ԱԼԻՆ ՊԶՏԻԿԵԱՆ-ՇԻՐԱՃԵԱՆ
Արցախեան քառօրեայ պատերազմը ողջ հայութիւնը ցնցեց եւ բոլորիս հոգիները պատեց անսահման տխրութեամբ, հակառակ այն իրողութեան որ մեր խիզախ զինուորները մեզի հպարտանք ու հիացմունք պատճառեցին։
Հեւ ի հեւ հետեւեցանք լրատուական միջոցներուն: Անկարելի եղաւ առանց արցունքի կարդալ լուրերը, զորս կը ստանայինք հայրենիքէն:
Սեւ Ապրիլ մըն էր 2016ի Ապրիլը:
Սակայն Ապրիլը անցաւ, եկաւ Մայիսը եւ իրեն հետ բերաւ Եւրոպայի ամենասիրուած հեռուստանախագիծը՝ Եւրոտեսիլը:
Երգի այս մրցոյթը հայութեան տխուր հոգիներուն բերաւ սփոփանքի նոր շունչ մը՝ Իվետա Մուկուչեանի յայտնութեամբ: Շատերուս համար Իվետան անծանօթ էր: Բայց հրաշալի էր անոր ծանօթանալը: Կարծէք իր գեղեցիկ կատարողութեամբ, իր հպարտ հայուհիի արտայատութիւններով եւ իր գեղեցկութեամբ կրցաւ մեր գլխուն վերեւը կուտակուած սեւ ամպերը քիչ մը հեռացնել մեզմէ: Ուրախացանք իրմո՛վ:
Նշեմ, որ համաեւրոպական այս մրցոյթը, որ ծնունդ առած է 1956ին եւ որուն յաղթական մասնակիցներէն եղած են անուանի «Ապպա» խումբը եւ երգչուհի Սելին Տիանը, հետզհետէ ժողովրդականութիւն կը գտնէ նաեւ Եւրոպայի սահմաններէն դուրս՝ գրաւելով տարեկան աւելի քան երկու հարիւր միլիոն հանդիսատես:
Այս տարի, ամերիկացի անուանի արուեստագէտ Ճասթըն Թիմպըրլէյք եւս ներկայ գտնուեցաւ հոն եւ գովասանքով արտայայտուեցաւ Իվետայի մասին:
Հաճոյքով դիտեցինք Իվետայի ելոյթը, հիացանք իր ձայնին վրայ, յափշտակուեցանք իր կատարողութեամբ եւ հպարտանքով տարածեցինք իր նկարները, ուր ան իր ձեռքին բռնած Արցախի եւ Հայաստանի դրօշակը՝ քաղաքական յստակ պատգամ մը կը փոխանցէր աշխարհին:
Հակառակ անոր որ Իվետան չկրցաւ առաջնութիւնը շահիլ Եւրոտեսիլին, մեզի համար ան յաղթակա՛ն հայուհի մը դարձաւ:
– «Սիրոյ Ալիք»ը հասաւ բոլորին, եւ այնքան տարածուեց, որ ես անգամ չէի կարող պատկերացնել,- ըսաւ Իվետան:
Իսկապէ՛ս «Սիրոյ Ալիք»ը գեղեցիկ երգ մըն էր, բայց անցաւ այդ «ալիքը», եւ մենք դարձեալ կը մտասեւեռ կ՛ըլլանք մեր սահմաններու իրավիճակին:
Կը մտածեմ՝ ԵՐԱՆԻ՜ Հայաստան գտնուէր այնպիսի աշխարհագրական վայրի մը մէջ, որ շրջապատուած ըլլար միայն քաղաքակիրթ ազգերով, խաղաղասէր ժողովուրդներով, որպէսզի մեզի մօտեցող «ալիք»ները ըլլային ինչպէս Իվետայի երգը՝ սիրոյ ալիքներ, այլ ո՛չ պատերազմի եւ անարդարութեան, կամ անմարդկային արարքներու ալիքներ։
Երգէինք մի՛շտ սիրոյ երգեր… երանի՜: