ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Զարմանալի է կեանքը:
Տակաւին քիչ առաջ էր, երբ յիշեցի քեզ, տարի մը առաջ միասին անցուցած մեր օրերը:
Հիմա, որ չկաս, կեանքս սկսած է թաւալել ու երազին ալիքներուն մէջ, ուր մեղմ յուշերդ շոյանքներու նման, երբեմն տառապանքով լեցուն պահեր կը ստեղծեն:
Գաղտնիք մը չէ, որ երկուքս բաժնուած ենք իրարմէ, կամայ եւ նոյնչափ ալ ակամայ:
Աւելի ճիշդ, ես եմ, որ քեզմէ բաժնուեցայ կամովին եւ՝ նոյնքան ալ դժուար:
Հիմա դուն չկաս:
Կարծես անձս կորսնցուցած եմ:
Կան միայն նկարներդ, որոնք մտածումներուս մէջ փաթթած եմ ամուր ու թարմ:
Քեզմէ հեռանալէս ետք անցեալս դարձած է տագնապալի եւ սակայն՝ յիշատակելի եւ վայելուչ:
Ու հիմա դուն ես իմ մտքիս գլխաւոր դիցուհին, չաստուածը:
Հոգս չէ:
Քեզ պաշտած ըլլալու վայելքէս շատ յաճախ գինովցած եմ:
Շատ անգամ նոյնիսկ էութիւնս խրոված է ու հոգիս հալածելով, խանգարած եմ միտքս ալ:
Յաճախ երազած եմ մանուկի մը նման ու երեւակայութիւնս՝ քեզմով ապրած:
Քեզմով չհագեցած, գրեթէ ամէն օր քեզմով կը զբաղիմ:
Աչքերուս դիմացն է, որ կեանքիս առջեւ կը բանա նոր արշալոյս մը, որ կ՛ողողէ հոգիս եւ էութիւնս:
Հեռանալէս ետք ամիսներով անքուն մնացի: Միշտ քեզ խոկացող գաղափարներս տանջեցին զիս:
Հիմա աթոռիս վրայ ընկողմանած թէ՛ կը կարդամ եւ թէ ցած ձայնով երգի նման բան մը դուրս նետելով բերնէս կը փորձեմ այս տողերը գրել քեզի՛, սիրելի ծննդավայր Հալէպս: