ԲԱԳՐԱՏ ԷՍՏՈՒԳԵԱՆ
Հայոց Ցեղասպանութեան Գերմանիոյ Դաշնային խորհրդարանին մէջ պաշտօնական ճանաչումը ակնկալող բանաձեւի քուէարկութեան նախօրեակին Թուրքիոյ բոլոր քաղաքական շրջանակները լծուած են աւանդական ուրացումի ծանօթ եղանակներուն:
Անոնց մէջ ամենաուշագրաւը ըլլալ կը թուին նորանշանակ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի խօսքերը: Թուրքիոյ վարչապետը 1915ի Ցեղասպանութիւնը կը բնութագրէ իբրեւ «սովորական դէպք»: Կը կրկնէ պաշտօնական տեսութեան ներկայացուցիչներուն «Պատերազմի մէջ էինք» յանկերգը:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ իր այս խօսքերով հաստատած կ՛ըլլայ իրեն վերագրուած «հեղինակութենէ զուրկ» կոչումը: Ինչպէս պիտի յիշենք, նախորդ վարչապետ Ահմէտ Տաւութօղլուի յանկարծական գահընկումէն ետք ԱՔՓ կուսակցութէան մօտ շրջանակներ կը խօսէին ամերիկեան քաղաքական բառամթերքէ փոխ առնուած «low profile», այսինքն անհատական հեղինակութենէ զուրկ մէկու մը մասին: Այս խօսքին շրջանառութեան մտնելով տեսանք, որ բաւական շատ են «իմ հեղինակութիւնը աւելի ալ նուազ է» ըսող թեկնածուներուն բազմութիւնը: Ի վերջոյ նախագահ Էրտողան իր վստահութիւնը դրաւ ամենանուազ հեղինակութիւն ունեցողին վրայ եւ Պինալի Եըլտըրըմ 78 միլիոնանոց Թուրքիոյ վարչապետ կարգուեցաւ: Եթէ լուսահոգի մայրս ողջ ըլլար, գիտեմ թէ ինչ պիտի ըսէր. «Վա՜յ քեզ քաղաք, որ վարչապետդ հեղինակութենէ այսքան զուրկ է»:
Սակայն կ՛արժէ խորհիլ, որ ոչ թափանցիկ բոլոր վարչութիւններուն մէջ նախընտրելի յատկութիւն մըն է հեղինակութենէ զուրկ ըլլալը: Իբրեւ օրինակ կրնանք դիտել պոլսահայ հասարակութեան խնամակալներու, հոգաբարձուներու կամ թաղականներու կազմերը: Պիտի տեսնենք, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ կը գործէ հեղինակութիւն ունեցող անձնաւորութիւն մը, որ շրջապատուած է հեղինակութիւն չունեցող նոյնիսկ անհատականութիւն չունեցող անձերէ բաղկացած կազմով մը:
Ահաւասիկ այս հեղինակութենէ զուրկ կազմերու շնորհիւ է, որ ներդաշնակութիւն կը տիրէ այդ վարչական խորհուրդներէն ներս: Եթէ կայ հեղինակաւոր առաջնորդ մը, ալ պէտք չունիս զուր տեղ միտք մաշեցնելու, խորհուրդներու մատնուելու եւ բանավէճերու տեղի տալիք կարծիքներ առաջարկելու:
Բացառութիւնները յարգելով հանդերձ կրնանք ըսել, թէ տասնամեակներ շարունակ ահա այս մտայնութիւնը տիրեց մեր ազգային հաստատութիւններու վարչական կազմերէն ներս: Այս կաղապարէն դուրս մնացին ազգային դպրոցներու սաներուն կողմէ հիմնուած միութիւնները: Այնտեղ որոշ չափով թափանցիկութիւն կը տիրէր, եւ ցանկացող սան, եթէ յաջողէր իր դասընկերներէն զօրակցութիւն ապահովել կրնար մասնակցիլ միութեան վարչութեան:
Եկուր տես որ ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն հիմք դրած այս կառոյցները նշանակումով գործողներու կողմէ միշտ կասկածով դիտուեցան:
Այդ կասկածամտութեան հետեւանքով զանազան դաւադրութիւններ կատարուեցան անոնց գործունէութեան սահմանը կրճատելու համար: Օրինակի համար՝ Գընալը կղզիի «Կազդուրման կայան»ը հիմնարկութենէն ի վեր կը գործէր «Գարակէօզեան» սանուց միութեան հսկողութեան ներքեւ:
Մօտ անցեալին դաւադրական խաղերով կցուեցաւ «Գարակէօզեան»ի խնամակալութեան: Կան ուրիշ օրինակներ ալ: «Կեդրոնական»ի խնամակալութիւնը նման դաւադրութիւնով մը իր վրայ գրանցեց միութեան կտակուած կալուածը: Հիմա ալ ոչ թափանցիկ «Յովակիմ 1461» հիմնադրամը նման խաղերով Պէյքոզի եկեղեցւոյ տարածքը խլեց «Սուրբ Փրկիչ» հիւանդանոցէն:
Այս բոլորը կը պատահին մեր «low profile» ազգային ջոջերու հլու-հնազանդ վարքին հետեւանքով:
Փրկութիւն եթէ կարելի է, յետայսու զօրակցեցէք անիշխանականներուն:
Յոյսը անոնց մօտ է: