Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Համակարգային Արմատական Փոփոխութեան Անհրաժեշտութիւնը

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 

 

Image may be NSFW.
Clik here to view.
0728khatchig-Der-Ghougassi-copy
 Հայաստանի մէջ համակարգային բարեփոխման գործընթացը սկսած է: Անցեալ Դեկտեմբեր 6, 2015ի ժողովրդային հանրաքուէով, ըստ պաշտօնական տուեալներու, երկիրի կիսանախագահական վարչակարգէն հարիւր տոկոսով խորհրդարանական կառավարման համակարգի անցնելու ի նպաստ քուէարկած է մասնակցողներուն 63.4 տոկոսը: Հետեւաբար, անցումի գործընթացը ծայր առած է, եւ անցումը իր բնոյթով անկասկած որ համակարգային է: Նման իրադարձութիւն եւ հեռանկար որեւէ երկրի ու հասարակութեան համար քաղաքական գործընթացի մասնակցութեան խանդավառութեան փաստ է ընդհանրապէս, անկախ նախաձեռնութեան թեր կամ դէմ կարծիքներու տոկոսէն: Որովհետեւ, նման համակարգային բարեփոխումի հեռանկար ե՛ւ քաղաքական շրջանակներու, ե՛ւ շարքային քաղաքացիի ընթացիկ կեանքին մէջ կը նշանակէ դրական թէ ժխտական իմաստով փոփոխութիւններ, որոնց համար սպասելի է, որ անոնք նախապատրաստուելու սկսին որոշումի կայացումէն անմիջապէս ետք:

Գիտենք, որ Հայաստանի մէջ սահմանադրական փոփոխութեան հանրաքուէն նման խանդավառութիւն չստեղծեց: Ընտրողներու հազիւ յիսուն տոկոսը մասնակցեցաւ հանրաքուէին: Եւ եթէ միջազգային դիտորդներու հաստատմամբ հանրաքուէի արդիւնքին օրինականութիւնը կասկածի տակ չի դրուիր, նուազ մտահոգիչ պէտք չէ ըլլան այն բազմաթիւ խախտումները, որոնք հրապարակային կերպով մատնանշուեցան եւ դատապարտուեցան ոչ միայն հանրաքուէին ընդդիմացողներուն կամ «ոչ»ի այլըտրանքի կողմնակիցներուն, այլ, ի պատիւ իրենց, «այո» այլընտրանքին համար քարոզարշաւ կատարած եւ խախտումներու ականատես քաղաքացիներու իսկ կողմէ: Այս մէկը կը կարեւորուի ոչ միայն դերակատարներու արդարամտութիւնը ընդգծելու համար, այլ նաեւ ու մասնաւորաբար ի հետեւումս ժողովրդավար էթիկայի ամենահիմնական հասկացողութեան, որ որեւէ նպատակ, թէկուզ եւ ամենայն բարիք խոստացող, չի կրնար իր անհրաժեշտութիւնը արդարացնել, եթէ անոր հասնելու միջոցները չեն համապատասխաներ օրէնքի խստիւ գործադրման: Բայց անկախ հանրաքուէի արդիւնքէն, սահմանադրական փոփոխութիւններու հաստատ հեռանկարը չ՛արտացոլեր անոր պատրաստուելու նախանձախնդրութիւնը: Այլ խօսքով, ե՛ւ հանրաքուէի, ե՛ւ անոր յաջորդած այս հանգրուանին քաղաքացիական հասարակութեան մէկ կարեւոր հատուածին մօտ անտարբերութեան առկայութիւնը կը մնայ տիրական:

Կարելի է մտածել, որ այս մէկը արդիւնք է հանրաքուէին ընդդիմացած հատուածներու աշխուժութեան: «Ոչ»ի զօրաշարժի անդրադարձի ժխտումը, անշուշտ, մեծամտութիւն է: Պէտք է ընդունիլ, որ ընտրողներու որոշ հատուածի մը մօտ առնուազն սահմանադրական փոփոխութիւնները Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան վրայ մնալու համահաւասարելու քարոզչութիւնը, որ, բնականաբար, հանրաքուէի նախաձեռնութեան էութիւնը գիտակցաբար եւ չարակամօրէն կը խեղաթիւրէր, իր որոշ արդիւնքը ունեցաւ: Սակայն այս չի նշանակեր, որ հանրաքուէին դրականօրէն քուէարկողները նախագահի կամ իշխող կուսակցութեան իշխանութեան վրայ յաւերժացնելու այլընտրանքին կողմնակից էին: Բայց յատկապէս սահմանադրական փոփոխութեան եւ հարիւր տոկոսով խորհրդարանական վարչակարգի սկզբունքին համոզուած եւ ի սկզբանէ անոր յանձնառու քաղաքական ուժին՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համար (ինքնա)քննադատական քննարկման խնդիր պէտք է ըլլայ համակարգային բարեփոխումի բարիքը, անոր ամենախոստմնալից այլընտրանքը ըլլալու համոզումը ժողովրդային զանգուածներուն ազդեցիկ կերպով փոխանցած ըլլալը: Ի դէպ, հակառակ հանրաքուէի աւարտին եւ գործընթացի սկիզբին, ընտրողներու 49է աւելի տոկոսին անտարբերութիւնը անհրաժեշտ կը դարձնէ հարիւր տոկոսով խորհրդարանական կառավարման վարչակարգի ճիշդ այլընտրանք ըլլալու համոզման քարոզարշաւի շարունակումը:

Կարեւոր չէ, թէ ինչո՛ւ նախագահը անձնապէս, Հանրապետական կուսակցութեան մէկ կարեւոր, թերեւս մեծամասնական հատուածը տարիներ ընդդիմանալէ ետք համոզուեցաւ խորհրդարանական վարչակարգի իմաստութեան: Այս մէկը չի նշանակեր ժխտել անձնապէս նախագահ Սարգսեանի զօրակցութեան կենսական կարեւորութիւնը, ոչ ալ՝ հանրապետականին անկեղծ ճիգը հանրաքուէի «այո» այլընտրանքին ի նպաստ: Ոչ ալ շատ ժամանակ պէտք է վատնել հասկնալու համար, որ տակաւին մօտիկ անցեալին ՀՅ Դաշնակցութեան եօթը կէտերուն զօրակցած ընդդիմութեան ուժերը յանկարծ կարծիք փոխեցին եւ կուսակցութիւնը այպանեցին իշխանութեան կողմն անցած ըլլալուն համար: ՀՅ Դաշնակցութեան համար, Հայաստանի անկախացման առաջին օրէն իսկ քաղաքական ծրագիրի մաս կը կազմէր խորհրդարանական վարչակարգը, եւ եթէ անոր հասնելու համար կրցաւ համոզել իր քաղաքական մշակոյթով, իսկ նախագահական համակարգին աւելի մօտիկ հանրապետականին, ապա եւ ֆրանսական դարձուածքով՝ tant mieux։

Ցաւալի է, որ սնանկացած ամբողջատիրութենէն անցումի գործընթացին համար, այնքան անհրաժեշտ՝ բազմակուսակցականութիւն յառաջացնելու խորհրդարանական համակարգի ժողովրդավարականացման կարողականութիւնը ատենին չտեսան Հայոց Համազգային Շարժումի ղեկավարները: Թերեւս, եթէ 1990ականներուն քաղաքական գործընթացը առաջնորդէր քաղաքական կուսակցութիւններու աւելի շուտ կայացման, կարելի կ՛ըլլար անխուսափելիօրէն հաստատուելիք ազատ շուկայական տնտեսական համակարգը զերծ պահել մենաշնորհներէ եւ օլիկարգներէ: Թերեւս, եթէ Ռոպերթ Քոչարեանի իշխանութեան օրերուն, տնտեսական զարգացման անցողակիութեան գիտակից պահ մը սահմանադրական այս փոփոխութիւնը մէկ կողմ դրուած չըլլար, թէկուզ եւ այդ օրուան նախագահի սկզբունքային մերժումի առկայութեան, որ կը շարունակուի մինչեւ օրս, իրավիճակը տարբեր ըլլար այսօր: Այդ բոլորով հանդերձ, այսօր իրողութիւն է համակարգային փոփոխութեան գործընթացը եւ աւելի քան երբեք՝ մարտահրաւէր է քաղաքացիներուն համոզել, որ գրաւը պէտք է դնել անոր խոստացած աւելի մասնակցողական ժողովրդավարութեան վրայ, որպէսզի բարելաւուի իր կենսամակարդակը, որպէսզի վաշխառու կապիտալը իր իրաւունքները անպատիժ կերպով չբռնաբարէ, որպէսզի մենաշնորհը չունենայ հացին, ելեկտրականութեան, առողջապահութեան եւ գալիք սերունդներուն աւելի լաւ կեանքի գինը ճշդելու:

Նախքան Հանրապետական կուսակցութեան հետ ստորագրած համագործակցութեան համաձայնութիւնը, երբ Դաշնակցութիւնը իր եօթը կէտերու ծրագիրով կը ներկայացնէր նաեւ համակարգային այս փոփոխութեան պահանջը, յաճախ կը գործածուէր «արմատական» բառը: Անկախ իր բառարանային բացատրութենէն, քաղաքական հասկացողութեամբ «արմատական»ը հոմանիշ է ժողովրդական պայքարի, զանգուածներու մասնակցութեամբ վարէն սկսող շարժումի մը: Ընդհանրապէս «արմատական» փոփոխութիւնները իրենց բնոյթով յեղափոխական կ՛ըլլան: Ի դէպ, արդի ժամանակներու յեղափոխութիւններու երեւոյթը 18րդ, 19րդ եւ նոյնիսկ 20րդ դարերուն միշտ ալ յանգած է ժողովրդային ներկայացուցչական համակարգերու, որքան ալ յետոյ կարգ մը յեղափոխութիւններ վերաճած են բռնատիրութեանց եւ ամբողջատիրութիւններու հաստատման, ինչպիսին է պարագան գրեթէ բոլոր այն յեղափոխութիւններուն, որոնք կատարուած են լենինեան յառաջապահ կուսակցութեան բնորդին հետեւումով: Ճիշդ է, որ Կանտիի, Մարթին Լուտեր Քինկի, Նելսոն Մանտելայի եւ աւելի ուշ, Արեւելեան Եւրոպայի այլախոհական շարժումի այլընտրանքները եկան ցոյց տալու, որ յեղափոխութիւնը այնպայմանօրէն զինեալ պայքար չէ, ինչպէս քաղաքական ամբողջ մշակոյթ մը ցարդ կ՛ենթադրէր: Բայց այդ մէկը զանգուածային զօրաշարժով առաջացած փոփոխութիւնը նուազ արմատական չէր դարձներ: Ի դէպ, այդ երեւոյթի գիտակցութեամբ է, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ յառաջդիմական մտածողներ, ինչպէս Ճին Շարփ, բանաձեւեցին «ժողովրդավարական յեղափոխութիւն» հասկացողութիւնը, եւ անոնց տեսութիւններուն հետեւումով առաջին անգամ ըլլալով Պելկրատի մէջ, 1999-2000 տարիներուն, ժողովրդային զօրաշարժի ճնշումին տակ իշխանութենէ հրաժարեցաւ Սլոպոտան Միլոսեւիչ: Իրողութիւնը նախընթաց մը ստեղծեց, եւ փորձառութեան յաջող կրկնումը՝ Վրաստանի այսպէս կոչուած «Վարդերու Յեղափոխութեամբ», յառաջացուց այնպիսի խանդավառութիւն, որ ոմանք աւետեցին «գունաւոր յեղափոխութիւններ»ու ժամանակաշրջանը… Այսօր գիտենք, որ այդ ճամբան բռնած բոլոր զանգուածայիմ զօրաշարժերը, որքան ալ անկեղծ ըլլան իրենց ձգտումներուն մէջ, երբ չեն յաջողիր տեղական թէ միջազգային մեծ կապիտալի ֆինանսաւորման պայմանաւորումներէն ձերբազատուիլ, լաւագոյն պարագային կիսայաջողութիւններ կ՛ըլլան՝ իրենց խոստացած վարչակարգային «արմատական» փոփոխութիւններուն իմաստով:

Հայկական իրականութեան մէջ, մինչեւ Հայաստանի անկախացումը, յեղափոխութեան իմաստով երկու քաղաքական մշակոյթ կար: Առաջինը, որ մինչեւ այսօր տիրական է, 19րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20րդ դարու սկիզբը, ազգային-ազատագրական շարժման հաւաքական յիշողութիւնն է, երկրորդը՝ Չարենցի «Ամբոխները Խելագարուած» բանաստեղծութեան ընդմէջէն արտայայտուած լենինեան բնորդն է, որ պարզ է, ժողովրդային փորձառութենէն չծնաւ, այլ պարտադրուեցաւ պոլշեւիկեան ամբողջատիրութեան կողմէ: Քսաներորդ դարու վերջաւորութեան, միջազգային համակարգի փոփոխութեան ոլորտին մէջ հայութիւնը, մանաւանդ հայրենաբնակ հայութիւնը, ապրեցաւ երկու բնոյթի յեղափոխութիւն: Առաջինը Արցախի ազգային ազատագրական պայքարն էր՝ հարիւր տոկոսով հարազատ դարասկիզբի հայկական յեղափոխութեան բնորդին: Երկրորդը Հայաստանի անկախացման հոլովոյթն էր, որ օրին, հիմնականօրէն Հայոց Համազգային Շարժումի առաջնորդութեամբ հետեւեցաւ Արեւելեան Եւրոպայի եւ խորհրդային տարածքին արդէն սկսած զօրաշարժերու տարբերակին: Երկուքն ալ յաջողութեամբ պսակուեցան, սակայն պարզ է, Հայաստանի մէ՛ջ գործնականացուեցաւ քաղաքական եւ տնտեսական անցումը, որ առաջին երեք տարիներուն ժողովրդավարական գրեթէ օրինակելի հոլովոյթ մը ըլլալէ ետք, 1994ի աւարտին վիժեցաւ, երբ օրուան նախագահը գլխաւոր ընդդիմադիր ուժին՝ ՀՅ Դաշնակցութեան, արգիլումով կասեցուց խորհրդարանական առողջ բանավէճի հոլովոյթը եւ անարգել յառաջացաւ անկախ Հայաստանի վարչաքաղաքական եւ տնտեսական համակարգը նէօլիպերալի բացարձակ չափանիշներով հաստատագրելու իր ծրագիրին մէջ: Արդիւնքով ընթացք առաւ օլիկարգային այն հասարակարգը, որ կը գոյատեւէ մինչեւ այսօր, որովհետեւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանէն ետք տնտեսական քաղաքականութիւնն ու օլիկարգային համակարգը ոչ մէկ փոփոխութեան ենթարկուեցաւ, այլ, ընդհակառակը, աւելի եւս խորացաւ:

Սկսած 1996ի նախագահական ընտրութենէն, մինչեւ անցեալ տարի ծաւալած ժողովրդային բողոքի շարժումները, կու գան ցոյց տալու, որ Հայաստանի վարչաքաղաքական համակարգը եւ տնտեսական հասարակարգը անհրաժեշտ կը դարձնեն արմատական փոփոխութիւնները: Ժողովրդային ասացուածքով՝ շան գլուխը թաղուած է հարստութեան էապէս անարդար բաժանման իրողութեան մէջ: Ազատ շուկայականութեան դիմակ դրած մենաշնորհային դրամատիրութիւնը հանգած է հարստութեան ե՛ւ դասակարգային, ե՛ւ աշխարհագրական կեդրոնացման՝ հանրապետութիւնը վերածելով քաղաք-պետութեան եւ ժողովրդային խաւերու, ներառեալ ծնունդ առած եւ զարգացման հոլովոյթ ապրող մասնագէտներու կազմած միջին դասակարգին, կենսամակարդակի բարելաւման եւ լաւագոյն ապագայի յոյսը հարկերու բեռին տակ ճնշելով: Այդուհանդերձ, սկսած 1994ի «գունաւոր յեղափոխութեան» ֆոլքլորէն մինչեւ վերջին տարիներու զօրաշարժերը, Հայաստանի մէջ յեղափոխութիւն հասկացողութիւնը վերածուած է կա՛մ պատեհապաշտութեան, կա՛մ ալ արկածախնդրութեան: Պատահական չէ, որ ամէն անգամ երբ առիթ ստեղծուած է, զօրաշարժը ներշնչող դէմքը կամ կազմակերպութիւնը չեն յաջողած զայն վերածելու քաղաքական հոլովոյթի, չըսելու համար, որ հիասթափեցուցած են իրենց հետեւորդները: Առանց երբեք մոռնալու արտաքին սպառնալիքի առկայութիւնը, որքան ալ անիկա յաճախ շահագործուի որպէս զսպաշապիկ հասարակական բողոքներուն դէմ: Սահմանադրական փոփոխութեան գործընթացը, հետեւաբար, ամէնէն բանական այլընտրանքն է երկրի եւ ժողովուրդի իրավիճակի բարելաւման ի խնդիր:

Սահմանադրական փոփոխութիւնը յեղափոխութիւն չէ, ժողովրդային գործընթաց է, որ պէտք ունի ժամանակի եւ, մանաւանդ ընդհանուր համախոհութեան եւ փոխզիջումի: Ատով հանդերձ, սահմանադրական փոփոխութիւնը իր հետ պէտք է բերէ իրավիճակի արմատական բարելաւման համոզում, որ պէտք է հասնի ժողովրդային բոլոր խաւերուն եւ ապահովէ անոնց մասնակցութիւնը: Ի մասնաւորի, երբ նախաձեռնութեան ետին կանգնած է քաղաքական ուժ մը, որուն մշակոյթին մէջն է յեղափոխականութիւնը, որ իր ընկերվարական գաղափարախօսութեամբ եւ ծրագիրով յանձնառու է ընկերային արդարութեան եւ որ անցեալին, թէկուզ եւ շատ կարճ ժամանակի համար, ապրած է փորձառութիւնը խորհրդարանական վարչակարգի ճամբով սոցիալական պետութեան ստեղ-ծման ձգտելու: Այս հսկայ մարտահրաւէրն է, զոր Դաշնակցութիւնը միշտ դիմագրաւած է Հայաստանի անկախութենէն ի վեր: Այս մարտահրաւէրը չէ փոխուած Դաշնակցութեան իշխանութեան մաս կազմելով: Ընդհակառակը, աւելի սուր կերպով կը դրուի անիկա, որովհետեւ այլեւս հարց չէ ներկայացնել զայն միայն ընդդիմութեան դիրքերէն, այլ՝ փորձել գործով ցոյց տալ, որ կարելի է:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles