ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Ա.
ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ. ՔԱՌՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Օրը Կիրակի էր, 24 Ապրիլ 2016: Ընկերոջս՝ Գէորգին ու իր կնոջ՝ Սիլվային հետ որոշած ենք բարձրանալ Ծիծեռնակաբերդ: Սիրտի, հոգիի ու խիղճի պարտք մը կայ վերջապէս, չէ՞:
Ինքնաշարժներու խճողում կայ Քիեւեան կամուրջին վրայ, ուրկէ անդին երթեւեկը արգիլուած է: Այնտեղէն կը սկսինք քալելու ու անցումի մուտքին ծաղիկ գնելէ ետք, բազմահազար ուրիշներու հետ կը բռնենք վերելքի ճամբան: «Բազմահազար» բառը ճիշդ ըմբռնելու համար, պէտք էր քալել այդ ճամբայէն, բառացիօրէն անդադար քսուելով, հպելով չորս կողմիններուդ, բայց առանց հրմշտուքի. կիրթ ու քաղաքակիրթ, ինչպէս բոլոր չորս կողմիններդ:
Ծիծեռնակաբերդ կը բարձրանան բոլորը, առտուան ժամը 8էն սկսեալ. առանց տարիքի, սեռի, դասակարգի, ծննդավայրի, լեզուի ու բարբառի տարբերութեան: Մայրեր՝ իրենց նորածինները կառքերու մէջ զետեղած, տատիկներ ու պապիկներ՝ իրենց թոռներուն ձեռքը բռնած, երիտասարդներ, պատանիներ, գաւազանով ծերունիներ, ընտանիքներ՝ երեք սերունդներով մէկտեղ: Մէկ խօսքով՝ մեր ժողովուրդին բոլո՛ր խաւերը:
Այդ բազմահազար ժողովուրդին մէջ անկարելի եղաւ նշմարել սխալ կամ անտեղի շարժում մը. անկարելի էր լսել սխալ կամ անտեղի արտայայտութիւն մը. նոյնիսկ չլսեցինք բարձրաձայն խօսակցութիւն կամ ծիծաղ:
Փոխարէնը, հոն տիրական էր յարգանքի, ակնածանքի, խուլ վիշտի, զայրոյթի ու մանաւանդ՝ վճռակամութեան շեշտուած մթ-նոլորտ մը: Վճռակամութիւն եւ մարտունակութիւն՝ միաժամանակ:
Միտքիս մէջ կը փորձէի վերլուծել այս երեւոյթին «ինչու»ներն ու «ինչպէս»ները: Արդեօք հարիւրամեակի ազդեցութի՞ւնն էր տակաւին, մամուլ, հեռատեսիլ ու համացանցային միջոցնե՞րը:
«Ասիկա չորս օրուան պատերազմին շարունակութիւնն է, հա…». Գէորգը գտած էր այդ բոլոր հարցականներուն պատասխանը՝ այս մէկ նախադասութեամբ: Հիմա ամէն ինչ ինկաւ իր տեղը: Միայն երեք շաբաթ առաջ էր, որ զինադուլ հաստատուած էր Արցախի ու Ատրպէյճանի սահմանի ամբողջ երկայնքին, յաջորդելով Պաքուի կողմէ շղթայազերծուած քառօրեայ «պլիցքրիկ»ին, «կայծակնային» պատերազմին: Մէկուկէս միլիոն անմեղ նահատակներուն առթած վիշտին աւելցած էր նոր կսկիծ մը՝ 90-100 նոր նահատակներունը, հայկական բանակի զինուորներ Սլոյեանին, Մոնումենտցի Կեաժին, Աբաջեանին, Ուֆանեանին ու անոնց ընկերներուն նահատակութեան կսկիծը: Միակ տարբերութեամբ, որ մեր բանակին զինուորները անմահներու փաղանգին միացան՝ քաջութեան աննկարագրելի ու օրինակելի գործերով: Օրինակելի՝ բառին ամբողջական առումով՝ «Թող իմ թափած արեան շիթեր օրինակ դառնան հայ զինուորին»:
Անոնց արեան վրէժի կանչն ու կոչն էր, որ «կը կարդացուէր» Ծիծեռնակաբերդ բարձրացող իւրաքանչիւր հայու աչքերուն մէջ: Այս վիճակը աւելի լաւ կրցայ ըմբռնել քանի մը օր ետք, Թալիշի դիրքերուն մէջ, երբ Լոռիի մարզէն տարեց ազատամարտիկ ընկ. Հրանդը մեզի կը պատմէր իր թոռան հետ ունեցած հրաժեշտի խօսակցութիւնը՝ նախ քան իր Արցախ մեկնումը: Այս մասին՝ յետոյ:
Հաւատաք կամ ոչ՝ Ծիծեռնակաբերդի ծառուղին այդ օր վերածուած էր ռազմական նոր խրամատի մը, որ կ՛երկարէր մինչեւ Թալիշ ու Ջաբրայիլ, մինչեւ հոն մեր դիրքերուն ու սահմաններուն հսկող հայկական բանակը:
Յաջորդ օրը, Երկուշաբթի երեկոյեան, «ռազմական» իւրատեսակ նոր խրամատի մը մէջ ենք, դարձեալ Երեւան, այս անգամ սակայն… Կամերայինի սրահէն ներս:
Երեւանի պետական սենեկային երգչախումբի համերգն է, խմբավարութեամբ Ռոպերթ Մլքէյեանի եւ Յարութիւն Թոփիկեանի: Երգչախմբային բազմաձայնութիւնը նոր որակ ու «օքթաւ» կը նուաճէ մեր աչքերուն առջեւ, այդ սրահի բեմին վրայ՝ առաջին անգամ հրամցուող երգերու ընդմէջէն: Հեղինակներուն մէկ մասը երիտասարդ երգահաններ են, որոնց առջեւ ահաւասիկ բացուած է նոր ասպարէզ: Երգչախումբը, հայ երաժշտական արուեստի, հայ մշակոյթի բանակի «գեներալներ» Մլքէյեանի ու Թոփիկեանի «հրամանատարութեամբ», հանրութեան կը ներկայացնէ նոյն այդ մշակոյթի բանակի «սպաներ»ու (մէկ մասը՝ երիտասարդ) ստեղծագործութիւնները: Պէտք է թուեմ անունները բոլորին. Աշոտ Ղազարեան, Արմենուհի Կարապետեան, Աննա Յակոբջանեան, æեննի Ասատրեան, Ստեփան Բաբաթորոսեան, Սոֆիա Միքայէլեան, Կոստանդին Պետրոսեան, Էդուարդ Սադոյեան, Աննա Ազիզեան եւ Երուանդ Երկանեան:
Համերգը հայ ժամանակակից երաժշտութեան փառատօնի մը շարքին մաս կը կազմէ, որ նուիրուած է Հայաստանի անկախութեան 25ամեակին եւ կազմակերպուած՝ մշակոյթի նախարարութեան եւ Հայաստանի կոմպոզիտորներու միութեան կողմէ, առ ի պաշտպանութիւն նոյն այդ անկախութեան: Առնուազն՝ ա՛յս ներքին տրամաբանութեամբ:
Դժուար չէ նկատելը, որ հայկական աշխարհը պաշտպանական շղթայի մէջ առնուած է: Այդ շղթան տեղ-տեղ ցեխոտ խրամատներու եւ «թոփ-թֆանք»ի տեսքով է, նոյն այդ աշխարհի արեւելեան դարպաս Արցախի մէջ, ուրիշ տեղ՝ դէպի Ծիծեռնակաբերդ բարձրացող ծառուղիի, իսկ այլ տեղ մը՝ համերգներու, օփերաներու եւ պալէի բեմի տեսքով: Տեղ մը ռումբերով ու կրակով, ուրիշ տեղ մը խմբավարի ճիպոտով: Ռազմական խրամատներուն միայն տեսքն ու ձեւը տարբեր է. խորքն ու էութիւնը նոյնն է, Թալիշ-æաբրայիլ գիծէն մինչեւ Երեւան, ուր կը տրոփէ հայ ապրող մշակոյթի սիրտը, իբրեւ պատասխան ազերի-թուրք թշնամիին նախայարձակումին: Ճիշդը ա՛յս է ու ոչ թէ հասարակ տեղիք այն հեգնախառն բամբասանքը, թէ՝ «հոն արիւն կը թափեն մեր զինուորները, հոս ալ համե՞րգ կու տան…»:
Համերգն ու թնդանօթը հաւասարազօր զէնքեր են, իրարու հետ սերտօրէն շաղկապուած: Միայն մարտադաշտն է տարբեր:
Քանի մը օր ետք, երբ առիթը ունեցայ այցելելու սահմանային ցեխոտ խրամատներն ու դիրքերը, աւելիո՛վ համոզուեցայ այս շաղկապումի անհրաժեշտութեան, ու մանաւանդ՝ ազդուութեան:
Յաջորդիւ՝ դէպի Թալիշ:
Առայժմ:
Լոս Անճելըս
10 Մայիս 2016