ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Արցախի անկախ պետականութեան 25ամեակը վճռական հանգրուան մը պէտք է ըլլայ Արցախի հարցի կարգաւորման միջազգային բանակցութիւններու ապագայ ընթացքը ճշդելու տեսակէտէն: Այսօր հրապարակուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան յայտարարութիւնը յստակօրէն կը սահմանէ կարգաւորման սկզբունքները եւ կը գծէ ճանապարհը, որմով ԵԱՀԿի Մինսքի Խումբի Համանախագհներու գլխաւորած բանակցային գործընթացը կրնայ յաջողութեամբ պսակուիլ եւ տարածաշրջանը առաջնորդել խաղաղ եւ արդիւնաւէտ համակեցութեան ի շահ բոլոր շահագրգռուած կողմերուն:
Եւ սակայն…
Գոյութիւն ունի հիմնական նախապայմանը, զոր կրկին ու կրկին պէտք է շեշտել: Բանակցային գործընթացի տարրական կանոնն է բանակցութիւնը՝ ի՛նք: Բանակցային գործընթացը կ՛ենթադրէ լիովին յարգել զինադադարի պայմանագրի տառն ու ոգին: Ան կ՛ենթադրէ զինեալ գործողութիւններու ամբողջական դադարեցումը եւ ամբողջական խաղաղութեան պայմաններու մէջ բանակցային գործընթացի անկաշկանդ հետապնդումը:
Ցաւալի իրողութիւնը այն է, որ Ատրպէյճան երբեք կանգ չէ առած պատերազմելէ: Ան երբեք չէ դադրեցուցած իր ոտնձգութիւնները ամբողջ շփման գծի երկայնքով: Ան խլած է բազմաթիւ զոհեր սահմանագծի գիւղերու բնակչութեան շարքերէն մշտական անապահովութեան մատնելով շրջանի բնակավայրերու առօրեան: Ատրպէյճան չէ դադրած հրապարակաւ ծանուցելէ իր պատերազմական դիտաւորութիւնները եւ բանակցութիւններու սեղանին ներկայացած է միայն վերջնագրերով: Ան երբեք չէ եղած բանակցող կողմ: Ան միշտ ինքզինք համարած է պատերազմող կողմ եւ բանակցային գործընթացը վերածած՝ զաւեշտի: Եւ առաւել ցաւալին եղած է այն, որ միջազգային կողմերը ցարդ հանդուրժած են Ատրպէյճանի եւ իր նախագահի ամէնօրեայ օրինախախտումները:
Հետեւաբար իսկական բանակցային գործընթացը դեռ շատ հեռու է իրականութիւն ըլլալէ: Համանախագահող երկիրները ցարդ չեն յաջողած զսպել Ատրպէյճանի ապօրինութիւնները եւ կասեցնել անոր ոճրային գործունէութիւնը: Գործընթացը իրողապէս սառած է վաղուց:
Ատրպէյճան եւ Թուրքիա զայն վաղուց առեւանգած են եւ պարպած՝ իր էութենէ՛ն: Ժամանակն է, որ այս խախուտ փոխյարաբերութեան վերջ տրուի: Ժանանակն է, որ բուն հարցը դրուի սեղանի վրայ յստակ ու մեկին: Ատրպէյճան պարտաւոր է հայկական կողմին հայթայթելու խաղաղութեան անշրջանցելի երաշխիքներ:
Ամէն այլ նախաձեռնութենէ առաջ, ան պարտաւոր է ստորագրելու միջազգայնօրէն երաշխաւորուած ոչ-յարձակման ուխտագիր (non-aggression pact) մը եւ տալու ապացոյցը այդ ուխտագրի փաստացի կիրառման, որպէսզի բանակցային գործընթացը փաստացիօրէն սկիզբ առնէ հետապնդելով երկուստեք ընդունելի համաձայնութեան այն փաթեթը, որուն սահմանումը կ՛ընէ Դաշնակցութեան յայտարարութիւնը եւ որ կոչուած է արմատական լուծում բերելու ոչ միայն Հայաստանի եւ Արցախի, այլեւ ամբողջ տարածաշրջանի անվտանգութեան մեծ խնդրին:
Սեպտեմբեր 2, 2016
Ուաշինկթըն