ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Ընկերային կեանքի մէջ, հաւաքականութիւնները կը ճապաղին, կը ճահճանան, կը դառնան անօգուտ եւ վնասակար, երբ քննադատութիւնը կը դադրի, երբ «ղեկավարութիւնները» կը հագնին հռոմէացի ծերակուտականի պարեգօտ եւ կը հեռանան ժողովուրդէն, հանրային մտահոգութիւնները կը փոխարինուին բազմամակարդակ վաշխառուական ճարպիկութիւններով, «ոսկի հոր-»չի պաշտամունքով, կը կասի վիճարկումը, եւ իմաստութիւն կը համարուի «վարդապետն ասա-ց»ը, magister dixit, կը հաստատուի միակարծիք դրութիւն:
Նուազագոյն իրատեսութիւնը ցոյց կու տայ, որ առողջ քննադատութիւնը, անոր հետեւող գիտակից եւ անշահախնդիր-անպատեհապաշտ յանձնառութիւնը իրենց տեղը կու տան կարգախօսներու, հանգամանքի որսորդութեան եւ նիւթապաշտներու ի գին ամէն բանի նուաճած յաջողութեան: Պատմութիւնը իմաստութեան դպրոց է: Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս փուլ եկաւ Հռոմը, ինչո՞ւ ծնունդ առաւ Ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութիւնը: Ինչո՞ւ ժողովրդային զայրոյթը քանդեց ցարական իշխանութիւնը եւ ա-նոր յաջորդած խորհրդային զար-տուղութիւնը:
Քննադատութիւնը պէտք չէ շփոթել բամբասանքի եւ խծբծանքի հետ, որ տեսակ մը հիւանդագին զբօսանք է, ինքնագոհութեան խոշորացոյցով դիտելով «միւս»ը: Այդ ինքնագոհութիւնը կը նուաճուի նաեւ հակառակ ընթացքով, ստրկամտութեամբ, մանր շահերու համար հետեւելով հոգեպարար խօսքերու, ճապկումներու, գիտնալով հանդերձ որ անոնք դատարկաբանութիւններ են, որպէսզի այլոց «կարեւորութիւններու» շուքին իրենց «անկարեւորութեան» համար տեղ մը ունենան, միշտ յուսալով, որ «դասարան կը փոխեն», «կարեւոր»ներու շարքին կը դասուին եւ կ՛օգտուին, քսակով կամ թերթի լուսանկարին վրայ տեղ գտնելով:
Քննադատութիւնը, իր ազնիւ ձեւով, անպայման ըսելիք մը ունենալու միտքի մարզանք չէ: Ան իրատեսութեան առաջնորդող քայլ է, ամբոխ քնացնող բառակոյտին դէմ: Միշտ կը յիշեմ համեստ մարդոց դատումը, երբ կը լսէին ճառը եւ կ՛ըսէին, թէ՝ «ի՜նչ լաւ կը խօսի, մարդ բան չի հասկնար»: Կամ կը ծափահարեն «բեմէն վար չիջնող խօսքը»: Եղած են մարդիկ, որոնք բեմէն իջնելէ ետք ըսեն, թէ «այսօր ալ կլլեցուցինք»: Քննադատութեան բացակայութեան կը զարգանայ պալատականի «քաղաքավարութիւնը», պարզ՝ շողոքորթութիւնը («դասարան փոխել»ու ճանապարհ», որ տեսնելով հանդերձ թէ «թագաւորը մերկ է», կը գովերգէ չեղած հագուստը: Դանիացի Քրիստիան Անտերսէնի (1806-1875) մանկական գրականութիւնը դպրոց պէտք է ըլլայ չափահասներու համար: Ի՞նչ կը գրէ Անտերսէն: Այսպէս է ամփոփումը մանուկներու համար գրուած պատումի դաստիարակիչ իմաստութեան:
Եղած է պճնասէր արքայ մը: Օր մը երկու խաբեբաներ կ՛ըսեն, թէ իրենք կրնան հիւսել կտաւ մը, զոր չեն տեսներ անկարողները եւ տխմարները, կ՛առաջարկեն այդ կտաւով հագուստ մը կարել ինքնակալին, որ կը խորհի, թէ այդպէս հագած, պիտի ջոկէ անխելքը խելօքէն: Կու գայ տեսնելու թէ ո՞ւր հասած է հիւսքը: Ոչինչ կը տեսնէ, քանի որ ոչինչ կար: Շփոթած, ոչ ոքի կը խօսի: Ո՞վ պիտի ուզէր տխմար կայսր մը ունենալ: Կը ղրկէ նախարարները, որոնք ոչինչ կը տեսնեն, բայց կը լռեն, անխելք չհամարուելու համար: Խաբեբաները կը հագցնեն կայսրը, որ իր նախարարներով, կը ներկայանայ ժողովուրդին, որ կը յաւակնի տեսնել այդ հագուստը եւ հիանալ: Մանչուկ մը կը յանդգնի ըսել, թէ «թագաւորը մերկ է», եւ ժողովուրդը անոր իրաւունք կու տայ: Կայսրը կը հասկնայ, որ ժողովուրդը ճիշդ է, բայց կը շարունակէ իր ընթացքը:
Առակս ցուցանէ:
Ժամանակակից ընկերութիւնները աստիճանաբար հասած են բթացման, անձնական շահերու ծառայող քարոզչական միջոցներու տիրապետութեան պատճառով: Քարոզչութիւնը անպայման դրական նպատակի մը չի ծառայեր, «կը գնուի», այդպէս են ծանուցումի ընկերութիւնները: Այսպէս կոչուած «ազատ աշխարհ»ի ծանուցումի ընկերութիւնները եւ խորհրդային «ագիտ պրոպ»ը տեսակարար տարբերութիւն չունին, կը խափանեն ազատօրէն կողմնորոշուելու եւ ընտրելու ճանապարհները: Ինչո՞ւ հարիւրաւոր միլիոն տոլար պիտի ծախսուի նախագահական թեկնածուի մը ընտրապայքարին համար, անոր համար՝ որ հանրային կարծիքին ուղղութիւն տրուի: Լուսաբանել այլ բան է, կազմակերպուած ձեւով հանրային կարծիքը առաջնորդել՝ այլ բան, սեփական դատողութիւնը փոխարինելով այլ տեղ որոշուած դատողութեամբ: Գաղափարներու եւ մարդոց վրայ դնել Անտերսէնի մերկութիւնը ծածկելու կոչուած հագուստը այսօրուան քարոզչութիւնը եւ ծանուցումներն են, որոնք մեր ընկերութիւններուն ամէնօրեայ սպառումներուն մաս կը կազմեն:
Ընկերութիւնը կարելի պիտի ըլլա՞յ ազատագրել բթացումէ, ազատ դատողութեան կորուստէ, որպէսզի մարդիկ կողմնորոշուին եւ ընտրեն ըստ հիմնաւորուած «հեռանկար»ի: Բոլոր երկիրներուն մէջ, պետութիւն, կուսակցութիւններ եւ այլ կազմակերպութիւններ, հանրահաւաքի մը յաջողութեան համար երգիչ-երգչուհի կը բերեն, որպէսզի հետաքրքրութենէ դատարկուածներ գան եւ անոնցմով ուժի ցուցադրութիւն ըլլայ, որ յաճախ «քուէի որսորդութիւն» է, հեռատեսիլին մեծագումար վճարումներ կ՛ընեն՝ ծանուցումներով մրճահարելու համար, ընտրութեան մը նախօրեակին այս կամ այն անձը գիրք կը հրատարակէ, կամ իր մասին ուրիշ մը գիրք կը հրատարակէ: Նպատակ՝ շողշողուն լոյսի տակ ներկայացնել անձեր, գաղափարներ կամ կազմակերպութիւններ, որ կը նշանակէ՝ քիթէն բռնած ասդին կամ անդին տանիլ զանգուածը, ստեղծել ամբոխային կամազուրկ տրամաբանութիւն:
«Ազատ ընտրութեան» համար ազատ եւ լուսաբանուած հանրութիւն պէտք է, որպէսզի կարենայ տեսնել, թէ ե՞րբ «թագաւորը մերկ է», որ կարենայ տեսնել թէ «ղեկավարութիւնները» հասութաբեր կալուածի վերածած են իրենց պաշտօնները, անաշխատ հարստութեան եւ փառքի տիրանալու համար: Մեր ընտրանքները ուրիշներ կ՛որոշեն: Կիւսթաւ լը Պոն (1841-1931), գիտնական ընկերաբանը, իր դասական դարձած «Ամբոխներու Հոգեբանութիւնը» հռչակաւոր գիրքին մէջ, կը նկարագրէ, թէ ինչպէս զանգուածը կը դառնայ կամազուրկ եւ դատողութիւնը կորսնցուցած հաւաքականութիւն: Կ՛ըսէ. «Մարում գիտակից անհատականութեան, գերակշռութիւն անգիտակից անհատականութեան, ուղղում՝ թելադրութեամբ կամ զգացումները յարելով նոյն կէտին, ձգտում՝ խառնաշփոթ զգացումները եւ գաղափարները անմիջապէս արարքի վերածելու: Ինքնագործ մեքենայ կը դառնայ անհատը, կը դադրի ինք ըլլալէ, իր կամքը այլեւս զինք չ՛առաջնորդեր»:
Հակադրուիլ տրուած կացութեան մը՝ նախաքայլն է քննադատութեան, որ կը ձգտի յաւելեալի մը,- բարօրութիւն, արդարութիւն,- ընդդէմ ինքնագոհութեան մարդոց՝ որոնք դիրքեր գրաւած կ՛ըլլան ժառանգականութեամբ կամ այլազան մեքենայութիւններով (քոմպինացիա): Ամլացնող եւ չարաշահող դրութիւններու դէմ հարկ է որդեգրել յառաջընթացի ծրագիր, անվարան ըսելով, որ «թագաւորը մերկ է», երբ ան մերկ է, նոյնիսկ անհանգստանալու գնով, երբեմն սպառողական ընկերութեան ճահիճէն մեր գլուխը դուրս հանելով: Մինչեւ ե՞րբ կրնանք ըլլալ Կիւթաւ լը Պոնի ըսած «ինքնագործ մեքենան», մարդ՝ որուն «կամքը այլեւս զինք չ՛առաջնորդեր»:
Այս մտածումները վերաբերելով հանդերձ ընդհանրապէս ընկերութեան մէջ երեւցող կացութիւններու եւ երեւոյթներու, կը վերաբերին նաեւ մեր «փոքրիկ ածու»ին, ուր, Մովսէս Խորենացին կ՛ըսէր, «կան մեծութիւններ», բայց «կային եւ կան փոքրութիւններ»: Հայաստան եւ սփիւռքներ: Այդ փոքրութիւնները բարձրաձայն ըսելու համարձակութիւնը կորսուած է, անհատները եւ հաւաքականութիւնը ընդհանրապէս դատարկուած զգացումներու «ինքնագործ մեքենայ» դարձած ըլլալով, երբ երգն ու ճառը կը փոխարինեն ծրագիրը եւ գործը: Դաշտահանդէսի մը, ցոյցի մը, հանրահաւաքի ներկայ բազմութիւնը մեզի մոռցնել կու տայ բացակայ ստուար մեծամասնութիւնը: Կը քնանանք եւ կը քնացնենք խօսելով անմիջական, մօտաւոր եւ երկարաժամկէտ ծրագիրներ մշակելով եւ շեփորելով, երբ Անտերսէնի մանուկը պիտի խօսէր «մերկ թագաւոր»ի մասին, ի տես այլասերող հայկական զանգուածներուն, ի տես արտագաղթին, խօսքի սահմանէն անդին չանցնող հայրենասիրութեան, որ չի համարձակիր դառնալ հայրենադարձութիիւն, ի տես չարաշահումներու, աւեր գործող դիրքապաշտութեան:
Ինչպէ՞ս պիտի կարենանք ապագայ դիմաւորել, երբ ընթացք կու տանք «հիմա դրամ եւ ժամանակ ունիմ եւ աթոռ կ՛ուզեմ» ըսողի ցանկութեան, երբ կը ծափահարենք լատինատառ հայերէնով գրուած ճառը կարդացողի փառասիրական աղմուկը:
Քննադատութիւնը այն կենսատու շիճուկն է, որ պիտի ցնցէ անտարբերութեան մէջ ընկողմանած եւ ընդարմացած մեծամասնութիւնը, պիտի ցնցէ ինքնագոհներու նոյնքան ընդարմացած բազմագոյն փոքրամասնութիւնը, որ կը թռչկոտի եկեղեցիներու, ակումբներու եւ միութիւններու շուրջ, հանգամանաւորներ եւ այդ փափաքը ունեցողներ:
Ինչպէս ֆրանսական առածը կ՛ըսէ, որ լաւագոյն բարեգործութիւնը կը սկսի սեփական անձով, այդպէս ալ ճշմարիտ եւ օգտակար քննադատութիւնը կը սկսի սեփական եւ սեփական կողմի քննադատութեամբ, որուն բնական յանգումը մարդկային եւ ազգային հիմնական գաղափարներու իրականացման ձգտող յանձնառութիւնն է:
Եւ չխորշիլ քննադատութենէ, զայն չհամարել նսեմացում:
Ազգը, Հայաստան եւ սփիւռքներ, ինչպէ՞ս պիտի հասնի դարավերջ: Այս հարցումին պէտք է պատասխանել «մերկ թագաւոր»ները տեսնելու յանդգնութեամբ եւ յանդգնելով վերականգնել զանգուածին կամքը եւ դատողութիւնը: Այդ ձեւով ալ կը վերականգնին մարդը, ընկերութիւնը, ազգը: Պատմութեան ընթացքին յանկարծ յայտնուած մեծեր գիտցած են «ո»չ ըսել «մերկ թագաւոր»ին եւ այդ «ո»չին հետեւող զանգուածը վերանուաճած է իր դատողութիւնը եւ կամքը:
Սրտցաւ բարեկամ մը կ՛ըսէր թէ այս մտածումները պէտք է ըսել հայոց խօսած տարբեր լեզուներով:
Նաեւ հասնելով իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ:
Հայաստանի հեռատեսիլէն վարդապետ մը անկաշկանդ քննադատութիւնը կատարեց երկրի բարոյահոգեբանական կացութեան, չարաշահումներուն, դրական քայլ մը հասնելու իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ:
1 Օգոստոս 2016
Նուազի-լը-Կրան