Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Հայ-Թուրք Երկխօսութիւնը Կարելի՞ Է

$
0
0

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

 

garomanjikian1Հայոց Ցեղասպանութեան՝ Մեծ Եղեռնի, տարուէ տարի կատարուող տօնախմբութիւններուն շարքին մէջ, 2010ին, որպէս բանախօս հրաւիրուած էի Սուրիոյ ծովեզերեայ Լաթաքիա քաղաքի գաղութին մեր պատմութեան ամենակարմիր էջին սուգը, պահանջատիրութիւնը վերանորոգելու կամ այդ օրուան պատգամը փոխանցելու։

Բանախօսութեանս նիւթին մշակումը պէտք է համընկնէր օրուան կամ ժամանակաշրջանի ելեւէջներուն հետ։

Ժամանակաշրջանը յատկանշուած էր տաք եռուզեռով, մանաւանդ ազգային, հայրենի բնագաւառներուն մէջ։

Զուիցերիոյ մէջ ստորագրուած էին հայեւթուրք փոխադարձ ըմբռնողութեան մը «փրոթոքոլային» փաստաթուղթեր, որոնք կը թուէին, սկիզբը, ըլլալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կամ մեր անժամանցելի պահանջատիրութիւնը ի սպառ թաղելու թուրք-արեւմտեան անդուլ փորձերուն, եւ որովհետեւ Հայաստան, կամայ թէ ակամայ, տկար երկիր մը մնացած էր իր քսանհնգամեայ անկախութեան գործընթացէն ի վեր, եւ որպէս տկարագոյն օղակը, կը հարկադրուէր ստորագրելու այդ «փրոթոքոլ»ներու սեւ էջերը։

Սփիւռքի եւ հայրենի հայութիւնը եռուզեռի մէջ էր։ Այդ պարտուողական եւ ստորնացուցիչ ստորագրութիւններուն դէմ կը կազմակերպուէին ցասումի, պոռթկումի ցոյցեր։

Այս ընթացքին, քեսապցիներս, աշխարհի չորս ծագերէն, մեր ճիգերը՝ նիւթական թէ բարոյական ներդրումներով, նոր աւարտած էինք Ազգային Ուսումնասիրաց միացեալ վարժարանի նոր երկյարկանի շէնքի շինարարութիւնը՝ որպէս միջնակարգի եւ նորանորոգ երկրորդականի պատսպավայր, իր դասարաններով եւ յարակից բաժիններով՝ տարրալուծարան, գրադարան-ընթերցասրահ, համակարգիչներու դասարան եւ այլն։

Տեղին է մէջբերել, որ վարժարանը «ճեմարան»ի վերածուած էր Լոս Անճելըսի Քեսապցիներու Ուսումնասիրաց միութեան (իմա Ամերիկայի եւ Գանատայի քեսապցիներու), ինչպէս նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ բնակող խմբակ մը քեսապցիներու իշխանավայել ներդրումով, եւ այժմ, Սուրիոյ տագնապի այս դժնդակ պայմաններուն մէջ, անոնց ներդրումով է որ կը գոյատեւեն Քեսապի 3 հայկական վարժարանները։

garomanjikian5Ճեմարանի շէնքին բացումը կը կատարուէր մեծ շուքով, առաջնորդ սրբազան հօր՝ Շահան արք. Սարգիսեանի, Լաթաքիոյ նահանգապետին եւ այլոց ներկայութեամբ, նոյն ժամանակ, անկէ շրջանաւարտ կ՛ըլլար երկրորդականի առաջին սերունդը (2008ին)։

Յաջորդ տարին, նոյնպիսի ուժերու լարումով, քեսապահայութիւնը կը յաջողէր վերակառուցել Գարատուրան գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, բացառապէս գիւղի լեռներէն տաշուած հրաբխային գորշ մոխրագոյն քարերով, եւ, մանաւան, հայկական ճարտարապետութեան իւրայատուկ ոճով։

Նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման սուրբ արարողութիւնը կը գլխաւորէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, իր Քեսապ եռօրեայ այցելութեան ընթացքին։

Վերոյիշեալ «տաճարներուն» շինարարութեան տարիները զուգադիպեցան Սուրիա-Թուրքիա 6-7 ամեակի մը «մեղրալուսին»ի ժամանակաշրջանին, որուն Թուրքիոյ սահմանամերձութեամբ ապրող քեսապցիներս եւ սուրիահայերս կը հետեւէինք լուրջ մտահոցութեամբ.

– Խորն էր մեր մտահոգութիւնը, որովհետեւ պատմական դարաւոր փորձը ունէինք թուրքերուն ամենանենգ քաղաքականութեան.

– Որովհետեւ ականատես կ՛ըլլայինք Հայաստանի առաջին եւ երկրորդ նախագահներու օրօք, Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ կնքուած բազմաբնոյթ բնագաւառներու մէջ համատեղ գործակցութեան դաշնագիրներու եւ համաձայնագիրներու բացթողումներուն։ Անոնք կը փոխարինուէին Սուրիա-Թուրքիա նոյնատեսակ համաձայնագիրներով եւ քիչ էր մնացած Թուրքիան կոչելու Սուրիոյ ռազմավարական գործակիցը.

– Որովհետեւ Սուրիոյ դանդաղաքայլ զարգացող ժողովրդավարութեան համեստ թոյլտուութիւններէն հազիւ թէ օգտուած՝ Հայ Դատի հետապնդման ճամբուն վրայ, զանազան պետական խոչընդոտներ կը դրուէին. նոր թափ ստացած այս մարզին վերաբերող հրատարակութիւնները, արաբերէնով թէ հայերէնով, կը խափանուէին, կ՛արգիլուէին։

Կը զգայինք, կը շօշափէինք, որ Սուրիոյ մէջ, նոր տարազ հագած, նէոօսմանցին «նապաստակը կառքով կ՛որսայ» (թրքական առած՝ «Օսմանլը արապայընտա տաշվան թութար»)։

Պաշարուած Քեսապի աշխարհագրական եռանկիւնին մէջ, վերոյիշեալները եւ այլ սպառնալիքներ, որոնք դամոկլեան սուրի նման կը կախուէին Սուրիոյ գլխուն վրայ, բաց ու գոց աչքերով կը տեսնէինք։

Կը վերյիշէինք կարգ մը առածներ (արաբական թէ այլ). «Մեծ հօրդ թշնամին քեզի չի կրնար համակրիլ», «Հին թշնամիդ բարեկամդ չի կրնար ըլլալ»։

Բայց ճարահատ, ճիշդ այս ժամանակաշրջանին, յաջողեցանք Քեսապի մէջ կառուցել եւ վերանորոգել մեր տաճարները.

Դպրոցը՝ միտքի կերտման տաճար.

Եկեղեցին՝ հոգիի կերտման տաճար:

garomanjikian3Մտահան չընենք, որ այդ օրերուն, Սուրիոյ տնտեսա-ընկերային կեանքը բռնած էր ազատականացման-համաշխարհայնացման հայակուլ, ազգակուլ ճամբան՝ սպառնալով նոյնիսկ մեր հայաւանին՝ Քեսապին, ուր ծաւալած էր շինարարական զբօսաշրջութեան ամենակուլ հոսանք մը։

Եւ այսպիսի իրավիճակի մը կը զուգադիպէր Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ օծումը վեհափառ հօր ձեռամբ, Թուրքիոյ սահմանէն հազիւ երկու քիլոմեթր անդ։

Անկասկած որ այդ երեք օրերը հոգեպարար եւ անկրկնելի օրեր էին։

Վեհափառ տէրը Քեսապէն կը մեկնէր Դամասկոս՝ հանդիպում ունենալու Սուրիոյ նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատի հետ։

Մեզի հասած համեստ ու բաց թողուած լուրերը կը շշնչային, թէ վեհափառը նախագահին յայտնած էր, թէ կու գայ Թուրքիոյ սահմանամերձ Գարատուրան գիւղի եկեղեցւոյ օծումի արարողութենէն, սահմանին վրայ հոգեղէն ամրոցի մը կառուցումի աւարտէն։ Այն սահմանին մօտէն, որ ֆրանսական հոգատարութիւնը բրտօրէն գծած էր Ալեքսանտրէթի «սանճագ»ի Թուրքիոյ որպէս կաշառք-նուէր տալով, ուր կ՛ապրէր հոծ թիւով հայութիւն…

Այո, այդ եկեղեցին սահմանին կպած Թուրքիոյ աչքին խրուած ցից մըն էր։

Օրերը թաւալելով՝ կը հասնէինք Հայոց Եղեռնի 95ամեակի նախօրէին, երբ յանկարծ կ՛իմանայինք, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Սուրիա պիտի այցելէ։

Բարեբախտաբար, հայ-թուրք փոխըմբռնման թուղթերը չէին վաւերացուած ոչ միայն Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ, այլ, անկէ առաջ, Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ։ Եւ այսպիսի մթնոլորոտի մը կը զուգադիպէր տողերուս հեղինակին կատարելիք բանախօսութիւնը։

Փնտռտուքս երկար չտեւեց։ Գտայ. «Թուրքիոյ Քաղաքական Բեմին Վրայ Արդեօք Հայերը Կրնա՞ն Լուրջ Ու Անկեղծ Խօսակից Գտնել»։

Վերնագիրը գրուած էր անցնող 30ական թուականներէն սկսեալ հրատարակուող «Վէմ» պարբերականին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան (առաջին) չորրորդ վարչապետին՝ ընկեր Սիմոն Վրացեանի կողմէ։

Հմուտ քաղաքագէտ վարչապետը, խորունկ քննութեան ենթարկելով թուրք քաղաքական վերնախաւը եւ ժամանակաշրջանը՝ կու գար վերոնշեալ հարցադրման։

Պատասխանը մէկ էր. ոչ։

Շարունակելով պրպտումներս՝ կը զուգադիպէի եղերաբախտ ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի մէկ յօդուածին, գրուած նոյն դարու 70ական թուականներուն, «Ազդակ-Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»ի մէկ թիւին մէջ, անշուշտ, տարբեր մշակումով, տարբեր ժամանակաշրջանի մէջ։

Ներշնչուելով, օգտուելով վերոյիշեալ յօդուածներէն, խօսքս կ՛արտագրէի նոյն վերնագիրին տակ, անդրադառնալով այդ չարայուշ «փրոթոքոլային» թուղթերուն…

Լաթաքիոյ մէջ կայացած տօնախմբումէն ճիշդ մէկ օր ետք Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Դամասկոսէն, Հալէպի ճամբով, կ՛անցնէր Տէր Զօր։

Անցնելով Տէր Զօրի հայակուլ անապատին ընդմէջէն (այժմ «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան (ISIS) կողմէ պղծուած, քանդուած), ան, Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած մատուռ-յուշակոթողին առջեւ խօսք առնելով՝ ի զարմանս մեզի, բարձրաձայն կ՛աղաղակէր Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած Ցեղասպանութեան մասին։

Մենք մեզի հարց կու տայինք. արդեօք երկու նախագահները, այդ պահուն, ետդա՞րձ կը կատարէին այսպէս ըսուած «մեղրալուսին»էն, փոխըմբռնման համաձայնագիրներէն՝ կնքուած Թուրքիոյ պետութեան հետ։

Գլխուս մէջ կրկին կը ղօղանջէր Սիմոն Վրացեանի խորագիրը. «Թուրքիոյ Քաղաքական Բեմին Վրայ Արդեօք Հայերը Կրնա՞ն Լուրջ Ու Անկեղծ Խօսակից Գտնել»։

 

***

 

Տարիները թաւալգլոր անցան։

Մեղրալուսին թէ մեղրամիս վերջ գտան։

Թուրքիոյ ձեռքով արեամբ սրբուեցաւ այդ «մեղրալուսին»ը։ Անոր տխրահռչակ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուի՝ «Թուրքիա-դրացիներ՝ զերօ հարց» լօզունգը վերածուեցաւ «Թուրքիա-դրացիներ՝ բազմաթիւ հարցեր»ու։

Թուրքիա մինչեւ ականջները թաղուած էր Սուրիոյ հանդէպ սարքուած արեւմտեան-արաբական միջազգային դաւադրութեան մէջ։ Անիկա էր «Իսլամական պետութիւն», «Ճապհաթ Նուսրա» եւ հարիւրեակ մը ամէն օր անունը փոխող ահաբեկչական խմբաւորուններու տէրն ու տիրականը՝ բառին ամենալայն իմաստով։

Սուրիոյ ժողովրդավարութեան դասեր տուող Թուրքիան ակնթարթի մը մէջ վերադարձած էր իր իսկական ծիներուն թելադրած իրողութեան։

Իր ահաբեկչական բռնակալ խմբաւորումներով, ամէնուրեք աւեր եւ խաւար կը սփռէր։

Տիւ եւ գիշեր, իր պատրաստած հրոսակախումբերը կը տրորէին Սուրիոյ զանազան ոստանները՝ Հալէպ, Իտլիպ, Տէր Զօր, Քեսապ… եւ ո՞ւր-ո՞ւր…

Թրքական «ժողովրդավարութիւն»ը բռնի ոյժով կ՛առաքուէր Սուրիա, Իրաք, նոյնիսկ զայն հովանաւորող Եւրոպա։

Սուրիայէն բռնի կերպով Թուրքիա տարուած եւ յատուկ ճամբարներու մէջ հաւաքուած գաղթականներ, ապօրինի միջոցներով՝ մահէն փախչելով, մահուան ճիրաններուն մէջէն անցնելով, կը փութային Եւրոպա, որուն անհե-ռատես ղեկավարները զանոնք գրկաբաց կ՛ընդունէին, եւ որոնց մէջ մեծ էր ծպտեալ ահաբեկիչներուն թիւը։

Գաղթականներէն մաս մը տղամարդիկ կը պարտադրուէին Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ զինեալ ահաբեկիչներուն միանալ։

Եւրոպան եւ արեւմուտքը զանոնք «զինեալ ընդդիմադիրներ» կը կոչեն ցայսօր։

Թուրքիոյ կողմէ «ներածուած» աֆղան, չեչեն, թուրքմեն, եւ ամէն տեսակի՝ ամէնուրեք կռուած ահաբեկիչները, Թուրքիոյ կողմէ կը կոչուին «ժողովրդավարութեան առաքեալներ», եւ անոնք «կ՛արտածուին» աշխարհի չորս ծագերը։

Օր ու գիշեր կողոպտուեցաւ Սուրիան Թուրքիոյ «առաքեալներ»ուն կողմէ՝ Հալէպի ճարտարարուեստի քաղաքը, Տէր Զօրի եւ Փալմիրի անապատի նաւթն ու կազը, ճարտարապետական կոթողները (եթէ չքանդուեցան)։

Ծրագրուած քանդումի ենթարկուեցան քաղաքներ (Հալէպ), թաղեր (հայաշատ նոր գիւղ, Սուլէյմանիէ…), ճարտարապետական կոթողներ, յուշարձաններ։

Մարդոց թշուառութեան «պիզնես»ը ղեկավարուեցաւ անոնց կողմէ՝ գաղթակայաններէ եւ հիւանդանոցներէ մարմինի գործարաններու (օրկաններու) խլումով եւ անոնց առուծախով։ Իսկակա՛ն եղեռն, սուրիակա՛ն եղեռն։

Իսկ վերջին «ժողովրդավարութեան» գիւտը՝ Թուրքիան վերածել միահեծան, բացարձակ, կեդրոնացեալ նախագահական-սուլթանական նոր ռեժիմի մը։

Արդեօք պիտի տեսնե՞նք նախագահ-սուլթանին մարգարէացումն ու աստուածացումը…

Որքան նման են խորքն ու ոճը հայկական եւ սուրիական եղեռններուն։ Միայն միջոցներն են տարբեր. առաջինը՝ եաթաղան, վերջինը՝ հրթիռ, հրասանդ եւ այլն։

Էրտողանի վերջին նորութիւնը՝ Եւրոպան անուանել ֆաշիստ կամ նացի։

 

***

 

Վերստին կը յիշեմ հանգուցեալ վարչապետ ընկեր Սիմոն Վրացեանի, եղերաբախտ ղեկավար ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի աղաղակած հարցադրումը՝ «Թուրքիոյ քաղաքական բեմին վրայ արդեօք հայերը կրնա՞ն լուրջ ու անկեղծ խօսակից գտնել»ը, ի մտի ունենալով անցեալի եւ ներկայի (Սումկայիթ, Պաքու) եղեռնները, նկատի ունենալով Սուրիոյ մէջ անոնց կիրարկած եղեռնը։

Աղաղակող, անլռելի հարցադրում։

 


 

ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ

 

 

St. Gregory Armenian Catholic Church

 


 

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական Եկեղեցի

 

Սան Ֆրանսիսքօ

 

 

————————————

 

Տէր եւ Տիկ. Րաֆֆի Ճիկէրեաններ

Color Dots

 

 

————————————————

 

 

VREJ PASTRY

 

 

1074 N. Allen Ave., Pasadena

626-797-2331

 

 


 

1791 E. Route 66, Glendora

626-914-1940

 

 


 

11148 Balboa Blvd., Granada Hills

818-366-2526


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles