջապէս աչքիս զարկաւ իր խորթութեամբ: Գիտէի, որ արեւմտահայերը ընդհանրապէս կը գործածեն «համընկնած», արեւելահայերը՝ «համընկած», բայց չէի սպասեր, որ ենթակայական հակազդեցութիւնս այդքան ժխտական ըլլար: Ուրեմն նստայ, եւ օգտուելով համացանցի ընծայած դիւրութիւններէն, արագ գաղափար մը կազմեցի իւրաքանչիւրի յաճախականութեան մասին, միշտ «Կուկըլ»ի տուեալներով, որոնք թէեւ վիճակագրականօրէն մեծ ճշգրտութիւն չեն ներկայացներ հաւանաբար, այնուհանդերձ ընդհանուր պատկեր մը կու տան:
«Կուկըլ»ը «համընկնած» ձեւը գտաւ 73 անգամ, «համընկած»՝ 1210 անգամ: Առաջինը արեւմտահայերէն էջերու մէջ էր գրեթէ միշտ, իսկ երկրորդը՝ բացառաբար արեւելահայերէն էջերու մէջ:
Բայերու խոնարհման համար էական է տեսնել, թէ ինչպէ՞ս կը խոնարհուին անոնք կատարեալ անցեալ ժամանակի մէջ: Հոս ալ «համընկնեցաւ»ը տուաւ 55 արդիւնք, բոլորն ալ արեւմտահայերէն էջերու մէջ, իսկ «համընկաւ»ը՝ 37600, թէ՛ արեւմտահայերէն եւ թէ արեւելահայերէն գրութիւններու մէջ:
Այստեղ արդէն շփոթը յստակ է. «համընկնած» ըսողները ըստ երեւոյթին միշտ չէ, որ կը համարձակին ատոր համապատասխան «համընկնեցաւ»ը կիրարկելու: Տեղ մը, իրենց միտքի գաղտնի մէկ անկիւնին մէջ, քերականութեան ամենամեծ թշնամիներ թէ նոր լեզու ելլող մանուկներ անգամ կը կազմեն խոնարհման աղիւսակ մը, որմէ երբեմն անգիտակցօրէն կ՛օգտուին: Այդ աղիւսակն է, որ արգելք կ՛ըլլայ մեզի ըսելու «համընկնեցաւ»: Ինչո՞ւ:
Արեւմտահայերէն արդի լեզուի քերականութիւնը կը փայլի իր կանոնակարգումի յստակութեամբ եւ պարզութեամբ: Բայց ոչ մէկ տեղ հաւանաբար այդ պարզութիւնը չի հասնիր այն վճիտ դրութեան, որ կը ներկայացնէ բայերու խոնարհման կանոններու պարագային: Հիմնական օրէնքը այն է, որ երբ բայը ունի տուեալ վերջաւորութիւն մը (այն, որ քերականները կը սիրեն կոչել «լծորդութիւն»), այդ վերջաւորութիւնն է որ կը պարտադրէ խոնարհման ձեւը: Եթէ վազ-ել է, ուրեմն կը խոնարհուի վազ-եցի (խօս-ել՝ խօս-եցի): Եթէ յոգն-իլ է՝ յոգն-եցայ (խօս-իլ՝ խօս-եցայ). եթէ կարդ-ալ է՝ կարդ-ացի (խօս-ալ՝ խօս-ացի): Բայց կան նաեւ աստիճան մը աւելի բարդացած վերջաւորութիւններ: Ի՞նչ կը պատահի, երբ ունենանք մեռ-ցնել, մեռ-նիլ, գող-նալ: Շատ պարզ. իւրաքանչիւրն ունի իր պարտադիր խոնարհումը՝ մեռ-ցուց, մեռ-աւ, գող-ցաւ:
Լուծելու համար համընկնած-համընկած վէճը, հարկ է նախ որոշել թէ ո՞րն է բային «վերջաւորութիւն»ը կամ լծորդութիւնը: Չխոնարհուած բայը համընկ-նի՞լ է, համընկ-ի՞լ, թէ համընկն-իլ: Եթէ առաջինը ըլլայ, պիտի իյնայ «մեռ-նիլ»ի խումբին մէջ, եւ ուրեմն խոնարհուի համընկ-աւ, մեռ-ած՝ համընկ-ած: Երկրորդը ըլլալու պարագային է միայն, որ կրնանք ըսել համընկ-եցաւ, նման խօս-իլ բային: Իսկ համընկն-ած ըսելու համար դեռ աւելի խայտաբղէտ վիճակ մը կը ստանայ հարցը. չխոնարհուած բայի երրորդ տարբերակ մը պէտք է՝ համընկն-իլ, որպէսզի կարենանք համընկն-ած ըսել, ինչ որ պիտի պահանջէր գոյութիւն չունեցող ընկն կամ անկն արմատ մը:
Պատասխանը յստակ է նոյնիսկ առանց գրաբարի օգնութեան դիմելու: Ոչ ոք կը գործածէ համընկիլ, իսկ համընկն-իլ իմաստ չունի: «Համընկ-նիլ»ն ալ, ինչպէս դիւրին է տեսնել, արեւելահայերէնի ու անոր զանազան բարբառներու հարազատ ձեւն է, ուր «անկ» (անկանիմ, անկեալ, անկում) արմատը կու տայ ընկ-նել: Ընկ-նել՝ ընկ-աւ, թռ-նել/թռ-չել/թռ-չիլ՝ թռ-աւ, փախ-նել/փախ-չել/փախ-չիլ՝ փախ-աւ, կպ-նել/կպ-չել/կպ-չիլ՝ կպաւ, մտ-նել՝ մտ-աւ, մեռ-նել/մեռ-նիլ՝ մեռ-աւ նոյն ընտանիքն են, եւ ընդհանրապէս զիրար կը փոխարինեն տարբեր խօսելաձեւերու մէջ: Բոլորն ալ անցեալի մէջ կ՛ըլլան արմատ-աւ (ու դեռ առանց գիտնալու Տիգրանակերտի բարբառ խառնող ուսանողս պիտի ըսէր՝ եղ-նիլ/եղ-աւ): Արեւմտահայերէն «իյնալ»ը կը պատկանի նոյն նել/նիլ/չիլ խումբին, ուր սակայն «անկ»ը աւելի երկար ճամբայ կտրեր է, առանց սակայն կորսնցնելու հիմնական խոնարհումը՝ ինկ-աւ, ինկ-ած: Ոչ մէկ տեղ պիտի գտնենք արեւելահայերէն անկ-նած կամ արեւմտահայերէն ինկ-նած: (Բացառութիւններ են կառ-չիլ/կառչեցաւ, ուր արմատը կարծէք վերածեր ենք «կառ»չի, հանգ-չիլ/հանգչեցաւ երբ պէտք է ըլլար հանգ-աւ, ու թերեւս նաեւ խօսակցականի մէջ երբեմն շեղող «փախչեցաւ»ը:)
Ժամանակն է թերեւս, որ արեւմտահայ գրողները պատուեն կանոններու պարզութիւնը, որ բացառութիւններէ խորշանքին հետ կը հանդիսանայ այս լեզուի հիմնական բարեմասնութիւններէն մէկը: Ատեն է, որ առանց քաշուելու ըսենք համընկած, համընկաւ, գոնէ անգամուան մը համար արդարացիօրէն համընկած ըլլալու համար արեւելահայերէնին:
Մինչ այդ, ես պիտի նախընտրեմ գործածել «զուգադիպիլ», «զուգադիպած», «զուգադիպութիւն»: Եւ անշուշտ, ինչո՞ւ չէ, «համանկում»: