Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Առեղծուածներ Հայկական Բարձրաւանդակին Վրայ

$
0
0

0818enigma

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

 

Մինչեւ անցնող դարաշրջանի երկրորդ կէսը, հնդեւրոպական ժողովուրդներու նախահայրենիքը եւ կամ քաղաքակրթութեան բնօրրանը կը տեղադրուէր տարբեր վայրեր, որոնց շարքին՝ Պալքանեան թերակղզին կամ Մեզոփոթամիան (Միջագետք, «Ա.»): Հայկական բարձրաւանդակի մասին խօսք չկար:

Սակայն քսաներորդ դարու եօթանասունականներուն ռուս երկու ականաւոր գիտնականներ՝ Կամկրելիծէ եւ Իւանով, հիմնուելով լեզուաբանական ճշգրիտ տուալներու վրայ, ձեւաւորեցին նոր վարկած մը, որուն համաձայն, հնդեւրոպական ժողովուրդներու նախահայրենիքը պէտք էր որ ըլլար Հայկական բարձրաւանդակը: Ասկէ կրնայինք հետեւցնել, որ հայ ժողովուրդը բնիկ է, եւ ոչ թէ՝ եկուոր: Այնուհետեւ, Ռաֆայէլ Իշխանեան եւ տարբեր մասնագիտութեան տէր կարգ մը այլ գիտնականներ զարգացուցին եւ նոր ապացոյցներով համալրեցին նոր վարկածը եւ առաջարկեցին, որ Խորհրդային Հայաստանի մէջ հայ ժողովուրդի եկուոր ըլլալու տեսութեան կողքին, աշակերտներուն դասաւանդուի նաեւ բնիկ ըլլալու տեսութիւնը, իբրեւ՝ հնարաւոր երկրորդ վարկած: Թէեւ մերժուեցաւ այս առաջարկը, սակայն նոր վարկածով սկսան հետաքրքրուելու նաեւ այլ բանասէրներ, որոնց շարքին նաեւ՝ օտարներ, որոնք առհասարակ մարդկային քաղաքակրթութեան բնօրրանը սկսան տեղադրելու Հայկական բարձրաւանդակին վրայ:

Մենք մեր հերթին Ռաֆայէլ Իշխանեանի թելադրանքով եւ անոր տուած ցուցմունքներուն հիման վրայ ուսումնասիրեցինք Գեղամայ լեռներու եւ Ուխտասարի ժայռապատկերներու խորհրդանշանները եւ բացայայտեցինք, որ անոնք հազարաւոր տարիներու ընթացքին եղափոխուելով ու զարգանալով՝ հասած են մինչեւ մեր օրերը: Թէեւ դարերու ընթացքին անոնց իմաստն ու բովանդակութիւնը փոփոխուած են (երբեմն նոյնիսկ՝ մոռցուած), սակայն ձեւութային առումով անոնք մնացած են գրեթէ նոյնը: Ու ամենակարեւորը, երբեմն ընդհատուած ըլլալով հանդերձ, անոնց շղթան չէ կտրուած: Այս մէկը կ՛ապացուցէ, որ նախնադարէն ի վեր մշակութային նոյն յատկանիշները կրող ժողովուրդ մը կը շարունակէ գոյատեւել նոյն տարածքին՝ Հայկական բարձրաւանդակին վրայ: Այսինքն հայ ժողովուրդը բնի՛կ է, ոչ թէ՝ եկուոր:

Մեր օրերուն օտար բազմաթիւ պատմաբաններ, հնագէտներ եւ յարակից այլ գիտնականներ հետաքրքրուած են Հայկական բարձրաւանդակի նախաքրիստոնէական եւ յատկապէս նախնադարեան մշակոյթով: Հնագիտական պեղումներու եւ համապատասխան ուսումնասիրութիւններու լոյսին տակ գիտնականներէն շատեր սկսած են հաւատալու, որ իրօ՛ք գոյութիւն ունին տրամաբանական տուեալներ եւ իրեղէն ապացոյցներ, որոնք հնարաւորութիւն կու տան քաղաքակրթութեան կեդրոնը տեղադրելու Հայկական բարձրաւանդակին վրայ: Ինչպէս Պորտասարի եւ կամ Արենի քարայրի պեղումներու արդիւնքներն են: Այսօր կարգ մը գիտնականներ կը հաւատան, որ Սիւնիքի տարածաշրջանը, յատկապէս Քարահունչի շրջակայքը օժտուած է տիեզերական կենսաուժերու առկայութեամբ, որ իր հերթին հնարաւոր է, որ նպաստած ըլլայ նոյն տարածքին վրայ նախնադարեան մշակոյթի մը կազմաւորման ու զարգացման:

Թուենք կարգ մը գիտնականներու անուններ, որոնք այցելած են Հայաստան եւ իրագործած՝ որոշ ուսումնասիրութիւններ, որոնց հիման վրայ հակամէտ են հաւատալու, որ Հայկական բարձրաւանդակը հարուստ է նախնադարեան բարձրորակ այնպիսի մշակոյթով, որ քաղաքակրթութեան օրրան ըլլալու ուժը կրնայ պարունակել իր մէջ:

Ռուսական տիեզերական մարդաբանութեան բարձրագոյն հիմնարկի տնօրէն Ալեքսանդր Տրոֆիմով. սկովտիացի հնագէտ, պատմաբան Կրեհեմ Հենկոք եւ լուսանկարիչ լրագրող Սանթա Ֆայա, Մոսկուայէն եւ Փեթերսպուրկէն խումբ մը գիտնականներ, ղեկավարութեամբ Վիթալի Փովդիսեւի, յատուկ արշաւախումբ մը կազմեցին՝ ղեկավարութեամբ հնագէտ պատմաբան Էմմանուէլ Անատիի:

Յիշեալ եւ այլ գիտնականներու այցը Հայաստան կազմակերպած են այս հարցով շահագրգռուած շարք մը մասնագէտներ՝ գլխաւորութեամբ Վազգէն Գէորգեանի: Անոր առաջնորդութեամբ մենք եւս այցելեցինք շարք մը հնավայրեր, ինչպէս՝ Դուինի մօտ յայտնաբերուած «բուրգ», Քարահունչի Զօրաց քարեր, Ուխտասար, Տաթեւի վանքն ու շրջակայքը եւ մանաւանդ՝ Որոտանի կիրճի նոր յայտնաբերուած հնավայրը:

Թէեւ մեր օրերուն Հայաստանի տարածքին որոշ կէտերու վրայ արդիւնաւէտ պեղումներ կը կատարուին, սակայն անհրաժեշտաբար հարկաւոր է պեղել նաեւ «բուրգ»ի եւ կամ Որոտանի կիրճի նման հնավայրերը, որոնք իրենց բերած նորութիւններով վստահաբար պիտի հարստացնեն հայոց պատմութիւնն ու մշակութապէս արժեւորեն տարածաշրջանը: Այս մէկը ոչ միայն յաւելեալ փաստեր պիտի կուտակէ ի նպաստ հայերու բնիկ ըլլալու տեսութեան, այլ նաեւ անուղղակիօրէն պիտի նպաստէ հայրենի տնտեսական վերելքին ու վարկի բարձրացման:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles