Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Երբ կը թերթատէի Հայաստանի եւ Սփիւռք(ներ)ի բազմանուն թերթերը, անոնք ըլլան օրաթերթ, շաբաթաթերթ, ամսաթերթ, պարբերաթերթ, այն զգացումը կ՛ունենամ, որ հակառակ պատմութեան հարուածներուն եւ ներկայի դժուարութիւններուն, ԱԶԳ մը ամբողջ կը շնչէ, կ՛ապրի, կը նախաձեռնէ: Հարիւրաւորներ հայերէն կը գրեն, էջ կը սեւցնեն, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի ալիքները կ՛ողողեն, կան նաեւ հազարաւոր հայերէն լսողներ, հետեւողներ:
Բոլոր անոնք, որոնք պարտուածի (չ)իմաստութեամբ կը խորհին, որ այլեւս հայերէնը չի կարդացուիր, պէտք է որ պահ մը կանգ առնեն եւ փորձեն իրենք ալ այս բազմանուն հրատարակութիւններուն առջեւ, իրենք զիրենք դիտել, դադրին իրենց չտեսածը չափանիշ համարելէ: Այս ազնիւ ճիգը եթէ ընեն, պիտի տեսնեն, որ Հայաստանի քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ, ապա Լոս Անճելըսէն Նիւ Եորք, Փարիզ, Պէյրութ, Թեհրան, Գահիրէ, Սիտնի, նոյնիսկ ռումբերու տակ ապրած Հալէպ, կան հայերէն հրատարակութիւններ, որոնց մէջ կ՛արտացոլայ հայկական առօրեան, այսինքն՝ կեանքը:
Բոլոր անոնք, որոնք կը խորհին, որ օտար լեզուներով տեղեկութիւն պիտի փոխանցեն, լաւ կ՛ընեն, որ հասցէ ճշդեն. հայո՞ւն, թէ օտարին: Օտարալեզու տեղեկատուութիւնը ինչպէ՞ս ընտրութիւն պիտի կատարէ, երբ բազմանուն հրատարակութիւններու առջեւ կը գտնուի: Լաւագոյն պարագային ալ, այդ տեղեկատուութիւնը կիսատ-պռատ կ՛ըլլայ, քանի որ կարելի չէ ամէն բան թարգմանել, ի՞նչ արժեչափերով ընտրութիւն պիտի կատարուի: Պարզ է, հայուն հասնող առողջ եւ ոչ-մասնակի տեղեկատուութիւնը հայերէնով պիտի ըլլայ: Հայերէնն է հասարակ յայտարարը մեր ներազգային կապին եւ զգացողութեան, հաղորդակցութեան եւ հաղորդութեան (communication et communion):
Այս խորքային իմաստութեամբ, ինչ ալ ըլլան պայմանները, շեշտը պէտք է դնել հայերէնի գործածութեան եւ ընդհանրացման վրայ, գիտնալով որ նահանջի առաջին քայլին պիտի յաջորդէ երկրորդը: Այդպէս սկսած է եւ կը շարունակուի, եթէ չորդեգրուինք անսեթեւեթ վերականգնումի ընթացքին մէջ:
Նահանջածներու հետ երբ կը զրուցենք, կը լսենք բազմաթիւ առարկութիւններ հայերէնի լքումը արդարացնելու, հայերէն չսորվելու համար: Կ՛ըսեն, թէ իրենք բախտը չեն ունեցած հայկական վարժարան յաճախելու, ժամանակ չունին հայերէն սորվելու, տեղական լեզուով աւելի դիւրին կ՛արտայայտեն իրենց միտքերը, այս տեսակ հարցեր պէտք չէ յարուցել, քանի որ այդ ձեւով «մարդ կը փախցնենք», հայերէնը «յիշատակի լեզու» է, «բիզնեսի լեզու չէ», եւ դեռ ինչե՜ր:
Նիւ Եորք, ժողովի մը ընթացքին, ինչպէս սովորութիւն է հիմա ըսել, «ամերիկածին» երիտասարդ մը, կարեւոր հարցերու մասին խօսած է, բայց խօսած է շատ նախնական եւ խառնակ հայերէնով: Ներկաներէն ոմանք, վիրաւորուած կամ յոգնած, մանաւանդ՝ երէցներ, ըսած են, որ «անգլերէն խօսի»: «Ամերիկածին» երիտասարդը պատասխանած է, որ իրենք յանցաւոր են որ իրեն հայերէն չեն սորվեցուցած, եւ ինք հիմա իր գիտցածին պէս եւ չափով պիտի խօսի, նոյնիսկ եթէ իրենք պիտի յոգնին զինք լսելով: Եւ աւելցուցած է, որ ինք կը հետեւի հայերէնի դասերու եւ հայագիտութեան:
Անհանգստացնող բայց օրինակելի:
Հայ զբօսաշրջիկներ Չինաստան, Ճափոն կամ Արժանթին երթալէ առաջ, յատուկ հրատարակութիւններու ճամբով կը փորձեն այդ լեզուներուն ծանօթանալ: Միթէ՞ հայերէն սորվելու առիթ չունեցողներ չեն գիտեր, որ այսօր հայերէն սորվելու արդիական միջոցներ կան. ձայն, պատկեր, գիր: Կան «մեթոտ»ներ: Օտար լեզուներ բարբառելով տիրական կարծիքներ կը յայտնենք հայ մշակոյթի կարեւորութեան մասին, հայ մշակոյթը ծանօթացնելու համար մենք մեզի առաքելութիւն կը սահմանենք, ազգային քաղաքականութեան մէջ ներդրում կ՛ուզենք ունենալ, ի՞նչ բան կ՛արգիլէ, որ քիչ մը զոհողութեամբ եւ յոգնութեամբ սորվինք նաեւ հայերէնը, եւ դադրինք հարցնելէ, թէ այս գրուածին կամ գիրքին անգլերէնը, ֆրանսերէնը, գերմաներէնը, յունարէնը, սպաներէնը կամ փորթուկերէնը չկա՞յ, եւ ինչո՞ւ չկայ: Կը մտածե՞նք հարցման անհեթեթութեան մասին:
Հայկական յանձնառութիւնը, նոյնիսկ՝ բարեսիրութիւնը, միս եւ ոսկոր, խորք եւ իրաւութիւն կ՛ունենայ այն օրը, երբ իսկական հաւատքի ճիգով մը հայերէն սորված կ՛ըլլանք, որպէսզի չսպասենք այլոց ընտրութեամբ կատարուած հատուկտոր թարգմանուած տեղեկութիւններուն: Այսինքն խնայենք մենք մեզի ստացուած կցկտուր տեղեկութիւններով կարծիք կազմելու, երբեմն ալ յանձնառութիւններ ընդունելու պղտորութիւնը:
Հարկ է խօսիլ այս հարազատութեան վերականգնումին մասին:
Զարմանքով կը տեսնեմ, որ հայկական երկրորդական վարժարան աւարտած հայ մայրեր իրենց զաւակներուն հետ անգլերէն կամ ֆրանսերէն կը խօսին, կարծէք կ՛ուզեն այդ ձեւով դասակարգ փոխել եւ յառաջդիմել: Ո՞ր դասակարգին հասնելու համար: Պարզ պէտք է ըլլայ նաեւ, որ նորերուն անգլերէն կամ ֆրանսերէն սորվեցնելու մտահոգութիւն պէտք չէ ունենալ: Նորերը այդ լեզուները կը սորվին մանկամսուրը, դպրոցը, փողոցը եւ մեր բոլորի մեծ ուսուցիչ հեռատեսիլի պատուհանին առջեւ:
Հարկ է նաեւ անդրադառնալ հետզհետէ ընդհանրացող տխուր երեւոյթի մը: Երբ գիտենք, թէ մեր խօսակիցը հայերէն գիտէ, սրահի մէջ եղողները հայերէն գիտեն, անոնց հետ յամառօրէն հայերէն պէտք է խօսիլ, հայերէն խօսելու սովորութիւնը վերստեղծելու համար:
Այս հարցերուն մասին ապաշնորհ վերաբերում պէտք չէ ունենալ, եւ չըսել, ինչպէս այդ կ՛ըսեն պարտուած քաղքենիներ, որ այս ճիգերը «ջուրի մակերեսին տրուած սուրի հարուածներ են»…
Ազգի լեզուն պատկանելիութեան անցագիր է: Այս պէտք է յիշել եւ յիշեցնել առանց մարդորսական ծեքծեքումներու: Այս պարզ իմաստութիւնը կեանքի եւ քաղաքականութեան ոճ պէտք է ըլլայ Հայաստան եւ բազմապատկուող Սփիւռք(ներ)ի պարագային:
Պատշաճիլ չի նշանակեր անձնատուութիւն:
Օտարալեզու տեղեկատուութիւնը անկասկած օգտակար է, երբ կ՛ուղղուի օտարին, նպատակ ունենալով ծանօթացումը: Երբ կ՛ուղղուի սեփական ժողովուրդին, կ՛ըլլայ նահանջի եւ պարտութեան խոստովանութիւն:
Բանաստեղծները ունակ են ժամանակներու իմաստութիւնը լսել եւ անոր արձագանգել: Իսկ ժողովուրդները կը մաշին, երբ այլեւս չեն լսեր իրենց բանաստեղծներու հոգեշունչ պատգամը:
Կը կրկնե՞նք երբեմն Պարոյր Սեւակը.
Շա՜տ բանից է մեզ զրկել թշնամին:
Իր ձեռքով նա մեր ձեռքերն է հատել,
Հատել է ականջ ու ոտնաթաթեր,
Աչքեր է հանել դաշոյնով իր սուր,
Կտրել է նաեւ արմատից լեզուն,
Եւ սակայն… ի զո՜ւր.
Չի՛ հատուել լեզուն,
Մնացել է նա՝ հատուելո՜վ անգամ…
Այսօր մենք մեզ կը տեսնե՞նք մեծ բանաստեղծի հաւատքին մէջ: Հարցում էր…
13 Յունիս 2017
Նուազի-լը-Կրան