Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Յաջորդական Մարտահրաւէրները «Միանանք Յանուն Սուրբ Գործի»

$
0
0

1117Arf-Trosh
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատմութիւնը անքակտելիօրէն շաղկապուած է հայ ժողովուրդի պատմութեան հետ, իսկ հայ ժողովուրդի մարտահրաւէրները միշտ եղած են ու պիտի շարունակեն ըլլալ Դաշնակցութեա՛ն մարտահրաւէրները: Այդպէս էր իր ծնունդին, այդպէս է նաեւ այսօր:
Երբ այսօր կը նշենք այս մեծ կազմակերպութեան 125ամեակը, չեմ գործածեր «կուսակցութիւն» բառը, քանի որ ՀՅԴն կուսակցութիւն մը չէ պարզապէս, այլ անկէ աւելի՛ բան մը, հետաքրքրական է տեսնել, թէ անցնող մէկուկէս դարուն ընթացքին, ամէն 25 տարին ի՛նչ մեծ հարցերու առջեւ է կանգնած հայութիւնը, եւ ի՛նչ ձեռնոց է, զոր փորձած է վերցնել Դաշնակցութիւնը:

1890

Սկսած է եռեւեփելու հայաշխարհը: Հայոց Հարցը դեռ 1878էն Խրիմեան Հայրիկի ձեռքով դրուած է աշխարհի առջեւ, ու ան «երկաթէ շերեփ»ի իր պատգամն է արձակած: Ըմբոստութեան ձայներ կը լսուին հայոց լեռներէն, ինքնապաշտպանութեան խումբեր կը կազմուին՝ Խաչատուր Աբովեանի ու Րաֆֆիի երեւակայութեան որպէս արգասիք: Նոյնիսկ կուսակցութիւններ սկսած են կազմուելու՝ Արմէնականները, Հնչակեանները: Բայց այդ բոլոր անջատ ուժերը համախմբելու, մէկ բռունցքի վերածելու հրամայականը կա՛յ որպէս մարտահրաւէր:
Եւ ահա Քրիստափոր Միքայէլեանի, Սիմոն Զաւարեանի ու Ռոստոմի (Ստեփան Զօրեանի) եւ իրենց ընկերներու ջանքերով՝ իր պատմական հռչակագիրով հրապարակ իջած է Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը: Ի՞նչ կոչ կ՛ընէ ՀՅԴ Մանիֆեստը: Ահա քանի մը պարբերութիւն.
«Հայը, որ դեռ երէկ շլինքը ծռած Եւրոպայից օգնութիւն էր աղերսում, այսօր համոզուելով, որ օտարի վրայ դրած յոյսը ցնորք է, վճռել է իր ձեռքով պաշտպանել իր իրաւունքը, իր կայքը, պատիւը, ընտանիքը…
Բայց համբերութիւնն էլ ունի իր սահմանը: Գագաթնակէտին հասցրած հալածանքները վերջապէս սթափեցրին հային. այսօր նա վճռել է կա՛մ մեռնել, կա՛մ ազատուել:
Հայոց Հարցի վճռի յետաձգելը այլեւս անկարելի է: Այսպիսի մի պատմական ճգնաժամի միջոցին առաջին հարցը, որ պէտք է զբաղեցնի ամէն մի լուրջ հայրենասէրի, այդ՝ բոլոր յեղափոխական ոյժերի միութեան եւ դաշնակցութեան հարցն է:
Միանանք ամէնքս ժողովրդի հետ, որ բարձրացրել է ազատութեան դրօշակը:
Ուրեմն, եղբայրնե՛ր, միանանք յանուն սուրբ գործի ընդհանուր թշնամու դէմ:
Համախմբուենք, հայե՛ր, եւ քաջութեամբ առաջ տանենք հայրենիքի ազատութեան սուրբ գործը»:
Ու այդպէս թափ պիտի առնէ ազգային ազատագրական պայքարը:

1915

Մեծ Եղեռնը նոր իրավիճակ պիտի ստեղծէ հայութեան համար: Մեր ժողովուրդի կէսը միւս կէսին սգակիրը պիտի դառնայ: Պիտի գլխատուի Ազգը, պիտի դատարկուի Հայրենիքը: Մահու-կենաց՝ լինել-չլինելու մարտահրաւէրը պիտի դրուի մեր ժողովուրդին առջեւ:
Երեք տարի ետք սակայն, երբ դանակը ոսկորին հասած է, «Հայե՛ր, ծանր փորձութիւններ է ապրում մեր ժողովուրդը…»՝ Հայկական ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Թովմաս Նազարբեկեանի ազդարարութեան, «Մենակ ենք եւ պիտի ապաւինենք միա՛յն մեր ոյժերին»՝ Արամ Մանուկեանի ոգեպնդման ու «Հայե՛ր, շտապեցէք հայրենիքն ազատելու»՝ զօր. Մովսէս Սիլիկեանի կոչին անվարան դրական պիտի արձագանգէ հայութիւնը, եւ Դաշնակցութիւնը պիտի առաջնորդէ Ազգին մնացորդացը՝ Հայրենիքի մնացորդացին վրայ լինելու որոշումը տալու եւ 1918ի Մայիսեան դիւցազնամարտերով վերանուաճելու համար ապրելու իր իրաւունքը: Մէկ տարի ետք՝ 1919 Մայիս 28ին Հայաստանի կառավարութեան հրովարտակով միացեալ պիտի յայտարարուին հայոց հայրենիքի բաժան-բաժան մասերը, այսպէսով այլեւս ամբողջական հայութեամբ ամբողջական Հայաստան կերտելու մարտահրաւէրը պիտի դրուի մեր առջեւ:
Յաջորդ տասնամեակները պիտի ըլլան վերականգնումի ժամանակաշրջան, հայրենիքի մէջ՝ թէկուզ խորթ կարգերու եւ ստորնացուցիչ ու դժխեմ պայմաններու տակ, Սփիւռքի մէջ՝ գերմարդկային զոհողութիւններու ի գին՝ ազգային կուսակցութիւններու անմիջական մղումով, Հայց. եկեղեցւոյ, իր յարանուանութիւններու եւ բոլոր հայկական կազմակերպութիւններու կեդրոնացեալ ճիգերով:

1940

Բ. Աշխարհամարտի իրարանցումին մէջ վերստին մեծ կորուստներու ենթարկուող հայութիւնը իր կոտորակեալ հայրենիքին մէջ իսկ իբր առանձին ազգ գոյատեւելու վտանգին առջեւ պիտի գտնուի, նոյնիսկ իբր անբաղձալի «ցեղ»՝ բնաջնջուելու դատապարտուած: Դրաստամատ Կանայեանի գերմարդկային ճիգերը պէտք պիտի ըլլան կանխելու համար նման ճակատագիր, իսկ ներգաղթը, որքան ալ լի պատուհասներով՝ ջնջուելէ պիտի փրկէ «Հայաստանի Հանրապետութիւն» անունը՝ թէկուզ որպէս «Սովետական Սոցիալիստական Ռեսպուբլիկա»: Համախմբուելու պատգամը աւելի քան երբեք հրամայական պիտի ըլլայ: Յաջորդ տարիներու մարտահրաւէրը պիտի հանդիսանայ ազգային ոգիի ամրակայումը՝ տնտեսական, քաղաքական թէ մշակութային առումով, Սփիւռքի մէջ թէ Հայաստանի:

1965

Մեծ Եղեռնի 50ամեակը դարձակէտ պիտի հանդիսանայ մեր պատմութեան մէջ: Հայրենահայութիւնը պիտի տայ ազդանշանը՝ «Մեր հողերը, մեր հողերը» իր վճռական պոռթկումով: Սփիւռքը Ապրիլ 24ը յուշա-սգատօնէ պիտի փոխակերպէ Հայ Դատի, պահանջատիրութեան, վերապրումի վեհատօնի: Զարթօնքը, զոր պէտք է ապրի հայութիւնը յաջորդ քառորդ դարուն ընթացքին, պիտի ըլլայ մեր գլխաւոր մարտահրաւէրը: Յիշատակելի է ՀՅԴ Բիւրոյի կոչը՝ 23րդ Ընդհանուր ժողովի վաղորդայնին, որմէ մտաբերենք այս հատուածը. «ՀՅ Դաշնակցութիւնը հպարտանքով կը հաստատէ հայրենի հայութեան ծաղկումը եւ վերելքը մշակութային թէ տնտեսական, գիտական թէ ընկերային մարզերուն մէջ անխտիր: Տարբեր ալ չի կրնար ըլլալ գաղափարական մեր շարժումին վերաբերումը, որովհետեւ հայրենի անդաստանին ուժեղացումը եւ բարգաւաճումը ամէնէն ապահով երաշխիքն են՝ վաղուան ամբողջական եւ անկախ Հայաստանի հիմնաքարը ամրապնդելու եւ տեւականացնելու իմաստով»: Այսպէս պիտի հասնինք յաջորդ գլխաւոր հանգրուանին՝ Արցախի ազատագրութեան ու Հայաստանի վերանկախացման:

1990

Այդ թուականի Օգոստոս 23ի «Անկախութեան հռչակագիր»ը պիտի հանդիսանայ հայոց պատմութեան ուրիշ կարեւոր մէկ նշանագիրը: Ներկայ Հայաստանը, Արցախով միասին, յանձնառու պիտի ըլլայ զարգացնելու «1918 թուականի Մայիսի 28ին ստեղծուած Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդոյթները», հիմը պիտի դնէ անկախ պետականութեան հաստատման գործընթացին ու պիտի հռչակէ, որ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը սատար է կանգնում 1915 թուականի Օսմանեան Թուրքիայում եւ Արեւմտեան Հայաստանում Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին»: Այսպիսով, Հայաստանի հողին վրայ նորոգ վերընձիւղուած ՀՅԴն իր գործունէութիւնը երկրի՛ն մէջ ծաւալելու մարտահրաւէրը պիտի ունենայ իր հարիւրամեակին: Պիտի յաջորդէ անկախութեան հանրաքուէն 1991 Սեպտեմբեր 21ին, Խորհրդային Միութեան կազմալուծումը եւ սեփական պետութիւն կերտելու գործընթացը՝ իր բոլոր հակասութիւններով հանդերձ:

2015

Ներկայ թուականին կը զուգադիպին Մեծ Եղեռնի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակն ու ՀՅԴ 125ամեակը: Երկու գլխաւոր մարտահրաւէրներ կը ծառանան հայ ժողովուրդին առջեւ. առաջին՝ Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն վերացումը, երկրորդ՝ Հայաստան երկրի ամրակայումը՝ իր զոյգ հանրապետութիւններով (ՀՀ եւ ԼՂՀ), իր աշխարհասփիւռ ժողովուրդով եւ իր բռնագրաւեալ հողերուն վրայ թաքուն թէ արդէն բացայայտուող հայութեան ներառումով:
Այս հանգրուանը նշող գլխաւոր նշանաձողը անկասկած կը հանդիսանայ «Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի համահայկական հռչակագիր»ը, որ ի միջի այլոց «Վերահաստատում է Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի յանձնառութիւնը՝ շարունակելու միջազգային պայքարը ցեղասպանութիւնների կանխարգելման, ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդների իրաւունքների վերականգնման եւ պատմական արդարութեան հաստատման համար», այլեւ «յոյս է յայտնում, որ Թուրքիայի կողմից Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ դատապարտումը կարեւոր մեկնակէտ կը դառնան հայ եւ թուրք ժողովուրդների պատմական հաշտեցման գործընթացի համար» ու «Կոչ է անում հայորդիների գալիք սերունդներին՝ հայրենասէր, գիտակից եւ ուսեալ կեցուածքով պաշտպան կանգնել հայրենի սրբազան ժառանգութեանը, աննահանջ պայքարով ծառայել յանուն՝
– Առաւել հզօր Հայրենիքի՝ ա-զատ եւ ժողովրդավար Հայաստանի Հանրապետութեան,
– Անկախ Արցախի առաջընթացի ու զօրացման,
– Աշխարհասփիւռ հայութեան գործուն համախմբման,
– Համայն հայութեան դարաւոր նուիրական նպատակների իրականացման»։
Այդ չորս կէտերով ալ ահա կ՛ուրուագծուին մեր առջեւ գալիք մարտահրաւէրները, որոնք միշտ համայն հայութեան մարտահրաւէրները կը հանդիսանան. բարելաւել կառավարման համակարգը ու ստեղծել օրէնքի վարչակարգ, զարգացնել տնտեսութիւնը՝ կասեցնելու արտագաղթը ու քաջալերելու համար ներգաղթը, ամրակայել բանակը, զարկ տալ երկրի մշակութային վերելքին, իսկ մարտահրաւէրներու մարտահրաւէրը կը դառնայ միասնական ուժերով զանոնք ընկալելու հրամայականը:
Այդ միասնութիւնը ո՛չ միայն ներհայկական իմաստով, ոչ միայն Հայրենիք-Սփիւռք առումով, այլ միջազգային, համաշխարհային չափանիշներով, քանի որ միայն համերաշխ ազգերու խաղաղ գոյակցութիւնն է երաշխիքը ազգային բարօրութեան ու զարգացման:
Այս իմաստով ալ հայ ժողովուրդի, իր քաղաքական բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ ՀՅ Դաշնակցութեան գերխնդիրը պիտի հանդիսանայ Հայաստանը վերածել խաղաղութեան ու իրարհասկացողութեան կամուրջի մը՝ Արեւելքի ու Արեւմուտքի, թէ Հիւսիսի ու Հարաւի միջեւ: Ասիկա եղած է հայութեան երազն ու առաքելութիւնը պատմութեան սկիզբէն ի վեր:
Մենք այդ երազին ժառանգորդներն ենք ու առաքելութեան մարտիկները:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles