Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Մարդկութեան Համաշխարհայնացումը

$
0
0

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԿԵԱՆ

 

0115pakradestoukianՀին դէպք մըն է որ կը պատկերանայ յիշողութեանս մէջ: Տարիներ առաջ էր. տակաւին չէի ամուսնացած: Ընտանեօք գացած էինք Մարմարա կղզի, քանի մը օրուան կարճ արձակուրդի համար: Երեկոյ մը կը շրջէինք նաւամատոյցին մօտակայքը, երբ յանկարծ տղեկ մը, հազիւ ութ կամ տասը տարեկան, հաւասարակշռութիւնը կորսնցուց եւ շուրջ երեք մեթր բարձրութենէն ինկաւ ներքեւի ժայռերուն վրայ: Ծնողքին հետ մենք ալ փութացինք. տղուն ուշքը գացած էր: Դժուար չէ երեւակայել մօրը եւ հօրը խուճապը:

Քանի մը ժամ առաջ պատահաբար հանդիպած էինք երէց սերունդէն պոլսահայ բժիշկի մը, որ ինք եւս, մեզի պէս, ընտանեօք եկած էր արձակուրդի: Իսկոյն իրեն դիմեցինք՝ պատմելով պատահածը: Խնդրեցինք, որ անգամ մը քննէ եւ խորհուրդ տայ, թէ ի՛նչ պէտք է ընել: Բժիշկին առաջին հարցումը եղաւ. «Ձեզմէ մէկուն տղա՞ն է»: Երբ լսեց, թէ անծանօթով մը կը մտահոգուինք, բնաւ չխանգարեց իր հանգիստը եւ մեզի ալ խորհուրդ տուաւ՝ միջամուխ չըլլալ անծանօթի մը գլխուն պատահածին:

Անցնող տարիներուն ընթացքին զանազան առիթներ ներկայացած են, որ ես խորհիմ, թէ այս կեցուածքին տէր կան շատ հայեր, որոնք պատահարները կը դիտեն միայն իրենց հետ առնչութեան սահմանով:

Քանի մը տարիներ առաջ, քաղաքի «Թաքսիմ» հրապարակին վրայ, «Կեզի» զբօսայգիին դէպքերը մէկտեղած էին իշխանութեան պարտադրութիւններէն ձանձրացած բազմերանգ ժողովուրդ մը: Բնականաբար, անոնց մէջ կային նաեւ հայ երիտասարդներ: Մեր պահպանողական աւագ սերունդը այդ ժամանակ եւս դժուարացած էր այդ դիմադրական շարժումին մէջ հայ տղոց դերակատարութիւնը ընկալելու: «Հայերուս հետ ի՞նչ կապ ունի», կը հարցնէին: Հարցնելու պահուն չէին անդրադառնար, որ երկրի 36 ազգային կամ կրօնական զանազանութիւնները հո՛ն էին եւ միասնաբար կը փորձէին իշխանութեան պարտադրած կամքին դիմադրել: Բարեբախտաբար, հայ նոր սերունդը աւելի՛ դիւրին ընկալեց եղածը եւ օրեր շարունակ հեւ ի հեւ հետեւեցաւ դէպքերու զարգացման: Անիկա նոյնիսկ բարի նախանձով գնահատեց Պոլսոյ «Նոր Զարթօնք» երիտասարդական շարժումի լօզունգները, կարգախօսները եւ պատգամները:

Աւելցնենք, թէ աւագ սերունդի պահպանողական միտքը ո՛չ միայն կը դժուարանայ հայուն՝ ոչ-հայկական խնդիրի մը մէջ ներգրաւումը ընկալելու, այլ կը դժուարանայ նաեւ ոչ-հայուն՝ որեւէ հայկական խնդիրի մը մէջ ներգրաւումը եւս հասկնալու: Կը դիմէ այլամերժութեան՝ «Անոնք իրենց քաղաքական նպատակներուն համար կը շահագործեն մեր խնդիրները» ըսելով:

Բարեբախտաբար, հասկացողութիւնները սկսած են փոխուելու մեզի՝ հայերուս համար: Վերջերս մամուլի միջոցաւ վերահասու կը դառնանք, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ հայեր կը զօրակցին տեղացի հնդիկներու «Սթենտինկ Ռաք» շարժումին: Ամերիկացի հնդիկները բնապահպանական մտահոգութիւններով կը դիմադրեն կառուցուող կազատար խողովակաշարին՝ իրենց հողերէն անցնելու ծրագիրին: Դիմադրութիւնը ծաւալած է հասնելով ամերիկեան զանազան խմբակցութիւններու, ինչպէս եւ՝ հայերու:

Արդի հասկացողութիւնը կը թելադրէ համաշխարհայնացում: ԻԱ. դարու սկիզբին այս եզրը, մանաւանդ՝ «Կլոպալիզմ» տարբերակով, կը բնութագրէր դրամատէրերու համագործակցութիւնը՝ աւելի շահութաբերին հասնելու համար սահմանները անտեսելու դրութեամբ: Այժմ, նոյն ԻԱ. դարու առաջին տասնամեակին, համաշխարհային ընկերութիւնն ալ ըրած է նոյն գիւտը՝ պաշտպանելու համար բազմաբնոյթ շահերը մարդկութեան եւ բնութեան։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles