Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

ԶԱՆԳՈՒԱԾՆԵՐԸ ԸՆԴՎԶԵՑՆՈՂ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԽՈՐՔԸ (5)- Մեքենան Եւ Արդի Արհեստագիտութիւնը Ի Սպաս Մարդուն, Ոչ Հակառակը

$
0
0

Տնտեսական տագնապը, ընկերային անարդարութիւնն ու մէկ առ հարիւրին եւ 99 առ հարիւրին միջեւ արագօրէն խորացող վիհը միայն ամերիկեան երեւոյթ չէ, այլ համատարած պատկեր ունի, տագնապի ոլորապտոյտին մէջ բռնած է ամբողջ աշխարհը։ Յունաստանի, Սպանիոյ եւ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ, անգործութեան համեմատութիւնը աւելի՛ իրական թուանշաններով կը ներկայացուին, քան Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր անգործներու համեմատութիւնն ալ քաղաքական խաղերու գերի է, հաշուի չեն առնուիր կիսաժամ աշխատանք ընողներն ու գործ փնտռելէ դադրողները, պետական համապատասխան նպաստէ զուրկ հռչակուողները։
Եթէ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, Նիւ Եորքի սակարանը կամ քաղաքապետարաններ գրաւելու խորագիրին տակ շարժումները մղում կ՛առնեն ընկերային անհաւասարութեան, միջին դասակարգի ոչնչացման դառն իրականութենէն, Յունաստանի կամ Սպանիոյ մէջ տագնապը կը կոչուի իր անունով, ու զանգուածներ հրապարակային պայքարի մէջ են առանց մեծ սակարկութիւններու մէջ մտնելու կամ իրենց իրաւուքնները մեծ համեմատութեամբ քաղաքականացնելու (քաղաքական խաղերու ենթակայ դարձնելու իմաստով)։
Եթէ Միացեալ Նահանգներու մէջ, քարիւղի կամ դրամատնային (եւ այլ) մեծ ընկերութիւններու մօտ տեղի կ՛ունենան նիւթական հսկայական կեդրոնացում ու կուտակում, այդ կարողութիւնները չեն գործածուիր անգործութեան դարմանումի, սարքովի պարտքերու հատուցման եւ «Ընկերային Տագնապ» խորագիրին տակ ցուցակագրուող, զանգուածը դժուար կացութենէ դուրս բերող միջոցներուն մէջ։ Անդին, Յունաստանի, Սպանիոյ կամ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ իրողութիւնը տարբեր չէ. Յունաստանի մէջ յախուռն ցոյցեր կազմակերպողները, տարբեր գոյնի կառավարութիւններ տապալողերը ունին այն գանգատը, թէ փոքրամասնութիւն մը, իշխանաւորներու ետին կանգնող փոքրաթիւ սակաւապետներ (չմոռնանք նաեւ մեր Հայաստանը…) իւրացուցած են հսկայական գումարներ ու լծակներ, այդ գումարները «փախուստ տուած են» երկրէն դուրս, չեն օգտագործուիր երկրին ու ժողովուրդին վերականգնումին համար, կամ պարզապէս իւրացնողները «նստած են» այդ հսկայական գումարներուն վրայ, կառավարութիւններ ու ժողովուրդը կը պահեն իրողական պատանդներ, նոր տեսակի ստրկութիւն մը ստեղծած են, եւ այդ դրութեան համար կը գործածուին Եւրոյի Գօտի, Եւրոտնտեսական Դրութիւն եւ այլ «մակնիշ»ներ, որոնց տիրութիւնը կը վերագրուի Գերմանիոյ վարչապետ Մերքելին կամ հսկայական դրամատուներու վարիչներուն, իրականութեան մէջ… մեր ակնարկած՝ սահմաններ չճանչցող փոքրամասնութեան։
Վերադառնալով Միացեալ Նահանգներ՝ մշակուած են օրէնքներ, որոնք դուռը բաց ձգած են դրամագլուխներու եւ գործի կարելիութեանց երկրէն «փախուստ»ի, այլ երկիրներու մէջ գործ ստեղծողներ, արտադրութիւն կատարողներ զերծ կը մնան ընդհանուրին համար սահմանուած տուրքերէն։ Միթ Ռամնի մը հպարտօրէն ու ճակատաբաց կը յայտարարէ, թէ այլուր կատարուած իր շահարկումներուն համար առաւելագոյնն… 15 առ հարիւր տուրք կը վճարէ եւ կը խոստանայ մեծ շահարկողներն ու շահողները զերծ պահել բարձր տուրքերէ, մինչդեռ զանգուածը՝ հասարակ մահկանացուները այս թեկնածուին մօտաւորապէս կրկնապատիկը տուրք կը վճարեն, ու չվճարելու պարագային, իրենք զիրենք կը գտնեն օրէնքին կողմէ հետապնդման սպառնալիքին տակ։ Իսկ ո՞վ կը հաւատայ Օպամայի խստապահանջութեան խոստումներուն, երբ անցեալ տարիները փաստեցին, թէ ան կատարած խոստումներէն ետդարձի մրցանիշներ հաստատեց, յայտնապէս… զինք Սպիտակ Տուն հասցնողներուն իր պարտքը վճարելու հարկադրանքով։
Յստակ շատ բան կայ. նախ այն, որ իշխանութեան ձգտողներ ու հասցուողներ, ժողովրդավար թէ իբրեւ մենատիրական ճանչցուած երկիրներու մէջ, մեծ մասամբ ի սկզբանէ «գնուած» են դրամին տիրապետողներուն կողմէ. պէտք չկայ իշխանութեան ամբողջ դասը «գնելու». կը բաւէ, որ իշխանաւոր դասու աւելի քան 50 առ հարիւրը լծուի այս արօրին, ու անկէ ետք, «ժողովրդավարութեան» անունով խաղը կը գտնէ սպասուած հունը։ Մեր Հայաստանն ալ, դժբախտաբար, զերծ չէ այս կացութենէն, ուր իշխանաւոր խաւը քուէներ գնելու «օրինական միջոցներ» կը ստեղծէ եւ կը խաղայ «ժողովրդավարութիւն» կիրարկելու նոյն խաղը։ Ի վերջոյ, երբ շուկայի քաղաքականութեան ու «արդիականութեան» խայտաբղէտ կիրարկումներ կարելի են, ինչո՞ւ ոչ՝ ամերիկեան, ռուսական կամ այլ «արդի ժողովրդավարութեան» կրկնօրինակումը։

ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ
ԳՈՐԾՕՆԸ

Յստակ է նաեւ այն, որ քանի մը դար առաջ, եթէ ճարտարարուեստի յեղաշրջումը նաեւ աղէտներո՛ւ պատճառ դարձաւ աշխատաւոր ձեռքերուն համար, գործազրկումի ու թշուառութեան ալիքներ տարածելով յատկապէս եւրոպական երկիրներու մէջ, այսօր, արդի արհեստագիտութեան նուաճումները իրենց բաժինը կ՛ունենան տնտեսական-ընկերային տագնապներուն ծանրացման ու տարածման մէջ։ Նորահնար սարքեր, անվճար, կը փոխարինեն բազմատասնեակ պաշտօնեաներ ու աշխատաւորներ, ու մենք կը հպարտանանք, որ կեանքը դիւրացած է ու արագացած, սակայն մեր տեսողութեան դաշտէն կը վրիպի, թէ արդէն կը չարաշահուի յիշեալ մէկ առ հարիւրին կողմէ, որ փոխարինած է աւատապետը, գործարանատէր-դրամատէրն ու մենաշնորհեալ իշխաններու դասակարգը…:
Խօսի՞նք օրինակներով. դրամատուներու պաշտօնէութիւնը կը կրճատուի, ինքնաշարժներու կանգառներու մուտքերուն գործող գանձիչներ այլեւս գործ չեն ունենար, որովհետեւ նոր գործիքները դարձած են աւելի՛ «խելացի», կրնան գանձումները կատարել առանց մարդուժի։ (Դեռ նկատի չունինք արդի գործիքներու օգտագործման դժուարութեան պարագային, օժանդակութիւն ապահովող այլ-երկրացիներու հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները)։ Այլ խօսքով, եթէ ատենին, Ճարտարարուեստի Յեղափոխութիւնը անգործութեան պատճառ դարձաւ եւ առիթ ստեղծեց աշխատաւորական իրաւուքներու հետապնդման շարժումներու, արհեստակցական խմբաւորումներու կազմաւորման եւ աշխատանքի դրութեանց վերադասաւորման (աշխատանքի ժամերու վերադասաւորում, հատուցումներ եւ արձակուրդներ…), այսօր, այդ ուղղութեամբ որեւէ խօսք չկայ, քայլ չ՛առնուիր։
Պատմութիւնը ատեն մը եկաւ իր խօսքը ըսելու, որ մեքենա՛ն մարդուն համար է, եւ ո՛չ թէ մարդը՝ մեքենային։ Ընկերային շարժումներն ու յեղափոխութիւնները նաե՛ւ այս ներշնչումով տարուեցան, նուաճումներ արձանագրուեցան։ Դրամատէր-գործարանատէրը ստիպուեցաւ հոգալու աշխատաւորին իրաւունքները, դրամը գործածուեցաւ ո՛չ միայն գործարանատիրոջ, այլ բոլորին վիճակը բարելաւելու համար, որովհետեւ բաւարարութիւն ունեցող աշխատաւորը եղաւ աւելի՛ աշխատունակ ու արտադրող, քան այն փուլին, երբ կը մնար անիրաւուած։ Ան ինքզինք բաժնեկից զգաց արտադրողականութեան ու անոր բարիքներուն։ Եթէ ընկերվարութիւնը եւ ընկերվարական գաղափարները եղան այդ բարեշրջման առանցքն ու յենարանը, դրամատիրութիւնն ալ այդ ազդեցութիւններուն տակ ունեցաւ դրական արտայայտութիւններ, որոնք մինչեւ այսօր ալ իբրեւ զէնք կը գործածուին դրամատիրութեան ջատագովներուն կողմէ։
Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ պատմութեան անիւը կը թաւալի ու պիտի շարունակէ թաւալիլ անցեալի մեծ վերիվայրումներու հետեւողութեամբ։ Այսինքն՝ իւրաքանչիւր վայրէջքի սովորաբար կը յաջորդէ վերելք մը ու բարելաւման փուլ մը։ Այդ մասին՝ աւելի ուշ։

Հոկտեմբեր 2012


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles