Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Ուսումը Բաւարար Չէ, Եթէ Չյաճախենք «Մեծ»երու Դպրոցը

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

 

0108toumanian

Չորս հարիւր տարի Արեւելեան Եւրոպան ահով ու սարսափով դիմաւորեց նրա (թուրքին) դժոխային արշաւին, մինչեւ որ 17րդ դարում, Վիենննայի պատերի տակ, վերջնականպէս կտրեց նրա առաջ անցնելու յոյսը:

Յովհաննէս Թումանեան

 

Արեւելքի Նոր Դարագլուխը՝ 2016

 

Կ՛ուսանինք, բաներ կը սորվինք՝ քննութեան մը յաջողելու համար, կրկնելով պահանջուածը, որ կը դառնայ արհեստ կամ թութակային կարգախօս: Այդ ճահիճին մէջ չխրելու եւ հոն չմնալու համար, կենսական է յաճախել «մեծ»երու դպրոցը, մարդոց, որոնք կ՛անջատուին ընթացիկէն, կը գերանցեն անմիջականը, որոնք ոչ թէ իրենց կօշիկի քիթին կը նային, այլ գիտեն հորիզոնը եւ անկէ անդինը դիտել:

Իրաւ «մեծ»երը ժամանակը կը դրոշմեն, կ՛ըսեն՝ ռահվիրայ, ճամբացոյց կ՛ըլլան իրենց ժամանակակիցներուն եւ յետնորդներու: Քաղաքական գործիչները անմիջականով կը տարուին ընդհանրապէս եւ իմաստուն դառնալու ժամանակ չունին: Իսկ իմաստութիւնը, այսինքն հորիզոնին եւ անկէ անդին նայելու առաքինութիւնը, կը պահանջէ, որ մարդիկ ոչ թէ միայն մեծամեծ համալսարանները երթան, այլ դպրոցը «մեծ»երու, որոնք միայն դրօշակի վերածուած անունները չեն, այլ կան չմիջազգայնացած մեծեր, որոնց խօսքը կը մնայ ստուերի մէջ: Ափսո՜ս…

Այս օրերուն աշխարհ իրարանցումի մէջ է, իր անունը չըսող տեսակ մը Երրորդ Համաշխարհային պատերազմը սկսած է: Անոր առաջքը կարելի կ՛ըլլայ հաւանօրէն առնել, եթէ «մեծ»երու դպրոցէն ստանանք իմաստութիւնը: Փոքրիկ հայ ժողովուրդին մեծ բանաստեղծը, խորհելով անոր կացութեան մասին, արտայայտած է լուսաւոր միտքեր, որոնցմէ տեղեակ չեն ժամանակակից աշխարհի առաջնորդները: Գէթ մենք եթէ տեղեակ ըլլանք, սպասման սենեակներու մէջ երբ դիմումներ կ՛ընենք, երբեմն գեղեցիկ, բայց անհետեւանք խօսքեր լսելու համար, հայ «մեծ»երու պայծառ միտքերը կը դնենք անոնց առջեւ:

Այսօր միջազգային մամուլը անվարան կը խօսի Թուրքիոյ երկդիմի քաղաքականութեան, ահաբեկչութեան անոր բերած ուղղակի եւ անուղղակի նպաստի մասին, ոչ միայն միջազգային մամուլը, այլ նաեւ թուրք պարկեշտ մամուլը: Թրքական «Ճումհուրիյէ»չ թերթի խմբագիրը հալածանքի ենթակայ է, փաստեր հրապարակած ըլլալով, որ թրքական գաղտնի սպասարկութիւնները բեռնակառքով «Իսլամական պետութեան» զէնք զինամթերք տուած են: Թուրքիոյ նախագահի որդին եւ ուրիշներ նոյն այդ «պետութեան» բռնագրաւած նաւթահորերու քարիւղը կը գնեն եւ կը ծախեն, նպաստելով ահաբեկչութեան ծաւալման:

Մարդիկ կը լսեն, կը գրեն կը խօսին: Կը մնան անմիջական հետաքրքրութեան մակարդակին:

Եթէ Յովհաննէս Թումանեան կարդայինք, թարգմանէինք, միջազգային հանրութիւնը լուսաբանէինք անոր խօսքերով, օգտակար կ՛ըլլայինք Հայկական Հարցին եւ միջազգային խաղաղութեան, զոր կարելի չէ հաստատել միլիառ տոլարի կաշառքով եւ ինքնախաբէութեամբ՝ Թուրքիան Եւրոպա համարելով: Ինչո՞ւ պատմութեան դասին ունկնդիր չեն: Անմիջականը կը կուրցնէ եւ կը խլացնէ։

Յովհաննէս Թումանեան, 1913ին, «Հայկական Հարցն Ու Անոր Լուծումը» խորագիրին տակ գրած է.

«Էն օրուանից, որ նա (թուրքը, Յ.Պ.), անհայրենիք, Իկոնիայի հովիտներից ձի նստեց ու վեր կացաւ ուրիշ հայրենիքների վրայ արշաւելու, մինչեւ էսօր դեռ չի իջել իր ձիուց: Էն օրուանից, որ մերկացրեց իր սուրը ժողովուրդները կոտորելու համար, մինչեւ էսօր դեռ պատեան չի դրել, եւ 1453 թուականի Մայիսի 29ից, ինչ որ Սուլթան Մահմուդ 2րդը, ըստ աւանդութեան, իր արիւնոտ ձեռքը զարկեց սուրբ Գերիմաստութեան (Այա Սոֆիայի) տաճարի պատին, մինչեւ էսօր դեռ չի մաքրուել սուլթանների արիւնաթաթախ ձեռքը:

Թուրքի վրայ էլ չեն կարող յոյս դնել եւ յոյս չեն դնում ոչ կոտորածներից ազատուած ու մշտապէս կոտորածի տակ ապրող հայ ժողովուրդը, որ անվերջ կոտորածներին ու հարստահարութիւններին հանդիսատես օտարները»։

Նաեւ՝ օտարները:

Այսօր ալ կը շարունակուի իր ձիուց վար չիջած թուրքի ընթացքը: Ան հասած էր մինչեւ Վիեննայի դռները: Հիմա, առանց սահմանափակումի մուտք պիտի ունենայ եւ անզէն պիտի գայ Եւրոպա: Եւրոպան «սալամ ալէք» կ՛ընէ, այն միամիտ հաւատքով, միլիառ տալով եւ իր դռները բանալով, որ Թուրքիան իր դաշնակիցը կ՛ըլլայ, երբ ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ Սուրիան ապակայունացնելու համար կը գործակցի «Իսլամական պետութեան», զէնք կը տրամադրէ, իր հողամասէն անոնց ազատ երթեւեկը կը հանդուրժէ:

Ո՞ր մարդկային եւ քաղաքակրթական արժէքներուն հպատակելով, Այա Սոֆիան չի վերադարձուիր քրիստոնէութեան: Խօսի՞նք ախոռի վերածուած հայկական եկեղեցիներու մասին:

Թրքական կայսերապաշտութեան հարցը եթէ չլուծուի, պատեհապաշտութեամբ պիտի շահագործուի կրօնական մոլեռանդութիւնը եւ միջազգային ապակայունացումը պիտի շարունակուի:

Քաղաքակիրթ աշխարհը տարրական ողջախոհութիւն պիտի ունենա՞յ ցորենը որոմէն զատելու եւ ըստ այնմ գործելու, մարդկութեան խնայելու համար դժբախտութիւններ:

Վերստին կարդալ Յովհաննէս Թումանեանի իմաստութիւնը:

Եթէ քաղաքակիրթ աշխարհն ալ կարդար…

 

4 Նոյեմբեր 2015, Նուազի լը Կրան


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles