Րաֆֆի Տուտագլեան
Եւ այսպէս, Նոր Տարուան արձակուրդներուն յաջորդած աշխատանքային առաջին օրը, իմ նախկին աշխատակից Վլադին ընկերակցութեամբ քշեցինք դէպի ինքնաշարժներու գրանցման կեդրոն: Ճանապարհին, Վլադին բացատրեցի անհանգստութեանս պատճառը: Տարիներ առաջ, երբ առաջին ինքնաշարժս գրանցելու գացեր էի, խայտառակ կացութեան մատնուած էի: Զիս ուղարկած էին մէկ սենեակէն միւսը, յետոյ՝ դիմումնագիրներ, «տեխնիկական զննումներ»՝ այլ թաղամասի մը մէջ, պետական մուծումներ՝ մէկ այլ թաղամասի մէջ: Աւելին, հրմշտուք՝ հերթերու մէջ առաջին դիրքը գրաւելու համար, անտեղի աղմուկ, բողոքներ, կանխիկ գումարներու անհասկնալի վճարումներ, փոշի, կեղտ… Ամբողջ օր մը կորսնցուցած էի՝ մէկ տեսուչէն միւսին մօտ վազելով, եւ տուն վերադարձած՝ ուժասպառ, յոգնած ու տանջուած:
Վլադ բացատրեց, որ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի օրերուն, պետական նմանօրինակ ծառայութիւնները հեշտացնելու որոշում առնուած էր, եւ ինքնաշարժներու գրանցումը շատ դիւրացած էր: «Էդ ձեր ասած ժամանակների նման չի, էսա՛ կը հասնենք ու կը տեսնէք», ըսաւ Վլադ՝ ինքնավստահ եւ հանդարտ:
Արդէն մօտեցեր էինք նոր շէնքին եւ դեռ կանգառ չէինք հասած, երբ նշմարեցի, որ մուտքին կայ ինքնաշարժներու հսակայական հերթ մը, որուն պոչը հազիւ թէ կ՛երեւէր: «Վլա՛դ, երանի մեզի հետ գիշերանոց ու ծածկոց ալ բերէինք: Ըստ երեւոյթին, այս գիշեր հոս պիտի մնանք, հերթը չե՞ս տեսներ», յուսահատ ըսի ես:
«Շե՛ֆ ջան, էս հէչ, էլի՛… մի շաբաթ արձակուրդ էր, սաղ գրասենեակները փակ էին, աշխատանքային առաջի օրն ա, բոլորն էլ եկել են գործարք անելու, դրա համար ա էս հերթը: Սրանք նոր գրանցուող մեքենաներն են, նրանց տեխհամարն են ստուգում», բացատրեց Վլադ՝ նոյն ինքնավստահ ու հանդարտ ոճով:
Մեր ինքնաշարժը հանդիպակաց վճարովի կանգառին մէջ կայանելէ ետք, մտանք շէնք: Հսկայ սրահին մէջ մեծ էր թիւը գործարք կատարող քաղաքացիներուն, իսկ ձախին՝ երիտասարդ տեսուչներ, կոկիկ համազգեստներով, նստած էին համակարգիչներու ետին եւ կը սպասարկէին հերթի կանգնողներուն: Փորձառու Վլադին հետ գացի եւ հերթի կանգնեցա տեսուչներէն մէկուն առջեւ: Շուրջ 5 վայրկեան սպասելէ ետք, մօտեցանք տեսուչին ու բացատրեցինք ինքնաշարժիս սեփականութեան քարտին՝ տեխպասպորտի կորուստին մասին: Տեսուչը անձնագիրս ուզեց եւ համակարգիչին մէջ բաներ մը ստուգելէ ետք՝ ըսաւ. «Գնացէք էդ տերմինալի մօտ, 6000 դրամ մուծում կատարէք եւ վճարման կտրօնը բերէք ինձ»:
Երկու վայրկեան անց, արդէն վճարումը կատարած էինք եւ վերադարձած տեսուչին քով: Դարձեալ համակարգիչով աշխատելէ ետք ըսաւ. «Ստորագրէք էդ էլեկտրոնիք սարքով եւ գնացէք շէնքի մուտքի մօտի գրասենեակը: Ձեր տեխպասպորտը պատրաստ կը լինի 10 րոպէից»։
Այդպէ՛ս ալ եղաւ… Շուրջ 15 վայրկեան սպասելէ ետք, անունս կանչեցին եւ անձնագիրս ստուգելէ ետք՝ տեխպասպորտը տուին եւ… վերջ: Աչքերուս չէի հաւատար, լեզուս կապուած էր:
Երեկոյեան, ընկերներուս հետ սուրճի հերթական հանդիպման ընթացքին, հաճոյքով պատմեցի դրական այս փոփոխութեան մասին: Ընկերներս ալ անմիջապէս սկսան պատմելու դրական այլ փոփոխութիւններու մասին, ինչպէս օրինակ՝ անձնագիրներու բարելաւուած ծառայութիւնը, նոր օդակայանը, անշարժ գոյքի արագացուած գրանցումները, եւ այլն… դրական երեւոյթներ, որոնց ընդհանրապէս չենք անդրադառնար:
– Ախպե՛ր,- ըսաւ ընկերներէս Արշակը,- եթէ ուզենան փոխել, շա՛տ լաւ էլ կը փոխեն: Ընդամէնը կա՛մք ա պէտք: Վերեւներից դէպի ներքեւ ճնշում են, որպէսզի մանր կաշառքը վերացնեն եւ պետական սպասարկութիւնները մի քիչ բարելաւեն: Մնաց, որ ներքեւից էլ վերեւների վրայ ճնշեն, որպէսզի բուրգի գագաթի ղեկավարները դադարեցնեն խոշոր կողոպուտն ու պետպիւտճէի թալանը: Կարո՞ղ ենք դա անել: Էդ կազմակերպուած ուժն ու կամքը ունե՞նք…
15 տարի առաջ Քաթարէն Հայաստան տեղափոխուած եւ շինարարական աշխատանքներով զբաղող Զօհրապը պատասխանեց.
– Օր մը կ՛ունենանք, վստա՛հ եղէք, օր մը անպայման վերեւներն ալ կը փոխուին:
– Կա՛մ էլ՝ նրանք մեզ կը փոխեն: Փոխե՞լ, թէ փոխուել… Է՛ս ա մեր գոյութեան մեծագոյն հարցը, ա՜յ ախպեր… Շէյքսփիրը սէնց պէտք ա գրէր,- աւելցուց կատակասէր Վաչիկը:
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com