ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ոչ ոքի կը զարմացնէ Հայաստանի սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէին յաջորդած քաղաքական լարուածութեան մթնոլորտը։
Հանրաքուէին հետեւած ե՛ւ լարուածութիւնը, ե՛ւ անորոշութիւնը աւելի քան սպասելի էին բոլորին համար։
Թէ՛ յաղթական «զգօնութեամբ» ժողովրդավարութեան աստիճան մը աւելի «արմատաւորման» հաշւոյն «Այո՛»ի յոխորտացողները, թէ՛ պետական իշխանութեանց կողմէ ժողովուրդի մեծամասնութեան քուէին ու կամքին հերթական խեղաթիւրման եւ չարափոխման դէմ «Ո՛»չի կրակ ժայթքողները շատ լաւ գիտէին, որ Ազգն ու Հայրենիքը հոս պիտի հասնէին։
Խուլերու խօսակցութեամբ սկսած եւ շարունակուած սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէին ամբողջ բեմագրութիւնը տարբեր տեղ չէր կրնար յանգիլ։
Հաւանաբար ճիշդ այդ պատճառով ալ մեր ժողովուրդի 49 տոկոսէն աւելին (նոյնիսկ եթէ ընդունինք քուէներու պաշտօնական արդիւնքներուն վաւերականութիւնը) չներկայացաւ քուէատուփ՝ հանրաքուէի առաջադրած նոր Սահմանադրութեան մասին իր տեսակէտը յայտնելու։
Չէ՞ որ Երեւանի փողոցներուն մէջ պարզ մարդիկ ամենայն պարզութեամբ միշտ ալ կը կրկնեն, անցեալ երկու ամիսներուն ալ կրկնեցին, թէ մեր երկրին մէջ իշխանութեան հետ խաղ չի կրնար ըլլալ, դէպի լաւը կամ դէպի իշխանափոխութիւն յառաջանալու հեռանկար չկա՜յ – չէ եղած եւ յոյս ալ չկայ, որ կրնայ ըլլալ։
Հետեւաբար հանրաքուէէն ետք ոչ ոքի միտքին մէջ հարցական կայ, թէ սահմանադրական բարեփոխումները օրէնքի ուժ ստացա՞ն։
Ունի՛նք Նոր Սահմանադրութիւն, որուն կիզակէտը նախագահական իշխանութեան համակարգէն անցումն է խորհրդարանական կառավարման վարչաձեւին։
Եւ վերջ։
Ոչ ոք լուրջի կ՛առնէ, յատկապէս «պարտուած» ժողովուրդը ինք լուրջի չ՛առներ հանրաքուէի արդիւնքը բողոքարկելու կամ նոյնինքն հանրաքուէն չեղեալ հռչակելու արմատական ընդդիմադրութեան պոռթկումները։
Երբ իշխանաւոր ուժին դէմ պայքարի դրօշ պարզած ուժերը չեն կրնար սանձել կամ ձախողութեան մատնել հանրաքուէին յիսուն տոկոս եւ աւելի քուէներու մասնակցութիւն ապահովելու իշխանութեան կարողութիւնը կամ խաղը, այլեւս պէտք է խնայել սպանական դղեակներ կառուցելու ամօթանքը՝ սեփական գաղափարակիցներուն եւ հետեւորդերուն հաշուոյն։
Չի նշանակեր, սակայն, որ երգը երգուած ու աւարտած է։
Ընդհակառակն՝ հանրաքուէէն ետք սպասուած քաղաքական լարուածութիւնն ու անորոշութիւնը նոր սկիզբ կ՛առնեն։
Նոր Սահմանադրութեան քաղաքական կեանքի հետագայ ընթացքին մասին յստակ ոչինչ կայ։ Ամէն բան օդէն կախեալ է։
Հարցական անշո՛ւշտ կայ, եւ շատ հարցականներ կան՝ բոլորին քով ալ։
Բայց հարցականները կառավարման ձեւին չեն վերաբերիր։
Կը վերաբերին այն միակ հարցումին, որուն իբր թէ պատասխան պիտի բերէր հանրաքուէն։
Ո՞վ պիտի ըլլայ վաղուան տէրը մեր երկրին ու պետութեան։
Միեւնոյն նախագահին վարչապե՞տ պիտի ըսենք այլեւս։
Չէ՜, ոչ ոք թիւրիմացութեան մէջ է կամ քաղաքականօրէն մանկամիտ է։
Ամէն մարդ գիտէ, որ Հայաստան այլեւս նախագահ պիտի չունենայ։
Բայց նաեւ ամէն մարդ գիտէ, որ Հայաստան վաղն ալ, մօտաւոր ապագային ալ, «ՏԷՐ» պիտի ունենայ՝ միանձնեայ իշխանաւորի հասկացողութեամբ։
Ի՜նչ կը սպասէ մեր զաւակներուն…
Նախագահ կոչուի թէ վարչապետ, Սերժ Սարգսեանի բեռը մինչեւ վերջ իր ուսերուն շալկած տքալո՞ւ եւ կքելո՞ւ դատապարտուած են Ազգն ու Հայրենիքը։
Հանրաքուէի էջն ալ դարձուցած ենք։
Կ՛ուղղուինք դէպի մեծ մայրաքաղաքներուն մէջ Ազգին եւ Հայրենիքին հաշուոյն որոշուած բեմագրութեանց իրականացումը։
Կա՞յ լսող, որ գոնէ վերջ տանք խուլերու այս խօսակցութեան եւ տեսնենք, թէ ինչպէ՞ս կրնանք դուրս գալ հաւաքաբար դատապարտուած ըլլալու այս մղձաւանջէն։
Քառորդ դարու մեր անկախութեամբ ի վիճակի չեղանք ժողովրդավարութեան նախապայմանը ամբողջացնել եւ կեանքի կոչել անձերէ անդին կուսակցութիւններ – գաղափարախօսութեամբ եւ կազմակերպութեամբ։
Չե՞նք տեսներ, որ խորհրդային ամբողջատիրութեան «ժառանգութեամբ»՝ Հայաստանի քառորդ դարու ժողովրդավարութեան մէջ իշխանութեան ուժի լծակներ ունի միայն «պետական կուսակցութիւն»ը, ինչ որ ալ ըլլայ անոր տրուած անունը։
Անձերու վրայ չափուած-ձեւուած հագուստի նմանող կուսակցութիւններով չես կրնար խորհրդարանական կառավարման վարչաձեւ կեանքի կոչել ու ապրեցնել, ո՜ւր մնաց ժողովրդավարութիւն արմատաւորել եւ զարգացնել։